Հայ անուանի լեռնագնաց եւ վազորդ Արա Խաչատուրեանը նոյեմբեր 13-ին այցելեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ ծանօթացաւ վարժարանի գործունէութեան եւ տարբեր բաժանմունքներուն:
Այս առիթով Ա. Խաչատուրեանը հանդիպում ունեցաւ Մեսրոպեանի աշակերտութեան հետ եւ անոնց խօսեցաւ լեռնագնացի իր փորձառութիւններուն եւ իրագործած նուաճումներուն մասին: Պատասխանելով աշակերտներու բազմաթիւ հարցումներուն` ան բացատրեց իր մարզական այս իւրայատուկ հետաքրքրութիւններուն տուն տուող պատճառները, որպէս լեռնագնաց եւ վազորդ` իր հետապնդած նպատակները եւ այդ ճամբուն վրայ իր դիմագրաւած ու յաղթահարած արգելքները:
Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստը յայտնեց իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը` վարժարանի յարկին տակ հիւրընկալելու մարդ մը, որ աշակերտներուն համար կրնայ ընկալուիլ որպէս աշխատասիրութեան, կամքի, նպատակասլացութեան եւ հայրենասիրութեան օրինակ: Տնօրէնը վարժարանին անունով յատուկ վահանակ մը շնորհեց հիւրին` հետեւեալ վերտառութեամբ. «Հայ դատի անխոնջ նուիրեալ լեռնագնաց ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻՆ` լուսին հասնելու երազանքի իրականացման մաղթանքով»: Արա Խաչատուրեանը, որ նուաճած է աշխարհի բարձրագոյն գագաթները` Էվերեսթն ու Արարատը` ներառեալ, իսկապէս ունի երազանքը` հասնելու լուսին եւ այնտեղ բարձրացնելու հայկական եռագոյնը: Ան այս տարուան ամրան վազքով Մարսէյէն հասաւ Երեւան` 107 օրուան ընթացքին կտրելով 4450 քմ տարածութիւն` յանուն համաշխարհային խաղաղութեան: