ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի չարչարանքներուն յիշատակի եւ Խոր Վիրապ մտնելու տօնը` ուխտի օրն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Ուստի, ուխտակի՛ր Աթոռ ենք մենք. եւ մեր Աթոռին առաքելութեան հաւատացող մեր ազգի զաւակները ուխտակի՛ր զաւակներ են: Սոյն տօնին առիթով, կ’ուզեմ հետեւեալ չորս մտածումները բաժնել ընթերցողին հետ.-
1) Կաթողիկոսութեանս ուխտի օրը է՛ եւ պէ՛տք է դառնայ ամէն մէկ հայորդիի ուխտի նորոգութեան օր, որովհետեւ մեր ժողովուրդը Լուսաւորիչով դարձաւ Քրիստոսի առաջին ուխտաւոր ժողովուրդը: Արդարեւ, իւրաքանչիւր հայորդի, յատկապէս մեր Աթոռին առաքելութեան հաւատացող, եւ այդ առաքելութեան բարգաւաճման իր գործնական մասնակցութիւնը բերող իւրաքանչիւր անձ, Անթիլիասի Ուխտին օրուան առիթով կոչուած է նորոգելու իր ուխտը. Լուսաւորիչով վառած ու Սահակ Խապայեան կաթողիկոսով փրկուած հաւատքի կանթեղը վառ պահելու իր ուխտը, մեր պատմական Աթոռը չմոռնալու իր ուխտը, իրաւապահանջ մնալու իր ուխտը, յառաջապահ դիրքի վրայ մարտունակ զինուոր մնալու իր ուխտը, մեր եկեղեցիին ու ազգին համար անձնուրաց կերպով գործելու իր ուխտը, Աստուծոյ ու Աստուածապարգեւ մեր հայրենիքին կառչած մնալու իր ուխտը:
2) Սուրբ Գրիգոր Խոր Վիրապ դրուեցաւ պսպղուն աստղ մը իբրեւ, եւ դուրս եկաւ անկէ երկնային ճառագայթող արեգակ իբրեւ, եւ փարատեց մեր ազգին թանձրամած խաւարը, ու իր ճառագայթներով Քրիստոսի լոյսով ողողեց ամբողջ Հայաստան աշխարհը: Թանկագին զաւակնե՛ր հայոց ազգիս, Անթիլիասի ուխտին օրուան առիթով եկէք եւ Լուսաւորիչէն ձեզի վստահուած Քրիստոսի լոյսը կրելու ձեր ուխտը նորոգեցէք:
Խոր Վիրապ դրուեցաւ երկնքի քաջ զինուոր մը իբրեւ, եւ դուրս եկաւ անկէ երկնքի ախոյեան զօրավար մը իբրեւ, որ իր բանակին մէջ ունեցաւ բազմահազար երկնապատկան քրիստոնեայ հայ զինուորներ: Մեր Աթոռի ուխտին օրուան առիթով եկէք եւ ուխտեցէք դառնալ հաւատարիմ զինուորները Քրիստոսի, մեր ազգին ու մեր հայրենիքին:
Խոր Վիրապ դրուեցաւ մունջ գառնուկ մը իբրեւ, եւ դուրս եկաւ անկէ Քրիստոսի հաւատքի պաշտպան ու տարածիչ առիւծ մը իբրեւ, եւ հաւատքի այդ հովանիին ներքեւ առաւ` հաւատքի կանչուած մեր նախածնողները: Մեր Աթոռի ուխտին օրուան առիթով եկէք ուխտեցէք դառնալ մեր հայրերու կենդանի ու աներկեւան հաւատքին:
Խոր Վիրապ դրուեցաւ բուրեան վարդ մը իբրեւ, եւ դուրս եկաւ անկէ Քրիստոսի պտուղներով առլցուն պարտէզ մը իբրեւ, եւ բացուեցաւ հոգեւոր ծարաւէ տոչորող հոգիներուն ու սիրտերուն առջեւ: Մեր Աթոռի ուխտին օրուան առիթով, եկէք ուխտեցէք դառնալ Քրիստոսի պարտէզին, հոնկէ ստանալու համար սնունդը ձեր հոգիներուն ու սիրտերուն:
Խոր Վիրապ դրուեցաւ անծանօթ հովիւ իբրեւ, եւ դուրս եկաւ անկէ ծանօթ հովուապետ իբրեւ, հովուելու ու Քրիստոսի այգիին մէջ արածելու մեր ազգին զաւակները: Մեր Աթոռի ուխտին օրուան առիթով, եկէք ուխտեցէք արածիլ Լուսաւորչահաստատ Քրիստոսի այգիին մէջ:
Խոր Վիրապ դրուեցաւ Աստուծոյ ընծայ իբրեւ, եւ դուրս եկաւ անկէ մեզ Աստուծոյ ընծայող քահանայապետ իբրեւ: Մեր Աթոռի ուխտին օրուան առիթով, եկէք ուխտեցէք ընծայուիլ ու մնալ ընծան Աստուծոյ:
3) Մեր Աթոռը ուխտաւո՛ր եւ ուխտի՛ Աթոռ է: Արդարեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը տեղահան եղաւ, բայց ուխտեց ապրիլ: Պատմական կաթողիկոսարանի կորուստին դիմաց` ուխտեց անկորուստ մնալ: Աշխատանքին դիմաց` ուխտեց անխոնջ մնալ: Հալածանքներուն դիմաց` ուխտեց անդրդուելի մնալ: Անտարբերութեան դիմաց` ուխտեց անհեղգ մնալ: Հարուածներուն դիմաց` ուխտեց աննահանջ մնալ: Դասալիքներուն դիմաց` ուխտեց հաւատարիմ մնալ: Կաթողիկոսութեանս ուխտին օրուան առիթով, մեր Աթոռն ու մեր Աթոռին զաւակները կոչուած են անգամ մը եւս կրկնելու ու հաստատելու իրենց ուխտաւորութեան երդումը:
4) Կաթողիկոսութեանս ուխտին օրուան առիթով պէտք է յիշենք ու գիտնանք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը հզօրացաւ, ո՛չ թէ որովհետեւ հակառակորդներ չունեցաւ, այլ` որովհետեւ տեղի չտուաւ հակառակութեանց: Եւ սա, որովհետեւ հաւատաց իր հայրերու ուխտին ու կառչած մնաց անոր:
Յաղթեց ու մեծցաւ, ո՛չ թէ որովհետեւ իրեն դէմ պայքարողներ չունեցաւ, այլ` որովհետեւ մերժեց պայքարի դաշտը լքել կամ նոյնիսկ ընկրկում արձանագրել: Եւ սա, որովհետեւ հաւատաց իր հայրերու ուխտին ու կառչած մնաց անոր:
Ապրեցաւ, ո՛չ թէ որովհետեւ մահ չտեսաւ, այլ` որովհետեւ չկորսնցուց վերընձիւղելու ու վերապրելու իր տեսիլքը: Եւ սա, որովհետեւ հաւատաց իր հայրերու ուխտին ու կառչած մնաց անոր:
Չկորսնցուց իր գոյութիւնը, ո՛չ թէ որովհետեւ բռնագաղթի չենթարկուեցաւ, այլ` որովհետեւ սրտով կառչած մնաց իր արմատներուն: Եւ սա, որովհետեւ հաւատաց իր հայրերու ուխտին ու կառչած մնաց անոր:
Կաթողիկոսութեանս ուխտին օրուան առիթով, կը հրաւիրենք մեր ազգի սիրասուն զաւակները, հոծ բազմութեամբ ուխտի գալու Անթիլիաս, եւ հաւատքով հպելու անհպելի Աստուծոյն հպումով սրբուած ու սրբացուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի ազատարար Աջի մասունքին: