Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Բաղէշի Անդենց Գիւղի Սուրբ Անանիա Հայկական Եկեղեցին Որպէս Մարագ Եւ Յարդանոց Կ՛օգտագործուի. Թրքական Լրատուամիջոցին Անդրադարձը

$
0
0

Ներկայիս Թուրքիոյ տարածքը գտնուող Բաղէշի (թրք. անուանումը` Պիթլիս) Անդենց գիւղի (թրք. անուանումը` Տէյիրմենալթը) աւելի քան 1400 տարուան պատմութիւն ունեցող հայկական Սուրբ Անանիա եկեղեցին կ՛օգտագործուի որպէս մարագ եւ յարդանոց: Այդ մասին, ըստ «Ակունք» կայքէջին, կը հաղորդէ «Իհլաս» թրքական լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրին յայտնելով, սոյն եկեղեցին 1993-ին արձանագրուած է Տիգրանակերտի մշակութային հարստութիւններու պահպանման շրջանային խորհուրդի կողմէ: Եկեղեցւոյ շուրջ առկայ են նաեւ 15-րդ դարու խաչքարեր, որոնց մէկ մասը դեռ կանգուն է, միւս մասը` ջարդուփշուր եղած:

Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ եկեղեցին բաղկացած է երկու շինութիւններէ, որոնցմէ մէկը կառուցուած է 6-րդ կամ 7-րդ դարերուն: Գիւղի տարեց բնակիչները թրքական լրատուամիջոցին հաղորդած են, որ երբ իրենք մէկ այլ շրջանէն այստեղ տեղափոխուած են, եկեղեցին լիովին կանգուն վիճակի մէջ եղած է:

Կարինի (թրք. անուանումը` Էրզրում) Աթաթուրքի համալսարանի Գեղարուեստի հիմնարկի մագիստրոս եւ լուսանկարիչ Պուրհան Կիւնտողտուն լրատուամիջոցի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ յիշեալ գիւղին մէջ լուսանկարներ առնելով` պատահաբար հանդիպած է այս եկեղեցիին: Ան նաեւ շեշտած է, որ հարկ է եկեղեցին արժեւորել թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ տուեալ շրջանին զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու առումներով ու` աւելցուցած. «Երբ ժամանակ կ՛ունենամ, լուսանկարչութեամբ կը զբաղիմ, որ նախասիրութիւն է ինծի համար: Այս հինաւուրց եկեղեցին, որուն անունը Սուրբ Անանիա է, պատկանած է հայերուն: Եկեղեցին ուսումնասիրելու ընթացքին հանդիպեցայ շատ էական պատմական արժէքներու, ինչպէս, օրինակ, հսկայական գերեզմանաքարերու եւ արձանագրութիւններու»:

Կիւնտողտուն նաեւ յայտնելով, որ եկեղեցւոյ լուսանկարները առած պահուն շատ տպաւորուած է, նշած է. «Քանզի այդ քարերու երկարութիւնը 5-6 մեթր է, եւ անոնց վրայ փորագրութիւններ առկայ են, որոնք կը պատկերեն քրիստոնէութեան առաջին ժամանակաշրջանը, ինչպէս նաեւ` այլ պատկերներ ու խաչի նշաններ: Խաչքարերու վրայի պատկերներուն մէկ մասը հասկնալի է, միւսը` ոչ: Խաչքարերուն մեծ մասը ցրուած է եկեղեցւոյ շուրջ: Քանի որ այդ տարածքը ներկայիս կը պատկանի անհատի, եկեղեցին կ՛օգտագործուի որպէս յարդանոց, եւ այնտեղ խոտ ու ծղօտ կը պահուի: Քանի որ, կը կարծենք, այս կառոյցը շատ կարեւոր է, ցանկացինք, որ մեր առած լուսանկարները հրապարակուին: Կը մտածենք, որ եկեղեցւոյ շնորհիւ` այս նահանգին մէջ կը զարգանայ զբօսաշրջութիւնը: Այդ պատճառով յոյսով ենք, որ շուտով կը սկսին եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները, որովհետեւ անիկա էապէս կը նպաստէ մեր Պիթլիսի եւ այս գեղեցիկ գիւղի զբօսաշրջութեան զարգացման: Երբ նկատի կ՛ունենանք, որ նման հարստութիւն մինչ այժմ կրցած է կանգուն մնալ, կ՛ըմբռնենք հնարաւորինս կարճ ժամանակահատուածին մէջ եկեղեցւոյ վերականգնման անհրաժեշտութիւնը»:

Յիշեցնենք, որ 1850-ական թուականներուն Անդենց գիւղն ունեցած է 54 հայ բնակիչ եւ երկու հայկական եկեղեցի` Ս. Անանիա եւ Ս. Մինաս անուններով:

https://www.sondakika.com/haber/haber-bin-400-yillik-kilise-ot-ve-saman-deposu-olarak-11431062/

Թարգմանեց՝ ՄԵԼԻՆԷ ԱՆՈՒՄԵԱՆ

Akunq.net 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>