Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

«Ճինիշեան»-ի համայնքային բարգաւաճման Յանձնախումբի Օրինակելի Նախաձեռնութիւնը

$
0
0

«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի համայնքային  բարգաւաճման յանձնախումբի կիները կազմակերպած էին պտոյտ մը, հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2018-ին, դէպի Շուֆ: Այս պտոյտին հասոյթը, ինչպէս նաեւ վիճակահանութեան տոմսերուն շահը անոնք նուիրեցին «Ճինիշեան» հաստատութեան` որպէս օժանդակութիւն կարիքաւոր տարեցներու:

Երեքշաբթի, 20 նոյեմբեր  2018-ին խումբ մը տարեցներ եւ բարգաւաճման յանձնախումբի տիկիններ հաւաքուեցան «Պատկեր» ճաշարանը եւ միասնաբար տօնեցին Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակը: «Ճինիշեան» հաստատութեան ընկերային ծառայողը բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հակիրճ ձեւով պատմեց անկախութեան նախորդող դէպքերուն մասին, եւ ապա բոլորը ոտքի ելլելով եւ  լիբանանեան դրօշակներով երգեցին Լիբանանի քայլերգը:

Յատուկ գեղարուեստական յայտագիր մը գործադրուեցաւ եւ տարեցները երգեցին, ասմունքեցին ու դրուագներ պատմեցին, ինչպէս նաեւ յիշեցին իրենց հայրենակցական պատկանելիութիւնը, մանաւանդ երբ ճաշակեցին Մարաշի աւանդական դդումի ճաշը եւ ծեծածով եղինձը ու երգեցին «Հէյ ջան, ղաբամայ» երգը:

Ձեռնարկի աւարտին տարեցները շնորհակալութիւն յայտնեցին «Ճինիշեան» հաստատութեան, ինչպէս նաեւ` համայնքային  բարգաւաճման յանձնախումբի անդամներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին զիրենք ուրախացնելու:  Ներկաները, յիշատակի նուէրներ ստանալով, մեկնեցան` իրենց հետ տանելով հաճելի օրուան մը յիշատակը, ուր հայկական աւանդութիւններուն կը միանար Լիբանանի անկախութեան տօնը, իսկ «Պատկեր» ճաշարանի հիւրընկալութիւնն ու հայկական մշակոյթի պահպանման աշխատանքը իրենց համար գնահատելի էր  ու քաջալերական:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>