Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Հայկ Պետրոսեան. «Ազնաւուրը Ո՛չ Միայն Երգ Է, Ո՛չ Միայն Արուեստ Է, Այլ Հայութեան Դրօշն Է»

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Լիբանանահայ մշակութասէր զանգուածը 15 – 16 նոյեմբերին բախտաւորութիւնը ունեցաւ ունկնդրելու իր տեսակին մէջ ինքնուրոյն «Քեզի համար, Ազնաւո՛ւր» ձօն – համերգը` կազմակերպութեամբ Լիբանանի պետական երաժշտանոցին եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան: Այս ձօն – երեկոյին ընթացքին, երկու լիբանանցի մենակատարներու կողքին, իւրայատուկ եւ բարձրորակ կատարողութեամբ հանդէս եկաւ վաստակաւոր արուեստագէտ Հայկ Պետրոսեանը, որ ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ընկերակցութեամբ (ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանին) պանծացուց համաշխարհային երգիչ Շարլ Ազնաւուրի երգերն ու յիշատակը: Լիբանանահայ արուեստասէրներուն Հայկ Պետրոսեանը աւելի մօտէն ծանօթացնելու` եւ անոր` իբրեւ արուեստագէտի ունեցած արժէքին վրայ լոյս սփռելու առումով, հարցազրոյց մը ունեցանք իրեն հետ` ծանօթացնելու համար այս տաղանդաւոր արուեստագէտի կեանքն ու գործունէութիւնը:

Հայկ Պետրոսեանին հակիրճ կենսագրականը

Հայկ Պետրոսեանը ծնած է 1987-ին, Երեւան: Զաւակն է վաստակաւոր դերասան Վարդան Պետրոսեանի: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Յովհաննէս Իսակովի միջնակարգ դպրոցին մէջ: 2001-ին տեղափոխուած է Փարիզ եւ ուսումը շարունակած` Ժան – Ժաք Ռուսոյի լիսէին մէջ: 2009-ին աւարտած է Փարիզի Ռ. Կրոսի անուան բարձրագոյն կրթական համալիրը: 2011-ին աւարտած է Երեւանի Եւրոպական տարածաշրջանային ակադեմիայի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքը:

Ինքնաշխատութեամբ տիրապետած է կիթառին եւ դաշնամուրին: 2008-ին նկարահանուած է «Յաջողակները» ժապաւէնին մէջ: 2009 թուականին մասնակցած է «Շանթ» հեռուստաընկերութեան «Հայ սուփըրսթար» նախագիծին: 2010-ին հանդէս եկած է հեղինակային մենաներկայացումով, որ կոչուած է «Հայկա-սթրես»: 2016-ին «Կեանք ու կռիւ» ժապաւէնին մէջ հանդէս եկած է Լեւոնի դերով: Նոյն տարին նաեւ ներկայացուցած է «Եթէ ես պապա լինէի» թատրոնը: Իսկ 2017-ին նկարահանուած է «Արմենիա» պատկերասփիւռի կայանի «Ֆուլ հաուս» (սիթքոմ) ծրագիրին մէջ: Նոյն տարին նաեւ հանդէս եկած է ՀԱՅԿական նոր տարի համերգ – ներկայացումով:

Հայկ Պետրոսեանը մեծահամբաւ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի երկրպագուներէն մէկն է: Ան Երեւանի մէջ Շարլ Ազնաւուրի ներկայութեամբ երգած է իր երգերէն քանի մը հատ եւ արժանի գնահատանք ստացած առասպել Ազնաւուրէն:

Ստորեւ հարցազրոյցը.

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Լիբանանի երաժշտասէր հասարակութիւնը վերջերս ականատես դարձաւ «Քեզի համար, Ազնաւո՛ւր» ձօն – համերգի ելոյթին ընթացքին ձեր` իբրեւ գլխաւոր մենակատարի ներկայացման: Կրնա՞ք հակիրճ բացատրութիւն տալ, թէ երգարուեստի մէջ ձեր մղումը ուրկէ՞ ստացած էք:

ՀԱՅԿ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ.- Մենք երեք մենակատարներ էինք: Իւրաքանչիւրս չորս երգով հանդէս եկանք: Շատ ուրախ եմ, որ այս ելոյթին կը մասնակցիմ, հանդիսատեսները ջերմ էին ու հետաքրքիր, ուշադիր լսելու ունակութեամբ: Իմ սէրս դէպի երգարուեստ սկսած է մօրմէս: Անկեղծօրէն ըսեմ, որ ես մեծցած եմ այնպիսի ընտանիքի մը մէջ, ուր երգը, պարը, արուեստը շատ գնահատուած են: Մտաւորական ընտանիքի մէջ ծնած եւ մեծցած եմ:  Մայրս տան մէջ մտիկ կ՛ընէր յայտնի երգիչներու երգերը  եւ միասին կ՛երգէինք ու կը պարէինք: Այդտեղէն իմ մէջս ներարկուեցաւ երաժշտութեան հանդէպ իմ սէրս:

Հ.- Կը կարծէ՞ք, որ կարգ մը ազդակներ, ինչպէս` ձեր Ֆրանսա ժամանակաւոր տեղափոխուիլը եւ ձեր հօր վաստակաւոր դերասանի հանգամանքը, խթան հանդիսացան երգարուեստի եւ թատրոնի մարզին մէջ ընդգրկուելու:

Հ. Պ.- Ֆրանսայի մէջ իմ ուսանողութեանս տարիներուն, երբ ես հոն ապրեցայ եւ սորվեցայ, աշխատեցայ, ինծի շատ օգտակար հանդիսացաւ, որովհետեւ նախ ֆրանսական մեծ մշակոյթին կը ծանօթանաս, լեզուն կը սորվիս, թանգարաններ, ցուցասրահներ, ներկայացումներ: Այս բոլորը շատ կը հարստացնեն քու ներաշխարհդ: Ինչ կը վերաբերի թատերական աշխարհ մտնելու եւ Վարդան Պետրոսեանի զաւակ ըլլալու փաստին, ո՛չ առանձնայատուկ օգնած է, ո՛չ ալ խանգարած, այլ շատ պարտաւորեցուցած է: Անիկա շատ մեծ պատասխանատուութիւն է, երբ դուն ոչ միայն գործդ լաւ պէտք է կատարես, այլ դուն քու հօրդ անունը բարձր պէտք է պահես, որովհետեւ հայրս` Վարդան Պետրոսեանը շատ վաստակաւոր արուեստագէտ է եւ ամէն մէկ քայլ առնելուս եւ խօսք ըսելուս մէկի տեղ տասն անգամ կը մտածեմ:

Հ.- «Շանթ» հեռուստաընկերութեան «Արենա» յայտագիրի  ընթացքին դուք ներկայացուցիք երաժշտական տարբեր ժանրերու` ճազ, էսդրատային, դասական երգեր: Այս տարբեր ժանրերու միաձուլումը ինչպէ՞ս կը համադրէք:

Հ. Պ.- Ես այսպիսի մօտեցում մը ունիմ` երաժշտութեան հետ կապուած: Ինծի համար չկայ լաւ եւ վատ ոճ, կայ լաւ եւ վատ երգ, որովհետեւ իւրաքանչիւր ոճի մէջ կարելի է գտնել շատ գեղեցիկ ստեղծագործութիւններ: Քանի մը հատը ես շատ կը սիրեմ, ինչպէս` ճազը, հին հայկական ֆոլքլորային երգեր, Ազնաւուրի երգերը, նաեւ իմ երգերս կը գրեմ: Այսպէս կը փորձեմ համերգի մէջ ամէն, ինչ որ կը սիրեմ,  կը փորձեմ հարթ միաձուլել:

Հ.- Ինքնաշխատութեամբ տիրապետած էք կիթառին եւ դաշնամուրին: 2009-ին մասնակցած էք «Շանթ» հեռուստաընկերութեան «Հայ սուփըրսթար» նախագիծին անձնական դրդապատճառներով: Արդեօք կարելի՞ է գիտնալ այդ դրդապատճառները:

Հ. Պ.- Կիթառին եւ դաշնամուրին կը տիրապետեմ սիրողական մակարդակի վրայ, ոչ մասնագիտական: Կը փորձեմ խորացնել գիտելիքներս: Ինչ կը վերաբերի դրդապատճառներուն, անոնք սիրային հարցեր են: Այդ ժամանակ ես տասնինն – քսան տարեկան էի` փոթորկող ներաշխարհով: Որոշեցի երթալ եւ մասնակցիլ «Հայ սուփըրսթար» նախագիծին, ձեւով մը ցոյց տալ իմ տաղանդս: Բայց չէի ենթադրեր, որ այսպէս, չակերտաւոր, պատահական որոշում մը կեանքիս մէջ պիտի ըլլար ճակատագրական: Եւ այդ քայլս զիս բեմ առաջնորդեց:

Հ.- Ի՞նչ է ձեր արժեւորումը մենակատարի կամ երգիչի մը յաջող կատարման` ձայնային կարողութի՞ւն, լեզուի տիրապետո՞ւմ, կեցուա՞ծք, թէ՞ երաժշտական նոթաներու ճշգրիտ կատարում:

Հ. Պ.- Բոլորը միասին, նայած` ինչ երգ կ՛երգես: Նայած` ո՛ր կատարողի: Օրինակ, եթէ Ազնաւուրի երգերը կ՛երգես, ձայնային տուեալները շատ կարեւոր են, բայց հոս աւելի կարեւոր է, թէ դուն ինչպէ՛ս կը մատուցես երգը, այսինքն` երգին կատարումը: Ասոնք երգեր չեն, որոնք գրուած են քու ձայնային կարողութիւնդ ցոյց տալու: Ասոնք երգեր են, որոնցմով պէտք է ցոյց տաս քու հոգեւոր աշխարհիդ ձայնածաւալը (diapason) եւ բանաս հանդիսատեսին հոգեւոր աշխարհը: Եթէ նկատած էք, Ազնաւուրը երգեր ունի, ուր միայն կը խօսի, խօսելով երգը կը պատմէ ու կը խօսի հետդ: Ուրիշ բան են օփերային արիաները կամ այլ երգերը, ուր ձայնածաւալը պէտք է: Այսինքն բոլոր կէտերը, որոնք նշած էք, շատ կարեւոր են: Ուղղակի ըստ երգի պէտք է հասկնանք, թէ ո՛ւր պէտք է կատարենք շեշտադրումը:

Հ.-  2010 թուականին արդէն հանդէս եկած էք դերասանական – հեղինակային տարբեր մենաներկայացումներով: «Կեանք ու կռիւ» ժապաւէնին մէջ` Լեւոնի դերով, «Եթէ ես լինէի պապա» ներկայացումով, «Ֆուլ հաուսի» մէջ` Սեւակի դերով: Ո՞ւր աւելի հարազատ կը զգաք դուք ձեզի` դերասանական մարզի՞, թէ՞ երաժշտութեան մէջ:

Հ. Պ.- Անկեղծօրէն ասիկա բարդ հարց է: Հետաքրքրական է սակայն: Ես տակաւին ինքս իմ մէջս դեռ այս հարցին պատասխանը վերջնականօրէն չեմ կրնար տալ, որովհետեւ բոլոր տեղերուն մէջ ինքզինքս լաւ կը զգամ: Ամէն պարագայի, որպէս ընդարձակ պատասխան, բեմի վրայ լաւ կը զգամ: Թէ՛ երգի եւ թէ՛ ներկայացման պարագային, անիկա կապուած է բեմին հետ: Ամենակարեւորը  հանդիսատեսին եւ արուեստագէտին միջեւ շփումն է, որ շատ իւրայատուկ, տարբեր եւ ուրիշ է:

Հ.- Դուք եղած էք առասպել եւ համաշխարհային արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրի երկրպագուներէն մէկը: Արդեօք ո՞ր յատկանիշը կամ երգը հմայած է ձեզ կամ` մղած, որ իր երգերով հանդէս գաք:

Հ. Պ.- Այն ժամանակ, երբ Ազնաւուր երգեցի, 16 – 17 տարեկան էի: Ֆրանսերէն լեզուն կը սորվէի Փարիզի մէջ եւ  երգերը անգիր կ՛երգէի, որպէսզի լեզուն աւելի լաւ սերտեմ: Ազնաւուրի ո՞ր յատկանիշները այսօր զիս շատ կ՛ոգեշնչեն. ատիկա անոր մարդկային յամառութիւնն է, որ միշտ ունեցած է կեանքի ամբողջ ճանապարհի ընթացքին, միշտ պայքարած է բոլոր դժուարութիւններուն դէմ, չէ յանձնուած երբեք: Անոր շնորհիւ` կրցած է բազում պատեր քանդել, դռներ բանալ եւ հասնիլ իր երազանքներու իրագործման: Այդ յամառութենէն բացի` իր մէջ կար աշխարհի չափ մեծ սէր: Ես անընդհատ կ՛ըսեմ, որ երբ կը նայինք իր աչքերուն, իննսուն տարիքը հասած պապիկ էր, կարծես փոքրիկ երեխայ ըլլար: Անընդհատ կ՛ուզէր աշխարհը բացայայտել, նորը տեսնել, նորը տալ: Երգը, որ ամէնէն աւելի ոգեշնչած է զիս, կը համարուի ոչ պաշտօնական, բայց  արուեստագէտներու հիմն է եւ «Ժէ մըվուայէ տեժա» երգն է: Ես ինքզինքս այս երգին մէջ կը տեսնէի, ուր Ազնաւուր կը պատմէ իր երազանքները: «Լէ տէօ կիթառ»-ը, «Լա պոհեմ» եւ  Ազնաւուրի երգերուն մեծ մասը շատ կը սիրեմ:

