Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հալէպ. Անցեալ… Երազ… Մղձաւանջ…
Սուրիական տագնապի առաջին իսկ օրերէն շրջանային եւ միջազգային լուսարձակները շեշտուած կերպով կեդրոնացան Հալէպի (նահանգ եւ քաղաք) վրայ, եւ այդպէս ալ մնացին: Մեկնաբաններ, լրագրողներ, պատմաբաններ, նոյնիսկ բանաստեղծներ հրապարակեցին յօդուածներ, գիրքեր, տարաբնոյթ դիտանկիւններով` քաղաքական, առեւտրական, մարդասիրական, կրօնական, հնագիտական, յուշագրական եւ այլն: Բոլորին հասարակաց գիծը ցաւն էր: Յառաջիկայ ամիս Բրիտանիոյ մէջ պիտի հրատարակուի գրող, պատմաբան դոկտ. Ֆիլիփ Մանսելի «Հալէպ. վերելքը եւ անկումը Սուրիոյ վաճառականական մեծ քաղաքին» գիրքը, որուն գրախօսականը «Սփեքթէյթըր» թերթի 5 մարտի թիւին մէջ ըրած է Ճասթին Մարոզզի, որ ի դէպ, երբեմն տուրք տուած է սուրիական տագնապին վերաբերեալ արեւմտամէտ դիրքորոշումին:
«Հալէպ. գիշերուան մը մէջ հանդուրժողականութենէ դէպի ահաբեկչութիւն» վերնագիրով յօդուածէն թարգմանաբար կը ներկայացնենք շահեկան հատուածներ:
Ձախին. Հիմնական դարպասը հզօր միջնաբերդին, որ դիմացած է բոլոր դարերու ներխուժումներուն: Այժմ բազմաթիւ սպիներով` ան կը դիտէ ռմբակոծուած քաղաքը, ներառեալ` քանդուած միջնադարեան շուկան, որ մինչեւ վերջերս աշխարհի ամենախոշոր եւ առաւել կենսունակ պատմական փակ շուկան էր եւ կը գտնուէր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ
Երբ գերմանացի բժիշկ եւ բուսաբան Լէոնարտ Ռովոլֆ այցելած է սուրիական Հալէպ քաղաք, ան անմիջապէս տպաւորուած է քաղաքի բարգաւաճող առեւտուրով: «Շատ հիանալի է: Ծանրաբեռնուած ձիերու եւ ուղտերու կարաւաններ ամէն օր կու գան աշխարհի բոլոր երկիրներէն», գրած է ան 1573-ին, սակայն այս նկարագրութիւնը կրնար գրուած ըլլալ որեւէ ատեն, նախորդ քանի մը հազար տարուան ընթացքին:
Հալէպի համար առեւտուրը եւ աշխարհաքաղաքացիութիւնը միշտ եղած են նոյն մետաղադրամին երկու երեսները: Անոնք քաղաքի նկարագիրին մէջ տաղուած են իսլամներու կողմէ Հալէպի 637 թուականի գրաւումէն շատ առաջ: Գրեթէ հազար տարի ետք Ռովոլֆ հաղորդած է Հալէպի մէջ պատահած պատմութիւն մը` Օսմանեան կայսրութեան զարգացած սուլթան Սուլէյման Սքանչելիի մասին: «Սուլթանը կը քննարկէր հրեաները իրենց անտանելի վաշխառութեան պատճառով վտարելու մասին իր խորհուրդի առաջարկը: Սուլէյման խորհրդականներուն ցոյց կու տայ գոյնզգոյն եւ գեղեցիկ ծաղիկներ պարունակող զամբիւղ մը, եւ կը թելադրէ նկատել, որ արդեօ՞ք գունագեղ ծաղիկները մէկը միւսէն աւելի լաւ չեն: Նուրբ ակնարկէ մը ետք, Սուլէյման իր նախապատուութիւնը կատարելապէս կը պարզէ. «Ըստ ինծի, յարմար է, որ այդ բոլորը, որոնք երկար ատենէ միասին պահպանուած են մինչեւ հիմա, կարելի է նոյն ձեւով պահել եւ հանդուրժել ապագային համար»: Եւ այդպէս եղաւ:
Այսպիսով, օսմանեան պաշտպանութեամբ, բազմակրօն, բազմալեզու համայնքը միասին կը բարգաւաճէր աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկուն մէջ: Հալէպ, որ հիմնադրուած է Քրիստոսէ առաջ հինգերորդ հազարամեակին, եղած է արաբական եւ թրքական, քրտական եւ հայկական: Մայրաքաղաքներու առեւտուրի պատմական Մետաքսի Ճամբան, որ ռազմավարական դիրքով մը կը գտնուի Միջերկրական եւ Եփրատ գետերու միջեւ, Հալէպ իսլամական, հրէական եւ քրիստոնէական էր, քիչ թէ շատ ներդաշնակ միաձուլում` Արեւելքի եւ Արեւմուտքի: Երբ Ճոն Էլտրետ (հետագային Լեւանդ ընկերութեան գանձապետը եւ Հալէպի մէջ առեւտուր ընող առաջին անգլիացիներէն մէկը), երբ 1586-ին Հալէպ հասաւ, անոր ուշադրութիւնը գրաւեց աղմուկն ու իրարանցումը` ստեղծուած հրեաներու, թաթարներու, պարսիկներու, հայերու, եգիպտացիներու, հնդիկներու եւ բազմաթիւ քրիստոնեաներու կողմէ, որոնք բոլորն ալ կը վայելէին «խղճի ազատութիւնը» այն ժամանակ, երբ ատիկա չէր լսուած Եւրոպայի մէջ: Հալէպի հին ասոյթ մը կ՛ըսէր. «Չափազանցութիւնը անտանելի է, նոյնիսկ` կրօնական պաշտամունքի մէջ»: Ասիկա այսօր որքա՛ն այժմէական կը հնչէ:
Ժամանակին հոմանիշ խաղաղութեան եւ ճոխութեան, խորամանկութեան եւ խոհականութեան, այսօր Հալէպ Սուրիոյ Ստալինկրատն է, քաղաք մը, որ երկփեղկուած է ապստամբներու եւ վարչակարգին միջեւ: Ատիկա քաղաքային խորտակում մըն է, սրտին մէջ անոր, որ ՄԱԿ կ՛անուանէ «մեր սերունդի մարդասիրական վատագոյն տագնապը»: Դարեր շարունակ Միջին Արեւելքի հարստութեանց համար էական նշանակութիւն ունեցած քաղաքը այսօր կռիւներուն պատճառով կը թուի, թէ պիտի խորտակուի: Քաղաք մը, որ միայն վերջերս կը պարծենար իր 2 միլիոն բնակչութեամբ, պարպուած եւ վերածուած է 400 հազար հաշուող պաշարուած, քարուքանդ տարածքի մը: Կենսական անհրաժեշտութեան ապրանքներու սակերը կը բարձրանան ռմբակոծումներուն պատճառով: Սննդամթերքը անմատչելի կը դառնայ: Հալէպ քաղաքի հնձուած արտերը փոշիացած են, ինչպէս նաեւ` պատմական կոթողները, որոնցմէ շարքին` Խուսրուվիյա մզկիթը, որ գործն է երեք սուլթաններու գահակալութեան ընթացքին օսմանեան գլխաւոր ճարտարապետ Միմար Սինան փաշայի: Քար ու քանդ վիճակի մէջ են նաեւ հոյակապ փակ շուկաները, որոնք բաբախուն առեւտրական սիրտն էին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան վայրին: Հզօր միջնաբերդը, որ դիմացած է հռոմէացիներու, յոյներու, պարսիկներու, եգիպտացիներու, թաթարներու եւ արաբներու արշաւանքներուն, Լենկ Թիմուրի բնաջնջող այցելութեան (սուրիացի պատմաբանի մը կողմէ նկարագրուած` իբրեւ «ուխտագնացութիւն ոչնչացման»), արդէն ողբերգականօրէն սպիացած է եւ այժմ կ՛իշխէ ռմբակոծուած տուներու, փլուզած բնակելի շենքերու եւ փլուզուող կեանքին վրայ:
Երբեմնի հռչակաւոր քաղաքը ինչպէ՞ս այս վիճակին հասաւ: Ասիկա հարցում մըն է, որուն Ֆիլիփ Մանսելի սքանչելի նոր պատմութիւնը կը փորձէ անուղղակի պատասխանել` նշելով պատճառները Հալէպի նախկին վեհութեան եւ ներկայի տանջանքին:
