ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Նախորդ հազարամեակի ընթացքին իսլամական երկու դրացի պետութիւններու` Պարսկաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ յարաբերութիւնները տատանած են խաղաղ գոյակցութեան եւ բացայայտ պատերազմի միջեւ: Այս երկու պետութիւններու բնակիչները ոչ միայն ազգային եւ լեզուական տարբերութիւններ ունէին, այլեւ բաժնուած էին երկուքի` իրենց իսլամական հաւատքով. պարսիկները շիա էին, իսկ թուրքերը` սիւննի: Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ այս բաժանումները կը շարունակուին մինչեւ այսօր:
Շատ ընթերցողներ ծանօթ են արեւմտեան գրողներու աշխատութիւններուն մէջ հակաթրքական յիշատակումներու, յատկապէս` իրարու յաջորդող հայկական ջարդերէ եւ Ցեղասպանութենէն ետք, օրինակ` ֆրանսացի գրող Վիքթոր Հիւկոյի դատապարտող սա խօսքերը. «Հոսկէ անցած է թուրքը. ամէնուրեք սուգ է եւ աւեր»:
Այսուհանդերձ, միայն քիչերու յայտնի են թուրքերու մասին յիշատակումները պարսկական գրականութեան մէջ: Պարսկահայ Ռուբինա Օհանեան, որ ներկայիս կ՛ապրի Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաքը, լրացուցած է այդ բացը իր` «Թուրք անուան եւ բառի մեկնաբանութիւնը իրանական գրականութեան մէջ» խորագիրը կրող գիրքով: Օհանեան մանրակրկիտ ուսումնասիրած եւ պարսկերէնէ հայերէնի թարգմանած է միջնադարեան քանի մը պարսիկ նշանաւոր բանաստեղծներու տասնեակ տողեր, որոնց ընդմէջէն անոնք արտայայտած էին իրենց խիստ բացասական տպաւորութիւնները թուրքերու մասին` այսպիսով բացայայտելով թուրքերու հանդէպ իրանցիներու հակակրանքի խոր արմատները:
Թուրքերու մասին պարսկական յիշատակումները մեզի հասած են մեծանուն պարսիկ բանաստեղծներ Ֆիրդուսիէն (10-րդ դար) եւ Հաֆեզէն (14-րդ դար): Առաջին անգամ 11-րդ դարուն էր, որ Պարսկաստան ներխուժեցին թրքական ցեղերը, որոնց յաջորդեցին սելճուքները: 13-րդ դարուն մոնկոլները նուաճեցին Իրանը, այնուհետեւ` թուրքմենական ցեղերը, որոնք վերջնականապէս պարտութեան մատնուեցան 1592-ին: Հետագայ դարերու ընթացքին բազմաթիւ պատերազմներ տեղի ունեցան Պարսկաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ:
Օհանեան իր գիրքին մէջ ներկայացուցած է 13 պարսիկ բանաստեղծներու եւ գրողներու մէջբերումները: Մինչ հայերը իրենց ողբերգական սեփական յիշողութիւնները ունին թրքական բռնապետական իշխանութեան կապուած, հետաքրքրական է գիտնալ նաեւ այլ ազգերու մօտ թուրքերու հետ շփումէն յառաջացած նոյն բացասական փորձառութիւնները:
Ահա պարսիկ միջնադարեան բանաստեղծներու որոշ տողեր, զորս պարսկերէնէ հայերէնի թարգմանած է Ռուբինա Օհանեան.
– Ֆիրդուսի (925 – 1020).
«Ոչ ոք թուրքերէ իմաստութիւն ունի,
Ոչ մէկ մարդ թուրքին կը հնազանդի»
– Ասատի Թուսի (11-րդ դար).
«Ոչ ոք երբեք տեսաւ թուրքէն հաւատարմութիւն,
Իրանցիներէն տեսած են միայն հաւատարմութիւն»
– Խաւաջա Ապտուլլահ Անսարի (1006 – 1088).
«Զարմանալի է, թէ թուրքը սէրէն բան հասկնայ,
Քանզի թուրքէն զարմանքը այն է` չթալանէ, չգողնայ»
– Նիզամի (1140 – 1203).
«Արքան անգամ չի գիտեր` հաւատարիմ թուրք չկայ»
– Անուարի (12-րդ դար)
«Քանի դեռ ճամբայ չես անցած ազնուազարմ նժոյգով,
Չերթաս, ճամբան լեցուն է արիւնարբու թուրքերով»
– Խաղանի (1120 – 1190).
«Բարեկամաբար արիւն ըմպելը աւանդոյթ է հին,
Թուրքը արիւնախում է ու չի ճանչնար բարեկամն իր»
– Սաատի (1184 – 1283).
«Այնժամ ղրկեցիր դուն ուսանող մը.
Թուրք, որմէ աւելի գէշը չկայ»
Թուրքերու մասին պարսկական այս նկարագրութիւններէն շատերը այսօր կրնան դիտարկուիլ իբրեւ արմատական, քանի որ անոնք բոլոր թուրքերը միասին անարդարացիօրէն կը պիտակաւորեն միեւնոյն կարծրատիպով: Բոլոր ազգերու մէջ ալ կան լաւ ու վատ մարդիկ: Սակայն իրական խնդիրը թրքական պետութեան բիրտ քաղաքականութիւնն է, որ դաժանօրէն ճնշած է ազգային փոքրամասնութիւններ եւ նուաճած երկիրներ` յանգելով զանգուածային ոճրագործութիւններու եւ ցեղասպանութեան` ընդդէմ արաբներու, հայերու, ասորիներու, կիպրացիներու, յոյներու եւ իրանցիներու…
Արեւելահայերէնի թարգմանութիւնը`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆԻ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