Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

«Մենք Դեռ Կ՛ապրինք Հայերու Կտուրներու Տակ». Կարսի Քիւրտերը Կը Պատմեն Հարեւաններու Մասին

$
0
0

Հայաստանը Թուրքիայէն բաժնող սահմանը ընդամէնը 50 մեթր է հեռու Կարսի Քիլիթթաշ գիւղէն,  կը գրէ թրքական Gazetekarinca-կայքը` նշելով, որ կարճ հեռաւորութիւնը իրականութեան մէջ ցոյց կու տայ երկու ժողովուրդներու համատեղութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութենէն ետք լքուած հայկական տուները վերաբնակեցուած են հարեւան բնակավայրերէն բերուած քիւրտերով, որոնք ժամանակի ընթացքին դարձած են հայերու տուներու եւ անոնց եկեղեցիներու նոր տէրերը:

Քիւրտերը կը խոստովանին, որ հարիւր տարուան ընթացքին Քիլիթթաշի մէջ որեւէ նոր տուն չէ կառուցուած: «Մենք կը բնակինք հայերու ձգած տուներուն մէջ, մինչ օրս հայերու տանիքներու տակ կ՛ապրինք», պատմած են տեղի բնակիչները:

Կարսի Տիկոր շրջանը այսօրուան Հայաստանէն կը բաժնուի Արփաչայ գետով: Այս բնակավայրը ուշադրութիւն կը  գրաւէ իր իւրայատուկ գեղեցիկ բնութեամբ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>