ՅԱԿՈԲ ՓՈՔՐԱՒՈՐԵԱՆ
Իւրաքանչիւր հայու համար, ըլլայ ան սփիւռքահայ կամ հայաստանցի, յատուկ ուշադրութեան առարկայ կը մնայ հայրենիքը: Ան ոչ մէկ ջանք կը խնայէ իւրաքանչիւր ստեղծուած հնարաւորութենէ օգտուելու եւ մեր դրախտավայր հայրենիքը ծանօթացնելու աշխարհին:
2015 թուականի մարտին երեք սուրիացի հայուհիներ մտայղացումը ունեցան «live-love-world» եւ «live-love-bracelet» միջազգային այս զոյգ ծրագիրները իրականացնել Հայաստանի մէջ: «Live-love-world»-ի նպատակն է համացանցի ամէնէն տարածուած (Ֆէյսպուք, Ինսթակրամ) ծրագիրներու միջոցով ներկայացնել աշխարհի տարբեր երկիրներու պատմամշակութային արժէքներն ու բնաշխարհը, ինչպէս նաեւ` այդ երկրի ժողովուրդին նիստ ու կացը:
Սթեֆանի Սանոսեանի, Սարին Բիւզանդեանի եւ Շաղիկ Ռասթկէլէնեանի նախաձեռնութեամբ սոյն ծրագիրը արդէն ունի 20 հազարէ աւելի համակիրներ: Այստեղ պէտք է նշել, որ Հայաստանը մէկ շաբաթուան ընթացքին ներկայացուեցաւ «live-love-world» միջազգային ծրագիրով:
Իւրաքանչիւր գեղեցիկ ծրագիր առաւել նպատակասլաց կը դառնայ, երբ համալրուի բարեսիրական գործունէութեամբ: Այս մէկուն քաջ գիտակցելով` «Live-love-Armenia»-ն մաս կազմեց «live-love-bracelet»-ին եւ վաճառքի դրուեցան յատուկ պատրաստուած ապարանջաններ, որպէսզի այդ վաճառքէն գոյացած գումարները տրամադրուին բարեսիրական ծրագիրներու:
Նոր տարուան առիթով երեք երիտասարդուհիները որոշեցին ուրախացնել այն մարդիկը, որոնք իսկապէս կարիքը ունին: Երկար ուսումնասիրութիւններէ ետք ընտրուեցաւ Գիւմրիի Ֆրիտիոֆ Նանսենի անունը կրող մանկատունը, ուր կը բնակին 85 հրաշալի մանուկներ ու պատանիներ:
Բոլորին յայտնի է, որ քսանվեց տարի առաջ Գիւմրիի աղէտալի երկրաշարժէն ետք տակաւին այնտեղ կ՛ապրին մարդիկ, որոնք չունին բարեկեցիկ պայմաններ, ինչպէս է պարագան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ: Բարեկեցիկ պայմաններու բացակայութեան կողքին, Գիւմրին ցուրտ կլիմայ ունեցող քաղաք մը ըլլալուն համար ծրագիրին ղեկավարները յարմար տեսան մանկատան երեխաներուն նուիրել բուրդէ պատրաստուած գլխարկներ եւ վզնոցներ, թերեւս այդպէս քիչ մը տաքութիւն ու ջերմութիւն հաղորդած կ՛ըլլան ցուրտէն անկախ ալ դժուար կեանք ունեցող երեխաներուն:
«Live-love-Armenia»-ի խումբը այս ծրագիրով ոչ միայն օգնութեան ձեռք մեկնեց մանկատան երեխաներուն, այլ նաեւ գործ հայթայթեց սուրիահայ ընտանիքներու, որոնք պատերազմի պատճառով տեղափոխուած էին Հայաստան: Միթէ սուրիահայ կնոջ ճարտար ձեռքերէն աւելի յարմարը կա՞յ բուրդէ վզնոցներն ու գլխարկները հիւսելու:
Գլխարկներն ու վզնոցները արդէն պատրաստ էին: Ըստ պայմանաւորուածութեան, խումբը շոգեկառքով մեկնեցաւ Գիւմրի: Ճամբան ծածկուած էր սպիտակով, կարծես երեխաներուն մաքուր ու անմեղ սիրտերը կ՛առաջնորդէին «Live-love-Armenia»-ի խումբը:
Խումբը հասաւ Գիւմրի ու անմիջապէս ուղղուեցաւ մանկատուն: Երեխաներն ու պատասխանատուները շատ ջերմ ու սիրալիր ընդունեցին խումբը, ապա սկիզբ առաւ գեղարուեստական յայտագիրը, որ պատրաստուած էր շնորհալի սաներուն կողմէ, ապա «Live-love-Armenia»-ի անձնակազմը երեխաներուն հետ միասին շատ ուրախ եւ անմոռանալի ժամանակ անցուց: Անոնք միասնաբար երգեցին ու պարեցին ու նշեցին Նոր տարին:
Բոլորը իրենց նուէրները ստանալէ ետք խմբային նկարով մը անմահացուցին այս իւրայատուկ օրը: Խումբը մանկատունէն հեռացաւ գոհունակութեամբ, որովհետեւ անմեղ երեխաներուն դէմքին կրցած էր ժպիտ դրոշմել` միաժամանակ փոքր հասոյթով մը օգտակար դառնալով սուրիահայ ընտանիքներու:
Այժմ «Live-love-Armenia» ծրագիրը «ONE Armenia»-ի հետ միատեղ ձեռնարկած է նոր ծրագիր մը: Անոնք համացանցի միջոցով կազմակերպած են դրամահաւաք մը, որուն հիմնական նպատակն է սահմանամերձ Բաղանիս գիւղի մէջ զարգացնել մեղրի արտադրութիւնը եւ այդ նպատակին իրականացման համար ապահովել պէտք եղած միջոցները:
«Live-love-Armenia»-ն մինչեւ օրս ամբողջ Հայաստանի տարածքին վաճառած է աւելի քան 500 ապարանջաններ: Այստեղ նշենք, որ սոյն ապարանջաններէն փափաքողները կրնան ստանալ Հայաստանի մէջ գտնուող GATSBY ճաշարանէն, իսկ այլ երկիրներու համար հետեւիլ պաշտօնական էջին:
«Live-love-Armenia»-ի խումբը իրականացնելով այս փոքր, սակայն իմաստալից ծրագիրը կը յորդորէ բոլորը, որ մասնակից դառնան անոր ապագայի ծրագիրներուն: Իսկական ուրախութիւնը այն է, երբ երջանկութիւն կը պարգեւես ուրիշներուն: Եկէք` միասին, ձեռք ձեռքի տալով, օգնենք մեր երկրին ու սիրե՛նք Հայաստանը:
Պէյրութ