Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Միացեալ Նահանգներ. «Պահուած Գանձերու Երկիրը» Գրքոյկին Գինեձօնը` Հայ Գիրքի Արժեւորման Առիթ

$
0
0

Եթէ գիրքի մը գինեձօնը պէտք է անցնի հատորի մը սոսկական ներկայացման սահմաններէն անդին եւ լուսարձակի տակ բերէ գիրք-արժէքը, կարելի է ըսել, որ Սարգիս Մահսէրէճեանի վերջերս լոյս ընծայած` «Պահուած գանձերու երկիրը» գրքոյկին գինեձօնը ծառայեց այս նպատակին եւ յուշարար մը եղաւ մեր դարաւոր մշակոյթի զարգացման մէջ հայ գիրքի անփոխարինելի դերին ու ներկայութեան:

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին եւ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան գործակցութեամբ եւ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 15 նոյեմբեր 2018-ի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի: Ներկայ էին` Կրօնական ժողովի, Ազգային վարչութեան եւ Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներ, վաստակաշատ բանաստեղծ Ժաք Ս. Յակոբեանը, գրողներ եւ մամուլի ծառայողներ, մշակութային միութեանց ներկայացուցիչներ, դաստիարակներ եւ գրասէրներու բազմութիւն մը: Նշենք, որ վիպակը լոյս ընծայուած է «Հայ գիր» մանկապատանեկան հրատարակչատան կողմէ, ձօն մըն է Հայաստանի Հանրապետութեան` 100-ամեակին առիթով եւ հիմնականին մէջ ուղղուած է պատանի ընթերցողներու:

Բացման աղօթքէն ետք կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ողջոյնի խօսքը արտասանեց ատենապետը` Հրայր Ճերմակեան: Ան կանգ առաւ այս ու նման ձեռնարկներու նպատակներուն վրայ եւ նշեց, որ այս երեկոն անուղղակի արձագանգ մըն է կիրակի, 11 նոյեմբերին Անթիլիասի մէջ բացուած Հայ գիրքի փառատօնին, երբ Արամ Ա. կաթողիկոսը շեշտած էր հայ գիրքի պահպանման, տարածման եւ հայկական կեանքին մէջ դերակատարութեան կարեւորութիւնը: Ապա ան հրաւիրեց յանձնախումբին երիտասարդ անդամներէն Մուշեղ Պետեւեանը, որպէսզի կատարէ հանդիսավարութիւնը:

Հանդիսավարը հակիրճ կերպով խօսեցաւ ձեռնարկի շարժառիթին եւ հեղինակին մասին ու հրաւիրեց «Ասպարէզ»-ի վարչական տնօրէն Աբօ Պօղիկեանը` արտասանելու իր սրտի խօսքը: Ա. Պօղիկեանը, հիմնուելով Ս. Մահսէրէճեանի հետ տասնամեակներու իր անձնական ծանօթութեան ու մամուլին անոր աշխատակցութեան փորձառութեան վրայ, սեղմ ուրուագիծով մը անդրադարձաւ անոր վաստակին ու առանձնայատկութիւններուն` վեր առնելով մամուլին մէջ յարատեւ ներկայութիւնը` տարաբնոյթ հարցեր շօշափող յօդուածներով ու առօրեայ դէպքերու արձագանգումով: Ան նշեց, որ այս հեղինակը իր կեանքի պէյրութեան փուլէն ի վեր ծառայած է մեր մամուլին եւ վերջին տասնամեակներուն նաեւ մանկապատանեկան գրքոյկներով իր ներդրումը կ՛ունենայ մեր գիրի տարածման ու պահպանման գործին մէջ:

