Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

«Հայ Կերպարուեստը Թէ՛ Իր Որակով Եւ Թէ՛ Քանակով Բոլոր Տուեալները Ունի Հաւասարէ Հաւասար Մտնելու Միջազգային Տարածքներ» Կ՛ըսէ Մովսէս Հերկելեան

$
0
0
Սարգիս Գրիգորեան եւ Մովսէս Հերկելեան Մոնաքոյի մէջ հայկական արուեստը ներկայացնելու առիթով

Սարգիս Գրիգորեան եւ Մովսէս Հերկելեան Մոնաքոյի մէջ հայկական արուեստը ներկայացնելու առիթով

Տրուած ըլլալով, որ «Ազդակ»-ի մշակոյթի էջի պատասխանատու դոկտ. Մովսէս Հերկելեան  (Մ. Ծիրանի) գործի բերումով բաւականին լայն փորձառութիւն ունի միջազգային ժամանակակից արուեստի անցուդարձերուն հետ կապուած, եւ տրուած ըլլալով, որ արուեստի այժմէական հարցերը կը հետաքրքրեն մեր արուեստագէտներն ու առհասարակ արուեստասէր հասարակութիւնը, վերջերս անոր հետ ունեցանք հանդիպում-զրոյց մը, զոր կու տանք ստորեւ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Դուք վերջին տասնհինգ տարուան ընթացքին մասնակցած էք երեսունէ աւելի միջազգային կերպարուեստի փառատօներու, որ մէկ կողմէ բաւականին մեծ յաջողութիւն եւ նուաճում կ՛ենթադրէ, իսկ միւս կողմէ` լայն փորձառութեան մը մասին կը վկայէ: Մեր հանդիպման գլխաւոր հարցը այն է, թէ մերօրեայ կերպարուեստը ո՞ւր հասած է եւ դէպի ո՞ւր կ՛երթայ:

ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ.- Հարցը բաւական ընդարձակ է: Սկսելու համար եկէք` մասնաւորենք: Նախ խօսինք տիրող «անիշխանական» վիճակին մասին եւ յստակացնենք, թէ կարելի՞ է առաջնորդել արուեստը եւ կամ առհասարակ առաջնորդողներ կա՞ն:

Հ.- Ինչո՞ւ չէ, թէկուզ այդպէս:

Մ. Հ.- Այո՛, այսօր կերպարուեստը միջազգային գետնի վրայ իր արտայայտչաձեւերով եւ արտակեդրոն յղացքներով հասած է անիշխանական վիճակի, ուր` «Շունը տէրը չի ճանչնար» պիտի ըսէր ժողովրդական առածը: Արուեստագէտներէն շատեր մերժելէ ետք արուեստի որեւէ դպրոց, ուղղութիւն կամ տեսութիւն, կ՛ընեն այն, ինչ որ մտքերնէն անցնի, յատկապէս` մտայղացքային (conceptual) արուեստի բնագաւառին մէջ: Նոյնիսկ թատրոնը, ֆիլմարուեստը եւ կամ առհասարակ բոլոր տեսակի արուեստները կը միախառնուին իրարու` ստեղծելու համար «գեղեցիկ»-ը, որ յարաբերական հասկացողութիւն է եւ` խիստ վիճելի: Նոյնիսկ այլանդակն ու պժգալին երբեմն կը ներկայացուին իբրեւ գեղեցիկ, իբրեւ արուեստի յղացք: Այս ստեղծագործական եռեւեփումին մէջ կան` լուրջը, անլուրջը եւ նոյնիսկ դիտումնաւոր ու «ծրագրուած» արուեստի այլասերումը: Այս վերջին միջոցին կը դիմեն յատկապէս անոնք, որոնք երփնագրելու եւ կամ քանդակելու որոշ շնորհ ունին, սակայն որովհետեւ ծանծաղութենէ վեր բարձրանալը դժուար է իրենց համար, կը դիմեն դիւրին միջոցներու եւ փոխանակ տեսութեան «յարմարելու» ինքնաբացայայտման միջոցով` կը փորձեն ձեւաւորել նոր տեսութիւններ իրենց «ստեղծագործութեան» համապատասխան:

«Նոազ Արք»-ի Տաղաւարը «Արթ Սթէյճ» ցուցահանդէսին, Սինկափուր 2015

«Նոազ Արք»-ի Տաղաւարը «Արթ Սթէյճ» ցուցահանդէսին, Սինկափուր 2015

Հ.- Արուեստը առաջնորդող որոշ ծրագրաւորումներ կա՞ն, թէ՞ ամէն ինչ ձգուած է պատահականութեան:

Մ. Հ.- Իրականութեան մէջ արուեստը տարերային բնոյթ ունի, կը բխի ու կը դրսեւորուի ենթագիտակցաբար: Սակայն փորձած են «առաջնորդել» արուեստը եւ ծառայեցնել իրենց շահերուն թէ՛ կրօնաւորներ, թէ՛ քաղաքական գործիչներ եւ թէ՛ որեւէ տեսակի վարդապետութիւններ ու գաղափարախօսներ: Այսօր երեւոյթը այլ է: Ոչ ոք բացայայտօրէն կրնայ ինքզինք պարտադրել արուեստագէտին, նոյնիսկ մեկենասները յաճախ անակնկալի կու գան, երբ կը մերժուին անոնց առաջարկութիւնները: Սակայն դարձեալ գոյութիւն ունի աներեւոյթ շարժում մը` ուժ մը, որ արուեստը կը տանի դէպի բացարձակ ազատութիւն, թէեւ այդ «ազատութիւնը» մէկ կողմէ կը քայքայէ արուեստի բոլոր դպրոցներն ու տեսութիւնները, եւ միւս կողմէ` այդ նոյն բացարձակ ազատութիւնը կը ձեւաւորէ նոր ու առողջ ուղղութիւններ եւ արուեստը կը դնէ ստեղծագործական ճիշդ ծիրի վրայ:

Հ.-  Իսկ ի՞նչն է այդ «ուժը», շօշափելիօրէն կա՞յ, գոյութիւն ունի՞, թէ՞ աներեւոյթ ու վերացական հասկացողութիւն մըն է:

Մ. Հ.-  Այդ «ուժը», որքան որ վերացական է, նոյնքան ալ շօշափելի է: Կապուած է գնահատողի, հաւաքորդի, աւելի ճիշդը` նիւթական վարձատրութեան հետ, որոնք թէ՛ իրենք կը հետեւին թանգարաններու գեղագիտական ըմբռնումներուն եւ թէ՛ թանգարանները նկատի կ՛ունենան հաւաքորդներու գեղարուեստական ճաշակը: Երկու պարագաներուն ալ արուեստը կախեալ կը մնայ մեկենասներէն ու հաւաքորդներէն, ինչպէս` նախորդ դարաշրջաններուն: Ի վերջոյ արուեստը «ապրանքի» կը վերածուի եւ մրցակցութիւնը թէ՛ դրական եւ թէ՛ ժխտական ծայրայեղութիւններու կ՛առաջնորդէ գեղագիտական ըմբռնումները: Սակայն բոլոր արուեստագէտները չեն, որ կ՛ազդուին կամ կը հետեւին անուղղակիօրէն եղած նման թելադրանքներու:

Հ.- Այս երեւոյթը լա՞ւ է, թէ՞ վատ:

Մ. Հ.-  Ե՛ւ լաւ է, ե՛ւ վատ: Լաւը այն է, որ տաղանդաւոր ստեղծողը իր ազատութեան մէջ խանգարիչ միջամտութիւններ չ՛ունենար իր ստեղծագործական կեանքին մէջ, իսկ վատը այն է, որ անտաղանդ միջակութիւնը տարօրինակ եւ արտակեդրոն յղացքներու կը դիմէ հետաքրքրութիւն ստեղծելու եւ անուն շահելու համար: Աւելի գէշը այն է, որ այս տեսակներուն համար կարեւորը ժամանակաւոր նիւթական շահն է, որ կը խոչընդոտէ իրաւ արուեստագէտներու վերելքը եւ շուարումի կը մատնէ նաեւ արուեստը գնահատողը` հաւաքորդը:

Հ.-  Ձեր փորձառութենէն մեկնելով` մեր օրերուն ո՞ր մէկ տեսակը աւելի կ՛իշխէ արուեստի շուկայի վրայ:

Մ. Հ.-  Եթէ երկու կամ երեք տասնամեակ առաջ արուեստը կ՛երթար աւելի դէպի անիշխանական վիճակ, այսօր արուեստի շուկայի մէջ առողջ ստեղծագործական յղացքները սկսած են անուղղակիօրէն իրենք զիրենք պարտադրել:

Հ.-  Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ:

Մ. Հ.-  Արուեստի հաւաքորդներէն շատեր, երբ յուսախաբ կ՛ըլլան իրենց հաւաքած արուեստի տարօրինակ գործերէն, երբ ժամանակը իր դերը կը կատարէ ու ցորենը որոմէն կը զատէ, ապա անոնք կը սկսին կա՛մ իրենք մասնագիտանալ եւ կա՛մ ալ վստահելի մասնագէտներու կը դիմեն: Այսօր թէեւ շատ են արուեստի առեւտուրով զբաղողները, սակայն հաւաքորդները բոլորին չէ, որ կը վստահին: Արուեստի պարագային ապրանքային քարոզչութիւնը սկսած է դիմադրողականութիւն ձեռք բերել հաւաքորդներու եւ առհասարակ արուեստասէրներու մօտ: Համոզուելու համար անոնք պէտք ունին մասնագիտական վերլուծումներու եւ մեկնութիւններու: Առաջին տպաւորութեան տակ արուեստ գնողները սկսած են պակսիլ: Անոնք պէտք է որ համոզուին, իսկ «համոզուելու» համար պէտք ունին թէ՛ բարձրորակ արուեստի եւ թէ՛ անոր համապատասխան վերլուծումներու եւ մեկնաբանութիւններու:

Հ.- Իսկ ի՞նչ պիտի ընեն այն ցուցասրահները, որոնք չունին համապատասխան արուեստաբաններ:

Մ. Հ.-  Նմանօրինակ ցուցասրահներուն մեծ մասը ձեւը գտած է: Անոնք կը հրատարակեն պրոշիւրներ կամ պատկերագիրքեր, ուր կը տպեն նաեւ հեղինակաւոր արուեստաբաններու ոչ թէ կարծիքը, այլ` վերլուծական մեկնաբանութիւնները: Կան նաեւ անոնք, որոնք միջազգային փառատօներու ընթացքին ժամանակաւոր արուեստաբան պաշտօնեաներ կը վարձեն: Այնուամենայնիւ, հաւաքորդ արուեստասէրներու «ապրանքային» քարոզչութեան հանդէպ ձեռք բերած դիմադրողականութեան եւ անոնց զգուշաւորութեան պատճառով աշխարհի մէջ սկսած է ոչ մասնագիտական ցուցասրահներու թիւը պակսիլ` ի հաշիւ մասնագիտական ու բարձրորակ արուեստի: Այս պատճառով ալ մրցակցութիւնը երբեմն դուրս կու գայ իր բնական հունէն, եւ կ՛օգտագործուին անազնիւ միջոցներ` գոյատեւելու համար:

Հ.-  Այս բոլորին մէջ ո՞ւր է տեղն ու դերը «Նոազ Արք»-ի նախ ազգային, ապա` միջազգային գետնի վրայ:

Մ. Հ.-  Հայ կերպարուեստը թէ՛ իր որակով եւ թէ՛ քանակով բոլոր տուեալները ունի հաւասարէ հաւասար մտնելու միջազգային տարածքներ: Ի սկզբանէ մեր նպատակն ու թիրախը եղած է միջազգայինը: Այսօր մենք կը փորձենք արժեւորել ու տարածել հայ մշակոյթի այս երակը միջազգային փառատօներու մէջ: Մեր ներկայացուցած գեղանկարիչներէն ոմանք արդէն իսկ գնահատուած են ու շօշափելի ճանապարհ կտրած, իսկ միւսներն ալ նոյն ճանապարհի վրայ են: Թէեւ տակաւին մեր դիմաց բազմաթիւ պատուանդաններ կան նուաճելիք:

Հ.-  Իսկ ազգային գետնի վրա՞յ:

Մ. Հ.- Ազգային գետնի վրայ հայ ցուցասրահները մրցակից չենք համարեր, այլ` գործակից: Առնուազն այդպէս պէտք է որ ըլլայ: Դժբախտաբար «Նոազ Արք»-ի կողքին ունինք միայն մէկ ցուցասրահ, որ կրցած է յաջողիլ եւ  միջազգային փառատօներուն ներկայացնել հայ կերպարուեստը: Եղած են ոմանք, որոնք փորձած են, սակայն չեն կրցած շարունակել, իսկ ուրիշներ վերջերս սկսած են եւ կը շարունակեն, ինչպէս` հայրենի «Կալա» ցուցասրահը: Հոս տեղին է յիշել, որ կան նաեւ անհատներ, որոնք իրենց կապերով, փորձառութեամբ եւ ձեռք բերած հմտութեամբ շինիչ եւ շնոհակալ դեր կը կատարեն միջազգային տարածքներու վրայ:

Հ.- Յաջողած ցուցասրահի անունը եւ անոր մասին որոշ գաղափար մը կրնա՞ք տալ մեզի:

Մարսէյէն խումբ մը հայերու այցելութիւնը   հայրենի «Բարձր արուեստ» ցուցասրահի տաղաւար

Մարսէյէն խումբ մը հայերու այցելութիւնը հայրենի «Բարձր արուեստ» ցուցասրահի տաղաւար

Մ. Հ.-  Իր բարձրորակ հաւաքածոյով, յատկապէս հայ դասական գեղանկարիչներու պարագային, հայրենի «Բարձր արուեստ» ցուցասրահը մեծ դեր կը կատարէ միջազգային գետնի վրայ: Նաեւ միջազգային աճուրդներէն կը գնէ եւ հայրենիք կը բերէ Այվազովսքիի, Երուանդ Քոչարի, Սարեանի, Լեւոն Թիւթիւնճեանի եւ կամ Գառզուի եւ Ժանսէմի նման մեծութիւններու մեծարժէք ստեղծագործութիւններ: Եւ ապա ան կրցած է միջազգային մրցանակներ ապահովել կարգ մը գեղանկարիչներու:

Հ.- Հետաքրքրական պիտի ըլլար իմանալ, թէ որո՞նք են այդ բախտաւոր արուեստագէտները:

Մ. Հ.-  Առաջինը` Երուանդ Քոչարի «Առաջին մեղքը» գեղանկարչութիւն տարածութեան մէջ ստեղծագործութիւնն է, որ 2012-ին համարուեցաւ տարուան լաւագոյն ստեղծագործութիւնը, իսկ երկրորդը` Վարուժան Վարդանեանի մեծղի մէկ «Խաչելութիւնն» էր` նուիրուած Եղեռնի թեմային, որ նոյն մրցանակին արժանացաւ 2014-ին: Իսկ վերջերս իմացանք, որ «Բարձր արուեստ» ցուցասրահի տնօրէնութիւնը որոշած է ամրան շրջանին շարք մը եւրոպական քաղաքներու (Փարիզ, Մոնաքօ, Լիոն, Պերլին…) մէջ յաւուր պատշաճի ցուցադրել հայկական գեղանկարչութեան բարձրորակ նմուշներ:

Հ.- «Նոազ Արք»-ի գեղանկարիչներէն ոմանք կրցա՞ծ են տիրանալ նմանօրինակ մրցանակներու:

Մ. Հ.- Նոյն տեսակի մրցանակներու` ո՛չ, սակայն մեր ընթերցողներուն արդէն ծանօթ են Վահրամի եւ Ռուբէն Աբովեանի մրցանակները, իսկ Եուրոզի պարագային անոր մեր հանդիպելէն առաջ արդէն իսկ արժանացած էր կարգ մը մրցանակներու եւ ցուցադրուած` շարք մը թանգարաններու մէջ:

Հ.- Ի՞նչ պիտի առաջարկէիք հայ ցուցասրահներուն եւ կամ առհասարակ կերպարուեստագէտներուն:

Մ. Հ.-  Հարկաւոր է գործակցիլ եւ փորձել անպայմա՛ն միջազգային փառատօներ կազմակերպել հայրենիքի մէջ: Այսօր «Ոսկէ ծիրան» ֆիլմարուեստի փառատօնը արդէն փայլուն յաջողութիւն մըն է տարածաշրջանի մէջ: Տարուէ տարի աւելի կը բազմանան մասնակիցները, որակը կը բարձրանայ, նաեւ` հայրենի հեղինակութեան վարկը: Նոյնը կրնանք ընել կերպարուեստի պարագային: Անցնող տարիներուն «Բարձր արուեստ»-ի հետ գործակցաբար փորձեր եղան: Հայրենի համապատասխան իշխանութիւնները, կառոյցներն ու յատկապէս մշակոյթի եւ սփիւռքի նախարարութիւնները ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերեցին: Դժբախտաբար արտաքին պատճառներով յետաձգուեցաւ, թէեւ ամբողջովին մոռացութեան չէ մատնուած հարցը…

Հ.- Այսքանը` ցուցասրահներուն, իսկ կերպարուեստագէտներուն ի՞նչ ըսելիք ունիք:

Մ. Հ.-  Այսօր, ոչ պաշտօնական տուեալներով, չորս հազարէ աւելի կերպարուեստագէտներ ունինք աշխարհի տարածքին: Անոնց կարեւոր մէկ տոկոսը իր որակով մրցունակ կը համարուի միջազգայնօրէն: Հարկաւոր է կազմակերպուիլ, յատկապէս կարիքը ունինք արուեստաբաններու, որոնք մէկ կողմէ պէտք է որ ուսումնասիրեն եւ արժեւորեն մեր դասականները եւ միւս կողմէ` աշխարհին ներկայացնեն` նորերը:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>