Վարժարանիս հիմնադրութեան 75-ամեակին նուիրուած տոհմիկ երեկոն, վարժարանիս Ծնողական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ շաբաթ, 27 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ճաշարան «Նապաա Այնճար»-ի մէջ:
Տոհմիկ երեկոն, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի օրհնաբեր ներկայութեամբ եւ նախագահութեամբ, վաստակաւոր հոգեւոր հովիւ, վարժարանիս նախկին տնօրէն եւ յանձնառու բարերար Նարեկ Ա. քհնյ. Շիրիքեանի, համախմբած էր վարժարանի մեծ ընտանիքը` շրջանաւարտներու տարբեր սերունդներ, նախկին եւ տակաւին պաշտօնավարող ուսուցիչներ, նախկին եւ ներկայի ծնողներ, երկրորդականի աշակերտութիւնը, ինչպէս նաեւ` վարժարանի բարեկամներու լայն շրջանակ մը:
Ձեռնարկը վայելելով Այնճարի Քաղաքապետական խորհուրդին հովանաւորութիւնը, հիւրընկալած էր նաեւ ազգային իշխանութեանց եւ խորհուրդներու, կուսակցական ու գաղութային տարբեր միաւորներու շրջանային եւ տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներ, Վարուժան արք. Հերկելեանը, ազգային բարերար Գէորգ Հ. Արապեանը, Պեքաայի շրջանի նախկին նախարարներու եւ երեսփոխաններու ներկայացուցիչներ, Շթորայի Քաղաքապետական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ` Պեքաայի մէջ գործող համալսարաններու, դրամատուներու, հիւանդանոցներու եւ բարեգործական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ ու տնօրէններ:
Տոհմիկ երեկոյին ողջոյնի հայերէն ու արաբերէն խօսքերով ելոյթ ունեցան Ծնողական խորհուրդէն Սիլվա Քենտիրճեանը եւ Թերեզ Սարգիսեանը. այնուհետեւ երեկոյին տոհմիկ յայտագիրին հանդիսավարութիւնը կատարեց վարժարանի շրջանաւարտներէն Սելլա Պաթուզեան:
Ընդհանուր ձեռնարկը տոհմիկ երեկոյի մը սահմաններէն դուրս գալով` վերածուեցաւ գիւղի ազգային կրթութեան զօրակցութեան եզակի արտայայտութեան մը, երբ արձանագրուեցան հետեւեալ հպարտառիթ իրողութիւնները, որոնցմէ առաջին երեքը անակնկալ յայտարարութիւններով յայտարարուեցան վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեանի կողմէ:
ա) Ձեռնարկին նախագահող Նարեկ Ա. քհնյ. Շիրիքեան, անկախ տարեշրջանի իր յատկացուցած կրթանպաստէն, վարժարանի տարբեր կարիքներու ընդառաջ 20 հազար ամերիկ. տոլարի յատկացում մը կատարեց:
բ) Նարեկ Ա. քհնյ. Շիրիքեանի ու անոր ընտանիքին կողմէ վարժարանիս համար 100 հազար ամերիկ. տոլարով հիմնուած ֆոնտը յաջորդական ոստումներէ ետք, վարժարանիս հիմնադրութեան 75-ամեակի առթիւ 350 հազար ամերիկ. տոլարէն բարձրացաւ 450 հազար ամերիկ. տոլարի:
գ) Դպրոցաշէն եւ ազգային բարերար Գէորգ Հ. Արապեան 800 հազար ամերիկ. տոլար ներդրումով մը կ՛որդեգրէ վարժարանի մանկապարտէզի ու նախակրթարանի բաժանմունքներուն յատուկ շինարարական, վերանորոգութեան եւ արդիականացման ծրագիրներ, որոնք իրենց լրումին պէտք է հասնին յառաջիկայ վերամուտին:
դ) Վերոնշեալ բարերար նախաձեռնութիւններէն խրախուսուած եւ իրենց փայփայած կրթօճախին մշտապէս թիկունք կանգնելու նախանձախնդրութեամբ, վարժարանի բարեկամներու, ծնողներու եւ շրջանաւարտներու նուիրատուութիւնները արձագանգ գտնելով նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ Քանատայէն, երեկոյին հասոյթը հասցուցին 375 հազար ամերիկ. տոլարի:
Օրուան պատգամը տուաւ թեմիս առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ իր գոհունակութիւնն ու ուրախութիւնը արտայայտեց ի տես վարժարանիս շուրջ ստեղծուած ոգեւորութեան եւ վարժարանի ամրութեան ու վերելքին սատարող բարերարներուն: Ան բարձր գնահատեց այս երեկոյին ներկայացած բարերարներուն Նարեկ Ա. քհնյ. Շիրիքեանի եւ Գէորգ Հ. Արապեանի, իբրեւ տարեց սերունդի ներկայացուցիչներու, արի ու ազնուական կեցուածքը, որով իրենց խնայողութիւններու բարերար ներդրումով վարժարանին սիւները կ՛ամրացնեն` անոր մէջ տեսնելով գիւղի վերելքն ու պայծառ ապագան:
Այնուհետեւ տոհմիկ երեկոն իր ոգեւորութիւնը շարունակեց տօնախմբութեամբ Մուսա Լերան ազգագրական պարերով եւ ազգային հայրենասիրական երգերով:
Արձանագրուած վերոնշեալ հպարտառիթ իրողութեանց լոյսին տակ վարժարանիս խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը վարժարանի մեծ ընտանիքին անունով կը յայտնեն իրենց խոր երախտագիտութիւնը բարերարներ Նարեկ Ա. քհնյ. Շիրիքեանին եւ Գէորգ Հ. Արապեանին, ինչպէս նաեւ` բոլոր նուիրատուներուն, ձեռնարկին աջակցած անհատներուն, վստահեցնելով արդարացնել վարժարանէս ակնկալուած արդիւնաբեր ընթացքն ու վերելքը:
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