Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Հռոմի Պապը Խորհրդանշական
Քար Նուիրած Է Գիւմրիի
Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ
Ֆրանչեսկոս պապը Գիւմրիի հայ կաթողիկէ Սրբոց Նահատակաց առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ նուիրած է խորհրդանշական քար մը` վերցուած Հռոմի Ս. Պետրոսի մայր տաճարի պատէն` իրբեւ նշան միութեան եւ հաղորդութեան:
Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի մամլոյ դիւանին համաձայն, պապին անունով քարը ուղարկած է Վատիկանի Ս. Պետրոսի պապական աթոռանիստ տաճարի լուսարարապետ, կարտինալ Անճելօ Կոմասթրի` յատուկ նամակի մը ընկերակցութեամբ: 8 դեկտեմբեր 2015 թուակիր նամակին մէջ կարտինալը գրած է, որ պապին նուիրած քարը զետեղուած էր Ս. Պետրոսի տաճարի Ս. դրան մէջ, 2000-ին` ձեռամբ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի: Քարը Ս. Պետրոսի տաճարէն վերցուած է Ողորմութեան յոբելենական տարուան բացման առթիւ` 8 դեկտեմբեր 2015-ին, Անարատ յղութեան տօնին: Գրուած է նաեւ, որ այս քարը կը նուիրուի` «իբրեւ նշան սերտ հաղորդութեան սրբազան քահանայապետին հետ, որ յաջորդն է Պետրոս առաքեալին, եւ` իբրեւ մասնակցութիւն հոգեւոր շնորհներու յոբելենական տարուան»:
Կարտինալ Անճելօ Կոմասթրի այնուհետեւ կը գրէ. «Լիայոյս ենք, որ Ողորմութեան սուրբ տարուան ընթացքին ձեր սիրտերը խաղաղութեամբ կը լեցուին, ինչ որ աստուածատուր շնորհ մըն է, որպէսզի կարողանաք սերմանել սիրտերուն մէջ բոլոր այն մարդոց, որոնք պիտի հանդիպին ձեզի»: Ըստ առաջնորդարանի հաղորդագրութեան, խորհրդանշական քարը պիտի զետեղուի Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պատին մէջ:
Արամ Խաչատուրեան Եղած Է Միակ Օտարը,
Որուն Եգիպտոսի Նախագահը Պարգեւատրած Է
Առաջին Կարգի Շքանշանով
Արդէն 100 տարի անցած է 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան թուականէն, պատմութիւնը արձանագրած է 1915 թուականի հայոց մէկուկէս միլիոն ջարդերը, որոնք կատարուած են թուրքերուն կողմէ, վերապրածներու բռնագաղթը դէպի անապատներ, իրենց հայրենիքի բռնագրաւումը եւ թալանումը: Այս մասին գրած է, ըստ «Հայերն այսօր»-ի` Մեքաուի Սայիտ «Մասրի Եաում» թերթին մէջ:
Տարօրինակ է, որ այդ օրերուն, իբրեւ թուրքերու տիրապետութեան ենթակայ ժողովուրդ, Միջին Արեւելքէն առաջին դատապարտող ձայնը հնչեց Եգիպտոսի մէջ «Ազհար»` իսլամական կեդրոնէն, շէյխ Սելիմ Էլպիշրիի կողմէ յայտարարուած ֆաթուան (մուֆթիի վճիռ), որ կ’արգիլէր եւ կը զգուշացնէր ցեղասպանութիւն կատարելը: Այս մասին նշուած է 28 ապրիլ 1909-ին, «Մուէյետ» թերթին մէջ:
Եգիպտոս ընդունեց բռնագաղթուած հայեր, անկախ Թուրքիոյ ճնշումներէն` կանխելու հայերու մուտքը Եգիպտոս: Հայերը ապրեցան եւ Եգիպտոսի ժողովուրդին հետ մաս կազմեցին բոլոր ասպարէզներուն` ըլլայ քաղաքական, թէ արուեստի: Յիշենք հաշուապահ Կարօ Եագուպը` հայ եգիպտացին, որ ըսած է` «Եգիպտոսը դրախտ է… հաւատացէք, իրմէ գեղեցիկը չկայ»:
Հայերը եղած են հռչակաւոր արուեստագէտներ, նկարիչներ, երաժիտներ եւ դերասաններ: Հրաշալի դեր ունեցած են երաժշտութեան ասպարէզին մէջ` ստեղծելով շարք մը երաժշտական խումբեր, որոնք իրենց երգահանդէսներով գրաւած են եգիպտական հասարակութիւնը, եւ որոշ չափով նպաստած` արեւելեան երաժշտութեան զարգացման:
Յատկանշական է, որ 1962-ին յայտնի հայ երաժշտահան Արամ Խաչատրեանի նուագահանդէսը Եգիպտոսի մէջ կը համարուի մեծ իրադարձութիւն, յատկապէս որ այդ շրջանի Եգիպտոսի նախագահ` Ապտիւլ Նասըրը պարգեւատրած է Արամ Խաչատրեանը` արուեստի «Առաջին կարգ»-ի շքանշանով, որ աննախընթաց երեւոյթ է Եգիպտոսի մէջ, հաշուի առնելով, որ ոեւէ օտար Եգիպտոսի կողմէ չէ պարգեւատրուած այդ մետալով:
«Արմէնիա» Օդանաւային Ընկերութիւնը
Թռիչքները Պիտի Սկսին 3 Օդանաւով`
Հասնելով 8-ի
«Արմէնիա» օդանաւային նոր ընկերութեան բաժնետէր Թամազ Կայիշվիլի լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ ընկերութեան թռիչքները պիտի սկսին 3 օդանաւերով, եւ հեռանկար կայ զանոնք հասցնելու 8-ի: Ապրիլին ընկերութիւնը պիտի ունենայ 3, յունիս-յուլիսին յաւելեալ երկու օդանաւ, իսկ տարեվերջին` ընդհանուր 8:
Թռիչքները պիտի կատարուին 500, 700 եւ 800 տիպի «Պոյինկ 737» օդանաւերով: Ընկերութիւնը նաեւ կը ծրագրէ գնել CRJ օդանաւեր:
Ան հերքած է այն խօսակցութիւնները, որոնց համաձայն, օդանաւային տոմսերուն սուղ ըլլալուն պատճառով հայերը զանգուածաբար կ՛երթան Թիֆլիս` անկէ այլ երկիրներ երթալու համար: «Մենք ուշադիր կը հետեւինք Թիֆլիսի օդակայանին մէջ ուղեւորներու հոսքին: Այսպիսի մեծ հոսք, ինչպէս դուք կը պատկերացնէք, չկայ: Իմաստ ալ չկայ: Երեւանէն Թիֆլիս 4,5 ժամ գալ, յետոյ սպասել օդակայանին մէջ: Ամբողջ օրը կը մեռնի», նշած է ան:
Ընկերութեան բաժնետէրերն են` Աշոտ Թորոսեան (51 տոկոս), Ռոբերտ Յովհաննիսեան (25 տոկոս) եւ Թամազ Կայիաշվիլի (24 տոկոս):
Արցախի Մէջ Պետական Պիւտճէով Գնուած
Եւ Ձրի Բաժնուած Է Թթենիի 20 Հազար Տնկի
Արցախի մէջ սկսած է պետական պատուէրով ներածուած թթենիի տնկիներու բաշխման գործընթացը: Բաւական մեծ թիւով տնկիներ արդէն առաքուած են իրենց հասցէատէրերուն. յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին մնացեալն ալ պիտի հասնի հողագործներուն:
Տաք ու միաժամանակ խոնաւ եղանակը ծառատունկի համար իտէալական պայմաններ կ՛ապահովէ: Նախնական հաշուարկներով, այս նախաձեռնութեան շնորհիւ, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ թութի այգիները պիտի աւելնան մօտաւորապէս 200 հեկտարով:
Ներածուած 20 հազար տնկիներէն 10 հազարը Մարտունի ղրկուած է, որովհետեւ բաւական մեծ թիւով դիմում ներկայացուած է այնտեղէն:
Ներածողները կը վստահեցնեն, որ սպիտակ թութի տնկիները բաւական լաւ ձեւով պիտի աճին ու ծաղկին, որովհետեւ Արցախի կլիման շատ յարմար է: Տնկիները բաժնուած են անվճար`համաձայն շրջաններէն ստացուած դիմումներուն: Միակ պայմանը տնկիները սահմանուած կարգով մշակելն է: Թերացողները ստիպուած պիտի ըլլան վճարելու:
Փաստագրական Ժապաւէն`
Նուիրուած Յակոբ Կարապենցին
«ԱՐ» պատկերասփիւռի կայանի «Մեր Մեծերը» ծրագիրի ծիրին մէջ պատրաստուած է փաստագրական ժապանէն` նուիրուած սփիւռքահայ անուանի գրող, արձակագիր Յակոբ Կարապենցին: Անիկա նկարահանուած է 2015 թուականին` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ եւ աջակցութեամբ:
Հաղորդենք, որ ժապաւէնը կարելի է դիտել հետեւեալ կապով. https://www.youtube.com/watch?v=04iAbrSJ19s
Դուշման Վարդանը Օրինակ Է
Հայ Երիտասարդներուն Համար.
Եռաբլուրի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցուեցաւ
Արցախեան ազատամարտի հերոս Վարդան Ստեփանեանի (Դուշման Վարդան) ծննդեան տարեդարձին առիթով հերոսին հարազատները, խումբ մը ազատամարտիկներ, երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին անոր յիշատակին` երթով եւ հոգեհանգիստով:
«Արմենփրէս»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Վարդան Ստեփանեանի քոյրը` Արմինէ Ստեփանեան ընդգծած է, որ նախաձեռնութեան կազմակերպիչները երիտասարդներուն համար Վարդանը ուղեցոյց է: «Երիտասարդների համար Վարդանն օրինակ է, պարզապէս հայ երիտասարդի օրինակ, ով իր կեանքի 26 տարիները նուիրել է իր ժողովրդին: Այսօր լրանում է Վարդանի 50-ամեակը: Նա ապրել է 26 տարի, այսօր նրա 50-ամեակն է. 26 ապրած ու 24 չապրած տարիներ, սակայն այդ ապրած եւ չապրած տարիները մեր երիտասարդութեան համար ուղեցոյց են: Նրանք պէտք է ապրեն Վարդանի, Վարդանի նմանների օրինակով, որպէսզի յարատեւի այս երկիրը, այն երկիրը, որը կարելի է համարել դրախտավայր, որը պէտք է միայն ու միայն հային պատկանի», հաստատած է հերոսին քոյրը: Ան դիտել տուած է, որ Վարդան Ստեփանեանին երազած երկիրը ունենալու համար պէտք է ամէն օր զայն կառուցել ու շէնացնել: «Մենք հիմա Վարդանի գործը շարունակողներն ենք, իսկ երիտասարդ մեր երկիրն ամէն օր կառուցելու արդիւնքում կ՛ունենանք դրախտավայր Հայաստան: Վարդանն ասում էր, որ ամէն մարդ պարզապէս պէտք է զբաղուի իր գործով, ոչ թէ իւրաքանչիւրն իրեն մեծ քննադատ համարի: Նա նշում էր, որ փողոց մաքրողն էլ պէտք է սիրի այս երկիրը, որ սիրով ու հոգատարութեամբ պահպանի ու փայփայի երկրի իւրաքանչիւր մասնիկը: Վարդանը 18 տարեկանում Աֆղանիստան էր մեկնել, որովհետեւ գիտէր, որ հայը պէտք է միշտ մարտունակ զինուոր լինի: Նա գիտէր, որ մենք մեր երկիրը պահելու խնդիր ունենք: Իսկ նա միշտ ասում էր, որ այս երկիրը միայն հայինն է, ու մենք ենք մեր երկրի տէրը», շեշտած է Արմինէ Ստեփանեան:
