Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Քեսապ – Երրորդ Տեղահանութեան Երկրորդ Տարելից

$
0
0

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

10615672_515548015255294_979576917_n

Օրերը թաւալգլոր անցան: Շուտով կը հասնի 21 մարտը, 2016-ը: Մարտի 21-ը թուականագէտներու բնորոշումով գարնան առաջին օրն է: Չքնաղ ու դալար գարնան սկիզբը, երբ ծաղկած կ՛ըլլան ծիրանիները, սալորենիները, դեղձենիները եւ այլն, ճերմակ, վարդագոյն, կարմրաւուն ծաղիկներ, կանաչ սարերուն դիմաց, նորամշակ պարտէզներու հողին վրայ:

Այդ օրը մարդկային ընկերութեան ամենայիշատակելի օրերէն մէկն է նաեւ, երբ կը յիշենք մեր մայրերը` ողջ թէ ննջած:

Մայրերու տօն:

Քանի՜ քանի՛ բանաստեղծներ, գրագէտներ երգած ու գովերգած են մայրերու տօնը:

Պարոյր Սեւակ` «Մօր ձեռքերը»,

Եղիշէ Չարենց` «Գազել մօրս համար»,

Յովհաննէս Շիրազ եւ շա՜տ շատեր:

Քանի՜ քանի՛ մանուկներ լսած են իրենց մայրերու շուրթներէն հոսող, գլգլան զմրուխտեայ աղբիւրի նման… մանկան օրօրը:

Քիւրտը, պարսիկը (գուցէ նաեւ` ուրիշ արիական ազգեր) կ՛երգեն մարտի 21-ը որպէս Նեւրուզի տօն:

Տակաւին չեմ մոռցած, 30-40 տարիներ առաջ երբ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի աշակերտներ էինք, եւ մարտ 21-ի օրը արձակուրդ ըլլալով, դպրոցական արշաւներ կը կազմակերպէինք դէպի Հալէպ նահանգի հիւսիսը` Աֆրին, Մէյտան-Քէի, Պասութա կամ Սեն-Սիմոնի) (Սիմոն Սիւնակեաց) ճգնաւորին նուիրական եկեղեցւոյ (այժմ` քար ու քանդ)) աւերակներուն շրջանը. տարածքը բնակուած ըլլալով մեծ մասմաբ քիւրտերով` անոնք այդ շրջանի դաշտերուն մէջ, ընտանիքներով, մեծով-փոքրով կը տօնէին մարտի 21-ը` Նեւրուզի տօնը:

***

Սակայն Սուրիոյ հնգամեայ տագնապի երրորդ տարեդարձի (մարտ 14) յաջորդող` 7-րդ օրը, քեսապահայութեան համար օրհասական օր մը, թուական մը եղաւ, երբ քեսապցիք թրքաբոյր բարբարոսներու, (նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ առաքուած) հռթիրներու եւ կրակոցներու ճնշումին տակ հարկադրուած կը լքէին տուն ու տեղ, շէն ու գիւղ` գաղթի ճամբան բռնելով, հանգրուանելով Լաթաքիա (փոքր մաս մը աւելի հեռուն` Լիբանան, Հայաստան…), պարտադիր եռամսեայ տեղահանեալի, տարագիրի կեանք մը անցընելու համար:

Մեծ էր ցաւը: Մեծ էին բարոյական թէ նիւթական կորուստները:

Պատմութիւն մը, աշխարհագրական հարազատ հող մը, փոքրիկ Հայաստան մը…

Հարկ չկայ վէրքը փորփրել, գրգռել…

Թող չարայուշ սպի մը դառնայ ու մէյ մըն ալ չնորոգուի վէրքը:

Քեսապի 3-րդ տեղահանութիւնը մէկ դարու ընթացքին:

Փոխանակ վէրքը լալու` հպանցիկ ակնարկ մը պիտի նետենք ներկայ իրավիճակին վրայ` որպէս երախտապարտութիւն Արարիչին, որ կամեցաւ որ քեսապցին տունդարձ ունենայ ամենակարճ ժամանակին, նուազագոյն վնասներով, 2014-ի յունիսի 14-ին:

***

Նախ հպարտութեամբ արձանագրենք, որ հակառակ 5-ամեայ տագնապին, հակառակ հայութեան համար լարուած որոգայթներուն` քեսապը իր հայութենէն պարպելու, այսօր, հակառակ շարունակուող պատերազմին, անապահովութեան, դռնամերձ (Թուրքիա) սպառնալիքներուն, համեցող տնտեսական տագնապին, քեսապահայութեան 85 առ հարիւրը վերադարձած է տուն ու կառչած` գիւղին:

