Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սկզբունքով երեսփոխանին իրաւունքն է նախագահական ընտրութեան նիստէն կամ խորհրդարանի որեւէ այլ նիստէ բացակայիլ` ըստ սահմանադրութեան 39-րդ յօդուածին:
Հիւսէյնի յայտնեց, որ ներկայ խորհրդարանը ապօրինի է` նկատի ունենալով, որ անիկա ընտրուած է սահմանադրութեան հակասող ընտրական օրէնքով, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով անոր պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` երկու անգամուան համար:
Ան նշեց, որ այս խորհրդարանին իրաւասութիւններուն մէջ կ՛իյնայ օրէնսդրութիւնը, հետեւաբար խորհրդարանին պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը, որպէսզի կարելի ըլլայ նորընտիր երեսփոխաններով օրինական խորհրդարան մը կազմել եւ ապա նախագահական ընտրութիւն կատարել:
Անդրադառնալով ընտրական օրէնքներուն` Հիւսէյնի շեշտեց, որ Լիբանանի համար պատշաճ եւ արդար պիտի ըլլայ ունենալ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը, ընդգծելով, որ ընտրական խառն օրէնքը, այսինքն համամասնական եւ մեծամասնական դրութիւնները իրարու միաձուլող ընտրական օրէնքի մը մշակումը հակասահմանադրական է, որովհետեւ անիկա երկրին քաղաքական առողջ ներկայացուցչութիւն չի կրնար ապահովել:
Ներքին լիբանանեան զարգացումներուն մասին Հիւսէյնի յայտնեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրին միակ այլընտրանքը լիբանանեան, արաբական եւ միջազգային համախոհութեան գոյացումն է: «Հետեւաբար ներկայ հանգրուանին Լիբանանի համար Թաէֆի համաձայնագիրին միակ այլընտրանքը Թաէֆի համաձայնագիրն է», ըսաւ ան:
Հիւսէյնի յայտնեց, որ 1992-էն ի վեր Լիբանանի իշխանութիւններուն մասնակցող քաղաքական կողմերը մասնակցած են Լիբանանի քանդումին: Ան վերահաստատեց 2008-ին խորհրդարանէն հրաժարելու պահուն իր արտասանած խօսքը. «Դուք բզկտեցի՛ք սահմանադրութիւնը: Իշխող այս դասակարգը կը փափաքի ունենալ պետութիւն մը` առանց հաստատութիւններու եւ երկիր մը` առանց քաղաքացիներու»:
Հիւսէյնի նկատել տուաւ նաեւ, որ ամբողջ տասնամեակ մը երկիրը առանց ամավարկի կառավարելու իրականութիւնը խոցելի կը դարձնէ ամէն բան, իսկ հաշուետուութեան կանչելու կարելիութիւնը կը դառնայ անկարելի:
Իբրեւ լուծում ներկայ իրավիճակին` Հիւսէյնի կ՛առաջարկէ ընտրել փոխանցման շրջանի նախագահ մը, որ պիտի ստանձնէ հիմնական 5 պարտականութիւն` երկիրը հաստատութենական եւ օրինական պետութեան հունին վրայ զետեղելու համար:
Ըստ Հիւսէյնիի այդ 5 պարտականութիւններն են.
ա) Ընտրական օրէնք, բ) կառավարութեան գործունէութիւնը կանոնաւորող օրէնք, գ) պաշտպանութեան եւ պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի օրէնք, որուն շրջագիծին մէջ կը ճշդուին հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները, դ) դատական իշխանութիւններու իսկապէս անկախ գործունէութեան ապահովումը, եւ ե) հաւասարակշռուած բարգաւաճման ընդարձակ ծրագիրի մշակում: