Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Նշմար. Թրքական Գովազդ Մը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho_022516

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան Պուրսա քաղաքին մէջ ծախու է 300-ամեայ հայկական եկեղեցի մը: Վաճառողները եկեղեցիին համար կը պահանջեն 1,5 միլիոն տոլար: Առուծախով զբաղող թուրք գործակալ մը կը նշէ. «Այն տարածքը, ուր կը գտնուի եկեղեցին, ժամանակին բնակուած եղած է հայերով: Դուն կրնաս ամէն անկիւն զգալ պատմութեան շունչը»` աւելցնելով, որ ոչ ոք համաձայնած է առաջարկուող գինին, «սակայն մենք վաճառողներուն համար պիտի ընենք մեր առաւելագոյնը»:

Ուշադրութեան արժանի առաջին կէտը պահանջուած գումարին թիւն է` 1,5 միլիոնը, որ կը թուի պատահաբար ճշդուած չըլլալ, այլ` ոչ անմեղ ակնարկութիւն մը ըլլալ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն թիւին: Երկրորդ կէտը` առուծախով զբաղող գործակալին կողմէ արտասանուած կամ անոր բերնին մէջ դրուած զգացական մթնոլորտ ստեղծող խօսքերն են, իսկ երրորդը` առաջարկուած գինին առայժմ մերժուած ըլլալուն եւ կիսաքանդ եկեղեցին ծախելու առաւելագոյն ջանքը թափելու վճռակամութեան մասին ակնարկն է: Չորրորդ կարեւոր կէտը` լուրին Թուրքիոյ պետական լրատու գործակալութեան` «Անատոլու»-ի կողմէ հրապարակումն է:

Յստակ է, որ «Անատոլու»-ի կատարածը գովազդ մըն է, որուն թիրախը հայութիւնն է: Կը փոխանցուի այն պատգամը, որ թէեւ առայժմ ոչ ոք պահանջուած գումարին համաձայն գտնուած է, սակայն հայերը պէտք է աճապարեն զայն գնելու, «այլապէս կրնաք կորսնցնել ձեր ազգային կալուածը»: Սակայն ոչ յստակ ու կասկածներ յառաջացնող է այն իրողութիւնը, որ լուրին մէջ անանուն եկեղեցիին կ՛ակնարկուի իբրեւ «եռայարկ շինութիւն»…: Լուրը կարդացողին մտքին մէջ հարցականներ կը յառաջանան նաեւ այդ շինութիւնը հայերուն ծախելու տողատակի «փափաքին» շուրջ: Նպատակը կը թուի Թուրքիոյ մէջ իր կալուածներուն վերատիրանալու հայ ժողովուրդի ձգտումին շահագործումը ըլլալ:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>