ՄԵԹՐ ՎԱՐԴԳԷՍ ՇԱՄԼԵԱՆ
Այո՛, շնորհաւորութի՛ւն, ո՜վ Լիբանան, 1943-ին Լիբանանի անկախացման եւ պետութեան ստեղծման 75-ամեակի ոգեկոչման առթիւ:
Հոս, անտեղի է հանրածանօթ պատմական եղելութիւնները կրկնելը, բացի յիշելէ, որ Ֆրանսայի հոգատարութեան տակ գտնուող Լիբանանը, Պըշարա Խուրի նախագահին եւ վարչապետ Սամի Սոլհի օրով, համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին իսկ, զօրավար Տը Կոլի հրահանգով, 22 նոյեմբեր 1943-ին անկախ հռչակուեցաւ:
Նպատակս է երկու խօսքով փորձել արտայայտել Լիբանանի հանդէպ լիբանանահայութեան ունեցած սիրոյ, մեծարանքի եւ երախտագիտութեան զգացումները (զգացումներ, որոնք անջատ են Հայաստանի հանդէպ մեր ունեցած անպարագիծ սէրէն):
Արդարեւ, Մեծ եղեռնէն ետք ու մինչեւ այսօր հայութիւնը կը վայելէ ո՛չ միայն գեղեցիկ Լիբանանի հիւրընկալութիւնը, այլ նաեւ, շնորհիւ համայնքային համակարգի գոյութեան, այլազան կրօնքի եւ դաւանանքի պատկանող համայնքներու նման, համահաւասար եւ լիիրաւ քաղաքացիի իրաւունքներ ունինք, պետութեան կառավարման կը մասնակցինք հայ նախարարներով եւ երեսփոխաններով եւ այլն:
Ու թէեւ մասամբ նօսրացած, սակայն համատարած սփիւռքեան հայ համայնքներու մէջ ազգային, եկեղեցական (Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան), կուսակցական կառոյցներու կիզակէտերը տակաւին Լիբանանի մէջ են (կառոյցներ, որոնք պէտք չէ քանդուին): Լիբանանի պետութեան մէջ, որոշ մարզերու մէջ փոքր պետութիւն մըն ալ մեր համայնքն է, որ կը գործէ Ազգային սահմանադրութեան սկզբունքներով (ունինք հայկական երեսփոխանական ժողով, դատաստանական խորհուրդ, ուսումնական խորհուրդ եւ այլազան մարմիններ):
Լիբանանի հանդէպ մեր եւ այլ համայնքներու ալ ունեցած սիրոյ եւ մեծարանքի օրինակ մը յիշեմ:
Մոնրէալի մէջ Լիբանանի հիւպատոսարանը ամէն տարի, անկախութեան ոգեկոչման տօնակատարութիւն մը կը կազմակերպէ` հրաւիրելով լիբանանեան կազմակերպութիւնները, որոնց կարգին հայ համայնքի ներկայացուցիչը, Առաջնորդ սրբազանը` իր հետեւորդներով, եւ զիս` իբրեւ նախկին երեսփոխան:
Եւ արժէ տեսնել, որ Լիբանանի հանդէպ իրենց սէրը, մեծարանքը եւ կապուածութիւնը արտայայտելու իբրեւ ապացոյց, հակառակ Քանատայի ցուրտին ու ձիւնին եւ ապահովական միջոցառումներու, հրաւիրեալները (կրօնաւորներ, աշխարհականներ, իսլամներ` իրենց շէյխերով) ինչպէ՛ս իրար խառնուած, հրմշտուքով կը խուժեն հանդիսասրահ` իրենց շնորհակալութիւնները փոխանցելու Լիբանանի պետութիւնը ներկայացնող օրուան հիւպատոսին:
Նոյն տեսարանը պարզուեցաւ երեսփոխանական վերջին ընտրութիւններուն առթիւ, եւ շատեր, ցուրտին ու անձրեւին շարքի սպասելէ ետք չկրցան նոյնիսկ քուէարկել` ճշդուած ժամկէտը հասած ըլլալով:
Նշեմ նաեւ զուտ անձնական ապացոյց մը, նկատի ունենալով, որ ընտանիքիս մէջ եւս, ես ու տիկինս ամէն առթիւ Լիբանան, Լիբանան «կը հոլովենք», զաւակներէս մէկը օր մը ըսաւ. «Դուք ֆիզիքապէս Քանատա կ՛ապրիք, սակայն մտքով, հոգիով տակաւին Լիբանան կ՛ապրիք…»:
Վերջացնեմ` այս առթիւ մաղթելով, որ հակառակ Միջին Արեւելքի (ինչպէս նաեւ ներքին) քաղաքական ապակայունացման իրավիճակին, Լիբանանը մնայ ազատ, անկախ եւ անբաժան: