Համագործակցութիւն Ֆինլանտայի Ուսումնական Համակարգին Հետ
Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը իր առաքելութեան սկզբնաւորութեան եւ իր անդրանիկ ուսումնական տարեշրջանի նախօրեակին խոստացաւ իր աշակերտներուն տրամադրել կրթական գերազանցութիւն: Ի կատարումն եւ գործադրութիւն իր այս յանձնառութեան եւ վարժարանի ուսումնական հիմք ընդունելով ֆինլանտական կրթական սկզբունքները` Մխիթարեան վարժարանէն պատուիրակութիւն մը գործուղուեցաւ Ֆինլանտա, որ կը համարուի կրթական աշխարհին մէջ առաջին հորիզոնականը գրաւող երկիրը: Մխիթարեանը եղաւ Լիբանանի մէջ առաջին վարժարանը, որ որոշեց օգտուիլ ֆինլանտական կրթական սկզբունքներէն` աւելի մօտէն ծանօթանալով անոնց կիրարկած մեթոտներուն:
Պատուիրակութիւնը կ՛ընդգրկէր Մխիթարեանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը, վարժարանի կրթական համակարգող Մէյրի Ղազարեան- Կիւրիւնլեանը եւ Մխիթարեան միաբանութեան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մեծաւոր Մեսրոպ ծ. վրդ. Սիւլահեանի օգնական Նարեկ Ճենանեանը: 13-17 նոյեմբեր երկարող այցելութեան ընթացքին պատուիրակութեան անդամները դիտարկումներ կատարեցին Ֆինլանտայի դպրոցներուն մէջ, հետեւեցան հոն գործադրուող կրթական մեթոտներուն եւ արհեստագիտութիւններուն` անոնցմէ հնարաւոր եղած չափով կարենալ պատշաճեցնելու լիբանանեան կրթական կեանքին:
Պատուիրակութիւնը այցելեց զանազան մանկապարտէզներ (6-7 տարեկան աշակերտներ), նախակրթարաններ (7-16 տարեկան աշակերտներ, առաջինէն իններորդ դասարաններ), ինչպէս նաեւ` երկրորդական եւ արհեստից վարժարաններ (10-12-րդ դասարաններ, 16-19 տարեկան աշակերտներ): Նաեւ հանդիպումներ տեղի ունեցան կրթական մարզի մասնագէտներու հետ, որոնք վարժողական դասընթացքներ ներկայացուցին թուայնացման աշխարհին եւ ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու ուսման վերաբերեալ:
Ֆինլանտական կրթութեան մեթոտներն ու գաղտնիքները, ինչպէս նաեւ ուսուցման անհրաժեշտ միջոցները Մխիթարեան վարժարանի ուսուցչակազմի անդամներուն պիտի տրուին մասնագիտական զարգացման զանազան համաժողովներով:
Այցելութիւնը պսակուեցաւ համաձայնագիրի մը ստորագրութեամբ` Մխիթարեանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանի եւ RIVERIA միջազգային կազմակերպութեան տնօրէն Էսա Թարվինենի միջեւ: Սոյն կազմակերպութիւնը Ֆինլանտայի եւ համայն աշխարհի ուսուցիչներ կը մարզէ եւ զանոնք լաւապէս կը պատրաստէ` անոնց ծանօթացնելով ֆինլանտական կրթական յաջողագոյն մշակոյթը:
Մխիթարեան վարժարանի եւ RIVERIA կազմակերպութեան միջեւ սկիզբ առած համագործակցութիւնը, գործակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութեամբ, հետագային պիտի շարունակուի յաւելեալ դասընթացքներով, աշակերտներու փոխանակման ծրագիրով, այցելութիւններով եւ համաժողովներով:
Մխիթարեան վարժարանը կը ձգտի ուսումնական գերազանցութիւն ապահովել իր աշակերտներուն եւ ըլլալ ինքնատիպ` իր այս իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ, որ կը գործէ աշակերտակեդրոն ձեւով` պատրաստելու համար յաջողակ աշակերտներ, որոնք երջանիկ են, լաւատես, ունին քննադատական միտք եւ կ՛աշխատին կերտել աւելի լաւ աշխարհ մը:
ԼՐԱՏՈՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