Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Տեսակէտ. «Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ» Կարգախօսը Հարցականի Տակ

$
0
0

ՍԵՐԺ ՄՈՄՃԵԱՆ

Ամէն տարի անկախ Հայաստան կ՛այցելեն բազմաթիւ սփիւռքահայ զբօսաշրջիկներ, որոնց համար նման ուղեւորութիւն մը անցեալին երազ մըն էր, եւ կը մարմնաւորուէր խորհրդային գաւառի մը կամ լերան մը պատկերով` կախուած իրենց հօր տան մէջ: Սփիւռքահայուն կը հիացնեն ընդարձակ ու մաքուր զբօսայգիները, եւ տեսարժան վայրերը աւելի կ՛ամրապնդեն իր հայկական ինքնութիւնը:

Արեւոտ գեղեցիկ օր մը, երբ նստած եմ պարտէզին երկար նստարանին վրայ, երկու երիտասարդ տղամարդիկ կը մօտենան եւ կը բազմին մօտս: Իրենց զրոյցէն կը հետեւցնեմ, որ մէկը սփիւռքահայ է, իսկ միւսը` բնիկ հայաստանցի: Արագ հայեացք մը նետելով իրենց` կը նկատեմ, թէ որոշ դժուարութիւն ունին մէկզմէկու հայերէնը հասկնալու` օտար եւ անմշակ բառերու ներմուծումով: Կը մտածեմ, թէ ինչո՛ւ մէկ հայոց լեզու պիտի չունենանք: Անցեալի ճակատագիրը, 1915-ի Եղեռնը Արեւմտահայաստանի մէջ եւ Արեւելահայաստանի խորհրդայնացումը` 1921-ին, բաժնեց հայ ժողովուրդը երկու հատուածներու, երկու եկեղեցիներու, երկու մշակոյթներու, երկու գաղափարախօսութիւններու եւ երկու լեզուներու` արեւմտահայ եւ արեւելահայ բարբառներու ճիւղաւորումներով: Այս երկու բարբառներու միաժամանակ մշակումը կասկած ու շփոթութիւն ստեղծած է հայ ուսանողներուն մտածողութեան մէջ, եւ հետեւեալ հարցերը ծագած են. ինչո՞ւ երկու հայերէն, ո՞ր մէկը սորվիլ: Ա՞յն, որ կը մշակուի սփիւռքի մէջ, թէ՞ այն, որ կը մշակուի հայրենիքի մէջ:

Բնականաբար սփիւռքահայուն համար պիտի ըլլայ առաջինը, իսկ Հայաստանի մէջ ապրող հայուն` վերջինը: Լեզուաբան չեմ, բայց հարկաւոր է ստեղծել հայոց լեզուի միասնականութիւնը` զայն դարձնելով համազգային տիրապետող լեզու, զտուած բոլոր տեսակի յաւելուածական այլանդակութիւններէ, քանի որ դժուար է պատկերացնել որեւէ ազգ` առանց ազգային միասնական լեզուի:

Օր մը պէտք է մտածել նաեւ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք տարանջատուիլ` մենք մեզ պիտակելով, ըստ բարբառի. ի՞նչ կը խօսինք կամ ո՞ւր ծնած ենք, Հայաստանի՞, թէ՞ սփիւռքի մէջ, թէ արդեօք մենք  քրիստոնեայ արեւմտեան առաջնորդական կամ արեւելեան թեմի մը կապուած ենք, կամ` ո՞ր քաղաքական կուսակցութեան կ՛աջակցինք: Այն ամէնը ձեւով մը «Բաժնէ որ տիրես» մտադրութիւն է: Քանի դեռ մենք ունինք այդ տարբերութիւնները, եւ սփիւռքը դուրս կը մնայ քանի մը նախարարութիւն ունենալու Հայաստանի մէջ, գոնէ տնտեսական ասպարէզին մէջ, մենք չենք կրնար բարձր պահել մեր կարգախօսը` «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ»: Ներկայիս Հայաստանը կ՛ակնկալէ, որ սփիւռքը աւելի մեծ ներդրումներ ընէ` տնտեսական բարգաւաճում բերելու հայրենիքին մէջ, իսկ սփիւռքը նախ կը ցանկայ, որ ներգրաւուած ըլլայ ընդհանուր գործընթացի մէջ. չէ՞ որ սա մեր բոլորին հայրենիքն է: Կապի եւ վստահութեան բացակայութիւնը կրնայ սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններուն վրայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ: Շատեր, համալսարանական կրթութեամբ, չեն կարողացած գտնել համապատասխան աշխատանքներ, իսկ հեռանկարներու բացակայութիւնը եւ ցած աշխատավարձերը շատ մը ուրիշ երիտասարդներ կը մղեն փնտռելու աւելի լաւ հնարաւորութիւններ` Հայաստանէն դուրս: Զարմանալի չէ, որ մարդիկ այժմ կ՛արտագաղթեն, իսկ ներգաղթողներուն թիւը քիչ է:

Գլխաւոր, բայց ոչ միակ խոչընդոտը կը հանդիսանայ գերիշխող իշխանութիւնը` «Էլիթ»-ը Հայաստանի մէջ: Հարստութիւնը այդ մարդոց մեծ մասին կու գայ օրինականացման մենաշնորհներու, անբարեխիղճ հարկային հարկադրանքի ճամբով: Այդ գործելակերպը անհասկնալի է սփիւռքին համար, որովհետեւ ասիկա կը խաթարէ ժողովուրդին վստահութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական համակարգերուն, հիմնարկներուն եւ ղեկավարներուն հանդէպ:

Արեւմտեան մեծ պետութիւնները ունին յատուկ կառոյց, ուր կը դատեն խորհրդարանի անդամ, վարչապետ եւ նոյնիսկ նախագահ որեւէ յանցանքով, բան մը, որ գոյութիւն չունի Միջին Արեւելքի աւատապետական երկիրներուն մէջ, Ներառեալ` Հայաստանի: Մեր ցանկութիւնն է, որ նոր սահմանադրական փոփոխութիւնները թուղթի վրայ մնացող բան մը չըլլան: Մենք պէտք է որ իրական ժողովրդավարական Հայաստանի կերտումին համար աշխատինք, պէտք է մէկ կողմ դնենք մեր մանր մտահոգութիւնները եւ դասեր քաղենք մեր վերջին յաջողութիւններէն: Աւելի կարեւոր է, որ մենք կերպով մը սանձենք մեր անյաղթահարելի զգացումները, որոնք երբեմն աղբիւր են մեր անտրամաբանութեան: Հայաստանը այսօր քիչ մը աւելի հասանելի դառնալով սփիւռքին, փակ վարագոյրը, որ կը բաժնէր մեր տարամէտ իրողութիւնները, քիչ մը բացուած է, բայց դեռ շատ երկար ժամանակ պէտք է, որպէսզի ամբողջովին բացուի:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>