Վարդան Ստեփանեանի զինակից ընկեր, ազատամարտիկ Արագած Մկրտչեան հաստատած է, որ Դուշման Վարդան համարձակ, իր խօսքերուն տէր կանգնող անձնաւորութիւն էր: «Վարդանի հետ ես ծանօթացել եմ 1992թ.: Մինչ այդ նրա մասին գիտէի, սակայն պատերազմի տարիներին ծանօթացայ հետը: Երիտասարդ տղայ էր, բայց շատ փորձառու: Շատ կազմակերպուած էր, սիրում էր կարգապահութիւն: Մինչեւ կարգապահութիւն չլինէր, ամէն ինչ չլինէր այնպէս, ինչպէս ինքն էր ուզում, ճակատ դուրս չէր գալիս», նշած է Մկրտչեան:
Արցախեան ազատամարտի հերոս, Շուշիի ազատագրութեան գործողութեան ղեկավար Արկադի Տէր Թադեւոսեանը լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին շեշտած է, որ Դուշման Վարդան ո՛չ միայն փորձառու մարտիկ էր, այլ նաեւ փորձառու հրամանատար: «Նա հրամանատար էր, ով միշտ խորհուրդներ էր տալիս: Երբ Խորհրդային զօրքերը դուրս եկան Լեռնային Ղարաբաղից, թշնամին մտածում էր, որ շուտով կը կարողանայ իր ձեռքը վերցնել Ստեփանակերտը, սակայն Դուշման Վարդանը անմիջապէս խորհուրդ տուեց անմիջապէս ազատագրել Ստեփանակերտի այն հատուածը, որն այդ ժամանակ ազրպէյճանցիների ձեռքում էր: Եւ հէնց Վարդանի նման տղաների շնորհիւ մենք ազատագրեցինք Ստեփանակերտի այդ հատուածն ազրպէյճանցիներից ու քաղաքն ամբողջութեամբ վերցրեցինք մեր վերահսկողութեան տակ», վկայած է Տէր Թադեւոսեան: Ան նաեւ որոշ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Շուշիի ազատագրութեան ատեն Վարդանի գործողութիւններէն: «Երբ մենք ազատագրեցինք Շուշին, ազրպէյճանցիները ցանկանում էին այն կրկին վերադարձնել իրենց: Նրանք հաւաքեցին իրենց ուժերն ու միջոցները ու յարձակուեցին Շուշիի վրայ, սակայն Դուշմանի գործողութիւնների շնորհիւ նրանք փախան: Վարդանը ականով պայթեցրեց նրանց զօրքի առջեւից եկող տանկը, որից յետոյ ազրպէյճանցիները խուճապի մատնուեցին ու սկսեցին փախչել: Դրանից յետոյ Շուշիի վրայ ազրպէյճանցիներն այլեւս չյարձակուեցին` շնորհիւ Վարդանի խիզախ գործողութիւնների», նշած է Արկադի Տէր Թադեւոսեան:
Գիւմրիի Անօթեւաններուն Համար
Բարեսիրական Արշաւը Կը Շարունակուի
Գիւմրիի անօթեւան 13 ընտանիքներու համար յայտարարուած դրամահաւաք-արշաւին իբրեւ արդիւնք տարբեր բարերարներ 11 բնակարան նուիրած են, իսկ երկուքին համար ալ խոստում տրուած է:
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս տեղեկութիւնը փոխանցած է բարեսիրական ծրագիրի կազմակերպչակական խումբի անդամ Մաքսիմ Սարգսեան: Հանդիպման պէտք է մասնակցէր նաեւ նախագիծի հեղինակ Հայկ Բարսեղեան, սակայն որոշ խնդիրներու պատճառով ան չէ կրցած ներկայ գտնուիլ ասուլիսին: Մաքսիմ Սարգսեան նշած է, որ տարբեր նախաձեռնութիւններու եւ դրամատնային փոխանցումներուն ճամբով կարելի եղած է հաւաքել 11 միլիոն 87 հազար 415 դրամ, իսկ crowdfund կայքի միջոցով` 26 հազար ֆունտ ստերլինկ: «Կայքի հետ բանակցութիւնների արդիւնքում մենք համոզեցինք նրանց երկարաձգել դրամահաւաքի ժամկէտը մինչեւ մարտի 20-ը, ինչպէս նաեւ իջեցնել ի սկզբանէ նշանակաւած նուազագոյն 120 հազար ֆունտ ստերլինկի շեմը` հասցնելով 27 հազարի», բացատրած է Սարգսեան: Անոր համաձայն` հաւաքուող գումարը տակաւին պիտի աւելնայ, քանի որ դրամահաւաքը չէ աւարտած, կան այլ նախաձեռնութիւններ. ան յատուկ կերպով յիշած է, որ 19 մարտին տեղի պիտի ունենայ բարեսիրական աճուրդ, որուն համար նշանաւոր անձնաւորութիւններ նուէրներ տրամադրած են:
Վաճառքի պիտի դրուի աշխարհահռչակ ճազ երաժիշտ Տիգրան Համասեանի շապիկը` անոր ստորագրութեամբ, քաթալոնիոյ «Պարսելոնա» խումբին դրօշը, որուն վրայ ստորագրած են Լիոնել Մեսի, Տիերի Հանրի, Չաւի, Ինյեսթա, Տանի Ալուես, գլխաւոր մարզիչ Փեփ Կվարտիոլային:
Աճուրդին պիտի վաճառուին նաեւ Արսէն Ջուլֆալակեանի մարզական կօշիկը, որով մասնակցած է 2012-ի ողիմպիական խաղերուն, Լեւոն Ջուլֆալակեանի մարզական կօշիկը, որով 1988-ին նախապատրաստուած է ողիմպիական խաղերուն եւ ախոյեան դարձած: Պիտի վաճառուին նաեւ հայ ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքայեֆի ստորագրութեամբ գնդակ, Սերժ Թանքեանի ստորագրութեամբ շապիկ:
Նախաձեռնութեան կազմակերպիչները յոյս ունին այդ աճուրդին ընթացքին եւս հաւաքել բաւական գումար: Մաքսիմ Սարգսեան չէ բացառած Հայաստանէն դուրս եւս աճուրդ կազմակերպելու կարելիութիւնը, մանաւանդ որ աճուրդի դրուող իրերը բաւական թանկարժէք են, եւ արտերկրի մէջ եւս անոնցմով կարելի է մեծ գումարներ ապահովել: Ան դիտել տուած է, որ եթէ անհրաժեշտ գումարէն աւելի հաւաքուի, ապա բնակարաններ պիտի տրամադրուին քանի մը այլ ընտանիքներու, քանի որ ծանր պայմաններու մէջ ապրող գիւմրեցի ընտանիքները միայն 13 չեն:
Մաքսիմ Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ 20 մարտին Հիւսիսային պողոտային մէջ պիտի կայանայ «Երեւանը Գիւմրիի կողքին է» խորագիրով բարեսիրական համերգը, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան շուրջ 30 հայ երգիչներ: Մաքսիմ Սարգսեան նշած է, որ բնակարանները գնելու համաձայնագիրին մէջ պիտի ըլլայ կէտ մը, որուն համաձայն, բնակարանները կարելի չէ վաճառել: «Ընտանիքների համար բնակարանները գնելու գործընթացին կարող է մասնակցել իւրաքանչիւր քաղաքացի, նախագիծը թափանցիկ է, եւ մեր գլխաւոր նպատակն է օգնել անմարդկային ծանր պայմաններում ապրող գիւմրեցիներին», ըսած է Սարգսեան: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Հայկ Բարսեղեանի հետ կը համագործակցի Գիւմրիի քաղաքապետարանը, սակայն բանակցութիւններուն արդիւնքին մասին տակաւին կարելի չէ խօսիլ: