ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` «Նայիրի» ու Եղիվարդ դէմ առ դէմ: Որովհետեւ այն հակադրութիւնն ու թշնամութիւնը, որ իրարու դիմաց հանեց «Թուղթ առ Երեւան»-ի տաղանդաւոր հեղինակն ու երուսաղէմցի Եղիվարդը, եւ որ տարուէ տարուի սաստկանալով` վերածուեցաւ ծայրայեղ ատելութեան ու հասաւ աներեւակայելի համեմատութիւններու, իրականութեան մէջ սկիզբ առաւ «Նայիրի»-ի մէջ Պօղոս Սնապեանի հրատարակած շատ ցնցիչ մէկ յօդուածին պատճառով:
Այո՛, ցնցիչ յօդուած մը, որ բոլո՜ր ժամանակներուն համար պիտի մնայ գրական անօրինակ գայթակղութիւն մը:
Նախ յիշեցնեմ, թէ «Նայիրի»-ն գրական որակաւոր պարբերաթերթ մըն էր, որ սկսաւ լոյս տեսնել Հալէպ, 1941-ին, Անդրանիկ Ծառուկեանի խմբագրութեամբ: Կարճ ժամանակ անց անիկա վերածուեցաւ ամսագրի ու այդպէս շարունակուեցաւ մօտ տասը տարի, մինչեւ որ Պէյրութ փոխադրուեցան թէ՛ թերթը, թէ՛ խմբագիրը` հոն շարունակելու համար իրենց առաքելութիւնը երեսուն տարի եւս:
Եղիվարդ, «Նայիրի»-ի Ա. թիւէն սկսեալ, շուրջ երկու տարի, դարձաւ անոր մնայուն աշխատակիցը:
Ո՞վ կրնար չյուզուիլ սաղիմաբնակ վարդապետին սա տողերուն դիմաց.
Դուն ալ մեծցար, աղուորցար, ամէն օր քիչ մ՛աւելի
Ու լեցուցիր քեզմով զիս, առանց երբեք գիտնալու`
Արեւն ինչպէս կ՛ողողէ բիւր բաժակներ ծաղիկի:
Իր «Մագդաղինէն մեղրամոմէ» առջինեկ քերթողագիրքը կանուխէն գրախօսուեցաւ «Նայիրի»-ի մէջ ու ըսել տուաւ խմբագրին, թէ այդ գիրքը` «մաս կը կազմէ այլեւս հայ գրականութեան ապրելու սահմանուած գրացանկին»: Բարձր արժեւորում մըն էր ասիկա Ծառուկեանին կողմէ, որ դժուարահաճ գրագէտ էր ու իր ամսագրին մէջ ունէր «Հաշուեյարդար» խորագրեալ վախազդու սիւնակ մը, ուր անխնայ պատէ պատ կը զարնուէին անորակ գիրքերու հեղինակները…
«Նայիրի»-ի 1951-ի մարտ-ապրիլի թիւը ռումբի մը պայթումին համազօր եղաւ սակայն: Այդ թիւին մէջ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի 1949-ի շրջանաւարտներէն Պօղոս Սնապեան, այդ օրերուն` հազիւ 24 տարեկան գրեթէ անծանօթ տղայ մը, որ տարիներ ետք պիտի դառնար հռչակաւոր գրականագէտ ու Պէյրութի «Բագին» ամսագրի երկարամեայ խմբագիր, կը հրապարակէր տասնհինգ էջանի ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը, ուր ամբողջովին հարցականի տակ կ՛առնէր Եղիվարդի բանաստեղծի շնորհքը: Բազմաթիւ օրինակներով ան ցոյց կու տար, թէ Եղիվարդ բանաստեղծական իր չորս գիրքերուն մէջ շշմեցնող առատութեամբ բանագողութիւններ կատարած էր Յակոբ Օշականէն: Սնապեան վարագոյր մը կը պատռէր կարծէք ու արար աշխարհին կը յայտարարէր, որ «թագաւորը մերկ է»:
Յօդուածը կը կրէր արդէն բարացուցական վերնագիր մը. «Բանագող մը` Եղիվարդ»:
Ընթերցողներուն չափ խմբագիր Ծառուկեանն ալ շշմած էր ու շփոթած: Ան կ՛ըսէր, որ երկար ատեն մտմտուքի մատնուեցաւ, մինչեւ որ վերջապէս որոշեց հրատարակել Սնապեանին այս ուսումնասիրութիւնը ու պարագան յանձնել հանրութեան արժեւորումին:
Եղիվարդի բանագողութիւններուն մասին Սնապեանին ցոյց տուած ապացոյցները անվիճելի էին ու կարկամեցնող: Սնապեան «Նայիրի»-ի միեւնոյն էջին վրայ քով-քովի կը տեղադրէր թէ՛ Օշականի բանաստեղծութիւններէն հատուածներ ու տողեր, թէ՛ Եղիվարդին գիրքերէն քաղուած քերթուածներ ու տողեր: Օշականի ստորագրութիւնը կրողները գրուած ու տպուած էին տասը կամ աւելի տարիներ առաջ` բաղդատմամբ Եղիվարդի ստորագրածներուն: Եղիվարդ գրեթէ նոյնութեամբ ընդօրինակեր եւ իւրացուցեր էր վարպետին բանաստեղծութիւնները` թերեւս մտածելով, որ անոնք ցրուած ըլլալով զանազան հին պարբերականներու մէջ` չէին կրնար ուշադրութիւնը գրաւել մարդոց… Ահա՛ օրինակ մը.
Հողին պէս հեզ, հողին պէս դաշն
Մեր հերկերուն,
Ծոցին պէս պարզ, ծոցին պէս կոյս
Մեր լիճերուն,
Ինչպէս բաժակն երկնակնիք Ծաղկըներուն.
Ու ոսկեզարդ ինչպէս օրրանն
Մանկիկներուն…
(Յ. Օշական, «Այն օրերուն», ՍԻՈՆ, նոյ. 1935, էջ 357)
Հողին պէս հեզ, հողին պէս դաշն
Մեր հերկերուն,
Ծոցին պէս պարզ, ծոցին պէս կոյս
Մեր լիճերուն,
Ինչպէս բաժակն երկնակնիք
Ծաղիկներուն.
Ու ոսկեզարդ ինչպէս օրրանն
Մանկիկներուն…
(Եղիվարդ, «Անցորդը», 1946, էջ 18)
Ինչպէս կը տեսնուի, վարդապետը քաղեր էր վարպետին ծաղիկները ու զանոնք զետեղեր էր ի՛ր թաղարին մէջ… Սնապեան կը հեգնէր Եղիվարդը սա՛ տողերով.
«Եւ մտածե՜լ, թէ տակաւին Օշական կը գանգատէր, թէ զինք չեն կարդար… Եղիվարդին պէս հաւատարիմ ընթերցող մը ունենալէ ետք, այլեւս ի՞նչ պատճառ ունէր դժգոհելու: Ու այնքա՛ն հաւատարիմ, որ կարդալէ ետք իր գիրքերուն մէջ կը փոխադրէր կարդացածը… հաւատարմօրէն»:
Սնապեան իր ընդարձակ յօդուածը կը շարունակէր` բազմատասնեակ մէջբերումներ կատարելով բանագողութեամբ կորզուած տողերէ, հասնելով այն տխուր եզրակացութեան, որ` «գոյութիւն չունի Եղիվարդ անունով բանաստեղծ մը, այլ գոյութիւն ունի Օշականը կապկող ճարպիկ գրիչ մը, որ ըստ իր քմայքին, երբեմն հատուածները նոյնութեամբ կ՛արտագրէ, երբեմն աղաւաղելով կը փոխադրէ, բայց միշտ կը գործածէ անոր ոճն ու ձեւը»:
Այս ցնցիչ յօդուածը դեռ ունէր իր շարունակութիւնն ալ: «Նայիրի»-ի խմբագրութիւնը նկատել կու տար, որ Պօղոս Սնապեանի կողմէ իրեն յանձնուած էր ձեռագիր այլ ուսումնասիրութիւն մըն ալ, ուր այս անգամ կը մատնանշուէին Եղիվարդի ստորագրութեամբ տպուած, սակայն ուրիշներու պատկանող ԱՐՁԱԿ ԷՋԵՐ` առնուած դա՛րձեալ Օշականէն եւ Շահան Պէրպէրեանէն… Բայց «Նայիրի» զանց առած էր ատիկա, այնքան ալ շահեկան չնկատելով անոր հրապարակումը:
Այս գայթակղութեան ու նուաստացուցիչ մերկացումին դիմաց Եղիվարդ ի՞նչ զգաց, ի՞նչ տագնապ ապրեցաւ, դժուար է գիտնալ: Մէկ բան որոշ է ու յստակ. ան չդադրեցաւ բանաստեղծութիւններ գրելէ ու գիրքեր հրատարակելէ:
Իր «Դար մը գրականութիւն» հատորին մէջ (1977) Մ. Թէօլէօլեան զգուշաւոր լեզու մը կը գործածէ Եղիվարդի իւրացումներուն մասին, չ՛ուզեր, որ բանաստեղծի անոր դիմագծութիւնը աղարտի: Ուստի ան կը խուսափի «բանագողութիւն» բառն իսկ գործածելէ` ատոր փոխարէն օգնութեան կանչելով… «բանաքաղութիւն» բառը: Կարդա՛նք իր գրածը.
«Իր սկզբնական շրջանի էջերուն մասին տասնամեակներ առաջ բանաքաղութեան վերագրումով արտայայտուած կարգ մը վերապահութիւններ եւ նշումներ վճռաբար հերքելու ի վիճակի չենք, սակայն կը հաւատանք, որ բանաստեղծ Եղիշէ պատրիարք արտաքին նպաստներու եւ անթացուպերու պէտք չունի իր տաղանդը լրիւ արժեւորելու համար հոգեշունչ, հայրենատրոփ, իմաստասիրական թէ աշխարհասեւեռ ստեղծումներու մէջ…»:
«Նայիրի»-ի պայթեցուցած ռումբը խրամատ մը բացաւ անշուշտ Ծառուկեանի ու Եղիվարդի միջեւ: Ու անոնք ա՛լ առիթ չփախցուցին զիրար դատափետելու, զիրար յօշոտելու…
(Հալէպ)