Խրիմեան Հայրիկի Պատրիարքական
Ուխտն Ու Երդումը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Կոստանդնուպոլսոյ հայոց ընտրեալ պատրիարք Մկրտիչ եպիսկոպոս Խրիմեան, որ 6 նոյեմբեր 1869-ին Պոլիս ցամաք ելած էր, փառաւոր դիմաւորութեան եւ ընդունելութեան արժանացաւ:
Ծովափին, ծովածաւալ ժողովուրդին կողմէ դիմաւորութեան արարողութենէն ետք Խրիմեան Հայրիկ առաջնորդուեցաւ իրեն յատկացուած շքեղ ձիակառքը, եւ շքախումբը ճամբայ ելաւ դէպի պատրիարքարան: Եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ ձիեր նստած կ՛առաջնորդէին ազգընտիր պատրիարքը: Կառքին ետեւէն կու գային հայ եւ օտար ներկայացուցիչներ եւ տասնեակ հազարաւոր ժողովուրդ:
Պատրիարքարան հասնելով շքերթը ուղղուեցաւ Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցի, որ արդէն լեցուած էր խուռներամ բազմութեամբ:
Կանոնական աղօթքէն ետք լուսարարը եպիսկոպոսական շքեղ ասան մատուցեց նոր պատրիարքին եւ փառահեղ գահը մօտը զետեղեց:
Խրիմեան Հայրիկ մերժեց գահն ու ասան եւ ըսաւ.
«Սիրելի ժողովուրդ հայոց. պատրիարքութիւնը յանձն առնելով կը զգամ, որ ծանր լուծի մը տակ կը գտնուիմ. Մշոյ դաշտէն մինչեւ Կարին, Տրապիզոն եւ Պոլիս, ամէն տեղ ովսաննաներով դիմաւորեցիք զիս եւ բերիք պատրիարքարան: Այս գահ եւ գաւազան խախուտ են, վասնզի վաղը երբ պաշտօնիս պահանջման համեմատ սկսիմ զեղծումներ բարեկարգել, ամէն կողմէ պիտի աղաղակեն` ի խա՛չ հան զդա, ի խա՛չ հան զդա, եւ տապալեն զիս: Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի. ժողովուրդին ովսաննաները վայելող, անոր խաչէն ու դատէն վախնալու չէ»:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք Խրիմեան Հայրիկ պատրիարքարանի դահլիճը առաջնորդուեցաւ: Կրօնական եւ Քաղաքական խառն ժողովի անդամները, Գրիգոր Օտեանի գլխաւորութեամբ, նոր պատրիարքին հետ առանձին հանդիպում մը ունեցան:
Յաջորդ օր, նոյեմբեր 7-ին սուլթան Ապտիւլ Ազիզ հրաւիրակ ուղարկեց պատրիարքարան, որուն ուղեկցութեամբ Խրիմեան Հայրիկ պաշտօնական շքախումբով մը առաջնորդուեցաւ պալատ:
Սուլթան Ազիզի կողմէ հանդիսաւոր ընդունելութեան ընթացքին, նոր պատրիարքը, աւանդական կարգին համաձայն, իր ուղերձը կարդաց հայերէն (Խրիմեան Հայրիկ օտար լեզու չէր գիտեր), որմէ ետք ուղերձին թրքերէն թարգմանութիւնը մատուցեց սուլթանին: Արքային եւ պատրիարքին միջեւ խօսակցութեան ընթացքին թարգմանի դեր ստանձնեց Ներսէս եպիսկոպոս Վարժապետեան:
Նոր պատրիարքը սուլթանին տրամադրած չորս ձիանի արքայական կառքով վերադարձաւ պատրիարքարան:
***
Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան աթոռանիստ Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ 12 նոյեմբեր 1869-ին գումարուեցաւ Ազգային երեսփոխանական ժողովը: Եկեղեցին խուռներամ բազմութեամբ լեցուած էր:
Խրիմեան Հայրիկ եկեղեցական հանդիսաւոր թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցի, աղօթեց եւ դէպի ժողովուրդը դառնալով ըսաւ.
«Երեսփոխա՛նք եւ ժողովո՛ւրդ հայոց, դուք զիս բազում դժուարութեամբ պատրիարքական գահը բարձրացուցիք: Ի՞նչ է պատճառը, որ սահմանադրութիւնը ուխտի բեռը միայն պատրիարքի կռնակը դրած է եւ երեսփոխանք ազատ են անկից»:
Խրիմեան Հայրիկ պահանջեց, որ Ազգային ժողովի երեսփոխաններն ալ իր հետ երդում ընեն: Ժողովականները ըսին, որ «Ըստ սահմանադրութեան միայն պատրիարքը պարտաւոր է ուխտել»: Ազգային ժողովի ատենապետը հարցուց. «Արդեօք ամենապատիւ սրբազան պատրիարք հայրը պատրաստա՞ծ է իւր ուխտի ձեւը»:
Հայրիկ պատասխանեց ըսելով.
«Ես ուխտ պատրաստելու պէտք չունիմ. քարոզներս անգամ անգիր կու տամ: Ես արդէն այդ ուխտ ըրեր եմ Հայաստանի մէջ, Մշոյ դաշտին մէջ, իմ մերկ ու բոկոտն զաւակաց առջեւ, իմ հարստահարեալ ժողովրդեանս քով: Ես ուխտ կ՛ընեմ ազգին ծառայելու, դուք ալ հետս պէտք է ուխտ ընէք: Մշոյ դաշտի եւ Վանայ ժողովուրդը իր վիճակի թեթեւացումը կը սպասէ, ես խոստացած եմ անոր, պէտք է աշխատինք. դո՛ւք ալ ուխտեցէք գործակցիլ ինձ: Իմ վրաս Պոլսոյ պատրիարքի պէս մի՛ նայիք: Ես Հայաստանի ցաւոց պատկերն եմ: Չը գիտեմ, թէ իմ նախորդքս ի՞նչ կերպով միջնորդած են տէրութեան` այս ցաւոց դարման խնդրելու համար, բայց ես ազդու միջնորդութիւն պիտի ընեմ»:
Այնուհետեւ պատրիարքը կատարեց հանդիսաւոր իր ուխտը, երդում ընելով հաւատարիմ մնալ «Հայաստանեաց Սուրբ եկեղեցւոյն դաւանութեան, աւանդութեանց եւ սրբազան կանոնաց, Ազգային սահմանադրութեան ոգոյն եւ սկզբանց, եւ օսմանեան բարեխնամ տէրութեան, որուն մեր ազգը դարաւոր հաւատարիմ գտնուած է եւ որուն շահը նոյն է մեր ազգին շահուն հետ»:
Ժողովը փակուեցաւ երկարատեւ ծափահարութիւններով, որմէ ետք Խրիմեան Հայրիկ առաջնորդուեցաւ պատրիարքարանի դահլիճը եւ բազմեցաւ գահին վրայ:
Նոյն պահուն պանդուխտ վանեցիներու պատգամաւորութիւն մը ներկայացաւ Հայրիկի եւ թանկագին վերարկու մը նուիրեց անոր:
Խրիմեան Հայրիկի գահակալութեան առիթով Պետրոս Դուրեան «Հայրիկ» խորագիրով բանաստեղծութիւն մը գրեց եւ ուղարկեց պատրիարքարան: Խրիմեան Հայրիկ ուզեց տեսնել եւ ճանչնալ բանաստեղծը, բայց Պետրոս ամչնալով չգնաց:
***
Իր գահակալութենէն ետք Խրիմեան Հայրիկ այցելութեան գնաց մեծ վեզիր Ալի փաշային: Նոյն օրը հայ էֆէնտի մը այցելեց մեծ վեզիրին: Ալի փաշա էֆէնտիին փոխանցեց նոր պատրիարքին իրեն այցելութեան լուրը: Էֆէնտին ըսաւ. «Կը ցաւիմ, որ նոր պատրիարքնիս տերվիշ մէկն է, բոլորովին անտեղեակ քաղաքավարութեան»:
Ալի փաշա պատասխանեց ըսելով. «Ընդհակառակը. մինչեւ հիմա իմ տեսած պատրիարքներուն մէջ ան ամէնէն քաղաքավարն է, եւ անոր խօսքերէն նկատեցի որ շատ փորձուած եւ խելացի մարդ է: Ձեր խօսքերէն կ՛երեւի, որ այդ եպիսկոպոսը ամէն մարդու հետ անոր համեմատ գիտէ վարուիլ. անքաղաքավար մարդոց հետ շատ ալ քաղաքավարական փափկութիւն չի բանեցներ, իսկ քաղաքավար մարդոց հետ տեսնուած ժամանակ գիտէ քաղաքավարական բոլոր փափկութեամբ վարուիլ»:
***
Ազգային ժողովը գրեթէ կազմալուծուած վիճակ մը կը ներկայացնէր եւ պատրիարքարանի վարչական մեքենան ամբողջովին խանգարուած էր:
Խրիմեան Հայրիկ Ազգային ժողովէն պահանջեց մասնակի եւ անհատական հարցերը մէկ կողմ դնել եւ ազգին ընդհանուր եւ ներքին խնդիրներու վրայ կեդրոնանալ:
Ազգային ժողովը իր 13 յունուար 1870-ի նիստին պատրիարքին իրաւասութիւն տուաւ վեցական անդամներով Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներ կազմել եւ անոնց հետ միասին տնօրինել ազգային գործերը:
Ազգային նոր խառն ժողովը ընտրուեցաւ 20 փետրուար 1870-ին եւ կազմուեցան վեցական անդամներէ բաղկացած Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներ:
Խրիմեան Հայրիկ Ազգային ժողովին ներկայացուց Ազգային սահմանադրութեան վերաքննութեան հարցը եւ արծարծեց շարք մը կենսական խնդիրներ, որոնց համաձայն կը նախատեսուէր` Ա) Ազգային վարչութիւնը հանրային դրութեան վերածել: Բ) Ազգային պաշտօնէութեան եւ կառավարութեան յարաբերութիւնը օգտակար եւ օրինական հիմերու վրայ դնել: Գ) Սահմանադրութեան ընտրողական սկզբունքը չարաչար չգործածուելու համար` ապահով եւ կարեւոր ձեւեր որոշել: Դ) Ազգային տուրքը կանոնաւորել եւ ընդարձակել: Ե) Ազգային պաշտօնէութեան հաշուետուութիւնը պարտաւորիչ դարձնել: Զ) Հոգեւորականներու անկերպարան ընթացքը կանոնաւորել: Է) Առաջնորդական պաշտօնավարութեանց մէջ հաշուետուութիւն հաստատել: Ը) Վանքերու եւ եկեղեցիներու կալուածներու եկամուտներն ապահովել եւ ժողովուրդի կրթութեան ու բարոյական օգտին ծառայեցնել: Թ) Հայաստանեայց եկեղեցւոյ անկախութիւնը պահպանել եւ կրօնափոխութեան առաջքը առնել: Ժ) Ազգի մէջ ուսում եւ կրթութիւն տարածելու համար նոր եւ ազդու միջոցներու դիմել: ԺԱ) Ազգային դաստիարակութեան համար դրամագլուխ հաստատել: ԺԲ) Տարրական կրթութիւն տարածել եւ քանի մը հատ կեդրոնական եւ բարձրագոյն դպրոցներ հաստատել Հայաստանի մէջ: ԺԳ) Հայոց ազգային ընտանեկան, ամուսնական եւ բարոյական կապերն ամրապնդել, պանդխտութեան եւ գաղթականութեան առաջքն առնել: Ազգը հանրային ընտանիք մը կազմելու դրութեան վերածել, ազգային եւ անհատական իրաւունքներն պաշտպանել, որով եւ ազգի ամբողջութիւնն ապահովել: ԺԴ) Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող բռնութիւններն ու ոճիրները, արհաւիրքներն ու տառապանքները բառնալու համար բարեխնամ տէրութենէն աւելի զօրաւոր միջոցներ խնդրել:
Խրիմեան Հայրիկ աշխատեցաւ Ազգային սահմանադրութիւնը վերատեսութեան ենթարկել եւ գաւառաբնակ ժողովուրդի ներկայացուցչութիւնը աւելի ազդեցիկ դարձնել, այն հիմնաւորումով որ ազգային 120 երեսփոխաններուն 80-ը կ՛ընտրուէին Պոլիսէն, 40-ը` գաւառներէն, մինչդեռ հայութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը գաւառաբնակ զանգուածն էր:
Ազգային ժողովին գործունէութիւնը գլխաւորաբար Պոլսոյ եւ շրջակայքին մէջ կեդրոնացած էր, մինչ գաւառները անտեսուած կը մնային: Խրիմեան Հայրիկ այժմէական դարձուց գաւառի ցաւերը եւ Ազգային ժողովի ուշադրութիւնը կեդրոնացուց տանջուած, տառապած ու հարստահարուած ժողովուրդին վրայ: Ան իր գործունէութեան նշանաբան դարձուց «կեանքի, պատուոյ ու ինչքի ապահովութիւնը գաւառներուն մէջ»:
Օրմանեան կը գրէ. «Խրիմեանի մտքին մէջ սեւեռեալ գաղափար մըն էր գաւառացւոց կացութեան բարելաւութիւնը եւ բարեկարգութիւնը, մինչեւ իսկ համարձակ կրնանք ըսել, թէ այդ նպատակով միայն պատրիարքութեան լուծին ներքեւ մտնել յանձնառու եղած էր ինքն, որ ազատ եւ անբռնադատ գործիչի տիպարն էր եղած, եւ անկէ շեղելու ալ երբեք կամք չէր ունեցած: Գրեթէ ամէն ժողովական գումարմանց մէջ նա առիթ մը կը ստեղծէր այդ խնդիրը յուզելու, եւ փաղաշուք եւ սրտաճմլիկ խօսքերով յիշեցնելու, թէ երբ ժողովականք պարապ վէճերով ատեն կ՛անցունեն, անդին իրենց եղբայրները տառապանաց ներքեւ ճնշուած իրենցմէ օգնութիւն կը սպասեն, եւ թէ ինքն ալ այդ խոստումով մեկնած էր անոնց մէջէն»:
***
Խրիմեան Հայրիկ իր գործունէութիւնը կեդրոնացուցած էր ժողովուրդի ծառայութեան սկզբունքին վրայ: Ան յաճախ պատրիարքարանէն հետիոտն եւ առանձին ճամբայ կ՛ելլէր, կը շրջէր թաղէ թաղ, կ՛այցելէր չքաւոր ու համեստ, բարեկեցիկ ու հարուստ ընտանիքներու տուները եւ բոլորին վիճակով կը հետաքրքրուէր: Եկեղեցիէ եկեղեցի կ՛երթար, կը մասնակցէր ժամերգութիւններուն եւ հանդիպումներ կ՛ունենար ժամուորներուն հետ: Կ՛այցելէր խաները, խեղճուկ նկուղներու մէջ ապրող գաւառացի պանդուխտներուն, անոնց կեղտոտ ու ոջլոտ անկողիններուն վրայ կը նստէր եւ ժամերով կը զրուցէր եւ անոնց համար նամակներ կը գրէր: Ան հարուստներէ եւ բարեկեցիկներէ դրամ կը հաւաքէր եւ կարիքաւորներուն կ՛օժանդակէր: Իր հանգանակած գումարներով ան պատրիարքարանին եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին պարտքերը փակեց:
Գաւառներէն Պոլիս ժամանած պանդուխտները շատ անգամ գիշերելու տեղ չէին ունենար եւ դուրսը կը մնային: Խրիմեան Հայրիկ պատրիարքարանի միջանցքներուն մէջ գիշերելու համար անոնց տեղ տրամադրեց:
Ազգային ժողովի անդամներ, դժգոհ մնալով պատրիարքարանը խանի վերածելու Հայրիկի ընթացքէն, դիմեցին անոր, որպէսզի անպատսպար տղաքը պատրիարքարանէն դուրս դրուին: Հայրիկ յուզուած պատասխանեց.
– Պատրիարքարանը ազգին տունն է. ամէն հայ իրաւունք ունի անոր վրայ: Դո՛ւք, էֆէնտիներդ եւ հարուստներդ, որ կը վայելէք պատրիարքարանի դահլիճները, դուք ինչո՞ւ չէք հանդուրժեր, որ անտուն եւ թշուառ պանդուխտները մէկ երկու գիշեր այս միջանցքներուն մէջ հանգստանան: Ա՞յս է ձեր եղբայրսիրութիւնը, ա՞յս է ձեր ազգասիրութիւնը, որոնց մասին մեծ մեծ կը բարբառէք ժողովներուն մէջ»:
Ժողովականները, դժգոհ մնալով Հայրիկի պատասխանէն, սկսան խօսքեր տարածել, ըսելով որ պատրիարքը Պոլիսը մոռացութեան տալով Հայաստանով կը զբաղի:
***
Գաւառներէն բռնութեանց, հարստահարութիւններու, սպանութիւններու, բռնաբարումներու, բռնի կրօնափոխութեան եւ անվերջ տառապանքներու սրտաճմլիկ լուրեր կը հասնէին պատրիարքարան:
Խնուսի մէջ քիւրտերը փախցուցած էին հայոց քահանային աղջիկը, բռնաբարած եւ փրկագին առնելէ ետք վերադարձուցած: Ալաշկերտի մէջ քիւրտերը մտած էին Սուրբ Յովհաննու վանք, կողոպտած էին եւ վանահայրն ալ գլխատած: Նորդուզի գիւղերուն մէջ կրաւցի քիւրտերը հայոց կիներն ու աղջիկները կը պահանջէին, կամ ալ անոնց փոխարէն` փրկագին: Մամտրանք եւ Սպարկերտ գաւառներուն մէջ քիւրտերը կը յարձակէին հայ գիւղերուն վրայ եւ կը ստիպէին գիւղացիներուն որ գաղթեն. յետոյ կը թալանէին եւ կը հրդեհէին անոնց տուները: Կեսարիոյ մէջ թուրքերն ու չէրքէզները սանձարձակ կերպով ոճիրներ եւ բռնութիւններ կը գործէին: Մշոյ դաշտին մէջ աւազակներ ազատ ու համարձակ կերպով կը կողոպտէին հայոց ինչքերը: Աբաղայի դաշտին մէջ հայտարանցի քիւրտերը բռնութեամբ եւ ձրիաբար կը բանեցնէին Նորդուզէն գաղթած հայ գիւղացիները: Աղբակի մէջ շէյխ Ջելալետտին հայ գիւղերու եկեղեցիները կողոպտած եւ դուռներն ալ աղբով ծեփել տուած էր: Ռշտունիքի մէջ Գուլի Խան բէկ հայ գիւղացիներէն հողային ծանր հարկեր կը վերցնէր: Խիզանի գիւղերուն մէջ քիւրտ բարբարոսներ անլուր ոճիրներ եւ չարիքներ կը գործէին:
Գաւառներէն Պոլիս հասնող պանդուխտները արձագանգ կը հանդիսանային անվերջանալի զուլումներուն: Խրիմեան Հայրիկ պանդուխտներուն թելադրեց իրեն միանալ եւ ժողովրդական հանրագրութիւններ պատրաստել: