Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Լուսաւորիչ Հայրապետին Աջը` Կանթեղ Մեր Հաւատքին

$
0
0

ԹԱԹՈՒԼ ԱԲՂՅ. ԳԱՐՏԱՆԱՔԵԱՆ

Atch_31716

Սահակ Խապայեան տառապալից ու վշտակիր կաթողիկոսին կողմէ հաստատուած Անթիլիասի Ուխտի օրը, որ կը նոյնանայ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի չարչարանքներուն եւ Վիրապ մուտքին յիշատակման տօնին հետ, տօնն է ջարդէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի անմեռ զաւակներու դարաւոր հաւատքի վերանորոգութեան ու վերականգնումին:

Դարեր շարունակ Քրիստոսի եկեղեցին հաւատացած է սուրբերուն բարեխօսութեան եւ մանաւանդ յարգանքի իր գերագոյն պարտքը մատուցած է ու կը մատուցէ թէ՛ նահատակուած, եւ թէ խաղաղութեամբ ննջած իր սուրբերուն աստուածաբոյր նշխարներուն: Ահաւասիկ նոյն նախանձախնդրութեամբ հայ եկեղեցին` ազգովին, կը խոնարհի իր «հաւատքի հօր»` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի սուրբ Աջին դիմաց եւ երկիւղած մեծարանքով ու անբացատրելի գուրգուրանքով կը պատուէ անոր սրբազան մասունքը, որ ամփոփուած է ոսկեձոյլ աջակերպ պահպանակ- մասնատուփի մէջ:

Աւելի քան 1700 տարիներ Լուսաւորիչ հայրապետին Աջը եղած  է նաե՛ւ կանթեղ հաւատքի: Պատմութեան ամէնէն ծանր եւ թշուառ պահերուն մեր ժողովուրդը իր ըղձական նայուածքները յառած է Լուսաւորիչի յոյս, կեանք ու հոգի սփռող Աջին, որ հոգեկան բաւարարութիւն եւ մա՛նաւանդ գոհունակութիւն կը ներշնչէ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Անթիլիասի Ուխտի տօնը յիշեցում մըն է բոլորիս, որ վառ պահենք մեր հաւատքի կանթեղը: Զուգահեռ մը կայ Սուրբ Գրիգորի եւ հայ ժողովուրդին ապրած տառապանքներուն միջեւ, ահա թէ ինչո՛ւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդը իր հոգեկան բաւարարութիւնը ուզեց տեսնել Սուրբին Աջէն բխող եւ հոսող շնորհաբաշխ օրհնութեանց մէջ:

Հոգեզգած երեւոյթ է տեսնել հազարաւոր հայ թէ օտար հաւատացեալներ, երիտասարդ ու տարեցներ, որոնք ամբողջ գիշեր մը լուսցուցած` իրենց ներաշխարհին մէջ ամփոփուած, աղօթքով եւ խոկումով կ՛ուխտեն հաւատքի վերանորոգութիւն եւ հոգեկան արթնութիւն ապրիլ:

Պէտք է թեւեր ունենալ, թռչիլ ու բարձունքէն դիտել խուռներամ հաւատացեալները, որպէս խաղաղութեան առաքեալներ, որոնք ճերմակ լաթեր ու թաշկինակներ  կը ճօճեն հասնելու եւ դպչելու Սուրբին մասունքին: Այնպէս,  ինչպէս արիւնահոսութենէ տառապող կինը բժշկուելու դիտաւորութեամբ, հաւատքը մղիչ ուժ ունենալով, դպաւ Քրիստոսի քղանցքին, նոյնպէս ալ Լուսաւորչի յետնորդները հաւատքի գեղեցկութեամբ արբշիռ կը փորձեն դպչիլ Երանելի Հայրապետին Աջին, մաքրուելու համար իրենց մեղքի արիւնահոսութենէն: Եւ ահա, այսօր, նոյն հաւատքն է, որ կը շարժէ մեր ժողովուրդը հպելու Սուրբ Աջին, անկէ օրհնութիւն ու սրբութիւն ստանալու եւ, որպէս աստուածային բուժարար զօրութիւն, մարմնական եւ մանաւանդ հոգեկան ախտերէն մաքրուելու ակնկալութիւն ունենալու:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>