«Հայ գիր» մատենաշարին մասին հակիրճ ակնարկ մը ներկայացուց դաստիարակ Արփի Տապպաղեանը, որ ներկայացնելու համար հանդիսավարը յիշատակեց բազմաթիւ տարիներու դաստիարակի անոր հանգամանքը: Ա. Տապպաղեանը յիշեցուց, որ այս մատենաշարը ծնունդ առած էր մօտաւորապէս 20 տարի առաջ, երկու եղբայրներու` Սարգիս եւ Յովիկ Մահսէրէճեաններու գործակցութեամբ, եւ ան ցարդ լոյս ընծայած է 17 գրքոյկ, որոնք կը ներկայանան երեք «մակարդակով»` մանուկներու, կրտսեր ու երէց պատանիներու մատչելի գործերով: Հրատարակուած գրքոյկներէն մաս մը հեղինակային են, իսկ ուրիշներ մանկավարժական մշակումներ են մեր մեծերու կարգ մը գործերուն: Խօսելէ ետք իւրաքանչիւր խմբակի առանձնայատկութիւններուն մասին, ան յայտնեց, որ այս շարքը կը ծառայէ մէկէ աւելի նպատակներու. հայ մանուկին ու պատանիին կը ծանօթացնէ մեր մեծերուն գործերը` պարզացուած ու արեւմտահայերէնով, գունագեղ հրատարակութիւնները մատչելի ու հաճելի են ընթերցողներուն համար, իսկ կարգ մը գրքոյկներու մէջ արձանագրուած վարժութիւններ պատանիները կը մղեն հայերէնով արտայայտուելու, ինչ որ մեր գաղութի մտահոգութիւններէն մէկն է: Ա. Տապպաղեանը անդրադարձաւ նաեւ Ս. Մահսէրէճեանի աշխատանքի մէկ այլ կալուածին` յիշեցնելով, որ ան պատրաստած է մանուկներու եւ պատանիներու համար թատերական աւելի քան 25 գործեր, որոնք կ՛օգտագործուին հայկական վարժարաններու մէջ, մաղթելով, որ «Հայ գիր»-ը առիթը ունենայ լոյս ընծայելու նաեւ այդ գործերը, որոնք հայրենասիրական ու մարդկային զգացումներու աղբիւր են եւ հաճոյքով կ՛ընկալուին աշակերտներուն կողմէ, անոնց կ՛ընծայեն հայերէնով արտայայտուելու առիթ:

Վիպակին ներկայացումը կատարեց նմանապէս դաստիարակ Արփի Ճիէրեանը, որ Լիբանանէն մինչեւ մեր ափերը եղած է ու կը մնայ դաստիարակ ու մշակոյթի գործիչ: Ա. Ճիէրեանը նախ հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ հատորին ընդհանուր պատկերին մասին` նշելով, որ 83 էջերու վրայ երկարող եւ պատանի հերոսին օրագրութեանց ճամբով յղացուած վիպակը ձօնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան աւանդներու ժառանգորդներուն, իսկ հատորի վերջին էջին կայ «Հայ գիր»-ի հրատարակութիւններուն ցանկը: Ապա ան խօսեցաւ բովանդակութեան մասին, որ հիմնուած է պատանի հերոսի մը եւ ընտանիքին արկածներով լեցուն ճամբորդութեան վրայ, կը սկսի` երբ հերոսը պատահմամբ կը գտնէ նախնիներէն մնացած Հայաստանի մէկ քարտէսը, որուն վրայ ֆետայի մեծ-մեծ հայրիկ մը նշած է պահուած գանձերու վայրերը: Ճամբորդութիւնը կ՛անցնի ներկայի Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն ու կը հասնի Վան` Աղթամար կղզին: Իւրաքանչիւր նշուած վայրի մէջ գանձ որոնողները կը գտնեն իրենց ակնկալածէն տարբեր ժառանգութիւններ` զէնք, գիրք, մանր գոհարեղէններ եւ այլն, իսկ վերջին հանգրուանին` ամբողջական Հայաստանի քարտէսը, որ իբրեւ իրագործելի ժառանգութիւն` կը հասնի հերոսին ու անոր սերնդակիցներուն: Իր խօսքին երկրորդ բաժինով Ա. Ճիէրեանը կանգ առաւ հատորին ու հեղինակին կարգ մը յատկանիշներուն վրայ` նշելով, որ պատմութիւնը հաճելի է ու ներգրաւող, ընթերցողին կը հաղորդէ մեր պատմութեան, Հայաստանի աշխարհագրութեան եւ այլ արժէքներուն մասին լայն գիտելիքներ ու կրնայ օգտագործուիլ, դասագիրքի կողքին, յաւելեալ ընթերցումի գիրք, այլ նաեւ` իբրեւ «օգնական» դասագիրք:

Գեղարուեստական բաժինը ներկայացուցին «Էլեմենթ» խումբի անդամներէն Ալին Արուստամեանը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Վահան Բզնունիի: Երկու երիտասարդ երաժիշտները իւրայատուկ եւ արդիական մեկնաբանութեամբ մատուցեցին աշուղական ու ժողովրդային երգերու գեղեցիկ փունջ մը:

Շնորհակալութեան եւ սրտի խօսք արտասանեց հեղինակը: Ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց` առաջնորդ սրբազանին, կազմակերպիչ յանձնախումբին ու «Ասպարէզ»-ին, յայտագիրը մարմնաւորող բանախօսներուն, արուեստագէտներուն, ներկաներուն, «Հայ գիր» մատենաշարի իրականացման մէջ իր լծակիցին` Յովիկ Մահսէրէճեանին, տակաւին` կամքէ անկախ պատճառներով բացակայողներուն, յատկապէս «Էլեմենթ»-ի ղեկավար Արա Տապանճեանին, որ դասաւորած էր գեղարուեստական բաժինը: Ան ընդգծեց, որ այս երեկոն կը դիտէ սոսկական ողջունահանդէսի մը շրջագիծէն անդին` իբրեւ արտայայտութիւն հայ գիրքի ու գրաւոր մշակոյթի հանդէպ սիրոյ ու յանձնառութեան արտայայտութիւն, գոհունակութիւն յայտնեց, որ Անթիլիասի մէջ կիրակի տեղի ունեցած` Հայ գիրքի 39-րդ փառատօնը մեր գաղութին մէջ ալ արձագանգներ ունի դպրոցներու մէջ կազմակերպուած գիրքի ցուցահանդէսներով ու մշակութային հանդէսներով, իսկ խօսելով գիրք-արժէքին հանդէպ իր սիրոյն ու կապուածութեան մասին` երախտագիտութեան արտայայտութիւն ունեցաւ այս գիծը իր մէջ կազմաւորողներուն նկատմամբ: Հեղինակը այս առիթով կարեւորութեամբ շեշտեց ընթերցումի աւանդութիւնը վերականգնելու եւ մանուկին ու պատանիին կեանքին մէջ գիրքն ու անոր բազմօգուտ բովանդակութիւնը ներկայութիւն դարձնելու անհրաժեշտութիւնը` նշելով, որ երէց սերունդի անդամները` ծնողք, ուսուցիչ եւ այլք, պէտք է իրազեկ ըլլան այն տեսութեան, որ դեռատի անձին բան մը սորվեցնելէ աւելի` պէտք է անոր օգնել, որ ի՛նք սորվի ու իւրացնէ գիտելիքն ու մշակութային ժառանգութիւնները, նաեւ` անոր մէջ զարգանայ մշակոյթի տիրութիւն ընելու պատասխանատուութիւնը, նաեւ` մանուկը, պատանին ու երիտասարդը պէտք չէ զրկուին մեր դարաւոր ժառանգութիւններէն:

Առաջնորդ սրբազանը երեկոն եզրափակեց գնահատանքի եւ օրհնութեան խօսքով: Ան մէջբերում մը կատարեց Ս. Սարգիս Զօրավարին նուիրուած շարականին բառերէն` բնութագրելու համար հեղինակին կարգ մը յատկանիշները, անդրադարձաւ Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ անոր ծառայութիւններուն եւ յանձնառու ընթացքին, մեր գրաւոր մշակոյթին եւ ընդհանրապէս մամուլին բերած մասնակցութեան` մաղթելով, որ ան իր առաքելութիւնը շարունակէ կենսունակութեամբ եւ աննահանջ կերպով:

Առաջնորդ սրբազանին «Պահպանիչ»-էն ետք ներկաները երգեցին «Կիլիկիա»-ն, ապա վայելեցին Ազգ. առաջնորդարանի հիւրասիրութիւնը եւ ունեցան հատորէն օրինակներ, զորս մակագրեց հեղինակը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>