Նախապէս ալ նշած էինք, որ համեստ թիւ մը կը բնակի Լաթաքիա, Լիբանան եւ Հայաստան, սակայն ափսոսանքով կ՛արձանագրենք, որ փոքր թիւ մը (երկու տասնեակի շուրջ) լքելով գիւղը` մեկնած է հիւսիս, յատկապէս` Քանատա… ի՞նչ փնտռելու (Ա՛յ գիժ հայեր ի՞նչ էք փնտռում հիւսիսում):

Խումբ մը երիտասարդներ ուսումնական, զինուորութեան թէ այլ պատճառներով մեկնած են: Ոմանք` կարծես անվերադարձ:

Տնտեսական երկամեակը բաւական դժուար էր:

Վերադարձի ամիսներուն, մինչեւ 2015-ի Ամանորը, ժողովուրդին տրուած բարոյական, կենցաղային եւ այլ նպաստները ազդակ դարձան, որ յուսահատութիւնը բոյն չդնէ սրտերուն մէջ:

Գնուեցան սակաւաթիւ երկրագործական գործիքներ, որոնք ցարդ կը գործածուին համագործակցականներու նման, փոխն ի փոխ:

Այդ ամառ վարակներէն վնասուած բերքը որոշ չափով առատ էր, ինչ որ նեցուկ հանդիսացաւ, որ կամքով լի մնայ ժողովուրդը եւ գիւղը չլքէ, այլ աշխատեցաւ զայն վերականգնելու:

Սակայն այդպէս չեղաւ 2015-ի բերքը, որ սակաւ ըլլալով` ենթարկուեցաւ բնութեան քմայքին (կարկուտ):

Սակայն այսօր, գարնան շէմին, ծառերուն, պարտէզներուն պատկերը յուսատու է, որ կամօքն Աստուծոյ, բերքը բաւարար ըլլալու է:

Դպրոցները` 4 նախակրթարան եւ 2 միջնակարգ-երկրորդական, կը գործեն անխափան:

Հաւատքի եւ լոյսի օճախները, որոնք փառքն են այս գիւղին, կը շողան հոգիի եւ մտքի լոյսերով:

Շուկան, որ բազկերակն է գիւղին, վերադարձի առաջին ամիսներուն կը հաշուէր քանի մը վաճառատուն:

Այսօր աւելի քան տասնեակ մը (անցեալի հարիւրին դիմաց), վաճառատուներ կը գործեն:

Նախկին արհեստանոցներուն հազիւ մէկ չորրորդն է, որ կը գործէ:

Քանդուած բնակարաններուն մեծամասնութիւնը վերանորոգուած է. Նոյն ատեն նշենք, որ քեսապցիք տակաւին շատ հեռու են իրենց կորսնցուցածը վերագտնելու:

Քեսապի ժողովրդային սառնարանի ընկերութիւնը, ժողովուրդին եւ մեր հեռաբնակ եղբայրներուն նեցուկով, առաջին իսկ ամառը բանեցաւ  կողոպտուած գործիքները համալրելէ ետք, թէկուզ` իր ծաւալին մէկ հինգերորդ համեմատութեամբ:

Երկրիս վատթար տնտեսութեան բերումով, Քեսապի գիւղատնտեսական կարգ մը արտադրանքներուն գիները մեծ անկում կրած են, մինչ հակավարկային դեղերը եւ պարարտանիւթերը տարապայման սղած են: Սուղ գիներ կ՛արձանագրեն նաեւ կարգ մը այլ մթերքներ` ընդեղէն, հացահատիկներ, յատկապէս` նահանգէ նահանգ փոխադրութեան գրեթէ անհնարութեան պատճառով:

Անշուշտ սուրիական դրամանիշին` թղթոսկիի գնողական արժէքի անկումը կ՛անդրադառնայ Սուրիոյ ամբողջ բնակչութեան գնողական կարողութեան վրայ:

Անցեալին, Քեսապ, գիւղատնտեսութեան կողքին, յենած էր զբօսաշրջութեան վրայ: Վարձու տրուած տուներուն ապահոված եկամուտը յաւելեալ նեցուկ մըն էր գիւղացիին:

Այժմ այդ կառոյցները պարապ կը մնան ամառ ու ձմեռ:

Նոյնպէս ամայի են հիւրանոցները, պանդոկները, իսկ ճաշարանները` փակ: Կը գործեն 1 հիւրանոց եւ երկու ճաշարան:

Վառելանիւթի եւ ներածուած ապրանքներու առասպելական գիները, կը մաշեցնեն բնակչութեան քսակները:

Միայն` մէկ օրինակ. խոտ հնձելու` նայլընէ շինուած թելի կծիկը 600 ս.ո.-էն բարձրացած է 3000 ս.ո.-ի, մինչ խնձորին (Քեսապի արտադրութեան 65%-ը) արժէքը անկում արձանագրուած է (միջին 125 ս.ոսկիէն` 85-90 ս.ոսկիի, արտածումի անհնարութեան պատճառով):

Հրաշքի համազօր է, որ տակաւին սուրիական թղթոսկին կը տոկայ, եւ պետութիւնը խաղաղ կամ նոր խաղաղած շրջաններուն մէջ կը պահէ, ընկերվարական բնոյթ ունեցող տնտեսական ենթակառոյցները` քանդուածը վերաշինելով, իր նեցուկը տալով հացի, շաքարի, բրինձի, վառելանիւթի եւ կարգ մը այլ կենցաղային նիւթերու գիներուն եւ նոյնիսկ` երբեմն տնտեսական նոր հաստատութիւններ հիմնելով:

Քեսապի մխիթարական միւս երեսը միութենական կեանքի պատկերն է:

Սկսած են անխափան գործել յարանուանական կիրակնօրեայ վարժարաններն ու միութիւնները:

Կը գործեն ՍՕ Խաչի «Մեղրի» եւ «Գետաշէն» մասնաճիւղերը:

Կը գործէ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղը, որ շուտով իր թատերախումբով բեմ պիտի բարձրացնէ թատերական կտոր մը:

Կը գործէ ՀՄԸՄ-ի Քեսապի մասնաճիւղը: Կը գործեն ՍԵՄ-ի երիտասարդական թէ պատանեկան մասնաճիւղերը: Կը գործէ ՀԲԸՄ-ի Քեսապի մասնաճիւղը:

Մտաւոր, դաստիարակչական եւ հոգեկան կեանքի աշխուժութիւնը միայն կրնայ հոգիները խայտացնել:

Քեսապ կայք հաստատած զօրքը, որքան որ հպարտութիւնն է ժողովուրդին, իր զինուորագրուած զաւակներուն ի տես, սակայն նոյն ժամանակ մտահոգութիւն կ՛առթէ` հաստատելով, որ տագնապը ցարդ չէ աւարտած, հակառակ այն իրողութեան, որ նահանգը համարեա վնասազերծուած է ահաբեկչական խումբերէն:

Վառելանիւթի գիներուն մագլցումին ի տես, գիւղացիք եւ զօրքը այս տարուան գաղջ եւ անցեալ տարուայ ցուրտ ձմեռը տաքցուցին, տագնապի առաջին 3 տարիներուն նենգաբար հրկիզուած անտառներու խանձուած փայտի օգտագործումով: Թէեւ գտնուեցան մարդիկ, որոնք իրենց «քիթերուն չդրին» դիւրավառ ու խանձուած մայրիի անտառի փայտը եւ սղոցեցին կաղնի կամ փշկաղնի, երկարամեայ դալար ծառեր, բնութեան բաժին հանելով «սուրիական տագնապի» ալեկոծած պատուհասներէն:

Քեսապցիք անցնող երկու տարուան ընթացքին արձանագրած են 10 ծնունդ, որուն դիմաց` մօտ 30 մահ, նաեւ` 15 պսակ, ամուսնութիւն:

Սակայն այս ամէնուն չափ եւ աւելի կարեւոր է ապահովութեան իրավիճակը:

Կրկնելու գնով կ՛ընդգծենք. Թուրքիոյ հարեւանութիւնը անապահովութեան իրողութեան փաստն է:

Հայութեան համար դարաւոր եւ դաւադիր թշնամի է ան, որքան որ հայութիւնը, իմա` քեսապահայութիւնը` խաղաղասէր ըլլայ:

Վկա՛յ Ատանայի կոտորածը եւ քեսապցիներու աւելի քան 160 կորուստները, տեղահանութիւնը, թալանը եւ տուներուն հրկիզումը (1909-ին):

Վկա՛յ Մեծ եղեռնի կոտորածը 1915-ին, որ կուլ տուաւ քեսապահայութեան 3/4-ը (8500 միայն 2300-ը վերապրեցաւ):

Վկա՛յ 21 մարտ 2014-ի տեղահանութիւնը` նիւթական կորուստներ եւ մահեր:

Քեսապ ժողովուրդի վերադարձէն ի վեր քանիցս ենթարկուեցաւ զինեալ հրոսակային ջարդարար խումբերու արձակած հրթիռներու տարափին, որուն վերջինը` յունուար 20-ին, երկուքը պայթեցան գիւղին մէջ, իսկ մին` բնակարանէս 30 մեթր անդին` ջարդելով մեր դռներուն ու պատուհաններուն ապակիները:

Բարեբախտաբար հրթիռներուն մեծ մասը պայթեցաւ լեռներուն վրայ` առանց նիւթական եւ կեանքի վնասներ պատճառելու:

Շուրջ երկու տարի, գրեթէ ամէնօրեայ հերթականութեամբ ականջալուր եղանք գիւղիս բարձունքներուն տեղակայուած թնդանօթներու եւ հրասայլերու արձակած ռումբերու ձայներուն:

Մեր լսողական բնազդը «զարգացում» արձանագրելով` սկսանք կռահել, թէ ո՛ր շրջանին վրայ կը տեղային այդ արկերը (րոպէները եւ ակնթարթները հաշուելով):

Վերադարձէն մինչեւ այսօր ապրեցանք եւ կ՛ապրինք ջղապիրկ պահեր, թէ արդե՞օք այդ զինեալ վարձականներուն մէյ մը եւս թոյլ պիտի տա՞ր թուրք դաւադիր պետութիւնը Քեսապը տեղահանութեան ու քանդումի ենթարկելու:

Սուրիական պետութիւնը եւ անոր դաշնակցող պետութիւններն ու ուժերը վճռական են արմատախիլ ընելու միջազգային ահաբեկչութիւնը, որոնց նեցուկ կանգնած են Թուրքիան, Սէուտական Արաբական եւ շարք մը խամաճիկ, վարձկան պետութիւններ:

Այսօր, արդէն քանի մը օրէ ի վեր իբր թէ հրադադար է, սակայն` ո՛չ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ, որոնց զանգուածը դուրսէն եկած բազմացեղ ու մարդակերպ վարձկաններ են:

Սուրիոյ ազգային բանակը Քեսապի եւ Լաթաքիոյ նահանգի սահմաններէն բաւական անդին շպրտեց այդ զինեալ խմբաւորումները:

Քանի մը փոքր եւ Թուրքիոյ սահմանամերձ բնակավայրեր մնացած են, որոնք պէտք է վնասազերծել:

Այժմ թնդանօթը, հրասայլը մեր ականջին տակէն չէ, որ կը գոռան, այլ` աւելի անդինէն, հեռուէն, ռազմագիտական բարձունքներու կամ հովիտներու վրայ բազմած, կը հրակոծեն թշնամիին դիրքերը:

Վերը արդէն յիշեցինք, որ Լաթաքիոյ նահանգը գրեթէ ամբողջութեամբ վնասազերծուած է զինեալ ահաբեկչական խումբերէն:

Բայց մեր հոգիներուն մէջ փոթորիկ կայ, մեր հոգիները ցնցուած են եւ վիրաւոր:

Թնդանօթը գոռաց (մօտ թէ հեռու)` կը մտահոգուինք: Ո՞ւր կը հարուածէ: Որքա՜ն ծանր է մարտը…

Թնդանօթը լռեց… ինչո՞ւ… ի՞նչ պատահած է, արդե՞օք… արդե՞օք… ինչո՞ւ լռած է:

Կ՛ըսուի, թէ քանի մը օրեր ետք, միջազգային գերպետութիւններու հսկողութեան ներքեւ վեհաժողով տեղի պիտի ունենայ սուրիացիներու, իշխանամէտ եւ իշխանամերժ հոսանքներու մասնակցութեամբ, քաղաքական պայքարով, ելք փնտռելու այս  տագնապէն:

Սակայն տակաւին 10 օրեր առաջ թրքական եւ Սէուտական խաւարային պետութիւնները սպառնալիք կը տեղացնէին Սուրիոյ գլխուն, թէ` ռազմական, ցամաքային միջամտութիւն պիտի կատարեն առանց նոյնիսկ դոյզն ուշադրութիւն դարձնելու մեծ տէրութիւններու յորդորներուն եւ սպառնալիքներուն:

Ո՞վ կրնայ երաշխաւորել սատանային դաւերուն աւարտը:

Սակայն ըլլայ Սուրիան, ըլլայ Քեսապը, ըլլայ սուրիացին, սուրիահայը եւ մանաւանդ քեսապահայը` պարտաւոր են լաւաատես ըլլալու:

Այդ լաւատեսութիւնն էր, որ «ազատագրեց» Քեսապը:

Այդ լաւատեսութիւնն էր, որ տուն դարձուց բնակչութեան մեծամասնութիւնը:

Եւ այդ լաւատեսութիւնն է, որ կը կերտէ ու կը պահէ հայրենիքը` Սուրիան ու Քեսապը:

7-3-2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>