«ԱՊԱՌԱԺ»
Արցախի շարժման 28-ամեակի ծիրին մէջ Ֆրանսայի մէջ կազմակերպուած է «Զօրակցութիւն Արցախին եւ հայկական բանակին» խորագիրով ձեռնարկներու շարք, որուն մասնակցելու նպատակով եւ Արեւմտեան Եւրոպայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին հրաւէրով Ֆրանսա կը գտնուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, որ 11 մարտին Մարսէյի, 12 մարտին Վալանսի, իսկ 13 մարտին Փարիզի մէջ մասնակցած է կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ հանդիպումներ ունեցած է: Ձեռնարկներուն ընթացքին Իշխանեան հանդէս եկած է «Արցախի ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական կացութիւնը» խորագիրը կրող դասախօսութիւններով:
11 Մարտին Մարսէյ քաղաքին մէջ Դաւիթ Իշխանեան տեսակցած է Մարսէյի փոխքաղաքապետ Տիտիէ Փառաքեանին հետ` քննարկելով Մարսէյ-Արցախ համագործակցութեան հեռանկարները: Դ. Իշխանեան ներկայացուցած է այն ոլորտները, որոնց ծիրին մէջ կարելի է համագործակցութիւն ծաւալիլ ապագային:
12 մարտին Վալանսի մէջ Դ. Իշխանեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամ Նաթալի Նիսոնի հետ` քննարկելով հետագայ համագործակցութեան կարելիութիւնները:
Նոյն օրը Վալանսի հայ մշակութային կեդրոնին մէջ կայացած են հանդիպումներ Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոնի եւ Պուրկ-լէ-Վալանսի քաղաքապետ Մարլէն Մուրիէի հետ: Հանդիպումներուն մասնակցած են Արեւմտեան Եւրոպայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Հրաչ Վարժապետեան, Տիգրան Շահմիրեան եւ Անդրանիկ Նշանեան:
Մարլէն Մուրիէ ըսած է, թէ ինք երբեք չի մտահոգուիր Ազրպէյճանի «Սեւ ցանկ»-ին մէջ ներառուելու հանգամանքով, այլ այդ մէկը աւելի քաջալերական կը նկատէ` շեշտելով, որ գոհ ու տպաւորուած է Արցախով ու Արցախի ժողովուրդով: «Ձեր ճամբան երկար է, եւ մենք ձեզի հետ պիտի քալենք», հաստատած է ան:
Վալանսի քաղաքապետը իր կարգին շեշտած է. «Ինծի ըսած են, որ Ազրպէյճան «Սեւ ցանկ» ունի, եւ որ ես ալ ընդգրկուած եմ անոր մէջ, որովհետեւ կը պայքարիմ յանուն ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան: Զիս երբեք չի մտահոգեր այդ «Սեւ ցանկ»-ը»:
14 մարտին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանը Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցած են Ֆրանսայի խորհրդարանի Ընկերվարական խմբակցութեան ղեկավար Պրունօ Լը Ռուի եւ ծերակուտական, Արֆորվիլ քաղաքի քաղաքապետ Լիւք Քարվունազի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Արցախի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը, անդրադարձ կատարուած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան, այսօրուան ընդհանուր կացութեան ու Ղարաբաղի ներքին կեանքի զարգացման հեռանկարներուն:
Փարիզի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ եղած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, Արեւմտեան Եւրոպայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամները եւ Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Յ. Գէորգեանը:
Ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան նաեւ Լիոնի, Պրիւքսէլի եւ Հոլանտայի մէջ:
Ստեփանակերտ