Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17240

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակ Արամ Մանուկեանի Մահուան Առիթով «Աշխատանք» Թերթին Բացառիկ Թիւը Եւ Արամի Յուղարկաւորութիւնը

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ՀՅԴ Հայաստանի պաշտօնաթերթ «Աշխատանք»-ը Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ (որոշ ժամանակ միա՛յն արեւմտահայերէնով, ապա աւելի ուշ` երբեմն նաեւ արեւելահայերէն յօդուածներ հրատարակելով) 4 մայիս 1916-էն սկսեալ, մինչեւ13 սեպտեմբեր 1919, նախ չորեքշաբթի եւ շաբաթ օրերը, ապա 1919-ին երկօրեայ` իբրեւ շարունակութիւն Վանի մէջ 1909-1915 լոյս տեսնող նոյնանուն ՀՅԴ պաշտօնաթերթին` «Օրգան ՀՅԴաշնակցութեան Երկրի Կեդրոնական կոմիտէի»: Խմբագիրներն էին յաջորդաբար Մատթէոս Աւետիսեան, Արամ Մանուկեան, Օննիկ Մխիթարեան եւ Հմայեակ Մանուկեան: «Աշխատանք»-ին եւ «Զանգ»-ին (ՀՅԴ պաշտօնաթերթ, 9 նոյեմբեր 1917-էն 27 փետրուար 1919) կը յաջորդէ «Յառաջ» օրաթերթը, որուն առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 20 սեպտեմբեր 1919-ին:

«Աշխատանք»-ի առաջին թիւը

«Իբրեւ (ներքին գործոց) նախարար Արամ ժողովուրդին սիրելին էր: Ան զուսպ ու համեստ կեանք կ՛ապրէր: Անոր նորակազմ ընտանիքը ոչինչով կը տարբերէր հասարակ ժողովուրդէն: Անմռունչ կը կրէր ժողովուրդին ցաւերն ու դժուարութիւնները: Հրաժարած էր բոլոր առանձնաշնորհումներէն, որոնցմէ կառավարութեան անդամները կրնային օգտուիլ: Հրաժարած էր նաեւ ծառայողական ինքնաշարժէն: Վանի մէջ, երբ իրեն կ՛այցելէ ընկերը` ականաւոր գործիչ Ռուբէն Տէր-Մինասեանը, կը զարմանայ անոր կենցաղավարութեան վրայ: Հետագային Ռուբէնը իր յուշերուն մէջ գրած է. «… Չորս պատ, չորս աթոռ, ո՛չ սեղան, ո՛չ էլ մահճակալ… »: Նոյնքան անշուք էր Երեւանի բնակարանը: Երբ ընկերները այդ մասին դիտողութիւն կ՛ընէին, ան կը պատասխանէր` «Դատարկ բաներով մի՛ մտահոգուէք» (1):

Եւ այսպէս, հզօր, բայց համեստ հսկան «անմռունչ կը կրէ ժողովուրդին ցաւերն ու դժուարութիւնները» եւ կը մահանայ, վարակուելով իր ժողովուրդէն շատերուն նման, բծաւոր տիֆ համաճարակէն, որ վարակած էր Հայաստանը: Մահուան գոյժը սուգի կը մատնէ համայն հայ ժողովուրդը:

Իր խմբագրած «Աշխատանք» թերթը մահուան առիթով 12 փետրուար 1919-ին կը հրատարակէ 52 էջ ծաւալուն բացառիկը (2), ուր գրութիւններ ունին օրուան պետական, կուսակցական գործիչներ, ընկերներ եւ սգակիցներ: Օննիկ Մխիթարեանը այսպէս կը սկսի բացառիկին առաջին յօդուածը.

«Մահը խլեց մեզմէ նաեւ Արամը…

«Ռոստոմի մահէն ետք Արամի կորուստը կատարեալ աղէտ մըն է: Անփոխարինելի կորուստ մը հայ ժողովուրդին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ մանաւանդ Վասպուրականի հայութեան համար:

«Աշխատանք»-ի բացառիկ թիւը եւ բովանդակութիւնը

«Արամը մեր կեանքի սիւնն էր, հոյակապ ու հաստատ, որ ամուր կը պահէր մեր դիմադրական շէնքը, մեր կազմակերպութիւնը, մեր ժողովուրդին հասարակական պաշտպանութեան եւ յարատեւ աշխատանքի գործը:

«Իր կեանքի ամբողջ կենսունակ երիտասարդութիւնը, իր բովանդակ կեանքը ան նուիրեց Հայ դատին, հայ ժողովուրդի մեծ տառապանքին` հանդիսանալով հայ վիշտի, հայ ազատամարտի եւ հայ ստեղծագործ աշխատանքի մարմնացումը, անոր ոգին… »:

Ստորեւ ամբողջութեամբ կը ներկայացուի 44-րդ էջի «Արամի մահն ու թաղումը» հաղորդագրութիւնը` կարգ մը տեղեր ամբողջացնելով զայն «Զանգ» թերթի Մ. Աւետիսեանի «Արամի թաղումը» թղթակցութեամբ, պարբերութիւնները` «Զանգ»  գրութեամբ մատնանշուած եւ արեւմտահայերէնի վերածուած (3):

«Դաշնակցութեան նախահայր Ռոստոմի մահէն ետք, միաժամանակ, յունուար 29-ի կէսօրին, ժամը 2:30-ին Դաշնակցութեան միջին սերունդի լաւագոյն ներկայացուցիչ Արամի մահը պատահեցաւ, որ շանթահարեց Երեւանի ընկերներն ու հասարակութիւնը:

«Անմիջապէս Դաշնակցութեան բարձրագոյն, տեղական եւ Արեւմտահայ մարմինները յայտարարեցին յատուկ մահագոյժեր:

«Նոյն օրը ժամը 6-ին (18:00), այդ յայտարարութիւններուն համաձայն, տեղի ունեցաւ ամբիծք* հանգուցեալին բնակարանը, ուր ներկայ էին կուսակցական բոլոր մարմինները` ամբողջական կազմով, նախարարներն ու կառավարութեան անդամները:

«Նոյն երեկոյեան ժամը 7-ին «Աշխատանք»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ արեւմտահայ դաշնակցական մարմիններու ներկայացուցչական ժողովը, որ որոշեց.

Ա. Պսակներ զետեղել Վասպուրականի Դաշնակցութեան, «Աշխատանք» թերթի, ինչպէս նաեւ «Վասպուրականի Հայ կանանց միութեան» կողմէ:
Բ. «Վասպուրականի Հայ կանանց միութեան» յանձնարարել, որ թաղման օրուան համար պատրաստէ սուգի յատուկ նշաններ` Վասպուրականի դաշնակցականներուն համար:
Գ. Արամի յիշատակին իբրեւ սգապսակ` հրատարակել «Աշխատանք»-ի բացառիկ թիւ:
Դ. Թաղման օրը արեւմտահայ Դաշնակցութեան կողմէ ունենալ երկու պատգամաբեր` Գրիգոր Պուլկարացի եւ Օննիկ Մխիթարեան:
Ե. Թաղման օրը դագաղին առջեւէն տանիլ Վասպուրականի Դաշնակցութեան դրօշակը:

«Հինգշաբթի, յունուար 30-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին խորհրդարանի դաշնակցական ֆրակցիայի սենեակին մէջ ընկ. Սիմոն Վրացեանի նախագահութեամբ հրաւիրուեցաւ դաշնակցական բոլոր մարմիններու ժողովը, ուր որոշուեցաւ.

Ա. Արամի թաղումը կատարել շաբաթ օր (1 փետրուար 1919, ըստ օրացոյցին), առաւօտեան ժամը 11:00-ին, նոր գերեզմանատան Դաշնակցութեան պանթէոնին մէջ:
Բ. Պսակներ զետեղել դաշնակցական մարմիններուն կողմէ:
Գ. Դաշնակցութեան դրօշակը մէկ շաբաթ (կէս) բարձրացած պահել Դաշնակցութեան տան վրայ:
Դ. Հրատարակել «Զանգ»-ի բացառիկ համար:
Ե. Հիմնել Արամի անուան ֆոնտ:

«Այս առթիւ ժողովը տեղեկացաւ կարգադրիչ կոմիտէի կազմի մասին, որ ընտրուած էր նախարար (Ալեքսանդր) Խատիսեանի կողմէ:

Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին` 5-6-րդ դար, Երեւան, 1931-ին խորհրդային իշխանութեան կողմէ քանդուած:

«Փետրուար 2-ին (վրիպում է` փետրուար 1-ին, ըստ որոշումին, օրացոյցին եւ «Զանգ» թերթին) տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը եւ թաղումը»:

«Զանգ». «Փետրուար 1-ին Երեւանի բոլոր պետական հիմնարկութիւններն ու հաստատութիւնները փակ էին, որովհետեւ այդ օրը հողին պիտի յանձնուէր հայ ժողովուրդի մեծ զաւակներէն մէկը` ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեանը: Յուղարկաւորութենէն առաջ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցւոյ (5-6-րդ դար, Երեւան, այժմու «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին վայրը, Աստաֆեան, այժմ Աբովեան փողոց, 1931-ին խորհրդային իշխանութեան կողմէ քանդուած) դիմաց, Աստաֆեան փողոցի երկայնքին շարուած ու շղթայ կազմած էր ոստիկանական խումբը, բազմութեան առջեւ կանգնած էր ձիաւոր զօրքը մէջտեղը` ծաղիկի պսակներով զարդարուած թաղման ինքնաշարժը, որուն վրայ կը ծածանէր Դաշնակցութեան սեւ երիզով դրօշը, իսկ ինքնաշարժին շուրջը հետիոտն զօրքը եւ վերջաւորութեան թնդանօթաձիգներու խումբը` իրենց թնդանօթներով»:

«Զանգ». Խուռն բազմութիւնը կանգնած էր Աստաֆեան փողոցի երկարութեամբ եւ լեցուցած էր եկեղեցին ու գաւիթը: Թաղման սգերթին մասնակցելու եկած էին պետական հիմնարկութիւններու, ուսուցչական խումբերու, բարեգործական, կրթական այլ հիմնարկութիւններու, պարբերական հրատարակութիւններու, արհեստակցական միութիւններու, զինուորական գունդերու, զանազան գաւառական համայնքներու ու խումբերու, աշակերտական միութեան, քաղաքական կուսակցութիւններու, կանանց միութիւններու եւ տաճկահայ զանազան ընկերութիւններու, կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչները: Բազմահազար ժողովուրդին ներկայութիւնը իսկական վկայութիւն էր Արամի մեծ ժողովրդականութեան»:

«Ամբողջ եկեղեցական դասը, առաջնորդ Խորէն եպիսկոպոսի նախագահութեամբ, կը կատարէր պատարագի խորհուրդը Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցիին մէջ:

«Արամի դագաղը շրջապատուած էր ցինկով,   դրուած էր եկեղեցւոյ կեդրոնը, ծածկուած բազմաթիւ պսակներով. հազարաւոր ժողովուրդը եկած էր վերջին յարգանքը մատուցելու Արամին:

«Պատարագի խորհուրդէն ետք սրտառուչ դամբանական մը արտասանեց պատարագիչ Խորէն (Մուրատբէկեան, Երեւանի առաջնորդ, ապա` կաթողիկոս) եպիսկոպոսը` վեր առնելով Արամի ժողովրդական մեծութիւնը եւ դերը, զոր ան ունեցաւ մեր ազատագրութեան գործին մէջ»:

«Զանգ». Զանգակներու տխուր ղօղանջը սգաւոր բազմութեան յայտնեց արարողութեան աւարտը եւ զինուորական նուագախումբի մահերգը բազմութիւնը դէպի առաջ շարժեց»:

«Այնուհետեւ դագաղը իր սիրելի վանեցիներուն ուսերուն վրայ դուրս բերուեցաւ եկեղեցիէն հետեւեալ կարգով. թափօրի առջեւէն կ՛երթար ձիաւոր միլիցիական (ոստիկանական) գունդը, որմէ ետք ձեռամբարձ կը տարուէր դագաղին կափարիչը, ապա Դաշնակցութեան դրօշակներ, Վասպուրականի Հայ կանանց ասեղնագործ դրօշակը եւ Միութեան վահանակը նուիրուած միութեան հիմնադիր Արամին, որմէ ետք` շղթայ կազմած միութեան անդամուհիներ եւ Արեւմտահայ օրիորդաց եւ աշակերտներու (ու որբերու) խումբերը իրենց ուսուցիչներով, ապա եկեղեցական դասը Խորէն եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ, որմէ ետք Արամի դագաղը պսակներով շրջապատուած եւ մինչեւ գերեզմանատուն բացառապէս վանեցիներու ուսերուն վրայ, ապա պաշտօնակիցները, ապա` հետիոտն զօրքը, իսկ ամէնէն վերջը կառավարական ինքնաշարժ մը` ամբողջովին ծածկուած սեւերով եւ բազմաթիւ պսակներով: Եւ այնուհետեւ` հազարաւոր ժողովուրդ եւ վերջաւորութեան թնդանօթաձիգ խումբը:

«Աշխատանք» 12-2-1919                                    «Զանգ» 9-2-1919

«Զանգ». Խուռն բազմութիւն մը կուտակուած էր դագաղը իր ուսերուն վրայ կրելու համար, կարգապահները հազիւ հնարաւորութիւն ունէին սգերթի կարգը պահելու եւ, իրապէս, չէ՞ որ Արամը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին իր կարող ուսերուն վրայ հայ ժողովուրդին ճակատագրական դառնութիւններուն ամբողջ ծանրութիւնը կրած էր»:

«Թափօրը այդ կարգով հասաւ Դաշնակցութեան տան առջեւ (Աբովեան փողոց), որուն պատշգամէն Արեւելեան Բիւրոյի կողմէ ընկ. Նիկոլ Աղբալեանը արտասանեց հոյակապ ճառ մը` բնորոշելով Արամի ամբողջ էութիւնն ու մեծ դերը` Վանի եւ Երեւանի մեր պատմութեան մէջ:

«Զանգ». Ամփոփ կերպով ան ներկայացուց Արամը` ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ, որուն առաջին շարքերուն գործած էր, նաեւ Դաշնակցութիւնը` իբրեւ հայ ժողովուրդի գեղեցիկ իտէալներուն եւ ձգտումներուն հարազատ մարմնացումն ու ամբողջութիւնը»:

«Զանգ». «Արեւմտահայ եւ Վանի դաշնակցական մարմիններուն կողմէ խօսք առաւ «Աշխատանք»-ի խմբագիր ընկ. Օննիկ Մխիթարեանը` ցաւ յայտնելով Վանի մէջ յեղափոխութիւնը դարբնող մեծ ուսուցիչին մահուան առթիւ. «Արամը չկայ, այլեւս ինչպէ՞ս պիտի վերադառնանք ցաւի ու աւերի հայրենիքը, ինչպէ՞ս պիտի վերստեղծենք այն բոլորը, որ այժմ սեւ ձեռքերով կործանած են, մենք որբեր ենք հիմա, չունինք մեր առաջնորդ Մովսէսը, որ Կարմիր ծովը պատռելով` դարձեալ պիտի առաջնորդէր մեզի աւետեաց երկիրը: Այլեւս ինչպէ՞ս հայ գեղջուկը իր աւերուած հայրենիքը պիտի վերադառնայ, երբ Արամը չկայ, այն կարող ու զօրեղ ձեռքը, որ ցոյց պիտի տար` ի՛նչ կերպով պիտի վերաշինէր քանդուած օճախը եւ մարած կրակը վերստին վառէր»:

«Վէսպէրը (բանաստեղծ) Վարուժանէն (Դանիէլ) արտասանեց` միաժամանակ ցոյց տալով Արամին դերը երկրին մէջ: Այնուհետեւ նոր սերունդին կողմէ խօսք առաւ ընկ. Դաւիթ Մելիք Դադայեանը` երախտագիտութեամբ խոնարհելով Արամին եւ անոր նման բոլոր նահատակներուն առջեւ:

«Զանգ». «Թափօրը յառաջացաւ ու կանգ առաւ խորհրդարանին առջեւ, որուն պատշգամէն կառավարութեան կողմէ խօսք առաւ խնամատարութեան եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար` նախարար (Ալեքսանդր) Խատիսեանը, որ շեշտեց, թէ Արամի մահը ի՛նչ մեծ կորուստ է կառավարութեան համար, թէ` որքան ծանր եղած է գործել այնպիսի նորակազմ կառավարութեան մէջ, որ իր գոյութեան սկիզբէն շրջապատուած էր հազար ու մէկ խոչընդոտներով, եւ որուն գործունէութեան ծրագիրը անորոշ դարձած էր տիրող քաղաքական յեղ յեղուկ պայմաններուն պատճառով: Սակայն Արամը եղած է այն խոհուն, գործունեայ անդամներէն մէկը, որ երբեք չէ կորսնցուցած իր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը եւ ամենածանր փորձութիւններէն դուրս եկած է պարզերես ու պահուն իմաստը իսկութեամբ ըմբռնող»:

«Զանգ». ՀՅԴ Երեւանի կեդրոնական կոմիտէին եւ խորհրդարանի ՀՅԴ խմբակցութեան կողմէ Հայկ Սարգսեանը վեր առաւ Արամի գործօն ու կենդանի մասնակցութիւնը կոմիտէին մէջ` երբեմն անոր տուն տուողը հանդիսանալով: Նոյն պատշգամէն Վանի, արեւմտահայերու նոր սերունդին եւ  որբերուն կողմէ երախտագիտութեան ջերմ խօսքեր արտասանեց ընկ. Ոստանիկը: Ապա թափօրը Բագարնայա (այժմ` Խորենացի), Արխիտեկտորսկայա փողոցներով հասաւ Մոլոկանսկայա (Քրիստափոր) փողոց` ուղղուելով դէպի Միլեր գերեզմանատան ճամբան (այժմ` Արշակունեաց փողոց, իսկ գերեզմանատունը խորհրդային տարիներուն վերացուած` այժմու Կոմիտաս այգիին վայրն էր (4)): Բազմահազար ժողովուրդը, հակառակ ցուրտին, կը շարունակէր ուղեկցիլ հանգուցեալի դագաղին. ցաւը մեծ էր եւ ընդհանրական»:

«Գերեզմանատան մէջ թաղումէն առաջ խօսք առաւ վարչապետ (Յովհաննէս) Քաջազնունին` վերլուծելով կեանքի ու մահուան եւ մարդու մահէն ետք հոգիի անմահութեան գաղտնիքը:

«Զանգ». Ընկ. Քաջազնունին շեշտեց, թէ որքա՜ն ցանկութիւններ անկատար ձգած` Արամը անժամանակ կը հեռանայ մեզմէ դէպի յաւիտենականութիւն, խոր կսկիծի մէջ ձգելով բոլորս: «Գնա՛, ընկ. Արամ, գնա՛, սիրելի՛ եղբայր: Դուն ժողովուրդին հանդէպ քաղաքացիական պարտքդ կատարեցիր, եւ երբ ես ալ կու գամ քովդ, քեզ կը գտնեմ, սիրելի ընկեր, յաւիտենականութեան մէջ, յոյս ունիմ, որ ուրախ լուրեր կու տամ քեզի քու թշուառ հայրենիքէդ, որուն բարօրութեան գործին նուիրեցիր քու ամբողջ գոյութիւնդ»:

«Թնդանօթներու եւ հրացաններու համազարկերու որոտին տակ հողին յանձնեցին Արամը Դաշնակցութեան պանթէոնին մէջ, (նախարար Խաչատուր) Կարճիկեանին քով, ու հայ ժողովուրդը հրաժեշտ տուաւ Արամի թարմ գերեզմանին»:

Այնուհետեւ, խորհրդային տարիներուն գերեզմանատան վերացման պատճառով, իր այրին` Կատարինէն, գաղտնօրէն, գիշերով, անոր աճիւնը կը տեղափոխէ «Կոզեռնի» գերեզմանատուն, որ 1930-ին քաղաքապետարանի որոշումով նաեւ կը վերցուի եւ կը վերածուի ներկայի «Սիրահարներու» այգիին: Կատարինէն անոր աճիւնը կրկին գաղտնօրէն կը տեղափոխէ այս անգամ Երեւանի «Թոխմախ» կոչուող կեդրոնական գերեզմանատունը, ուր ան կը «հանգչի» ներկայիս:

Արամ Մանուկեանի աճիւնը արժանաւորապէս եւ վերջնականապէս պէտք է հանգչի Եռաբլուրի մէջ:

4 Նոյեմբեր 2018

—————————————

* Ամբիծք = հոգեհանգստեան կարգ հանգուցեալի բնակարանին մէջ:

(1)  https://hy.wikipedia.org/wiki/Արամ_Մանուկեան

(2)  «Աշխատանք» Դ. տարի, թիւ 4, 12 փետրուար 1919, Արամ Մանուկեանի նուիրուած բացառիկ հրատարակութիւն, «Էլէքտրաշարժ» տպարան մայր աթոռոյ Ս. Էջմիածնի, 52 էջ:

(3)  «Զանգ» Գ. տարի, թիւ 16, 9 Փետրուար 1919, Երեւան, էջ 3:

(4)  http://www.aztagdaily.com/archives/280448

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17240

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>