Հ.- Ի՞նչ զգացում ունեցաք, երբ առաջին անգամ Երեւանի մէջ Շարլ Ազնաւուրի ներկայութեամբ իր երգերով հանդէս եկաք: Ձեր զգացումները կրնա՞ք բացատրել:

Հ. Պ.- Հիմա  ատկէ մէկ տարի անցած է: Հիմա կրնամ բացատրել, բայց այդ պահուն չէի հասկնար, թէ ի՛նչ կը կատարուէր, որովհետեւ անիկա անհաւանական երազանք էր, որ իրականացաւ, երբ Շարլ Ազնաւուր հազարաւոր հանդիսատեսներու հետ միասին կանգնած կը ծափահարէր: Չես հաւատար, թէ ասիկա իրակա՞ն է, թէ՞ անիրական: Շատ յուզուած էի: Ատկէ ետք 10 – 15 վայրկեան  չկրցայ խօսիլ: Առանձին կանգնած էի քուլիսներուն ետեւ, երբ զիս կանչեցին, որպէսզի Ազնաւուրը տեսնեմ: Երբ իրեն հանդիպեցայ, իմ կեանքիս ամէնէն բախտաւոր վայրկեաններն էին: Խօսեցայ իրեն հետ երկու բառ, քանի մը գովաբանական խօսք ըսաւ, ինչ որ շատ ուրախացուց: Եւ հիմա, երբ ֆիզիքապէս մեր հետ չէ, ես իմ համերգներս եւ ներկայացումներս կը կատարեմ, բայց  այդ ճանապարհով, երբ կ՛անցնիմ, կը մտածեմ, որ հնարաւոր չափով վառ պահեմ անոր անունը եւ արուեստը, որովհետեւ ան ոչ միայն երգ է, ոչ միայն մեծ արուեստ է, այլ հայութեան դրօշն է: Ան հայ էր վերջապէս:

Հ.- Բացի Ազնաւուրէն` ո՞ր արուեստագէտներով հմայուած էք: Ձեր նախասիրութիւնները որո՞նք են հայկական թէ միջազգային մակարդակներու վրայ:

Հ. Պ.- Իմ ուսուցիչներս կը համարեմ հայրս` Վարդան Պետրոսեանը, դերասան Վահրամ Փափազեանը, զոր բեմին վրայ չեմ տեսած, բայց անոր գիրքերը կարդացած եմ, եւ` Շարլ Ազնաւուրը: Իմ նախասիրած միւս դերասաններս են` Ալ Փաչինօ, Ռոպըրթ տը Նիրօ, Քեւին Սփէյսի, Մհեր Մկրտչեան, շատ ունիմ սիրելի դերասաններ: Բայց ուսուցիչներ կը համարեմ, որ իսկապէս զիս ոգեշնչած են, անոնք առաջին երեքն են:

Հ.- Լիբանանի երաժշտասէրները հմայուած են «Քեզի համար, Ազնաւո՛ւր» ձօն – համերգի ընթացքին Ազնաւուրի երգերը հարազատութեամբ կատարելու ձեր կարողութեամբ: Ապագային այլ ծրագիրներ ունի՞ք Լիբանանի մէջ համերգով հանդէս գալու:

Հ. Պ.- Շատ ծրագիրներ ունիմ: Առաջ Աստուած, կարենանք իրագործել: Ծրագիրներ կան թէ՛ առանձին ներկայացումներով հանդէս գալու եւ թէ՛ իմ երգերու, ձայնագրութիւններու, տեսահոլովակներու եւ Շարլ Ազնաւուրի երգերու հետ կապուած: Կան մեծ, միջազգային մակարդակով ծրագիրներ: Շատ փակագիծներ չեմ ուզեր բանալ: Բայց անպայման կան ծրագիրներ, որովհետեւ ամէն անգամ հանդիսատեսին վերադառնալը, անոր նոր բան ներկայացնելը մեծագոյն երջանկութիւն է:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>