Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Կենսոլորտային Ահազանգ. Լիթանի Գետը Վերածուած Է Լիթանի Կոյուղիի, Հետեւանք` Պեքաայի Մէջ Քաղցկեղէ 45 Մահուան Պարագայ

$
0
0
Կրինփիս. «Ժունիէի Ելեկտրակայանը Գրաւեց 5-րդ Դիրքը Արաբական Երկիրներու Օդի Ապականումի Դասակարգումին Մէջ»

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Կենսոլորտի բաղադրիչները հիմնականօրէն կը կազմեն կենդանիներն ու բոյսերը: Մարդու ներգործութիւնը բնութեան վրայ միշտ չէ, որ դրական արդիւնք կը կազմէ: Պէտք է նախազգուշական միջոցառումներ ձեռնարկուին եւ քայլեր առնուին` այս գեղեցիկ բնութիւնը եւ առհասարակ կենսոլորտը մաքուր ու առողջ պահելու եւ օգտուելու անոր ընձեռած բարիքներէն: Փաստօրէն այսօր կենսոլորտի դէմ բացայայտ պատերազմ կայ նոյնինքն մարդուն կողմէ, որ կենդանի էակներու թագաւոր դասուած է իր բանականութեամբ եւ այս տիեզերքը ղեկավարելու բացառիկ կարողութեամբ: Այս պատերազմը վերջին շրջանին սաստկացած է, որուն պատճառով  բնութեան եւ մարդկային աղէտներ կ՛արձանագրուին:

Լիբանանի կենսոլորտը այս իմաստով իր պատմութեան մէջ մեծագոյն աղէտի դէմ յանդիման կը գտնուի: Ծով թափուող թոներով աղբերը, աղբերու հրկիզումը, օդի ապականումը, անոնց գարշահոտութիւնը եւ անոնց պատճառով յառաջացած թոքերու, քաղցկեղի հիւանդութիւնները կը վտանգեն լիբանանցի քաղաքացիին կեանքը: Կանաչապատ Լիբանան, մայրիներու երկիր անուանումը, որ զբօսաշրջիկներուն համար զբօսնելու եւ արձակուրդ անցընելու լաւագոյն վայրն է իր ծովեզերեայ դիրքով եւ հրաշալի բնութեամբ, այսօր արդէն կորսնցուցած է իր երբեմնի լաւագոյն երկիր ըլլալու առանձնայատուկ անունը: Վերջերս Լիթանի գետի Ազգային վարչութեան ընդհանուր տնօրէնը ահազանգ հնչեցուց Լիթանի գետին ապականման ու հիւանդութիւններու տարածման իմաստով: Իսկ «Կրինփիս» բնապահպանութեան կազմակերպութիւնը Զուքի ելեկտրակայանը դասեց արաբական երկիրներու օդի ապականման 5-րդն ու համաշխարհային առումով 23-րդը: Երեւոյթ մը, որ խոր մտահոգութեան կ՛առաջնորդէ լիբանանցի քաղաքացին եւ հարցական կը դարձնէ երկրի ղեկավարութեան ձեռնածալ մնալը` առանց դոյզն իսկ լուծման մասին մտածելու, վտանգի տակ դնելով նախ քաղաքացիին առողջութիւնը, ապա` բնութեան հասնելիք ահաւոր աղէտը:

Անցեալին Լիթանի Գետը Նախանձելի Իր Ջրառատութեամբ Եւ Մաքրութեամբ

Լիթանի գետը, որ կը գտնուի Պեքաայի դաշտին մէջ, կը բխի Պաալպեքի արեւմուտքէն, կը թափի Միջերկրական ծով եւ կը նկատուի Լիբանանի ամէնէն մեծ ու երկար գետերէն մէկը: Իր ջրային կարողութիւնը կը հասնի 750 միլիոնի: Քարաուն արհեստական լիճը կառուցուած է Լիթանիի ջրամբարին մօտ` առաւելագոյն չափով օգտուելու համար գետին ընձեռած բարիքներէն: Այս առումով, մնայուն ծրագիրներ կազմուած են ջուրը օգտագործելով ջրելեկտրականութիւն ունենալու եւ ոռոգման ջուր ապահովելու Պեքաայի դաշտին եւ հարաւի գիւղերուն համար: Իր ունեցած առաւելութիւնը նախանձելի է յատկապէս Լիբանանի սահմանակից երկիրներուն համար:

Ի՞նչ Ազդակներ Ջուրի Աղբիւրները Կ՛ապականեն

Լիթանի գետը, ինչպէս` այլ գետեր, կը դիմագրաւէ ջուրի աղբիւրներու ապականման հարց, որոնցմէ կարելի է յիշել հետեւեալները.

1.- Գիւղերէն եկած կոյուղիներու ջուրերը եւ բնակիչներուն աղբերը, որոնք կը թափին ջուրի հոսանքին մէջ,

2.- Պանիրի, մածունի արտադրութեան գործարաններուն մնացորդացը, որոնք դարձեալ կը թափին գետին ջուրերուն մէջ,

3.- Հողագործութեան մէջ գործածուող քիմիական պարարտացուցիչներն ու միջատասպան դեղերու չափազանցուած գործածութիւնը, որոնք ուղղակիօրէն կը բարձրացնեն ազոթի եւ ծանր մետաղներու կազմութեան համեմատութիւնը ստորերկրեայ ջուրերուն մէջ:

Լիթանի Գետը` Ապականած

Վերջին շրջանին հնչող Լիթանի գետին ապականման  յաջորդական յայտարարութիւնները իրենց գագաթնակէտին հասան, երբ Պաալպեքի Հաուշ Ռաֆքա գիւղը կորսնցուց իր 21-ամեայ երիտասարդը, որ պայքարելէ ետք գետի ապականման պատճառով տարածուած հիւանդութեան` քաղցկեղին դէմ, իր մահկանացուն կնքեց` խոր սուգի մատնելով գիւղի բնակիչները, որոնք նաեւ բողոքի մեծ ալիք մը բարձրացուցին, նկատի ունենալով, որ վերջին հինգ տարիներուն այս ապականման պատճառով յառաջացած քաղցկեղի հիւանդութեան 45-րդ զոհն էր: Երկրորդ իրարանցումը եւ բողոքը յառաջացաւ, երբ Լիթանի գետի ապականման հարցին համապարփակ ստուգումը կատարուեցաւ, եւ Լիթանի գետին Ազգային վարչութեան ընդհանուր տնօրէն Սամի Ալաուիէ յայտարարեց Լիթանի գետին ապականումի տարբեր տեսակներու հետ կապուած տարրալուծարանային քննութիւններուն արդիւնքները, որոնք եկան հաստատելու, որ գետին հոսող եւ ստորգետնեայ ջուրերը ապականած են: Այս առումով, պանիրի եւ մածունի արտադրութեան գործարաններէն պահանջուեցաւ դադրեցնել իրենց մնացորդացը թափել գետին մէջ` կանխելու համար վարակիչ հիւանդութիւնները, ինչպէս` քաղցկեղը, թիֆոյիտը եւ թունաւորումը, որոնք վերջին քանի մը տարիներուն զգալի աճ արձանագրած են Պեքաայի գիւղերուն մէջ:

Լեարդի Բորբոքումի Վարակումներ` Գետին Ջուրը Օգտագործելուն Պատճառով

Լեարդի «Ա.» վարակով հիւանդներու համեմատութեան պատկերը Պեքաայի մէջ` 2002-էն մինչեւ 2018

Սննդականոնէն թունաւորումի համեմատութեան պատկերը Պեքաայի մէջ` 2002-էն մինչեւ 2018

Վերջերս առողջապահութեան միջազգային նախարարութեան կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան համաձայն, 2018 յունուարէն մինչեւ հոկտեմբեր Պեքաայի (Զահլէ, Պաալպեք, Հերմել) մէջ 334 անձ վարակուած է լեարդի «Ա.» վարակով, մինչդեռ  2002-ին այս երեք շրջաններուն մէջ 91 հոգի վարակուած էր:

Վարակուած անասուններու արտադրութիւններուն սպառումը, ապականած ջուրով բանջարեղէններն ու պտուղները լուալը աւելցուցած են թունաւորումի համեմատութիւնը: 2016-ին արձանագրուած է 128 թունաւորումի պարագայ, 2017-ին` 245, իսկ 2018-ին` 138: Ըստ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին կատարած համապարփակ ուսումնասիրութեան (արդիւնքները յայտարարուած` 2008-ին)  Լիթանի գետին ջուրը կ՛օգտագործուի 350 հազար բնակիչներու կողմէ, եւ գետին ջուրին ապականումը արագացուցած է հիւանդութիւններու տարածումը, յատկապէս` փորհարութիւնն ու թիֆոյիտը, աւելի քան վեց հազար հոգի վարակուած է:

Ժողովրդային Պոռթկում Եւ Քաղաքական Կեցուածքներ

Երեսփոխան Ժեմիլ Սէյիտ յանդուգն յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով` յայտնեց, որ Լիթանի գետին ջուրը վերածուած է կոյուղիի ջուրի. քաղցկեղի 45 զոհ` Լիթանի գետին ապականման պատճառով: Իր կարգին, առողջապահութեան նախարարը այս հարցին լուծումը տուաւ` մէկ ամիս պայմանաժամ ճշդելով պանիր եւ կաթնեղէն արտադրող գործարաններուն, որպէսզի դադրեցնեն իրենց մնացորդացը գետ թափել: Շրջանառութեան մէջ դրուեցան տարաձայնութիւններ, որ ապականած ջուրը պիտի գործածուի Պէյրութ մայրաքաղաքին մէջ: Մինչ Հաուշ Ռաֆքայի բնակիչները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին` բազմիցս փակելով գիւղի ճամբաները եւ սպասելով առողջապահութեան նախարարութեան արդար որոշումը ի նպաստ քաղաքացիին, որ միշտ կը մաքառի առողջութիւնը խաթարող երեւոյթներուն դէմ:

«Կրինփիս»-ը Պաշտօնապէս Յայտարարեց Զուքի Ելեկտրակայանի` Օդի Ապականման Ահաւոր Իրականութիւնը

Լիբանանի քաղաքացին իր տնտեսական, քաղաքական ճգնաժամին առընթեր, ներկայիս կը դիմագրաւէ նաեւ իր առողջութիւնը խաթարող այլ ազդակ մը: Զուքի ելեկտրակայանէն բարձրացող ծուխերը Լիբանանի եւ ի մասնաւորի Ժունիէի շրջանի ապականման բացարձակ գործօն է: Այս տուեալներուն իրազեկ դարձանք, երբ «Կրինփիս» բնապահպանման կազմակերպութիւնը իր արբանեակային հետաքննութեան ուսումնասիրութեան համաձայն (1 յունիսէն 31 օգոստոս), Զուքի ելեկտրակայանը դասեց արաբական երկիրներու 5-րդ եւ համաշխարհային` 23-րդ հորիզոնականներուն վրայ: Այս ապականումը յառաջ կու գայ կայանին արտադրած NO2-էն:  Ելեկտրակայանէն արտադրուած ծուխը եւ վնասակար կազը իրենց  կարգին կը յառաջացնեն թոքերու, շնչառական գործարաններու հիւանդութիւններ` բարձրացնելով մահուան համեմատութիւնները:

Ինչպէ՞ս կարելի է ձերբազատիլ այս թունաւոր կազէն:

Ելեկտրածին շարժակները փոխարինել արեւային վահանակներով եւ ելեկտրականութիւն տրամադրել քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ` նուազացնել քարիւղով բանող ինքնաշարժներուն թիւը` անոր փոխարէն օգտագործելով ելեկտրականութեամբ գործող հանրային փոխադրամիջոցներ, ապականումը նուազեցնելու զարգացած երկիրներու օրինակին հետեւելով:

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Կը Հակազդէ

Ելեկտրականութեան ընկերութեան հակազդեցութիւնը չուշացաւ: Ան մէջբերեց կենսոլորտի նախարարութեան «2015-2030 օդի մաքրութեան ազգային քաղաքականութիւնը» ուսումնասիրութիւնը, ըստ որուն, Լիբանանի մէջ NO2-ի պատճառած օդի ապականման 52 առ հարիւրը յառաջ կու գայ փոխադրամիջոցներէն, իսկ ապականման մնացեալ 48  առ հարիւրը կը յառաջանայ երեք աղբիւրներէ`  գործարաններ, ելեկտրածին շարժակներ եւ ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ բանող ելեկտրակայանները, ուստի ելեկտրականութեան ընկերութիւնը չնչին համեմատութիւն կը կազմէ NO2-ի  արտադրութեան մէջ:

Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը ինքնարդարացման որպէս փաստ` կը նշէ, որ արդէն շարք մը քայլերու ձեռնարկած է, որոնցմէ` Զուքի ելեկտրակայանի հին շարժակները փոխարինել նորով, ծուխի զտման նոր կայաններ հաստատել` հակակշռելու համար NO2-ը, ծուխի խտացումը չափելու մասնաւոր գործիք հաստատել` հետեւելու համար ելեկտրակայանէն արտադրուած սեւ ծուխին: Ան նաեւ նշեց, որ Զուքի ելեկտրակայանը կը համապատասխանէ Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութեան չափանիշներուն, եւ գերմանական ընկերութիւն մը արդէն կ՛ուսումնասիրէ ելեկտրակայանին ապականման հարցը, իսկ զուիցերիական ընկերութիւն մը արդէն մօտ օրէն պիտի աւարտէ իր ուսումնասիրութիւնը, եւ ելեկտրականութեան ընկերութիւնը պիտի սերտէ զուիցերիական ընկերութեան առաջարկները:

Արդ, որո՞ւ պէտք է հաւատք ընծայել, «Կրինփիս» բնապահպանութեան կազմակերպութեա՞ն, թէ՞ ելեկտրականութեան ընկերութեան: Մէկ բան այս ուսումնասիրութենէն կարելի է հետեւցնել, որ Լիբանանի օդը ապականած է յատկապէս  NO2-ի գոյութեան պատճառով, եւ լիբանանցի քաղաքացին ամենաթանկագինը` իր կեանքը կը վտանգէ, իսկ երկրին պատասխանատուները ձեռնածալ կը դիտեն դանդաղ մահը ժողովուրդի մը, որ ժամանակին այս երկիրը քաղաքակրթութեան օրրանի վերածած էր եւ զբօսաշրջական նախանձելի դիրքի վրայ հաստատուած էր:

Լիբանանցիին կը մնայ դարձեալ յոյսով ապրիլ` սպասելով հիմնական փոփոխութիւններու, կենսոլորտի պահպանման նախաձեռնութիւններու եւ մաքրութեան անհրաժեշտութեան, ինչ որ պարտաւորութիւնն է երկրին ղեկավարութեան ու նախարարութիւններուն, իսկ քաղաքացիներուն պարտականութիւնն է հոգ տանիլ եւ աւելի աչալուրջ ըլլալ երկրի մաքրութեան, որպէսզի մեր զաւակները կարենան առողջ միջավայրի մէջ հասակ առնել:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>