Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Սերժ Սարգսեան. «Մեզի` Հայերուս Համար, Խաչը, Եկեղեցին Բացառիկ Պատմական Դերակատարութիւն Ունեցած Են»

$
0
0

16227_b

Նիկոսիա տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 16 մարտին Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսի հետ ներկայ գտնուած է այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան բացօթեայ թանգարանին մէջ տեղի ունեցած հայ-կիպրական բարեկամութիւնը խորհրդանշող խաչքարի բացման արարողութեան:

1958 թուակիր, Ջուղայի ոչնչացուած խաչքարերէն մէկուն կրկնօրինակը եղող խաչքարը Հայաստանի նախագահը հայ ժողովուրդին անունով նուիրած է կիպրական կողմին:

Նիքոս Անասթասիատես ըսած է, որ խաչքարը կը ցոլացնէ հայ եւ կիպրացի ժողովուրդներուն, երկու բարեկամ պետութիւններուն` Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ անքակտելի կապը: «Մեր ժողովուրդները, որոնք զոհ գացած են նոյն յանցագործութիւններուն, պայքարած են ու կը պայքարին միջազգային մակարդակի վրայ` յանուն իրենց իրաւունքներու եւ արժէքներու պահպանման: Կիպրոսը եւրոպական առաջին երկիրներէն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտած այդ ոճրագործութիւնը: Մեր երկիրներն ու ժողովուրդները հաւատարիմ են միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն, որոնց կարգին` ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին, խաղաղութեամբ հարցերու լուծման, եւ իրենց ապագան կ՛որոշեն յարգանքով վերաբերելով մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ», յայտնած է նախագահը: Ան դիտել տուած է, որ հայ ժողովուրդի այն զաւակները, որոնք հարիւր տարի առաջ Ցեղասպանութենէն ճողոպրելով հաստատուած են Կիպրոս, այսօր Կիպրոսի հասարակութեան աշխոյժ եւ շատ կարեւոր մասնիկը կը հանդիսանան:

16225_b

Հայաստանի նախագահը խորհրդանշական նկատած է Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութեան յարակից պուրակին մէջ տեղադրուած` հայ ժողովուրդին բազմադարեայ մշակութային ժառանգութեան ամէնէն իւրայատուկ յօրինուածքներէն մէկուն` խաչքարի ընտրութիւնը որպէս նուէր եւ նշած, որ ասկէ ետք անիկա Կիպրոսի ժողովուրդին ու Կիպրոս այցելող օտարներուն պիտի ներկայացնէ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը եւ պիտի հանդիսանայ հայ-կիպրական եղբայրութեան խօսուն վկան: «Անիկա նաեւ ահազանգ պիտի հնչեցնէ, որ մշակութային որեւէ դրսեւորման դէմ ոտնձգութիւն ոճիր է մարդկութեան հանդէպ եւ պիտի պատգամէ միասնականութիւն աշխարհի յառաջադէմ մարդկութեան` պայքարելու պատմութեան ու մշակոյթի ինքնատիպ կրիչ հանդիսացող կոթողներուն սպառնացող բիրտ ուժին դէմ», ըսած է նախագահը: Անոր համաձայն, հայ ժողովուրդին հոգեւոր արժէքներուն եւ քրիստոնէական ոգիին խորհրդանիշ դարձած արուեստի այս գլուխ գործոցը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան մաս կը կազմէ:

«Մեզի` հայերուս համար, խաչը, եկեղեցին բացառիկ պատմական դերակատարութիւն ունեցած են: Պետականութեան երկարատեւ բացակայութեան պայմաններու մէջ եկեղեցին յաճախ ստանձնած է պետութեան դերը, համախմբելով մեր ժողովուրդը, իսկ խաչքարը` փայփայած ու պահպանած է հայ ինքնութիւնը, ինչ որ մեզի կարելիութիւն տուաւ 25 տարի առաջ վերակերտել մեր անկախ պետականութիւնը:

«Ուստի բարեկամ կիպրացի ժողովուրդին համար այս խորհրդանշական նուէրի ընտրութիւնը պատահական չէր: Ոգեղէնն ու նիւթականը` խաչն ու քարը միաւորուած ու ոգի ստացած են` ամփոփելով մեր պատմութիւնը, մշակոյթը, հաւատքը, հոգեկերտուածքը, մտածողութիւնը: Եթէ մէկտեղենք աշխարհով մէկ սփռուած բոլոր խաչքարերը, թերեւս կը ստանանք հայ ժողովուրդի քրիստոնէական շրջանի անցած ողջ ուղին», ըսած է նախագահը:

«Իւրաքանչիւր խաչքար կը խօսի առանց բառերու, կը պատմէ մեր պատմութեան փառապանծ էջերուն ու ձախողութիւններուն, վերելքներուն ու անկումներուն մասին: Անոնց մէջ կան այնպիսիներ, որոնք ցայսօր կանգուն են մայրենի հողին վրայ` որպէս հայոց պետականութեան դարաւոր վկաներ, կան այնպիսիներ, որոնք սփռուած են աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ` կրելով մեր ազգի յիշողութիւնը: Կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք մարտնչած են զինուորներուն նման, ինչպէս աւերումէ փրկուած արցախեան խաչքարները: Եղած են, ցաւօք, այնպիսիներ, որոնք ոչնչացուած են բարբարոսաբար, ինչպէս է պարագան Ազրպէյճանի կողմէ Նոր Ջուղայի մէջ ոչնչացուած 3000 խաչքարերուն: Այստեղ տեղադրուած այս հիասքանչ նմուշը կրկնօրինակն է ոչնչացուած այդ խաչքարերէն մէկուն, որ 16-րդ դարու է», հաստատած է Սերժ Սարգսեան:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>