Ան կը գրէ հետաքրքրական եւ իւրայատուկ ոճով մը: Գիրքին առաջին քառորդը բաղկացած է գեղեցիկ նկարագրուած դրուագներէ, 1516 թուականի օսմանեան գրաւումէն մինչեւ այսօր: Մնացեալ մասը նուիրուած է դարերու ընթացքին անվերջ ճամբորդութիւններու մասնակիցներու հաճելի պատմութիւններուն: Հոս են բոյսերը ուսումնասիրող Լէոնարտ Ռովոլֆը, 16-րդ դարուն,ինչպէս նաեւ` Ժան-Պափթիստ Թաւեռնիէն, արհամարհոտ ֆրանսացի գոհարի վաճառականը, որ յայտնաբերած է 112 քարաթնոց «Կապուտակ Թաւեռնիէ» ադամանդը եւ ատիկա 17-րդ դարուն վաճառած է Լուի 14-րդ թագաւորին: Դարերու ընթացքին Հալէպ այցելած են հռչակաւոր հնախոյզներ, վաճառականներ, հնագէտներ եւ լրտեսներ: Գիրքին մէջ նաեւ կը հանդիպինք վաստակաւոր ճանապարհորդ, վաւերական լրագրող եւ ապագային Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ Սիլք Պաքինկհամի, որ 1816 թուականի Հալէպ իր այցելութեան ընթացքին համարձակօրէն չէր տպաւորուած օսմանեան տիրապետութեամբ: «Անմեղ մը որեւէ պահու կրնայ գլխատուիլ պարզապէս փաշային քմահաճոյքին պատճառով: Այդպիսին են օրհնութիւնները բացարձակ եւ անպատասխանատու բռնապետութեան», գոռացած է ան:
Հրաշալի Կերթրուտ Պել, որ տարեց իրաքցիներու կողմէ մինչեւ այսօր կը յիշուի երկրի հնութիւնները պահպանելուն եւ Իրաքի թանգարանը հիմնադրելուն համար, 1909-ին ներկայացուցած է Հալէպի աւելի խոհուն ու երփներանգ դիմանկարը: Տիկին Պել հիացած է քաղաքի կենսունակութեամբ, յատկանշական նկարագիրով եւ ճարտարապետութեան «մռայլ շքեղութեամբ»: Տիկին Կերթրուտ Պել գրած է.« Հալէպ քաղաք մըն է, որ արագօրէն կը պաշտպանէ առեւտրականներու հեռաւոր վայրերէ շահած հարստութիւնը»: Դամասկոս եւ Պոլիս կրնային աւելի կայսերական ըլլալ, Պաղտատ` Խաղաղութեան քաղաքը, աւելի ազնուական, իսլամական, Գահիրէն` աւելի հրաշալի, բայց Հալէպ միշտ եղած է աւելի խորհուրդ, գաղափար, քան` քաղաք: Ան եղած է քաղաքային օրինակը համակեցութեան, վայր մը, ուր մեծ չափով (եւ հոս-հոն ցանցառ, արիւնալի բացառութիւններով), հանդուրժողականութեան ոգին իշխած է ստոր բռնապետներու վրայ: 11 նոյեմբեր 1918-ին (Ա. Աշխարհամարտի աւարտի զինադադարին առաջին օրը) Ֆայսալ իշխան, ապագային` Իրաքի թագաւորը, Հալէպ այցելելէ քանի մը օր ետք հրապարակաւ իր յանձնառութիւնը յայտնած է խորապէս արմատաւորուած համակեցութեան այս աւանդութեան:
«Արաբները արաբներ էին` նախքան Մովսէս, Յիսուս եւ Մոհամետ: Բոլոր կրօնները երկրի վրայ եղբայրութիւն կը պատուիրեն: Ով որ տարակարծութիւն կը սերմանէ իսլամին, քրիստոնեային եւ հրեային միջեւ, արաբ չէ»:
«Նման տեսակէտները կը պատկանին Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ այլ դարաշրջանի: Առեւտուրը եւ համակեցութիւնը առանձինն որքան ալ կենսական ըլլան քաղաքներու աւիւնին համար, բաւարար չեն զանոնք պաշտպանելու վերջնական կործանումէ», համոզիչ կերպով կը պնդէ Մանսել գիրքի վերջին գլուխին` «Քաղաքի մը մահը»-ին մէջ: «Ատոնք կախեալ են պետական աջակցութենէն եւ թշնամիներուն դէմ ուժի օգտագործումէն կամ սպառնալիքէն», կ՛աւելցնէ ան:
Հալէպ անցեալին հետեւեալ պատգամը ունէր` «Տարբեր ցեղեր եւ կրօններ կրնան գոյակցիլ նոյն քաղաքին մէջ»: Գրեթէ գիշերուան մը մէջ հանդուրժողականութենէ ահաբեկչութիւն անցում կատարելով` Հալէպ փոխած է իր պատգամը: Ատիկա ցոյց կու տայ, որ 21-րդ դարը կրնայ նախորդ դարերուն չափ կործանարար ըլլալ: Մանսել խորապէս քաղաքակիրթ եւ քաղաքակրթող պատմաբան է, որ բազմաթիւ տարիներ անցուցած է Միջին Արեւելքի մէջ: Գեղակազմ եւ եղերերգական` «Հալէպ» գիրքը թանկարժէք յուշարձան մըն է երբեմնի շքեղ քաղաքին, որ արդէն ենթարկուած է անարգ կործանումի եւ թշուառութեան:
Կարելի է միայն յուսալ, որ, ինչպէս իր դրացի Պաղտատը, որ դարձած է ճկունութեան խորհրդանիշ, Հալէպ կը բարձրանայ մոխիրէն: Սակայն Միջին Արեւելքի եւ իսլամական աշխարհի (Սուրիայէն եւ Իրաքէն դէպի Եմէն եւ Լիպիա) սպառնացող կործանարար ցնցումները այնպիսին են, որ նման հեռանկարներ իսկապէս տժգոյն կը թուին:
Դատարկուելով իրենց հրէական եւ քրիստոնէական համայնքներէն, զրկուելով իրենց կեանքի բարձրացման աշխարհաքաղաքացիութենէն, երբեմնի աննախապաշար Տար էլ Իսլամը ինքն իր վրայ կը կծկուի` աւելի ու աւելի նշաւակ դառնալով համայնքայնութեան, հաւատադրժողականութեան քանդիչ չարիքին:
Մօտիկ ապագային միայն իսլամներ պիտի մնան սպաննելու համար:
Տէր Զօրի Մէջ Հայ Նահատակներու Յիշատակի
Եկեղեցին Ինքն Ալ Մահացած Է.
«Պի.Պի.Սի.»
25 տարի առաջ Սուրիոյ արեւելեան Տէր Զօր քաղաքին մէջ, 1915 թուականին սպաննուած հայերու յիշատակին նոր եկեղեցի օծուած էր: Հիմա այդ եկեղեցին ռումբերէն քանդուած է, կը գրէ Պի.Պի. Սի.:
«Այդ եկեղեցւոյ մէջ միշտ խաղաղ էր: Մենք կը յանձնուէինք մեր միտքերուն: Ոչինչ կը ստիպէր արտասուելու, ամէն բան պարզ էր եւ զուսպ», կը յիշէ բրիտանահայ գրող Նուրիձա Մաթոսեան: Նուրիձայի նախնիները 100 տարի առաջ չար կրակի մէջէն անցած մարդոց շարքին էին: Անոր մեծ հայրը` Յովհաննէս, տակաւին 1910 թուականին լքած էր Այնթէպը, հիմա` Կազիայնթեփ եւ տեղափոխուած Կիպրոս, իսլամներու յարձակումի բռնկումէն ետք: Անոր ընտանիքը մնացած էր Թուրքիոյ մէջ եւ իր մորթին վրայ զգացած` հալածանքներու սեւ օրերը:
«Եկեղեցւոյ ոչնչացումը շատ մութ պահ է իմ կեանքիս մէջ: Ես բնաւ չէի մտածեր, որ ատիկա կրնայ կրկնուիլ», կ՛ըսէ Նուրիձա Մաթոսեան:
Նախքան Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի բռնկիլը` հոն կ՛ապրէր շուրջ 100 հազար հայ, որոնց մեծ մասը հալածանքներէն փրկուած հայերու սերունդներն են: 60 հազարը կ՛ապրէր Հալէպի մէջ:
«Շատերու համար Հալէպը սուրբ խօսքի նման բան մըն էր, կախարդական բառ», կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրող լիբանանահայ պատմաբան Հեղնար Ուոթենփոն: «Մեր բոլորին ընտանիքները տեղահանութիւններու ժամանակ կ՛անցնէին Հալէպէն: Ոմանց համար ատիկա վայր էր, ուր կարելի էր փրկուիլ կաշառք տալով կամ ուղղակի անհետանալ այնտեղ»:
