Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
![Ահմետ Ամմուն](http://i1.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/02/ammoun_022216.jpg?resize=292%2C296)
Ահմետ Ամմուն
Լիբանանեան բանակին գործած ապահովական նուաճումներէն կը նկատուի գրեթէ օրական դրութեամբ կատարած իր ձերբակալութիւնները` ահաբեկչական բջիջներու հետապնդումին շնորհիւ: Այս շրջագիծին մէջ բանակը անցեալ շաբթուան ընթացքին ձերբակալեց Արսալի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատու Ահմետ Ամմունը, որ ծանօթ է Պարիս ծածկանունով:
Ապահովական կառոյցներուն համաձայն, «Ապու Ապտել Սալամ» ահաբեկչական խմբաւորումը գլխաւորող երեսուննոց Պարիսը թանկագին որս մը կը նկատուի:
Պարիս Արսալի մէջ գործած է մեծ թիւով ահաբեկչութիւններ, ինչպէս նաեւ սպաննած է Արսալի բնակիչներէն շատեր` դառնալով գիւղաքաղաքին պատուհասը:
Արսալցիք վախնալով անոր վայրագութենէն` ենթարկուած են անոր հրահանգներուն: Պարիսի վերջին զոհերէն կը նկատուի ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ենթասպայ Զահեր Իզէտտինը, ինչպէս նաեւ` Մխայպեր Իզէտտինը, որոնք դանակոծուելով սպաննուած էին:
Պարիսը եւ հաւատադրժողական այլ ահաբեկիչներ ձերբակալելու նպատակով բանակը 4 փետրուարին կատարած էր զինուորական գործողութիւն մը` ձերբակալելու համար Պարիսն ու Ապու Պաքր Ռաքքաուին, որ սպաննուեցաւ գործողութեան ընթացքին:
Այդ գործողութենէն փախուստ տուած Պարիս բանակին կողմէ ձերբակալուեցաւ 22 փետրուարին, Ժամալէի շրջանին մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն վրանաքաղաքին մօտակայքը:
Բանակը զայն անմիջապէս դուրս բերաւ Արսալէն եւ բանտարկեց պաշտպանութեան նախարարութեան արգելարանին մէջ:
Աւելի ուշ զինեալներ գնդակոծեցին Արսալի բնակիչ Մոհամետ Ուեհպէի բնակարանը: Զինեալ այս խմբաւորումը ընդգծեց, որ Ուեհպէ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն հետ կը գործակցի, եւ թէ` ան բացայայտած է Պարիսի թաքստոցը:
Արսալցիք կը հաստատեն, որ Ահմետ Ամմուն Մաշարիհ Քաայի բնակիչներէն է եւ ոչ թէ` Արսալի: Ըստ անոնց տեղեկութիւններուն, Պարիս Արսալ փոխադրուած է Սուրիոյ տագնապը սկսելէն ետք. ան անմիջապէս ապաստանած է Արսալի բարձունքները` հոն կազմելով իր զինեալ խմբաւորումը եւ գործադրելով ՏԱՀԵՇ-ի հրահանգները, ինչպէս` առեւանգում, սպանութիւն, ինքնաշարժներ ականելու գործողութիւններ, բանակին դէմ յարձակումներ եւ տարբեր տեսակի ոճիրներ:
Ապահովական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ նկատի ունենալով Պարիսի «բարձր պաշտօնը»` ան կրնայ բաւական կարեւոր տեղեկութիւններ ունենալ ՏԱՀԵՇ-ի մասին, որոնցմէ կրնայ ըլլալ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող բանակայիններուն արգելարանը, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, թէ Ամմուն մասնակցած է օգոստոս 2014-ին բանակայիններու առեւանգումի գործողութեան:
Ապահովական կառոյցները կը շեշտեն նաեւ, որ ՏԱՀԵՇ տեղեկութիւններ ունի Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ գործուած ականահարումներու մանրամասնութիւններուն մասին, որովհետեւ ան ստանձնած է նաեւ անձնասպանական գործողութեան հեղինակներ պատրաստելու պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ մասնակցած է Քալամունի մէջ ինքնաշարժներ ականելու գործողութեան:
Ապահովական աղբիւրները ընդգծեցին, որ Պարիս մասնակցած է նաեւ երկու քահանաներու սպանութեան, Ժուսիէի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ քանդումին, ինչպէս նաեւ Քուսէյրի գիւղական շրջանէն 200 սուրիացիներ առեւանգելու եւ անոնց մեծ մասը սպաննելու գործողութեան: