Անցնող ամսուան ընթացքին Ասատուր արձանագրեց յատկանշական միջազգային նուաճում մը եւս: Անոր ստեղծագործութիւններէն երեքը իրենց պատուաւոր տեղը գրաւեցին «Վիքթորիա էնտ Ալպըրթ» Լոնտոնի ժամանակակից արուեստի թանգարանի հաւաքածոյին մէջ: Նմանօրինակ բազմաթիւ նուաճումներ արձանագրած եւ բազում միջազգային գնահատականներու, մրցանակներու եւ շքանշաններու արժանացած` Ասատուրի հերթական անհատական ցուցահանդէսի մը բացումը տեղի պիտի ունենայ վերանորոգուած ընդարձակ «Սըրսոք» թանգարանի ցուցասրահին մէջ, վաղը` 17 մարտի երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
Ասատուր Պզտիկեան ծնած է 1943-ին, Պէյրութ: Ան իր գեղանկարչական ասպարէզը կը սկսի դասականութեամբ, ուր իր երփնագրելու բացառիկ տաղանդը կը դրսեւորուի յատկապէս դիմանկարներու շարքով, ինչպէս Զաւէն Խտըշեանի կամ Պրիժիթ Պարտոյի դիմանկարներն են:
Ան մասնագիտական նախնական իր կրթութիւնը կը ստանայ յաճախելով Իտալիոյ Փերուքիոյի գեղարուեստի ուսումնարանը, ապա 1964-ին կ՛անցնի Ֆրանսա, ուր ուսումը կը կատարելագործէ Փարիզի Գեղարուեստից բարձրագոյն հիմնարկին մէջ:
1968-ին իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը կու տայ Պէյրութի «Ամաթէօր» ցուցասրահին մէջ եւ կ՛արժանանայ Լիբանանի գեղարուեստասէր հասարակութեան յատուկ ուշադրութեան եւ բարձր գնահատանքներուն: Այնուհետեւ վերջնականապէս կը տեղափոխուի Փարիզ, ուրկէ իր արուեստը կը սկսի տարածուիլ արուեստի կեդրոն-տարբեր քաղաքներու մէջ, ինչպէս` Հռոմ, Պրիւքսէլ, Ֆլորանս, Ամսթերտամ, Լիւքսամպուրկ եւ այլն: 1984-ին դժուարահաճ Ֆրանսան անոր կը շնորհէ «Փարիզ քաղաքի մեծ մրցանակը», որմէ ետք անոր համբաւը կը տարածուի աշխարհով մէկ` հասնելով մինչեւ Ճափոն ու Միացեալ Նահանգներ յաջորդաբար կ՛`արժանանայ շարք մրցանակներու ինչպէս. իտալական «Պիէնալ Տելլա Կրաֆիգա տ`Արթէ»-ի ոսկիէ մետալը, ֆրանսական «Փրիմիէր Կրանտ Փրի տը լա Պիէնալ տը Կիվէ»-ի առաջին մրցանակը, Մոնթէ Գարլոյի «Փրի Կապրիէլ-ը եւ այլն:
Ասատուրի արուեստի բնոյթին մասին ընդհանուր գաղափար մը տալու համար, ստորեւ կու տանք յօդուած մը` Գրիգոր Պըլտեանի հեղինակութեամբ, գրուած` 1993-ին «Թիաթըր տի Պէյրութի»-ի մէջ կայացած անոր անհատական ցուցահանդէսին առիթով:
Իսկ թէ ի՛նչ ներդրում բերած է ան գեղանկարչական ասպարէզին մէջ, եւ թէ ինչո՞ւ միջազգայնօրէն կը գնահատուի ու կ՛արժեւորուի անոր արուեստը, այս հարցերուն պիտի պատասխանենք առանձինն` յատուկ վերլուծական եւ մեկնաբանական յօդուածով մը, յիշեալ ցուցահանդէսէն ետք:
Մինչ այդ յանձնարարելի է բոլոր ուսանողներուն, աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ մեր արուեստասէր հասարակութեան` անպայման ներկայ ըլլալ հաղորդուելու եւ ըմբոշխնելու համար Ասատուրի ինքնատիպ բարձրորակ ստեղծագործութիւնները:
Մ. Ծ.
Ասատուր Կամ Ջնջումի
Տարածութիւնը
![Զաւէնը՝ Ասատուրի ակնոցով. 1964](http://i0.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/03/Assadour_31616.jpg?resize=304%2C440)
Զաւէնը՝ Ասատուրի ակնոցով. 1964
![Բազմագոյն քաղաք. 1987](http://i1.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/03/Assadour1_31616.jpg?resize=330%2C440)
Բազմագոյն քաղաք. 1987
Շլացում մըն էր այդ օր, կարծեմ յետմիջօրէ մը, ցուցասրահի սեմը հազիւ անցած: Պէյրութ էր, քառորդ դար մը առաջ: Ասատուր առաջին անգամ ըլլալով իր գործերը կը ցուցադրէր. իւղանկարներ էին ատոնք պատկերող պարմանուհիներ, տան ճակատներ, պատեր, բնանկարներ: Անզետեղելի ու երազային ձեւերն ու վայրերը ողողուած էին կապոյտներով, վառ դեղիններով, նարնջագոյններով: Հոն, այն ատեն, կար երիտասարդական ուրախութեամբ լեցուն աշխարհ մը, ուրախութիւնը` նկարել կարենալու, իսկ աշխարհը տարուած, կրուած էր ցանկութենէն, կարծես տիեզերք մըն էր, տարբեր` մերինէն, եւ որմէ ժամանակը մեզ ի սպառ բաժնած ըլլար: Այդպէս կը թուէր:
Տարիներ վերջ իմացայ, որ այդ գործերուն մեծ մասը նկարիչը պատռած, նետած էր: Շատ հաւանական է, որ այս առաջին աւերէն զերծած իւղանկարներ լիբանանեան պատերազմի ռումբերուն տակ արժանացան նոյն ճակատագրին: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, այս անյայտացումը այլեւս մաս կը կազմէ սկզբնական շլացումիս, ինչպէս ամէն առք ու դիւթանք նոյն ատեն հիացում ու վախ կը յարուցանէ: Այս ջնջուած երկերը կը շարունակեն բանիլ իրենց հրապուրանքը իմ մէջ, երկրամասերու նման, որոնց ընկղմումը ջուրերու տակ, բնութեան տարերային շարժերէն վերջ, թեւ ու հոսք կուտայ մեր երեւակայութեան: Ատոնք, այդ երկերը, արդէն կը կրէին Ասատուրի ձեռքին դրոշմը, աւելի ճիշդ` հարուածը, որ քիչ մը աւելի բան է, քան` պարզ ստորագրութիւնը, քանի որ հարուածը կը հաստատէ արուեստագէտ մը եւ երկ մը հիմնող էական մտահոգութիւններու խուրձը:
Այդ հեռաւոր շրջանէն ասդին` Ասատուր շարունակաբար կը նկարէ, նոյնիսկ երբ փորագրիչ` ան ճերմակով ու սեւով կը սեւեռէր իր երեւակայութեան տեղագրութիւնը: Իսկ ան գերիշխանօրէն տիրապետեց, փորագրութեան արուեստին, այն արուեստին, որ մերժումն է գոյնին, բայց որ նոյն ատեն համբերութեան արուեստն է, ձեռքին անդուլ կրթանքը` մետաղին դէմ, բռնութեան կազմակերպումը, քմայքին վերածումը` յաճախանքի մեքենայի: Փորագրութիւնը էր գուցէ, իր ձեւով, միջոց մը անհետացնելու իւղանկարները, ինչպէս բոլոր իրենց աւարտին չհասած նկարները, որոնք լքուած են քանդումի զուտ ջնջումին:
Հատում, յօդատում, կրկնաւորում, մորթազերծում, պայթում, հատուածում, տարրանջատում կը կազմեն, եթէ կարելի է ըսել, նիւթը բազմաթիւ գծանկարներու եւ իւղանկարներու: Դիմանկարներ եւ բնանկարներ, երկրաչափական կամ բնական ձեւեր, գիծեր եւ ուղեգիծեր, որքան երազային, այնքան յօդաւորուած, կապուած բացակայ ու ապրուած վայրերու (Յունաստան, Իտալիա, Փերու) կրուած են խաթարման, խեղման շարժումէ մը: Կը յիշեմ իր մէկ իւղանկարը (մորթատուած մարմին մը, 1973-էն), ուր մարդկային կերպարը կարծես թափանցուած է պարապէն, որ կու գան առկախել ու շեշտել կապտաւուն հորիզոնականներ` նոյնքան անագորոյն որքան ժամանակը:
Փորագրութիւնը արդեօք ե՞տ կը մղէ նկարչութիւնը եւ ասոր առնչուած` անյայտացումը: Անհաւանական չէ: Սակայն փորագրութիւնը կրնայ նաեւ այդ նկարչութիւնը յայտնաբերել ասոր պակասին նշումով կամ հակադրութեամբ: Հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ, փորագրիչ` Ասատուր ջրաներկն ալ կը մշակէ 1970-էն անդին աւելի ու աւելի հետեւողականօրէն: Հեռու սոսկապէս նկարչութեան մը նախապատրաստական աշխատանքներն ըլլալէն` այդ ջրանկարները ինքնաբաւ գործեր են, ուր գիծին խստութիւնը կը հարստանայ գոյնի հրավառութեամբ: Ինծի այնպէս կը թուի, թէ ատոնք կը նշեն պատռուած նկարչութեան չխոստովանուած վերադարձը:
Շուտով այդ նկարչութիւնն է, որ պիտի հաստատէ ինքզինք յաղթականօրէն: Ոչ միայն կարելի է աւելի մեծ թիւով իւղանկարներ տեսնել Ասատուրէն, այլեւ նկարչութիւնը ինք ջնջումն է, որ կը ստանձնէ: Եւ կը խնդրականացնէ, ինչ որ կրնայ հակասութիւն ըլլալ, ամէն ջնջման էատարրը, այսինքն` ժամանակն ու անոր աւերները: Կազմալուծումը կը դառնայ ընդհանուր: Այսպէս կը յայտնուին ճեղքեր, բեկումներ, ճաթիւններ, ծակեր, որոնք կը բանին իրերուն եւ էակներուն խորքն ու մակերեսները: Պարապն է, որ կը բնակի մեր մէջ, բնակուած ենք անկէ, ինկած` ժամանակին մէջ: Թիւերը ցոյց կու տան բացակայ առարկաներ ու կողմնանշաններ. անընթեռնլի կամ կոտրած տառեր ու տառակոյտեր կը յղուին կորսուած լեզուներու: Նետեր ու ձեռնանշաններ կ՛երթան ուղղութիւններու` յայտնաբերելու համար ոչինչ, քան` իրենք զիրենք: Մաշած, անճանաչելի դարձած, որոշ գոյակցութենէ զուրկ ձեւեր կ՛երեւին ու կը լքեն իրենց ետին միայն հետքը իրենց անցքին:
Ասատուր նկարչական ռազմավարութիւն մը կը կազմակերպէ խորքին էջ` բռնելու, թակարդելու համար ժամանակը, այս տեւական չէութիւնը, այս գերազանցօրէն անտեսանելին: Ձեռնարկը իսկական ռազմավարութիւն մըն է անշուշտ ջնջումը կառուցելու համար: Արդարեւ, եթէ ժամանակը աքսորն է, իրերուն ու մարդուն անհետացումը, տեսակ մը անվերջ անհանգստութիւն մը, կան սակայն մեր երջանկութեան հազուագիւտ պահերը` կատարներն ու կղզիները «պրկուած պայծառութեան» ինչպէս կ՛ըսէ Ռ. Շար: Ասոնք մերթ հրային րոպէ են` հրաշքով մը կեցած երեւումին ու անհատեցման միջեւ, մերթ` ուրախութեան կամ վայելքի կայծ, եւ կամ միշտ չափազանց երկարատեւ թուող տառապանքի գիծ մըն են, ուր մարդկայինը կը յարատեւէ: Այս պահերը հարկ է պատուել, փառաւորել ու պահպանել: Զանոնք կարելի է միայն բռնել իբրեւ հետքեր, դրոշմներ, փրցուածքներ, քերծեր: Այսպէս է, որ մակերեսները կ՛ըլլան կեղերթուած, սկրթուած, գոյները` դրուած ու հանուած, կարծէք խունացած, շրջագիծերը` այրած, ճաթռտած, բորբոսած կամ կրծուած: Ամէն ինչ անցած է եւ անցման մէջ է որ կը դառնայ ներկայ: Մարդուն ժամանակայնութիւնն է, որ արմատախլում ու լքում կը տարազեն:
Նկարչութիւնը կ՛առնչուի այլեւս ոչ իրերուն, այլ` անոնց ձգած հետքերուն ու նշաններուն:
Կառուցել ջնջումի տարածութիւնը, զայն արձանագրել, զայն նշել որպէս յուշարձան` ահա այս կը թուի Ասատուրի նկարչութեան ոչ այնքան նշանակութիւնը որքան ուղեգիծը: Ձեռնարկ մը, ուր կառուցումը նոյնքան էական է, որքան ջնջումը: Կը հասկցուի ինչո՞ւ միջոցին մէջ արձակուած տարրերուն անչափելի զօրութիւնը, գիսաստղներու, օդաքարերու նման, նկարիչի երկերուն այնքան սիրելի փոխաբերութիւններ ու պատկեր են ասոնք, կը դիմակալուի կազմակերպման կիրքէն ու կամքէն: Յորդութիւնն է ընդդէմ պարզացման տենդին, կարգաւորումը` ընդդէմ քաոսին: Պաստառին խստօրէն կառուցուած հէնքը կը կանոնաւորէ ձեւերուն տիեզերքը, ձեւեր, որոնք բռնուած են իրենց ամէնէն խուսափուկ եւ ամէնէն դիւրաբեկ երեւման ու անյայտացման մէջ: Գործին կազմաւորման այս եղանակը նմանութեան որոշ եզրեր ունի յիշողութեան աշխատանքին հետ թէ՛ որպէս յիշատակի կառուցում, թէ՛ որպէս յուշազրկում: Կամ ուրիշ խօսքով` գործը նման է սուգին որ կը նշէ ու կը մոռնայ նոյն ատեն այն մահը, զոր կը յիշատակէ: Ասատուրի նկարչութիւնը չի ձգտիր միայն կորուստին հետքը պահպանելու, կարօտախտ մը պիտի ըլլար միայն այն ատեն, այլեւ կը միտի ընկալելու ջնջումին ընթացքն ու կորագիծը:
Ինչ որ գոհունակութիւն կու տայ ինծի այս ձեռնարկին մէջ, այն է, որ իրերու կախարդական, քնարական ու ակնախտիղ մակերեսին եւ ձեւերու բարձրագոյն գիտութեան միջեւ ան կը յաջողի բռնել թանձրութիւն մը, խտութիւն մը, թրթռացում մը, կշռոյթ մը, որ կեանքինն են: Կը սիրեմ սեւեռել յաճախ Ասատուրի մանրատիպ կերպարները, որոնք կը թափառին անոր պաստառներուն խաւերուն մէջ, եւ որոնց սարսած, կեդրոնասարսած սիլուէթը, ընդմէջ շարժումին ու հանգիստին, կը վկայէ իմաստի մը, չափաւորութեան մը տեւականութենէն: Անչափին ու մահուան դէմ դնել պարզագոյն ու վճիտ ուժով մը, ահա թերեւս Ասատուրի համար, ողբերգական առաքինութիւնը նկարչական արուեստին:
Գ. ՊԸԼՏԵԱՆ