ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Տաթեւի վանքի ճոպանուղին, որ արժանապէս կոչուած է «Տաթեւեր», պէտք է ընդունիլ, որ աշխարհի ամէնէն թեւաւոր միտքերէն մէկն էր. մէկ սարէն միւսը` հինգ քիլոմեթր ճոպանի վրայ սլանալ… Մեր աշակերտները զարմանքով կը լսեն, որ վանքին անունն իսկ սերած է ճարտարապետի վերջին խօսքէն` «Տա՜յ թեւեր» ձայնարկութենէն:
– Պարո՛ն, այս վանքը լերան կտուրին վրայ թառած թեւաւորի կը նմանի:
– Սուր աչք ունիս: Կը յիշե՞ս Չարենցը, ան, որ Կարս քաղաքի մենագրութիւնը գրած էր, «Երկիր Նայիրի»-ն: Ահա այդ վէպին մէջ Չարենցը քաղաքի Սուրբ Առաքելոց եկեղեցին կը նկարագրէ ճիշդ այնպէս, ինչպէս դուն դիտեցիր Տաթեւը. «Բերդից դէպի հիւսիս, վարը, բլուրի լանջին, ծուարել է Առաքելոց եկեղեցին` որպէս քարից շինած մոխրագոյն մի թռչուն»: Սարին, ինչպէս Առաքելոցն ու Տաթեւը, թեւատարած կը հսկեն իրենց երկրամասերուն, նոյնպէս ալ «թեւ» բառը իր լայնաթեւ ներկայութեամբ հսկած է մեր մայրենիին: Քեզի այդ շնորհալի բառին վերելքները կը պատմեմ վաղը, երբ հասնինք Ծաղկաձոր: Հիմա դասընկերներուդ հետ Որոտանի կիրճի ահաւոր տեսարանը վայելէ:
… Ծաղկաձորի գիւղամէջի գողտրիկ հրապարակը, կիրակնօրեայ յետմիջօրէին, եռանիւ քշող երեխաներու, խաչբառ լուծող մեծ հայրերու եւ կիթառ նուագող ապագայ սիրահարներու հրապուրիչ հաւաքավայր է: Իսկ մենք որոշած ենք թեւատարած արծիւներու արձանի շուքին տակ, «Ծաղկաձոր» փորագրուած նստարաններու վրայ ժամ մը նստիլ, «ոչինչ» ընել ու հաճոյքով դիտել բոլորը:
– Պարո՛ն, ելա՞կ, թէ՞ վանիլլա: Բոլորս պաղպաղակ առինք: Ձեզի ալ առինք:
– Ելա՛կ: Սարի՛ն, նկատեցի՞ր, որ թեւատարած արծիւը պատկերուած էր նաեւ Արցախի զինանշանի վրայ… Բառեր կան, որոնք ազգերու բարձր միտքերուն եւ երազներուն թռիչք կու տան: Հայկեան տոհմի համար «թեւ» բառն է ան: Մենք սիրեցինք այս միավանկը ու անոր փափուկ փետուրներու վրայ սպասելիօրէն մեր երեւակայութիւնը առաւ թեւեր:
– Քանի՞ թեւ:
– Բազմաթիւ: Առաջինը` «միաթեւ», ածական մը, որ յարմար եկաւ ճարտարապետ Ճիմ Թորոսեանին` «Արծիւ Վասպուրականի» յուշակոթողը նկարագրելու համար. «Միաթեւ յուշակոթողն այնպիսին է, որ հեռուից նայելիս թւում է, թէ արծիւի այդ թեւն իր հովանու տակ է առել դիմահայեաց Արարատ լեռը»: «Միաթեւ»-ը նաեւ տուաւ երկու բառակապակցութիւն. «միաթեւ հրեշտակ» եւ «միաթեւ կամուրջ»: Ապա եկաւ «երկթեւ»-ը: Այս ածականը դիտելու համար պէտք է կրկին ճամբորդել Կարս ու դիտել Առաքելոց եկեղեցին` Չարենցի աչքով. «Վերը, գմբէթի ծայրին, խաչն է` պարզ, երկթեւ նայիրեան մի խաչ»: «Երկթեւ» են նաեւ բազմաթիւ տաճարներու տանիքները, ինչպէս` Նորավանքի թաղածածկ տանիքը: «Եռաթեւ»-ը քեզ պէտք է որ տանի 4511 տարի ետ, օգոստոսի 11-ին: Այդ օր իր «եռաթեւ նետով Բելին սպաննեց մեր անուանադիր նահապետը` աղեղնաւոր Հայկը:
– Պարո՛ն, ես գիտեմ եռաթեւ մը եւս: Թերթերը գրեցին, որ այլեւս լուսաւորուած պիտի ըլլայ Մերսետեսի «եռաթեւ աստղը»…
– Յաջորդը «քառաթեւ»-ն է, Սարի՛ն: Անիկա բառակապակցութիւններ կազմելու լայն հնարաւորութիւններ տուաւ մեզի, ինչպէս` քառաթեւ շէնքեր, սլաքներ, քամիներ եւ արեւակներ: Գրիգոր Նարեկացին ունի լուսաւոր մէկ արտայայտութիւն` «քառաթեւ նշոյլ»: Իսկ հիներու համար «քառաթեւ»-ը խաչն էր: Կ՛արժէ նաեւ յիշել, որ սերովբէները «վեցթեւեան» են, աշտանակներ կան «եօթնաթեւ», եւ «ութաթեւ աստղը» հայոց պետականութեան եւ յաւերժութեան խորհրդանշանն է: Եւ կայ Պօղոս վարպետի 1291 թուականին փորագրած «ասեղնագործ» խաչքարը, որուն վրայ փորագրուած է «տասնաթեւ» աստղ: Իսկ օր մը յայտնուեցաւ երազկոտ բանաստեղծ մը` Յովհաննէս Շիրազը, ու «թեւ»-ին տուաւ հազար թեւ.
Հազար տարուայ կարօտ ունեմ,
իմ երազը հազարաթեւ:
Ա՜խ, թէկուզ լուռ, դեռ աւերակ,
տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ…
Շիրազէն երեսուն տարի ետք հայրենի մէկ այլ բանաստեղծ` Ռոմիկ Սարդարեանը, հազար թեւով սաւառնող այդ ածականը նուիրեց չարաշուք գեղեցկուհիի մը. «Օ՜, խաւարի թագուհի, կրկին եկար ինձ այցի… Հազարադէմ տեսլացար.- հազարաթեւ փարուեցիր»: «Թեւ» արմատով սկսող բառերը երկու հարիւրի չափ են, ինչպէս` թեւաբեկ, թեւազուրկ, թեւածալ, թեւածածան եւ թեւամփոփ: Նոյնքան եւ աւելի պատկերալից են այն բառերը, որոնց երկրորդ բաղադրիչն է «թեւ». սպիտակաթեւ, ծանրաթեւ, երանաթեւ… Մեզ շատ տպաւորեցին Ռուբէն Զարդարեանի «մեղմաթեւ հովիկ»-ը, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «փափկաթեւ զեփիւռ»-ը, Նայիրի Զարեանի «երազաթեւ քամի»-ն, Վահան Տէրեանի «Սառնաթեւ մութ»-ը, Յովհաննէս Թումանեանի «Հրաթեւ հոգի»-ն, Գեղամ Սարեանի «Սեւաթեւ գիշեր»-ը եւ Մանուկ Մանուկեանի «Սիրաթեւ արցունքներ»-ը, որմով բանաստեղծը որոշած էր լուալ իր երազներու փունջը…
– Այսքան երազկոտ բառ մը պիտի տար, անկասկած, դարձուածքներ: Երբ անգործ նստիմ, մայրս կը սաստէ զիս ու կ՛ըսէ. «Նորէն թեւերդ ծալած` նստած ես»:
– Իսկ, Սարի՛ն, օր մը եթէ որոշես ներգաղթել, հայրենիքը քեզ «բաց թեւերով կ՛ընդունի»: Այո՛, դարձուածքները գեղեցիկ են, կ՛ամփոփեն կեանքի վիճակները: Անոնք, որոնք ուրախ են, հովանաւորուած կամ խրախուսուած` «թեւեր կ՛առնեն», երբեմն ընկեր ընկերոջ «թեւ կու տայ», կամ դաւաճանաբար «թեւերը կը կտրէ», իշխանութենէ կամ իրաւունքէ զրկուածները կը դառնան «թեւերը կախ», վհատողներուն եւ յուսահատներուն «թեւերը կը թուլնան», տիրակալներ ու ծաւալապաշտներ իրենց «թեւերը կը փռեն»… Սարի՛ն, դուն տեսա՞ծ ես մարդ մը, որ «երկու թեւերու մէջ ձմերուկ ունի»:
– Պտղավաճա՞ռը:
– Չէ՜, չափազանց քաջալերուած գոռոզներու համար կը գործածուի այդ արտայայտութիւնը: Հազուագիւտ է: Մտքիդ մէջ պահէ, օր մը պէտք կ՛ունենաս… Բարինը եւ Տերեւը ո՞ւր են:
– Հոն են, թեւ-թեւի մտած` կը քալեն: Նարեկն ու Փաթիլն ալ բոլորիս համար կուտ առնելու գացին:
Ու դեռ չգիտցած, թէ ինչո՛ւ բոլորս քիչ մը հարբած ենք, ծոթրինաբոյր հովի՞կն էր յանցաւորը, թէ՞ մեր առջեւ երերող մարդկային գեղեցիկ տեսարանը, յանկարծ մեզ օրօրել կու գայ Խաչատուր Աւետիսեանի «Ծաղկած բալենի» երգը:
– Պարո՛ն, նուագողներու քով պիտի երթամ, ես այս երգը շատ կը սիրեմ…
Հարսի նման ճերմակ հագար,
Ծաղկած բալենի…
Ինձ առ ճերմակ թեւերիդ մէջ,
Իմ քոյր բալենի:
Կիրակնօրեայ յետմիջօրէին եռանիւ քշող երեխաներու, խաչբառ լուծող մեծ հայրերու եւ կիթառ նուագող ապագայ սիրահարներու սիրաթեւ հաւաքավայր է Ծաղկաձորի հրապարակը:
«Ակօս»