Հայ կիներ յաճախ կ՛երթային պետեւիներու մօտ, երբեմն` կամաւոր, երբեմն ալ` բռնի: Հիմա, երբ պետեւիները կու գան Հալէպ, կ՛երթան հայերու խանութները, զանոնք յաճախ կը կոչեն «խալօ»` մօրեղբայր: Պետեւիներէն շատեր գիտեն, որ իրենց մայրերը կամ մեծ մայրերը հայ եղած են:
Նուրիձա Մաթոսեանի ազգականուհին այդ կիներէն մէկը եղած է: Տարիներ ետք ծնողները զինք տեսած էին Հալէպի շուկային մէջ: «Ծնողները տեսած էին զինք եւ դիմած անունով` Պերճուհի: Ան նոյնպես ճանչցած էր ծնողները, սակայն երեխաներուն հետ էր, բռնած էր անոնց ձեռքը եւ անհետացած ամբոխին մէջ: Պերճուհի կ՛ապրէր այդ մարդոց հետ եւ հաւանաբար չէր ուզեր ձգել երեխաները»:
Միմար Սինան
Միմար Սինան (1489 Կեսարիա – 1588 Կ. Պոլիս) Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործած հայազգի ճարտարապետ: Օսմանեան արքունիքի գլխաւոր ճարտարապետը` 1539 թուականէն: Պատանի տարիքին յաճախած է Պոլսոյ «Աճեմի օղլանլար» քրիստոնեաներու դպրոցը: 1503-ին ընդունուած է զինուորական դպրոց, հետագային ծառայած է ենիչերիներու զօրամասին մէջ` իբրեւ սակրաւոր սպայ: Յայտնի դարձած է կամուրջներու եւ ռազմական կառոյցներու շինարարութեան ասպարէզին մէջ: 1551 թուականին արժանացած է փաշայի աստիճանի:
Սինանին կը վերագրուի շուրջ 360 շինութիւն. միայն Թուրքիոյ մէջ կառուցած է 81 մեծ եւ 50 փոքր մզկիթներ, 55 դպրոց, 19 դամբարան, 7 գրադարան, 14 մինարէ, 3 հիւանդանոց, 8 կամուրջ, 17 խան, 31 պալատ, 35 բաղնիք, պահեստանոցներ եւայլն: Կառոյցներ ունի եւրոպական եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ: Սինանի ամենանշանաւոր գործերն են` Շահզատէ (1543-1548), Սուլէյմանի (1550-1557, երկուքն ալ` Պոլսոյ մէջ), Սելիմի (1569-75, Ատրիանուպոլսոյ ) մզկիթները:
1573 թուականին սուլթան Սելիմ Բ.-ի հրամանով Կեսարիոյ հայերը ենթարկուած են զանգուածային տեղահանութեան եւ տարուած են Կիպրոս կղզի: Սինան կանխելու համար իր ազգականներուն տեղահանումը` դիմած է սուլթանին, որ ընդառաջելով ճարտարապետին դիմումին` հրամայած է «արքունի ճարտարապետներու գլխաւորին» ազգականներուն ներում շնորհել եւ Կիպրոս չաքսորել: Այդ վաւերագիրը հրատարակուած է թրքական «Թիւրխ թարիխը էնճիւմէի մեճմուսաս» թերթին մէջ (յունիս 1930- մայիս 1931, էջ 10): Հրամանագիրին բովանդակութիւնը Արշակ Ալպոյաճեան հրապարակած է թարգմանութեամբ:
Ֆիլիփ Մանսել
Պատմաբան դոկտ. Ֆիլիփ Մանսել (ծն. Լոնտոն, 1951) հեղինակ է 11 պատմական գիրքերու(6 գիրք թարգմանուած` ֆրանսերէնի) եւ բազմաթիւ յօդուածներու, որոնք գլխաւորաբար կ՛առնչուին Ֆրանսայի , Օսմանեան կայսրութեան եւ Միջին Արեւելքի: Անոր գործերէն են` «Սուլթանները շքեղութեան մէջ» (հրտ.1988), «Կ. Պոլիս. աշխարհի ցանկութեան քաղաքը 1453-1924» (հրտ. 1995), «Լեւանդ. շքեղութիւն եւ աղէտ Միջերկրականի վրայ» (հրտ. 2010):