Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Լիբանանը ցնցած Սէուտական Արաբիոյ որոշումը եւ, հաւանաբար, յառաջիկայ օրերուն առնուող իրերայաջորդ քայլերը յաւելեալ խուճապ պիտի ստեղծեն երկրին մէջ, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Ռիատ իր որոշումներուն մէջ կը վայելէ Ծոցի երկիրներուն ամբողջական զօրակցութիւնը:
Անցնող շաբթուան ընթացքին քաղաքական տարբեր ուժեր Ռիատի այս որոշումին տուին զանազան մեկնաբանութիւններ, սակայն նախքան անոնց մասին կատարուելիք անդրադարձը` անհրաժեշտ է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ Ռիատ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի արտայայտած կեցուածքէն աւելի քան 40 օր ետք է, որ հակազդեց: Ինչո՞ւ ուղղակի չէր բողոքած Լիբանանի արտայայտած կեցուածքին մասին:
Իսկ ինչո՞ւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանանի դէմ սկսած այս արշաւը «զուգադիպեցաւ» նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձի թուականին:
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն, հիմնականին մէջ Մուսթաքպալ հոսանքին զօրակցող շրջանակներ կատարեալ հասկացողութիւն ցուցաբերուեցին լիբանանեան բանակին տրամադրուած սէուտական օժանդակութիւնը կասեցնելու Ռիատի որոշումին:
Այդ շրջանակները արդար գտան Սէուտական Արաբիոյ որոշումը` քննադատելով Լիբանանի արտայայտած պաշտօնական կեցուածքը Գահիրէի մէջ:
Այդ շրջանակները քննադատեցին նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը` զայն նկատելով Հըզպալլայի կամակատարը եւ միջազգային ամպիոններուն վրայ Հըզպալլայի նախընտրած քաղաքականութիւնը իբրեւ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածք ներկայացնող պետական պաշտօնատարը:
Մարտ 14-ի ուժերուն զօրակցող շրջանակները կոչ ուղղեցին Դիմադրութեան` Սուրիայէն վերադառնալ Լիբանան եւ Ռիատէն ներում հայցել:
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ներկայացնող պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ ժողովրդային, հոգեւոր, սենտիքայական եւ տարբեր համադաշնակցութիւններ ներկայացնող այլ պատուիրակութիւններ ուղղուեցան սէուտական դեսպանատուն եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի:
Դիմադրութեան ուղղակի զօրակցող շրջանակներուն համաձայն, Սէուտական Արաբիա Հըզպալլայէն ներում պէտք է հայցէ, նկատի ունենալով, որ զայն ահաբեկչական կազմակերպութիւններու շարքին դասած է:
Նոյն շրջանակին կարծիքով, Սէուտական Արաբիոյ մղած այս պայքարն ու արշաւը Դիմադրութեան գոյութեան վերջ տալ է:
«Կը ցաւինք, որ այս անգամ Դիմադրութեան դէմ նիւթուող ամերիկեան-սիոնական դաւադրութիւնը արաբական ձեռքերով կը կատարուի: Դիմադրութիւնը շրջափակելու փորձերը իբրեւ պատիժ կը ներկայանան` սիոնական գոյացութեան դէմ Դիմադրութեան բանեցուցած ճնշումին», նշեցին այդ շրջանակները` աւելցնելով, որ ներում պէտք է հայցէ ան, ով իր ձեռքը կ՛երկարէ սիոնական պատասխանատուներուն ձեռքը թօթուելու:
Լիբանանի դէմ Սէուտական Արաբիոյ սանձազերծած արշաւէն ընդվզած նոյն շրջանակները հաստատեցին նաեւ, որ արաբը սիոնական գոյացութեան դէմ ընդդիմացողն է, պաղեստինեան դատին, պաղեստինցիին ու պաղեստինեան դիմադրութեան զօրակցողը եւ ոչ թէ` Իսրայէլի հետ գործակցողը:
Կառավարութեան մէջ արձանագրուեցաւ նաեւ այնպիսի տեսակէտ մը, որ Լիբանան Սէուտական Արաբիոյ հաշուոյն չէ սխալած, հետեւաբար ներում հայցելու կացութեան մէջ չի գտնուիր:
Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ռիատի եւ Հըզպալլայի միջեւ այս յարաբերութիւնները հետեւանք են Սէուտական Արաբիոյ արքայական ընտանիքին կողմէ Սուրիան եւ Եմէնը քանդող ամերիկեան-սիոնական դաշինքին մաս կազմելու ախորժակներուն:
Ան դիտել տուաւ, որ վերջերս Լիբանանի հասցէին կատարուած սէուտական շանթաժը ցոյց կու տայ, թէ ուղղակի կապ գոյութիւն ունի Հարիրիի վերադարձին եւ Լիբանանի վրայ բանեցուող ճնշումին միջեւ:
Անոնք կը հաստատեն, որ Հարիրի ստանձնած է Սէուտական Արաբիան բարձրաձայն պաշտպանելու պատասխանատւութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ նախաձեռնած է Ռիատի զօրակցութեան յուշագիրը ստորագրելու արշաւին, ինչպէս նաեւ` Սէուտական Արաբիոյ հագցնելու արաբականութեան պաշտպանի պատմուճանը:
Խորհրդարանական որոշ աղբիւրներ դիտել տուին, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կատարուած իր օժանդակութիւնը ջնջելու քայլը զուտ քաղաքական չէ, այլ` զինուորական: Անոնք նշեցին, որ այդ մէկը կարելի է նշմարել մօտէն հետեւելով շրջանին մէջ Ռիատի քաղաքականութեան:
Անոնք նշած են, թէ Սէուտական Արաբիա ներկայիս իր հողերուն վրայ կը կատարէ «Հիւսիսային ամպրոպ» կոչուող ընդարձակ ռազմափորձեր, որոնց կը մասնակցին աւելի քան 20 արաբ սիւննի պետութիւններ: Այդ ռազմափորձերուն կը մասնակցին 150 հազար զինուորներ, որոնք 150 հազար այլ զինուորներու միանալով` պիտի կազմեն 300 հազար զինուոր հաշուող բանակ մը, որուն պարտականութիւն պիտի տրուի մարտի կիսուն ցամաքային յարձակում մը կատարել Սուրիա` կռուելու համար ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:
Նոյն աղբիւրներուն մեկնաբանութեան համաձայն, Ռիատ անակնկալի մատնուած էր` իմանալով, որ Հըզպալլա տակաւին տիրական ներկայութիւն է Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթային, Ռաս Պաալպեքի եւ Արսալի բարձունքներուն վրայ, մինչդեռ ան կը յուսար, որ այդ շրջանները լիբանանեան բանակին հակակշիռին տակ գտնուէին: Հետեւաբար Սէուտական Արաբիա վճռած էր, որ լիբանանեան բանակին կատարած իր օժանդակութիւնները ապարդիւն դուրս եկած էին:
Խորհրդարանական անկախ շրջանակներ նշեցին նաեւ, որ սէուտական զօրքին Սուրիա մուտք գործելու պարագային, անոնք պիտի գտնուին Հըզպալլայի զինեալներուն դիմաց: Նոյն աղբիւրները աւելցուցին, որ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին օրով Սէուտական Արաբիոյ պատասխանատուները լիբանանցի պետական պաշտօնատարներուն հարցուցած են, թէ ինչո՞ւ բանակը չի գտնուիր Հըզպալլայի մարտիկներուն դիրքերուն վրայ, եւ ստացած են հետեւեալ պատասխանը. «Բանակին կարողութիւնները չեն արտօներ այդ մէկը, ինչպէս նաեւ չեն արտօներ, որ ահաբեկչութեան սպառնալիքը բանակը առանձինն զսպէ»: Այս պատասխանին հիման վրայ թագաւորը որոշած էր օժանդակել բանակին, որ ան կարենայ հսկել լիբանանեան-սուրիական սահմանները, սակայն այդ մէկը եղած էր ապարդիւն:
Խորհրդարանական նոյն աղբիւրներուն համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը այս հանգրուանին որոշած է կասեցնել այդ օժանդակութիւնները, որպէսզի ճնշում բանեցնէ Լիբանանի կառավարութեան վրայ եւ ստիպէ անոր` փակելու Սուրիոյ հետ սահմանը եւ արգիլելու անոր երկայնքին զինեալներուն փոխադրութիւնը:
Վերոնշեալ մեկնաբանութիւններուն կողքին, հարկ է աւելցնել, որ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել բանակին զինումը կասեցնող Սէուտական Արաբիոյ որոշումին մասին իմացաւ անցեալ երկուշաբթի օր:
Դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Փարիզ Մուքպելի փոխանցած է այդ որոշումը, աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիա ֆրանսական ընկերութիւններէն պահանջած է շարունակել Լիբանանի համար պատուիրուած զէնքերուն շինութիւնը, բայց այդ զէնքերը չյանձնել լիբանանեան բանակին, այլ` ուրիշ կողմի մը, որուն ինքնութիւնը օրին չէր ճշդուած, իսկ այժմ յստակ է բոլորին, որ Լիբանանի օժանդակութիւնը պիտի տրամադրուի Սուտանին:
Միւս կողմէ, Ֆրանսա հաստատեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ Լիբանանի պաշտպանութեան, յատկապէս անոր սպառնացող շրջանային տագնապին հետեւանքներէն:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռոման Նատալ նշեց, որ ճիգ պիտի չխնայէ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ երկխօսութիւնը վերսկսելու եւ լիբանանեան բանակին զինումը շարունակելու իմաստով:
Փարիզ, որ կը հետեւի նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն, շաբաթներ առաջ սպրդեցուցած էր լուր մը, որուն շրջագիծին մէջ նշուեցաւ, որ Էլիզէի պալատին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հանդիպումին ընթացքին նախագահական ընտրութիւնը քննարկուած է եւ Հոլլանտ Ռուհանիէն խնդրած է ընդունիլ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը:
Աւելի ուշ, սակայն, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ յայտնեց, որ Թեհրանի համար Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը սէուտական-ֆրանսական խուսանաւում է, հետեւաբար Իրան վերապահութիւն կը յայտնէ Ֆրենժիէի թեկնածութեան առումով:
Ֆրանսական աղբիւրը հաստատեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը Փարիզի համար կարեւոր թղթածրար է, յատկապէս երբ Էլիզէի պալատը փաստած է, որ անիկա իրանեան-սէուտական տագնապին մէկ մասը կը նկատուի:
Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիուկօ Շորթըր հանդիպելէ ետք վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ` յայտնեց, որ Բրիտանիա կը հաւատայ, որ Լիբանանի պետական հաստատութիւնները, որոնց մէջ նաեւ` բանակն ու ապահովութեան ուժերը, հզօր են եւ անոնք հիմքն են Լիբանանի ապահովական կայունութեան:
Շորթըր շեշտեց, որ Լոնտոն պիտի շարունակէ զօրակցիլ լիբանանեան բանակին եւ պետական հաստատութիւններուն, որպէսզի անոնք կարենան պահպանել Լիբանանի գերիշխանութիւնը` ներքին եւ սահմանային իմաստով:
«Մենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք` Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հետ երկխօսութիւնը շարունակելու եւ համոզելու զանոնք, որ շարունակեն լիբանանեան բանակին իրենց օժանդակութիւնը, նկատի ունենալով, որ Լիբանան այս հանգրուանին լուրջ կարիք ունի իր ապահովութիւնը ամրապնդելու», ըսաւ Շորթըր:
Շորթըր ողջունեց վարչապետ Սալամի ջանքերը` լուծելու համար Ծոցի երկիրներուն հետ տագնապը:
Եզրակացնելու համար այս բոլորը` անհրաժեշտ է շեշտել, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ղեկավարութիւնները պէտք է գիտակցութեամբ վարուին ներկայ պայմաններուն հետ` մերժելով Լիբանանի դէմ նիւթուող որեւէ սադրանք կամ դաւադրութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխարգիլել Լիբանանի մէջ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն կրկնութիւնը:
Լիբանանի ապահովական կայունութեան մասին միջազգային յանձնառութեան գոյութեան մասին յայտարարութիւնները բացայայտ են, սակայն, ըստ երեւոյթին, արաբական շրջանակներուն կողմէ այդ յանձնառութիւնը դարձած է խոցելի:
Քաղաքական ուժերը պէտք է նախանձախնդիր մնան կառավարութեան գործունէութեան եւ անոր հետեւողականութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ այդ մթնոլորտին մէջ ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահը:
Լիբանան որեւէ երկրէ եւ պետութենէ աւելի իրազեկ է, որ նման պայմաններու լոյսին տակ պէտք է զգուշանալ քաղաքական լարուածութիւնը սրելէ, ինչպէս նաեւ պէտք է պահպանել լիբանանեան Ազգային երկխօսութիւնն ու քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող միջլիբանանեան խորհրդակցութիւնները: Այս օրերուն, երբ Սէուտական Արաբիա – Հըզպալլա յարաբերութիւններուն լարուածութեան պատճառով յարանուանական տագնապին սրումը հասած է իր գագաթնակէտին, Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան կասեցումը պիտի ըլլայ անձնասպանութիւն:
Օգտագործուած աղբիւրներ`
«Նահար», «Ախպար», «Տիար», «Ժումհուրիա» եւ «Սաֆիր»