Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Ուսուցիչները Ի Պատուի

$
0
0

teachers-day_30816

Ուսուցիչը այն անձն է, որ կը լուսաւորէ մեր վաղուան օրը: Ան առաջնորդ է, անփոխարինելի,  ինչպէս` ծնողքը, աշակերտին զարգացումին ու յաջողութեան բանալին է ան, որ սերունդներ կը դաստիարակէ: Իր ունեցած կարեւորութեան համար ուսուցիչներու տօնը ամէն տարի կը նշուի մեծ խանդավառութեամբ եւ սիրոյ ու երախտագիտութեան ջերմ զգացումներու արտայայտութեամբ:

Երեքշաբթի, 8 մարտ 2016-ին, Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները հանդիսութեամբ մը պատուեցին իրենց ուսուցիչները եւ բարձր գնահատեցին անոնց անսակարկ ծառայութիւնը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանին քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, յայտագիրը սկիզբ առաւ 4-րդ դասարանի ներկայացուցած երգով, ապա 11-րդ դասարանէն աշակերտներ թատերական ներկայացումով բեմականացուցին «Մայնտ եուր լենկուէյճ»-էն հատուած մը: 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու աշակերտներէ կազմուած խմբակ մը արաբերէն արտասանութեամբ մեծարեց ուսուցիչները: Մանկապարտէզի աշակերտները, իրենց մանկական անմեղութեամբ եւ գեղեցկութեամբ, թեւաւոր խօսքերով լուսարձակի տակ առին ուսուցիչին դերն ու զոհողութիւնը, անոր նուիրումն ու ծառայութիւնը:

Այնուհետեւ, 2-րդ կարգի աշակերտները արաբերէն երգ մը կատարեցին, ապա Աննապել եւ Քարլա Ռուպելեան քոյրերը ելոյթ ունեցան «Աղօթք» արտասանութեամբ: 11-րդ դասարանցի Գէորգ Ներսէսեան զաւեշտով զուարճալի մթնոլորտ ստեղծեց քանի մը ուսուցիչներու դասապահերը բեմին վրայ ներկայացնելով, անոր յաջորդեց դպրոցի երգչախումբին շնորհաւորական խօսքը` «Շնորհաւոր» երգի կատարումով:

12-րդ դասարանի աշակերտուհի Կայել Արսլանեան իր դասարանին անունով շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց իրենց դասատուներուն, իսկ Անիթա Շիրվանեան եւ Քրիսթինա Հէյպելեան, դարձեալ աւարտական դասարանէն, բեմ հրաւիրելով ներկայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիները` ծաղիկ մը նուիրեցին անոնց:

Աւարտին բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը, որ իր խօսքին մէջ նախ շնորհաւորեց բոլոր ուսուցիչները եւ անոնց մաղթեց համբերութիւն եւ առողջութիւն, ապա նշեց, որ այսօրուան յայտագիրը աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած է` յարգելու եւ պատուելու իրենց ուսուցիչները, բայց բոլոր ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան համար լաւագոյն նուէրը կ՛ըլլայ, որ աշակերտը ըլլայ յարգալից եւ յաջողութիւն արձանագրէ բոլոր դասերուն մէջ, ըսաւ տնօրէնուհին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>