Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Երիտասարդական Նշմար. Ինչո՞ւ Ընդունիլ Բոլոր Հայերը Մեր Մէջ

$
0
0

ԼՈՌԻ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Դաշնակցութեան նպատակներէն մէկն է ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան մը ունենալ: Այս կէտը Հայ դատի ու պահանջատիրութեան մաս կը կազմէ: Պահանջատիրութիւնը ներքնապէս աւելի լուրջ իմաստ կը ստանայ, եթէ ունենայ հեռատեսութիւն եւ ամբողջական ծրագիր մը, որ կը գծէ պահանջներու յաջորդ հաւանական ապագան: Հոս հեռատեսութիւնը միացեալ հողերու պաշտպանութեան ապահովումն է:

Յստակացնենք: Պատկերացնենք, որ մեր տարած պայքարը այնքան զօրաւոր եղաւ, որ մենք շահեցանք մեր դատը, մեր հողերը: Ի՞նչ է այս յաղթանակին իմաստը, եթէ հողերը կորսնցնելու վտանգը կրկին կը սպառնայ, այս անգամ ոչ թէ ստրկութեան եւ տկարութեան կամ թշնամիի ոճրային մեծ ծրագիրի պատճառով , այլ` մեր թիւի սակաւութեան:

Տեսած էք, չէ՞, մրջիւններուն միասնական աշխատանքը իրենցմէ բաւական մեծ հացի փշրանք մը շալկելու պահուն: Պատկերացուցէք նկատառելի  թիւ մը դուրս քշուի խումբէն. այժմ որքա՞ն մեծ վտանգ կայ կտորը վար ձգելու: Բայց այս պզտիկ միջատները կը ճանչնան իրենց հաւաքական շահերը, գիտեն, որ եթէ վռնտեն խումբէն բաժին մը, իրենք ալ անօթի պիտի մնան եւ անսնունդ սատկին: Կը նշմարէք, որ անոնց առաջին քայլերը` դէպի փշրանք, զայն վերցնելու, իրարանցում կը յառաջացնէ: Անոնք իրենց ամբողջ ուժով կ՛աշխատին, նոյնիսկ կը դողան` կեանք տալով կտորի ամէն մէկ բաժինին: Եթէ լսելու ըլլայինք անոնց խօսակցութիւնը, վստահաբար լսէինք վէճ եւ անհամերաշխութիւն: Հացի կտորը կ՛երթայ աջ, կ’երթայ ձախ, վեր, վար, պիտի իյնայ®Կը դողայ…Բայց մէյ մը, որ կտորը արդէն ապահով է, բոլորին բերնին մէջ , կը տեսնէք հաւասարակշռութիւնը, կը մտածենք, որ զայն անոնցմէ խլելը անհնար է. կը նշմարենք մրջիւնին «հասունութիւնը»:

Հոս` վռնտուած խումբը, հայերու այդ խումբերն են, որոնք փոքրամասնութիւններ կը կազմեն` ըլլալով մեզմէ «տարբեր». սնունդը` ամբողջական Հայաստանը. իսկ այդ ամբողջովին կորսնցնելը` վտանգ մը, որ կը սպառնայ, երբ մեր ձեռքերու թիւը բաւարար չ՛ըլլար զայն բարձր պահելու համար:

Այսպիսով, արդեօք անհեթեթութիւն չէ՞ «վտարել» հայերու մեծամասնութենէն տարբեր խումբեր, երբ ատիկա պարզապէս ապագայ վտանգներ պիտի ստեղծէ մեզի համար:

Ահաւասիկ առաջին պատճառ մը` բոլոր հայերը մեր մէջ նեռարելու. մեր յաղթանակի ուղիին եւ անկէ ետք մեզի անհրաժեշտ է հայութեան մեծ թիւ մը, առանց կրօնի, լեզուի, մտածելակերպի կամ ապրելաձեւի խտրութեան` ապահովելու համար մեր վերստացած հողերը:

Միւս կողմէ, Դաշնակցութիւնը կ՛ըսէ` «Ժողովուրդէն ծնայ, ժողովուրդին համար»: Այս խօսքով ան կու գայ ըսելու, որ կողքին է բոլոր այն տարրերուն, որոնք իրենց մարմնին մէջ կը կրեն հայ արիւնը, որ` ան պիտի օգնէ այդ տարրերէն բոլոր անոնց, որոնք յաջորդներն են այդ ժողովուրդին, որուն համար զոհուած է կուսակցութիւնը, եւ որոնք իր կարիքը ունին: Օտարախօս եւ իսլամացուած հայերը, որոնք գիտակից են իրենց ազգութեան, մաս կը կազմեն այդ օգնութիւն խնդրող խումբին: Արդարեւ կան իրենց հայկական պատկանելիութեան գիտակից շատ մը իսլամացուած շատ մը հայեր. ինչպէս, օրինակ, Կաֆուր Թուրքայ Օհանեան, որ սիւննիական աւանդոյթներով մեծցած ըլլալով` ինքզինք կը նկատէ «սիւննի իսլամ հայ»: Ան ներկայիս իր երկու երեխաներուն հետ հայերէնի դասընթացքներու կը մասնակցի: Թուրքայ կ՛ըսէ. «Միշտ լեզուին տիրապետելու փափաք ունեցած ենք: Ես հայ եմ եւ չեմ կրցած ապրիլ իմ լեզուով, աւանդոյթներով, սովորութիւններով, մշակոյթով: Կարօտախտով լեցուած եմ այս բոլորին հանդէպ: Երեք սերունդ ետք լեզուս սորվելու առիթ ունեցայ, եւ այդ մէկը մեծ երջանկութիւն է»: Ան կ՛ակնարկէ Տիգրանակերտի Սուր քաղաքի քաղաքապետարանին կողմէ նախաձեռնուած հայերէնի դասընթացքներուն, զորս կը վարէր հայկական համայնքի հիմնարկէն կամաւոր ուսուցիչ Ֆիքրի Չալըշը: Կաֆուր Թուրքայ նշած է, որ 2012-էն սկսած լեզուի երկու տարուան դասընթացքներուն մասնակցածներուն թիւը 67 էր, որոնցմէ միայն մէկը հայ չէր, իսկ մեծ մասը իր հայկական ինքնութիւնը բացայայտած է վերջերս(*):

Այս խումբերը օգնութիւն կը խնդրեն, որովհետեւ ծարաւ են հայութեան հետ մօտէն կապեր հաստատելու, ինչպէս նաեւ` առիթի մը, որ իրենց կ՛արտօնէ հողերուն եւ մշակոյթին հետ սերտ յարաբերութեան մէջ մտնելու:

Այո՛, կան նաեւ ոչ իսլամացուած հայերը, որոնք սակայն հայերէն չեն խօսիր, որոնք հեռու են հայկականութենէ եւ կ՛ուրանան իրենց ազգութիւնը,  բայց կան նաեւ անոնք, որոնք գիտակից են, որ հայ են: Այս վերջինները կա՛մ մեղուներ են, որոնք կը շինեն իրենք իրենց մեղրը, եւ կա՛մ ծաղիկներուն բեղմնափոշիներն են եւ կը սպասեն կենսուժի մը, որ գայ եւ ուղղէ զիրենք: Այդ կենսուժը մարդոց պարագային կ՛ըլլայ փորձառութիւն ունեցող հայը: Եւ այդ ներուժը անհրաժեշտ է ոչ միայն կրաւորական «տարբեր» հայուն համար, այլ կրնայ նաեւ ըլլալ անհրաժեշտութիւն «ոչ տարբեր» հայերուն համար:

Ըսինք` «տարբեր», արդեօք կ՛արժէ՞ այս տարբերութիւնը դնել մարդոց ՄԵԾ խումբի մը մէջ, որ իր մէջ ունի իրարմէ տարբեր անհատներ, բայց նաեւ ունի նոյն պատմութիւնը եւ կ՛աշխատի կամ կ՛ուզէ աշխատիլ իր դատին համար կարելի ամէնէն չնչինէն ամէնէն նշանակելի միջոցներով եւ երբ որ այդ խումբին հաւաքական մեծագոյն նպատակը դատը պահպանելն է…Հարկ է յիշեցնել, որ ամէն խումբի մէջ անհատները կ՛ըլլան տարբեր, եւ բաւարար է գոյութիւն ունենայ միեւնոյն հետաքրքրութիւնը, որ մեծ դիրք կը գրաւէ մարդուն հոգւոյն մէջ, որպէսզի անոնք մտադիր ըլլան իրարու հետ աշխատելու: Մեր պարագան ալ նոյնը չէ՞…

«…Կեանքի թոհուբոհին մէջ ի սպառ կորսուած էր մեր ծագումը, կորսուած էր մեր հայու անունը, բայց մեզմէ իւրաքանչիւրիս խորքերուն մէջ բարձրացեր էր խիղճի ճիչ մը, որ մեկնելով մեր տոհմածառի հաստաբուն արմատներէն, ուժգնօրէն ցնցելով մեզ` մեզի ե՛ւ հասկնալի ե՛ւ անհասկնալի ճիչով մը բացագանչեր էր` «Դուք ուրիշ մարդիկ էք…ձեր արմատները կ՛երկարին մինչեւ Տիգրանակերտ…մինչեւ գրաւեալ Արեւմտահայաստան…հոն են ձեր պապերուն գերեզմանները, որոնց քանդուած ու աւերուած տապանաքարերուն վրայ խաչեր կան, որոնց վրայ Տէրունական աղօթքը քանդակուած է…»: Եւ հիմա դիմելով համայն հայութեան եւ մանաւանդ տիգրանակերտցի Տինքչեաններու շառաւիղներուն` կը խնդրեմ, որ մեր ներաշխարհի խորքերուն մէջ թնդացող եւ մեր խիղճը ցնցող ճիչը լռեցնեն…(Տիգրան Տինքչեանի բաց նամակէն բաժիններ, լոյս տեսած` 2012-ին):

Տիգրան Տինքչեան, որուն ցաւն ու տառապանքը ոչ ոք կը հասկնայ…Ատիկա` իսլամացած հայերու տառապանքն է…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles