ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Վերջերս, Մեծ եղեռնի հարիւրամեակին առիթով, քանի մը փոքրածաւալ ընթերցումներ կատարեցի` իբրեւ տեսակ մը… «անհատական ոգեկոչում», աշխատասենեակիս մենութեան մէջ, ես ինծի:
Իմ կարդացած գիրքերէն մէկն ալ Կարօ Փօլատեանի վէպն էր` «Արծիւները անապատին մէջ»:
Գիրքը տպուած է 1958-ին, Փարիզի «Արաքս» տպարանը: Կը բաղկանայ 540 էջերէ:
Օրին ի՞նչ արձագանգներ գտեր է այս վէպը, չեմ գիտեր: Այդ շրջանի մեր մեծաթիւ գրաքննադատներն ու գրականագէտները արժեւորում մը ըրե՞ր են արդեօք այս գործին մասին` շահեկան է իմանալ: Միայն գիտեմ, որ փարիզաբնակ դժուարահաճ բանաստեղծը` Ահարոն (Տատուրեան), կարդալէ ետք այս վէպը, ըսած է հեղինակին. «Այս անգամ գետը անցար…» (ըսել կ՛ուզէ, թէ նախորդ վէպերը չէր հաւնած):
Նախ նկատել տանք, որ ակնարկուած «անապատ»-ը սուրիական անապատն է, Հալէպի արեւելքէն մինչեւ Տէր Զօրի աւազուտ տափաստանները, հոն, ուր բնաջնջուեցաւ մեր աքսորական ժողովուրդին մնացորդացը: Իսկ «արծիւներ»-ը զէյթունցիներն են, հերոսական նկարագրի տէր այն քաջազուն կիլիկեցիները, որոնք պահ մը խոնարհեցուցին իրենց սէգ գլուխները թրքական խաբեպատիր խոստումներուն առջեւ, վար իջան իրենց անմատչելի լեռներէն ու… խառնուեցան աքսորի կարաւաններուն:
Վէպը կը բաղկանայ երկու անջատ մասերէ:
Ա. մասը` «Արծուեբոյնը», Զէյթունի հայութեան նախաեղեռնեան կեանքին ցոլացումն է: Հայ բնաշխարհն է, որ պարզուած է մեր առջեւ` իր հարազատ զաւակներով, անոնց խաղաղ առօրեայով, դաշտային աշխատանքով, նիստուկացով, նահապետական բարքերով, սէրերով ու երազներով, հաւատալիքներով, նախապաշարումներով:
Իսկ Բ. մասը` «Դժոխքը», Զէյթունի տեղահանութիւնն է, աքսորի կարաւաններուն անվերջանալի երթը` Եփրատի եզերքէն դէպի մահուան անապատները, թուրք ժանտարմաներու խարազանի հարուածներուն տակ…
Այս մասը լի է ցնցիչ տեսարաններով, հայ աքսորականներուն վրայ ի գործ դրուած անասելի բարբարոսութիւններու քստմնելի նկարագրութիւններով, մահուան ու արիւնի սրտակեղեք պատկերներով, բայց նաեւ` հայ մարդոց հոգեկան արիութեան, գաղտնի արժանապատւութեան եւ նկարագրային տոկունութեան թանձր գոյներով:
Հեղինակին լեզուն պարզ է, դիւրամատչելի եւ հեզասահ:
Պէտք է ըսել, որ այս միջուկով գործ մը Կ. Փօլատեանի գրական մտասեւեռումը եղած էր հինէն ի վեր: Ան կանուխէն ուզած էր գրի առնել 1915-20 ողբերգութիւնը, զոր անձամբ տեսած էր իր մանուկի աչքերով:
Հետեւաբար այս վէպը վկայութիւն մըն է վերապրողի մը կողմէ, որ նաեւ թելադրական պատգամներ կը փոխանցէ մեզի` յետնորդներուս…
Վէպը կ՛աւարտի հետեւեալ նախադասութեամբ. «Արծիւները մեռան, պէտք է ապրի Արծուիկը»…
* * *
Ու հիմա դառնանք զրուցագիր Փօլատեանին:
Կ. Փօլատեանի գրական ստեղծումներուն մէջ շատ ուշագրաւ տեղ կը գրաւեն «Զրոյց»-ի իր վեց հատորները, որոնք լոյսին բերուած են Փարիզի, Գահիրէի ու Պէյրութի մէջ: Անոնց հրատարակութենէն տասնամեակներ ետք, այսօ՛ր ալ այդ զրոյցները կը կարդացուին հետաքրքրութեամբ, յափշտակութեամբ:
Այս զրոյցները զանազան երեւելի անձերու հետ մտերիմ խօսակցութիւններու արձանագրութիւններ են` նպատակ ունենալով աւելի՛ մօտէն ճանչնալ ենթական, լոյս սփռել անոր գաղափարներուն, տեսակէտներուն եւ վաստակին վրայ:
Փօլատեան իր այս զրոյցները կը նկատէ «գրականութեան խոնարհ սեռերէն մին»` զանոնք զետեղելով գրաքննադատութեան եւ հրապարակագրութեան միջեւ տեղ մը:
– Երկու անձերու միջեւ,- կը գրէ,- աշխուժ, կենդանի խօսակցութիւն մըն է ան, առաւելաբար: Նիւթը խօսակիցներէն մէկուն անձն է, անոր կեանքն ու անոր գեղարուեստական գործը մանաւանդ, կամ` երբեմն արուեստի այնպիսի խնդիրներ, որոնք կապ ունին անոր հետ: Զրոյցը վարողը նախօրօք գիտէ վեր ի վարոյ իր անուանի խօսակցին կարծիքները այս կամ այն հարցին մասին: Գիտէ անոր նախընտրութիւններն ու հմտութիւնը: Ուստի անոր կ՛ուղղէ այնպիսի՛ հարցումներ, որոնց պատասխանները պիտի կազմեն առաջադրուած խնդրի մը լայն քննութիւնը («Զրոյց»-ի Ա. հատորին նախաբանէն):
Կը թուի, թէ այս հարցին մէջ Փօլատեան կրած է ֆրանսական ազդեցութիւն: Խորապէս տպաւորուած է փարիզեան «Լէ Նուվել Լիթերեր» շաբաթաթերթին մէջ խմբագրապետ Ֆրետերիք Լը Ֆեւրի սիւնակներէն, ուր ան ժամանակակից գրեթէ բոլոր մեծ գրողներուն հետ գլուխ-գլխի սրտբաց զրոյցներ ունեցեր էր, յետոյ ալ զանոնք հրատարակեր էր առանձին հատորներով:
Միեւնոյն ուղիէն ընթացաւ նաեւ Փօլատեան:
Ան զրոյցներ ունեցաւ ֆրանսահայ բանաստեղծներ` Ահարոնի, Նիկողոս Սարաֆեանի, Յարութ Կոստանդեանի եւ Զուլալ Գազանճեանի, գրագէտ Շաւարշ Նարդունիի, երաժշտագէտ Օննիկ Պէրպէրեանի (պոլսահայ մեծանուն դաստիարակ Ռեթէոս Պէրպէրեանի որդին), ֆրանսացի բանաստեղծներ` Փոլ Էլիւարի, Լիւք-Անտրէ Մարսելի եւ Սեն-Ճոն Փերսի, Մխիթարեան վարդապետներ հ. Սահակ Տէր Մովսէսեանի եւ հ. Ներսէս Ակինեանի, Սիմոն Վրացեանի, Կոստան Զարեանի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Սիմոն Սիմոնեանի, հայրենի գրողներ Սողոմոն Տարօնցիի ու Խաչիկ Դաշտենցի, բարբառագէտ Արարատ Ղարիբեանի, Պէյրութի թուրք դեսպանին եւ այլոց հետ:
Այս զրոյցներուն ընդմէջէն լուսաբանուեցան գրական-պատմական զանազան խնդիրներ` անկեղծ արտայայտութեամբ եւ ինքնաբուխ եղանակով:
Զրուցագիր Փօլատեան ինքզինք կը նկատէր «խոստովանահայր» մը, որ կու գար նստելու երեւելի անձնաւորութեան մը դիմաց ու զայն կը խօսեցնէր անոր կեանքին ու գործին շուրջ` քակելով յուշերու լման կծիկ մը… Զրուցակիցը կը խանդավառուէր, բայց աւելի՛ կ՛ոգեւորուէր ու կ՛երջանկանար ինք` Փօլատեան, գիտակցելով, որ դիմացինին մտածումներէն մաս մը կրցաւ կորզել, փրկել կորուստէ:
«Զրոյց»-ի Ա. հատորին նախաբանին մէջ ան կը գրէ.
– Կ՛երեւակայէ՞ք վայրկեան մը, թէ ի՜նչ անգնահատելի վաւերաթուղթեր կրնային ըլլալ, եթէ ժամանակակից մը ներկայացած ըլլար, օրինակ, Նարեկացիի մը, Շնորհալիի մը, կամ ալ մեզի աւելի մօտիկ` Վարուժանի մը, Կոմիտասի մը, եւ անոնց ամէն մէկուն մտածումները հարց ու պատասխանի ձեւով մեզի ժառանգ ձգած ըլլար:
Սփիւռքահայ գրական անդաստանէն ներս զրուցագիր Կ. Փօլատեան դժբախտաբար չունեցաւ իր հետեւորդները: Թէեւ, երբեմն, հոս-հոն, կարգ մը գրողներ կամ լրագրողներ կատարեցին ուշագրաւ ու շնորհակալ նմանօրինակ փորձեր, ինչպէս` Մովսէս Պչաքճեանի զրոյցը նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հետ (1992, «Յառաջ»), ամերիկաբնակ Յակոբ Վարդիվառեանի մեծաթիւ «Հանդիպումներ»-ը` հրատարակուած զոյգ հատորներով, կամ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի երկարաշունչ զրոյցները պոլսահայ գրողներու եւ գրչի սպասարկուներու հետ եւ այլն:
* * *
Կ. Փօլատեանի կենսագրութեան մէջ, ինչպէս տեսանք արդէն, Հալէ՛պն ալ ունի իր բաժինը: Սալիպէ թաղամասը, Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցին, Հայկազեան վարժարանը մի՛շտ ալ անջնջելի մնացին իր յիշողութեան մէջ:
1929-ին Սուրիայէն հեռանալէ ետք Փօլատեան կրկին այցելե՞ց մեր այս կողմերը:
Այո՛, մեզի ծանօթ են գէթ երկու այցելութիւններ, միշտ` մշակութային առաքելութեամբ:
Առաջինը` 1975 յունուարին, Պէյրութի վրայով, ընկերակցութեամբ բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի, որուն գրական գործունէութեան 40-ամեակը պիտի նշուէր Հալէպի մէջ: Փօլատեան յոբելենական այդ ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն էր: Երկու հիւր գրողներուն կ՛ընկերակցէր նաեւ լիբանանաբնակ նշանաւոր ասմունքող Խաչիկ Արարատեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէր մեծարանքի հանդէսին:
Հիւրերը ջերմօրէն կ՛ողջունուէին հալէպահայութեան կողմէ, կ՛այցելէին ազգային ու կրթական հաստատութիւններ: Այդ օրերուն Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի պարտէզին մէջ քաշուած խմբանկար մը (տեսնել կցուած լուսանկարը) հի՜ն ու քաղցր յիշատակներ կրնայ արթնցնել այսօր…
Երկրորդ այցը իրականացեր է 1983 փետրուարին, Համազգայինի հրաւէրով:
Բերիոյ թեմի «Օշական» պարբերաթերթը այդ օրերուն արձագանգեր է այս մասին (տե՛ս պարբերաթերթին նոյն տարուան 1-4 միացեալ թիւը): Ըստ Ա. Մատեանի ստորագրութիւնը կրող թղթակցութեան, Կ. Փօլատեան 15 օր մնացեր է Հալէպ ու այստեղ տուեր է երեք հրապարակային դասախօսութիւններ` նիւթ ունենալով «Վազգէն Շուշանեանը» (ծննդեան 80-ամեակին առթիւ), «Եղիշէ Չարենցը» եւ «Ֆրանսահայ գրականութիւնը»: Ի միջի այլոց ան յարգանքի այց մըն ալ տուած է Հալէպի Ազգ. գերեզմանատուն` Յակոբ Օշականի շիրիմին:
Ի դէպ, շահեկան է յայտնաբերել, որ այդ օրերուն Ճեմարանի ԺԱ. կարգէն քանի մը գրասէր տղաք (Հրաչ Սահակեանի գլխաւորութեամբ) Ազգ. առաջնորդարանի յարկին տակ հանդիպում մը ունեցեր են ֆրանսահայ հիւր գրողին հետ ու «զրոյց» մը առաջարկեր են անոր… Փօլատեան սիրով ընդառաջեր է երիտասարդ ուսանողներու փափաքին:
Մենք այդ զրոյցը տպուած գտանք Ճեմարանի «Ծիլեր» պարբերաթերթի հին թիւերէն մէկուն մէջ (ապրիլ 1983): Հոն Փօլատեան կը խրատէ գրասէր տղաքը ու կ՛ըսէ անոնց.
– Եթէ երբեք իրապէս գրական խմոր ունիք, եթէ գրականութիւնը ձեզի մօտ է (արձակը, վէպը, բանաստեղծութիւնը), կանո՛ւխ սկսեցէք գրել. մի՛ յուսահատիք, սկսեցէք, պատռեցէք, նորէն սկսեցէք, բայց կանուխ սկսեցէք, որովհետեւ որոշ տարիքէ ետք ստեղծագործական աւիշը կը նուազի: Մանաւանդ բանաստեղծութիւնը ինքնաբուխ ճիչ մըն է, որ որոշ տարիքէ մը ետք կը սկսի դանդաղիլ:
… Մենք մեծ ենք միայն մեր մշակոյթով, մեր ուսման սէրով: Այնքան ատեն որ մեր մշակոյթը կը պահենք, զօրաւոր ենք:
Լսող կա՞յ հայ գրականութեան այս համեստ «ժամկոչ»-ին պատգամը…
Հալէպ
(Շար. 2 եւ վերջ)