Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀՄԱՄՃԵԱՆ

 Հայաստանի Նախագահը Կը Միանայ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ին` Երեխաներու Ձայնը Լսելի Դարձնելու Համար

Նոյեմբեր 20-ին աշխարհի տարածքին կը նշուի Երեխաներու համաշխարհային օրը, որ նաեւ Երեխայի իրաւունքներու մասին կանոնադրութեան ընդունման եւ երեխաներու առաջին համաշխարհային օրն է: Այս առիթով Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը` կը միանայ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի համաշխարհային նախաձեռնութեան` խօսափողը գոնէ մէկ օրով տրամադրելու երեխաներուն:

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հայաստանեան գրասենեակէն կը յայտնեն, որ 21 նոյեմբերին ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեանց կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին երեխաները խօսեցան զիրենք յուզող հարցերուն մասին եւ քննարկեցին անոնց լուծումները` նախագահին, Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Տանիա Ռաթոչայի, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանի, «Սինոփսիս Արմէնիա» ընկերութեան տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեանի, ինչպէս նաեւ կառավարութեան, սեփական մարզի եւ հասարակական կազմակերպութիւններու այլ ներկայացուցիչներու հետ:

Համաշխարհային նախաձեռնութեան ծիրին մէջ այս շաբաթ աշխարհի զանազան անկիւններու մէջ երեխաները վարեցին զանգուածային լրատուամիջոցներու, քաղաքականութեան, գործարար, մարմնամարզութեան, զուարճանքներու ոլորտի ղեկը` զօրակցելու համար դպրոց չյաճախող, անպաշտպան եւ տեղահանուած միլիոնաւոր իրենց տարեկիցներուն:

Երեխայի իրաւունքներուն մասին կանոնադրութեան ընդունումով աշխարհը երեխաներուն խոստացաւ, որ իր ուժերուն ներածին չափ ամէն ինչ պիտի ընէ, որ պաշտպանէ եւ խրախուսէ երեխաները` կեանքի, զարգանալու, սորվելու, իրենց ամբողջական ներուժին հասնելու եւ իրենց ձայնը լսելի դարձնելու: «Երեխայի իրաւունքներու մասին կանոնադրութեան» պատմութեան մէջ ամէնէն արագ եւ լայնօրէն վաւերացուած մարդու իրաւունքներու մասին փաստաթուղթն է:

Հայաստան 1992-ին վաւերացուցած է «Երեխայի իրաւունքներու մասին կանոնադրութիւն»-ը, իսկ 2019-ին ՄԱԿ-ի` Երեխայի իրաւունքներու կոմիտէին պիտի ներկայացնէ կանոնադրութեան իրականացման վերաբերեալ իր պարբերական զեկոյցը:

 22 Նոյեմբերէն Սկսեալ Հայաստանի Մէջ Շրջանառութեան Մէջ Դրուեցան Նոր Սերունդի Թղթադրամները

Հայկական դրամի 25-ամեակին առիթով, 22 նոյեմբերէն սկսեալ աստիճանաբար շրջանառութեան մէջ կը դրուին երրորդ սերունդի թղթադրամները: «Արմէնփրէս»-ը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը նոր թղթադրամներուն մասին պատմող տեսանիւթ մը տարածած է:

Նոր սերունդի թղթադրամները տպագրուած են բարձրորակ բաղադրային հումքի վրայ, որուն շնորհիւ` թղթադրամները կրնան օգտագործուիլ միջին հաշուով 3-4 անգամ աւելի երկար տարիներ: Նոր սերունդի թղթադրամները իրենց մէջ կը ներառեն այս պահուն գործող լաւագոյն պաշտպանական յատկանիշները:

1000 դրամ անուանական արժէքով թղթադրամին վրայ պատկերուած է Պարոյր Սեւակը, 5 հազար դրամին վրայ` Ուիլիըմ Սարոյեանը, 10 հազար դրամին վրայ` Կոմիտասը, 20 հազար դրամին վրայ` Յովհաննէս Այվազովսկին, 50 հազար դրամին վրայ` Գրիգոր Լուսաւորիչը: Շրջանառութեան մէջ պիտի մտնէ նաեւ նոր` 2000 դրամ անուանական արժէքով թղթադրամը` Տիգրան Պետրոսեանի պատկերով:

Նոր թղթադրամներուն հետ շրջանառութեան մէջ պիտի մնան 10 հազար դրամ անուանական արժէքով Աբգար արքայի պատկերով թղթադրամը եւ այժմ գործող նախորդ սերունդի թղթադրամները, որոնք շրջանառութենէ դուրս կու գան բնական մաշումով:

«Ոչ Մէկ Պատմական Յուշարձան Պիտի Քանդուի Երեւանի Մէջ». Արթուր Մեսչեան

Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեանը իր ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, որ մինչեւ այսօր գլխաւոր ճարտարապետի պաշտօնը կատարուած է քաղաքապետին ճաշակով: «Այսուհետեւ ապօրինի շինարարութեան վերջ պիտի դրուի, օրինականացում պիտի չըլլայ», ըսած է Մեսչեանը:

«Եթէ շինարարական ծրագիրները օրինական ճամբով փորձէք իրականացնել, կը խոստանամ, որ ամէն իմաստով պիտի փորձենք դիւրացնել ձեր կեանքը», ըսած է ան: Մեսչեանը դիտել տուած է, որ ամենակարեւոր աշխատանքներէն մէկը պէտք է ըլլայ այն, որ վերջնականապէս ճշդուի ճարտարապետական հիմնարկին դերն ու պաշտօնը: Անիկա պէտք չէ անձնականանայ, որպէսզի` «եթէ նոյնիսկ ուրիշ ճարտարապետ գայ, ան կարենայ շարունակել նախկինին մշակած աշխատանքը», հաղորդած է «Թերթ»-ը: Մեսչեանը նշած է, որ գլխաւոր ճարտարապետը գործիքակազմ պէտք է ունենայ: Ան աւելցուցած է, որ կարգ մը շինարարական աշխատանքներու ծրագիրներ զարմանք կը պատճառեն, բայց իրենք կը փորձեն լուծումներ գտնել:

Ըստ Մեսչեանին, «Հին Երեւան» նախագիծին մէջ ընդգրկուած ոչ մէկ յուշարձան պիտի քանդուի: «Անհրաժեշտ պիտի ըլլայ փոխել կարգ մը նախագիծներ, որպէսզի այդ շէնքերը պահպանուին: Պատմական յուշարձաններու քանդումի թեման, եկէք, փակուած համարենք», ըսած է ան վստահեցնելով, որ այնքան ատեն որ ինք Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետն է, ոչ մէկ յուշարձան պիտի քանդուի: «Այն սեփականատէրերը, կառուցապատողները, որոնք կը գնեն որեւէ հողատարածք, ուր կը գտնուի որեւէ յուշարձան, անոնք պարտաւոր պիտի ըլլան ֆինանսաւորելու անոր վերակառուցման աշխատանքները: Այս մէկը անպայման պիտի իրագործուի», ընդգծած է ճարտարապետը:

Այս ծիրին մէջ խօսելով Արամի 23 հասցէին վրայ գտնուող Արամ Մանուկեանի տան վիճակին մասին, Ա. Մեսչեան ըսած է, որ շինարարական աշխատանքներուն պատճառով շէնքը արդէն վտանգուած վիճակի մէջ է: Սակայն կայ պատ մը, զոր կարելի է ամրապնդել: «Ժամանակաւոր լուծման տարբերակ առաջարIած ենք` այդ պատը պիտի ամրացուի, եւ երբ որ կառոյցին մէջ գտնուող  մարդիկ կարենան տեղափոխուիլ, մենք ալ պիտի փորձենք վերակառուցման աշխատանքներուն սկսիլ: Ես քանի մը անգամ այցելած եմ տուեալ վայրը եւ տեսած իրավիճակը: Վտանգաւո՞ր է` այո՛, փրկուելի՞ք է` այո՛: Ես կը հաստատեմ, որ այդ կառոյցը պիտի չքանդուի», ըսած է Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետը:

Մեսչեանը նշած է, որ Երեւանի կեդրոնին մէջ կան շինարարութիւններ, որոնք ինք արդէն կասեցուցած է, եւ աշխատանք կը տարուի տրամաբանական լուծումներ գտնելու: «Կը կարծեմ, որ կարելի եղած չափով պիտի պակսեցնեմ այն ցաւը, որ այսօր կը տանջէ մեր բնակիչները, եւ ատկէ անկասկած կը շահի մեր քաղաքը», շեշտած է ան:

Հայկական Յոբելենական 500 Թղթադրամը Արժանացաւ Տարածաշրջանային «Լաւագոյն Թղթադրամ» Տիտղոսին

500 դրամ անուանական արժէքով յոբելենական թղթադրամը միջազգային յաջողութիւն ունեցաւ: Այս մասին Կեդրոնական դրամատան մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին յայտնեց Կեդրոնական դրամատան գլխաւոր քարտուղար Դաւիթ Նահապետեանը: «Այս տարի անիկա արժանացաւ տարածաշրջանային «լաւագոյն թղթադրամ» տիտղոսին: Մենք յոյս ունինք, որ մեր երրորդ սերունդի թղթադրամները եւս մասնագէտներու գնահատականին կ՛արժանանան», ըսաւ Նահապետեանը:

Նշենք, որ «Նոյեան Տապան» հաւաքողական դրամը կամ 500 դրամ անուանական արժէքով յոբելենական թղթադրամը շրջանառութեան մէջ դրուած է 22 նոյեմբեր 2017-ին: Թղթադրամը տպագրուած է Հայպրիտ բարձրորակ բաղադրեալ հումքի հիման վրայ, որ երկու կողմերէն փոլիեսթըրի բարակ շերտով պատուած բամպակէ թուղթ է:

Թղթադրամի երեսին Նոյեան տապանի մասունքի պահարանի եւ Էջմիածինի վանքի պատկերներն են, յետին մասին վրայ կ՛երեւի Արարատ լեռը:

Դարձերեսին` Նոյի ու անոր ընտանիքի անդամներուն, իսկ անոնց աջ ու ձախ կողմերը տարբեր անասուններու եւ թռչուններու պատկերներն են` Արարատ լերան համապատկերին վրայ:

Նիկոլ Փաշինեանը Այցելեց ՓիքսԱրթ-ի Գրասենեակ

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը վերջերս այցելեց ՓիքսԱրթ ընկերութեան հայաստանեան գրասենեակ:

ՓիքսԱրթ-ը լուսանկարներու խմբագրման համար նախատեսուած յաւելուած է, զոր ստեղծած են հայ ծրագրաւորողներ:

Նիկոլ Փաշինեանը ծանօթացաւ ՓիքսԱրթ-ի գործունէութեան, աշխատանքային պայմաններուն եւ ընդլայնման ծրագիրներուն:

Հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Միքայէլ Վարդանեանը եւ արհեստագիտութեան բաժինի գլխաւոր տնօրէն Արտաւազդ Մեհրապեանը նշեցին, որ ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ ունի 320 աշխատակիցներ` տեղեկատուական արհեստագիտութեան, ծրագիրներու կառավարման եւ ձեւաւորման ոլորտներու մասնագէտներ:

Ընկերութեան ղեկավարութեան հետ խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառի զարգացման եւ ՓիքսԱրթ-ի հետագայ ընդլայնման վերաբերող հարցեր:

ՀՕՄՀայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոնին Ինքնաշարժ Նուիրած Է

Հայ օգնութեան միութեան Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը եւ վիրաւոր զինծառայողներու աջակցութեան յանձնախումբը այցելած են Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոն: Հայ օգնութեան միութեան նուիրատուութեամբ, Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնը արդէն ունի ինքնաշարժ, որ կը տեղափոխէ զինհաշմանդամները:

Եթէ առաջ թաքսի ծառայութիւնները կը հրաժարէին սայլակները տեղափոխել, այժմ արդէն այդ խնդիրը չկայ: Ինքնաշարժը ո՛չ միայն կեդրոն եւ բնակութեան վայր կամ տուն կը տեղափոխէ տղաները, այլեւ` աշխատանքի:

ՀՕՄ-ի աջակցութեամբ վերանորոգուած է նաեւ կեդրոնի 3-րդ յարկն ու ամբողջութեամբ կահաւորուած: Տեղադրուած է հակահրդեհային ահազանգման եւ ջեռուցման համակարգ, ինչպէս նաեւ` բուժքրոջ կանչի եւ տեսահսկման համակարգ: Առկայ են բժշկական մահճակալներ եւ այլ պարագաներ:

Մեկնարկած Է «100 Գաղափար Հայաստանի Համար-2018» Համահայկական Երիտասարդական Մրցոյթը

Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ համահայկական երիտասարդական մրցոյթ` «100 գաղափար Հայաստանի համար» խորագրով:

Նշենք, որ մրցոյթին կրնան մասնակցիլ Հայաստանի եւ սփիւռքի 16-35 տարեկան երիտասարդներ կամ հեղինակային խումբեր:

Մրցոյթին նպատակն է` զարգացնել երիտասարդներու նորարարական մտածողութիւնը, ներգրաւել երիտասարդները Հայաստանի ընկերատնտեսական զարգացման հարցերու լուծման գործընթացներուն, խթանել գիտական եւ արհեստագիտական մշակումները եւ նորարարական նախագիծեր իրականացնելու քաղաքացիական նախաձեռնութիւնները:

Հանդիպումներ` Վազգէնաշէն, Միւրիշէն Եւ Աւդուռ Համայնքներու Մէջ

Նոյեմբեր 8-ին մեծամասնական ընտրակարգով ընտրուած պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանը հանդիպումներ ունեցած է Վազգէնաշէն, Միւրիշէն եւ Աւդուռ համայնքներուն մէջ:

Հանդիպումներուն ընթացքին պատգամաւորը ընտրողներուն ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ Դաշնակցութիւն խմբակցութեան կատարած աշխատանքները օրէնսդրական դաշտին, միջխորհրդարանական կապերու ամրապնդման ոլորտին, ինչպէս նաեւ Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացին մէջ ՀՅԴ ծաւալած աշխատանքները:

Դաւիթ Իշխանեանը  հանդիպումը կարեւոր նկատած է այն առումով, որ կը մօտենայ 2019 թուականի պետական պիւտճէի քննարկումը  Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ, եւ պէտք է օգտագործել համայնքներուն մէջ առկայ կարեւոր խնդիրները պիւտճէին մէջ արտացոլացնելու հնարաւորութիւնները:

Համայնքներու բնակիչներուն կողմէ բարձրացուած  խնդիրներէն էր խմելու ջուրի եւ ոռոգման համակարգի ապահովման հարցը, հարաւ-Աւդուռ-Միւրիշէն ճանապարհի բարեկարգումը, «ԱրցախԷներկօ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան կողմէ հոսանքի ոչ բաւարար մատակարարումը, երիտասարդ ընտանիքներու բնակարանային ապահովումը, արցախեան պատերազմի ժամանակ հրետակոծութեան պատճառով վնասուած տուներու վերանորոգման հարցերը:

Բնակիչներուն կողմէ յատուկ ահազանգ  հնչեցուած է «ԱրցախԿազ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան կողմէ բնակչութեան ներտնային եւ բազմաբնակարան շէնքերու մէջ սպասարկման ծառայութեան վճար սահմանելու մասին կայացուած որոշումը:

Բարձրացուած շարք մը հարցերուն պատգամաւորը տեղւոյն վրայ տուած է սպառիչ պատասխաններ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>