Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ճեմարաններու Ուսուցիչներս (Ուսուցչած Տօնին Առիթով)

$
0
0

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայու ճակատագիրս ստիպեց, որ լիբանանեան պատերազմի պատճառով, չորս տարիներ, Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը թերաւարտ (մինչեւ 9-րդ) թողելով, երթամ Հալէպ` հոն շարունակելու ուսումս, Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանին մէջ:

Թէեւ որոշ չափով անբախտ կը զգամ Ն. Փալանճեան Ճեմարանը թողելուս, սակայն երկու ճեմարան յաճախելն ալ այլ իմաստով բարեբախտութիւն կը սեպեմ, կամ` ինքզինքս այդպէս կը մխիթարեմ: Եթէ քիչ մը կանուխ շարժէինք  Քեսապի մէջ, այստեղի Ազգ. Ուսումնասիրաց միացեալ ճեմարանը հիմնադրելու, ո՛վ գիտէ, գուցէ այս Ճեմարանն ալ յաճախելու բախտը ունենայի: Սակայն հոս ալ մխիթարանքը կայ սրտիս մէջ, որովհետեւ Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց միացեալ ճեմարանի հիմնադրութեան եւ նոր շէնքի կառուցման աշխատանքներուն մէջ, այդ «ափսէին մէջ» կրցած եմ իմ «աղքատի լումաս» դնել, եւ զաւակներէս երկուքը այնտեղէն շրջանաւարտ եղան:

Վերադառնամ նիւթին:

Ն. Փալանճեան Ճեմարանի մեր դասատուները անջնջելի կը մնան մտքիս մէջ: Անոնց մեծ մասը արդէն մեկնած է այս աշխարհէն:

Բայց նախքան անոնց անունները թուելը` կ՛ուզեմ մէկ գաղափար ընդգծել:

Նշան Փալանճեան ճեմարանի շրջափակին մէջ գտնուող հիմնադիրներուն` Լ. Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, կամ անոր տնօրէններէն` Սիմոն Վրացեանի, երգահան-խմբավար Բարսեղ Կանաչեանի կիսանդրիները «կը շնչեն»:

Ես այդ լոյսի օճախը հարկադրաբար լքելէս ետք, երբ որ այցելած եմ Ճեմարան, զգացած եմ անոնց «շունչը»: Անոնց հոգին կը սաւառնէր հոն, եւ ես, որ չորս տարի հոն գիշերօթիկ եղած եմ, ամէն այցելութեան այդ ապրումը, զգացումը, ունեցած եմ: Մարմինս փշաքաղուած է, հոգիս ալեկոծուած ու խայտացած:

Անոնք չեն մեռած, անոնք անմահացած են:

Ես կ՛ուզէի գրութիւնս ակնարկի մը սահմաններուն մէջ ամփոփել, սակայն ուսուցիչներուս փաղանգը մեծ է. կարծես պիտի երկարի գրութիւնս:

Կ՛ուզեմ սկսիլ մեր տնօրէնին` Հրաչ Տասնապետեանէն: Անոր «Ժիթան -մայիս» սիկարեթին հոտը ցայսօր կ՛առնեմ: Ան ինծի չէ դասաւանդած Ճեմարանին մէջ, բայց իր գիրքերը բազմաթիւ սերունդներու դաստիարակութեան (եւ իմ) նպաստած են:

Քիմիագիտութեան իր դասագիրքերը, «Ո՞վ է դաշնակցականը» անկրկնելի գիրքը, «Հայկական Հարցը», «Նիւթեր ՀՅԴ-եան» շարքը…

(Խօսքը մէջերնիս, իր հետեւողութեամբ ես ալ քիմիագէտ դարձայ, թէեւ Քեսապ բնակելով` պարտիզպանութեամբ` ռանչպարութեամբ կը պարապիմ):

Սըր Անթուան Քէհէեան:

Մեծ մարդասէր մը, մեր գիշերօթիկի պատասխանատուն` իր երկաթեայ կարգապահական օրէնքներով:

Սըրին օգնական` նահատակ ընկ. Սերժ Թովմասեանը: Ինչպէ՜ս մոռնալ մեր երէց, մեղմաբարոյ եղբայրը:

Մուշեղ Իշխան: Երբ զայն կը յիշեմ, աչքիս առջեւէն կը տողանցեն իր երկիրը, բայց մանաւանդ իր բանաստեղծութիւններէն`

«Ա՛լ կը բաւէ, Տէր Աստուած»
«Մեր տունն ու տեղ դարձուր զմեզ»

Բացի դասարանէն, անոր հիւմուրով ներարկուած պատմուածքները ունկնդրելու բախտը ունեցած եմ, Ճեմարանի երկրորդ շէնքին ներքեւը գտնուող,  «Համազգային»-ի գրատան մէջ, ուր կու գար պրն. Մուշեղը` իր ժամանակը սպաննելու, անոր տնօրէնին` մօրեղբօրս` Նշանին մօտ:

Անջնջելի են մտքիս մէջ պրն. Յարութ Քիւրքչեանին հայ գրականութեան դասապահերը: Ան ուսուցիչէ աւելի` բոլորիս ընկերն էր: Իր գերզգայուն ապրումներով մեզի կը հաղորդէր տուեալ դասի պատմուածքին կամ բանաստեղծութեան ապրումները:

Անջնջելի են մտքիս մէջ օրդ. Մանուշակ Պոյաճեանի ֆրանսերէն գրականութեան, ապա աշխարհագրութեան եւ հայոց պատմութեան  ժամերը: Ան իր գուրգուրոտ մօտեցումով յաջողեցաւ զիս բարձրացնել 6-րդ, 7-րդ դասարանի ֆրանսերէն դասերու մակարդակին, թէեւ ուղղագրութեան նիշերս մինչեւ 8-րդ կարգ մնացին 0/20: Եթէ ընկ. Յարութիւնը մեր երէց ընկեր-ուսուցիչն էր, օրդ. Մանուշակը մեր երէց ընկերուհի-ուսուցչուհին էր:

Պրն. Գրիգոր Շահինեանը: Իր հանդարտ խօսակցութեամբ, քալուածքով, դասապահերու աւարտին հարցումներու տուփով:

Ֆրանսերէն, ապա հայ գրականութիւն դասաւանդեց մեզի:

Ու նաեւ «բախտաւորուեցայ» իր մէկ դասապահին ֆրանսերէնի ուղղագրութեան 4/20 առնելու «Vous avancez à pas de géant, donc je vais vous notter quatre sur vingt»:

Մելանքթոն Արսլանեան ճեմարանի այժմու տնօրէն պրն. Տիգրան Ճինպաշեանը` գիտութեան եւ թուաբանութեան վաղեմի ուսուցիչս, ու այժմ գաղափարական ու համազգայնական ընկերս է: Մտերմիկ, ջերմ ընկ. Ճինպաշեանը:

Պրն. Գառնիկ Բանեանը` իր հայոց պատմութեան դասապահերով: Պրն. Գառնիկ Բանեանը եւ Գ. Գիւզէլեանը հայոց պատմութեան դասագիրքերու հեղինակը, չեմ գիտեր թէ ինչո՛ւ կը նոյնանան մտքիս մէջ:

Գիտէի, որ պրն. Բանեանը, թէեւ` տեսողութիւնը շատ տկարացած, Ճեմարանի առաջին շրջանաւարտներէն եղած է: Ան Ճեմարանի «կաղնիներէն» մէկն էր:

Երկրորդ «կաղնին»` պրն. Սուրէն Շանթն էր եւ` իր բնագիտութեան բազմագոյն դասերը. յառաջացած տարիքին, լսողութիւնը թէեւ տկարացած, բայց բնագիտութեան դասերու գիտելիքները կ՛արմատացնէր մեր մտքերուն մէջ:

Տիկ. Եոլանտ Աճեմեանը` ֆրանսական գրականութեան բազմավաստակ ակադեմական ուսուցչուհին:

Տիկ. Արփի Քիւրքչեանը` միջնակարգի հսկիչ ուսուցչուհին,  ֆրանսերէն լեզուով մեզի դասաւանդեց աշխարհագրութիւն, եւ ազգաց պատմութիւն: Որպէս հսկիչի` տպաւորուած եմ, որ ան մեծ ճիգ կը թափէր, որ մեր մօտ գիտակցութիւնը զարգանայ, եւ Ճեմարանը «ինքնակառավարման» պատեանին մէջ մտնէ:

Պրն. Ե. Փամպուքեան: Թէեւ, որպէս դասատուի, բախտը չեմ ունեցած զայն «վայելելու», սակայն Ճեմարանի աննման Լսարանական միութեան մեր պատմութեան պարապմունքի խմբակին պատասխանատուն ըլլալով, իր ընկերական ոգիով, մեր խմբակին կատարած զրոյց դասախօսութիւնները անջնջելի կը մնան յիշողութեանս մէջ:

Պրն. Գէորգ Գանտահարեանը, որպէս գրաբարի ուսուցիչ, աւելի զիս տպաւորած է որպէս բարեկամ: Անոր ներկայութիւնը յաճախ «վայելած եմ» մօրաքրոջս` տիկ. Շաքէ Դաւիթեան-Բատոյեանի եւ քեռայրիս` պրն. Եդուարդ Բատոյեան-Դաւիթեանի  տան մէջ, որոնց գուրգուրանք վայելած եմ` որպէս հարազատներու, քան ուսուցիչներու:

Վաղուց գիտէի, որ պրն. Բատոյեանը եւ պրն. Փամպուքեանը, Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգ. ճեմարանէն շրջանաւարտ եղած են: Անոնց անունները յաճախ լսած եմ Զուարթ եւ Ալիս մօրաքոյրներէն, որոնց դասընկեր եղած են:

Ճեմարանի ուսուցիչներու փաղանգէն փոքր մասի մը հետ հաղորդուած, անոնցմէ առած եմ այն հոգեկան ժառանգը, որ թողած են Փալանճեան ճեմարանի հիմնադիրները: Եւ` կեանքիս ամենալաւ պատանեկան տարիները (12-17) հոն անցընելով, անոնք կերտած են մեր նկարագիրները: Դասերէն աւելի` անոնք կը պարապէին մեր դաստիարակութեամբ: Վստահաբար հոս չեն աւարտիր անոնց անուանացանկը: Հաւանաբար մոռցած եմ քանի մը հատին անունները: Անոնք ներողամիտ թող ըլլան, ճիշդ այնպէս, ինչպէս ներողամիտ կ՛ըլլային յաճախ մեր տղայական չարաճճիութիւններուն:

 ***

Քարէն Եփփէ Ազգ. ճեմարան (Հալէպ) յաճախեցի 1976-1978, ուր ստացայ երկրորդական ուսումս:

Անշուշտ որ անոնց երախտապարտ եմ: Անոնք լուսաւորեցին մեր մտքերը: Սակայն, բացի պրն. Անդրանիկ Խաչատուրեանէն (որ արկածահար մահացաւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ), կ՛ուզեմ յատկապէս յիշել հայ գրականութեան ուսուցիչս, սրտցաւ պրն. Մկրտիչ Մկրտիչեանը: Մէկը` Յակոբ Օշականի աշակերտներէն: Երբ «ծանօթացայ» Յ. Օշականի նկարագրին, կեանքի ընթացքին, կրթական մշակ Յ. Օշականի դիմագիծին, իմ մտքիս մէջ նոյնացան պրն. Մկրտիչեանն ու Յ. Օշականը: Ապագային երբ ծանօթացայ ու բարեկամացայ պրն. Պօղոս Սնապեանին, անոր մօտ եւս զգացի Յ. Օշականը:

Մտքիս մէջ անջնջելի են պրն. Մկրտիչեանին դասապահներուն գրական վերլուծումները, ինչպէս նաեւ` շարադրութեան պահերը, երբ կը փետրաթափէր մեր գրական «սխրանքները»:

«Կրկնութիւն է, ջնջէ՛…»
«Նորութիւն մը չըսիր…»
«Մաշած պատկեր… վերցո՛ւր…»

Արդէն շարադրութեան տասնեակ մը էջերը, կարմիր մելանով զարդարուած, անկէ հազիւ կմախք մը մնացած կ՛ըլլար, ու մեր դէմքերուն` թախիծ: Զարդարուած կ՛ըլլար մեր «գրագէտ» դառնալու շինծու ու խակ ձգտումը: Սակայն, փոխարէնը, պրն. Մկրտիչեանը անպայման տող մը, նախադասութիւն մը կը գտնէր հոն` վերականգնելու շարադրութեան ու մեր ջարդուած հոգիներուն կմախքը:

Պրն. Մկրտիչեանը մեզի գրել կը սորվեցնէր:

Ես գրութիւնս աւարտելու որպէս նախաքայլ` կ՛ուզեմ յիշել մեծ հայրերս` Կարապետ Խոճան եւ Ժոզեֆ Պասմաճեանը, որ մօտ 40 տարիներ որպէս ուսուցիչ-տնօրէն պաշտօնավարած է Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց վարժարանին մէջ (այժմ` երկրորդական-ճեմարան):

Այս համեստ գրութիւնս «Ազդակ»-ի խմբագրապետ ընկ. Շահանին քաջալերանքով, թող որ երախտապարտութեան գիր մը ըլլայ բոլոր կրթական մշակներուն, որոնք յղկեցին մեր մտքերը, կերտեցին մեր նկարագիրները, փայլեցուցին մեր հոգիները:

Անոնց լաւագոյն մակդիրը «կրթական մշակ» բառերուն մէջ ամփոփուած կը գտնեմ: Իսկ անոնց լաւագոյն բառը, որպէս երախտապարտութիւն, սփոփուած կը գտնեմ «Ձեր վարձքը կատար», «Ձեր շունչն ու ուժը անսպառ» տողերուն մէջ:

Քեսապ
8 մարտ, 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>