Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Յաւերժական Երուսաղէմ – 7. Եղիվարդի Նուշերն Ու Փուշերը

$
0
0

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Եղիշէ պատրիարք (Եղիվարդ)

Իմ մտքին մէջ տեղ գտած են, հինէն ի վեր, քանի մը մտերիմ սաղիմահայեր:

«Մտերիմ» բառը կը գործածեմ իր ոչ նիւթական` զգացական առումով միայն, որովհետեւ ես առ այսօր, իրական իմաստով, ո՛չ մէկ սաղիմահայ ճանչցեր եմ, ո՛չ մէկ սաղիմահայու հետ առնչութիւն կամ կապ ունեցեր եմ:

Իմ «մտերմութիւն»-ը բացառաբար գիրքերու ճամբով է, այլ խօսքով` գրականութեան ընդմէջէն: Եւ հաւատացէ՛ք ինծի, որ գրականութեան ճամբով հաստատուած կամուրջն ու մտերմութիւնը ամէնէն տոկունն է, ամէնէն վստահելին:

Ահա սկսեր են արդէն իմ մտքին մէջ տողանցել հայ գիրի ու գրականութեան աշխարհէն քանի մը դէմքեր, որոնք ինծի համար մի՛շտ ալ խորհրդանշած են Երուսաղէմը: Եւ այս դէմքերուն մէջ առաջին կարգի վրայ կու գայ ԵՂԻՎԱՐԴԸ:

Բոլոր անոնք, որոնք պիտի սերտեն սփիւռքահայ գրականութեան 40-ական թուականներէն մինչեւ 80-ականներ երկարող քառասնամեայ շրջանը, անպայման իրենց առջեւ պիտի գտնեն սքեմաւոր այս բանաստեղծը, որ, ինչպէս ըսի տեղ մը, ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ` Երուսաղէմի հայոց նախկին պատրիարքներէն Եղիշէ արք. Տէրտէրեանը: «Եղիվարդ»-ը իր գրչանունն է, կազմուած` «Եղիշէ վարդապետ» անուանումին առաջին վանկերէն:

Դուրեան եւ Գուշակեան զմայլելի պատրիարքներէն ետք, Եղիվարդ մօտաւորապէս 50 տարի ամէնէն տիրական ու հեղինակաւոր անունը մնաց հայ Երուսաղէմին` թէ՛ վանքէն ներս ստանձնած իր պատասխանատու այլաբնոյթ պաշտօններով (Ժառանգաւորաց վարժարանի տեսուչ, լուսարարապետ, պատրիարքական տեղապահ, ապա պատրիարք), թէ՛ ալ իբրեւ հզօր շունչ ունեցող բեղուն բանաստեղծ ու վարպետ գրիչ: Ան իր անունը անխզելիօրէն կապեց նաեւ «Սիոն» ամսագրին` տասնամեակներ շարունակ զայն խմբագրելով ձեռնհասօրէն ու անոր էջերուն մէջ լոյս ընծայելով չափածոյ ու արձակ անհամար գրութիւններ, կուռ խմբագրականներ ու քարոզախօսական ընտիր էջեր, որոնք կը փայլին մանաւանդ իրենց պայծառ հայերէնով ու վերլուծական ճարտարութեամբ:

Եղիվարդի թէ՛ եկեղեցական ու թէ՛ գրական վաթսունամեայ կեանքը անցաւ արտակարգ փոթորիկներու ու պայքարներու մէջէն: Անոնք, որոնք պիտի փորձեն սերտել իր կենսագրութեան մանրամասնութիւնները, պիտի շշմին Եղիվարդը իրենց ծոցին մէջ առնող ահագնադղորդ դէպքերու ու եղելութիւններու տարողութեան դիմաց, պիտի զարմանան, թէ ան ինչպէ՛ս կուրծք տուաւ իր դէմ ցցուած լեռնակուտակ դժուարութիւններու, տոկաց զինք մաշեցնել ուզող ընդդիմութիւններու եւ մամուլի անուանարկիչ արշաւներու դիմաց, ի վերջոյ` ո՛չ թէ ընկճուելու կամ ճզմուելու համար անոնց վիթխարի ծանրութեան տակ, այլ անհաւատալի ճարպիկութեամբ յառնելու` ովսաննաներու  փառերգութեամբ…

Եղիվարդ` վասպուրականցի այս նախկին որբը, արտասովոր նկարագրի տէր հոգեւորական մըն էր, հակասութիւններու մարմնացում մարդ մը, դրականի ու ժխտականի խառնուրդ խմոր մը, մերթ անուշահամ «նուշ»-եր հրամցնող, մերթ ալ` թունաւոր «փուշ»-եր արձակող տիպար մը, որ իր գրական ու եկեղեցական երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին շարունակ խօսիլ տուաւ իր մասին: 7 տարի պատրիարքական տեղապահ մնաց ան (1949-1956)` ճիշդ 30  տարի ալ իր ափին մէջ պահեց Երուսաղէմի պատրիարքական ասան (1960-1990)` խորհրդաւոր ու առանցքային դերեր ստանձնելով այդ շրջանի վանական ու արտավանական աղմկայարոյց բազմաթիւ տագնապներուն մէջ, որոնց լուծման մոգական բանալին, ի զարմանս շատերու, օր մը անպայման դուրս կ՛ելլէր իր պարեգօտին պզտիկ գրպանէն… Յիշենք, օրինակ, որ Վազգէն Ա. ու Կիլիկիոյ նորընտիր Խորէն Ա. կաթողիկոսներու «հաշտութիւն»-ը իրականացնողը ի՛նք եղաւ (երկու հայրապետներուն նշանաւոր ողջագուրումը Երուսաղէմի մէջ, 26 հոկտ. 1963): Կամ աւելի առաջ, 1956 մարտին, Անթիլիասի գանձատունէն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջին ու յարակից մասունքներու գողութեան պարագան, Զարեհ կաթողիկոսի ընտրութենէն ընդամէնը օրեր անց: Ամբողջ տարի մը մղձաւանջ ու շփոթ ստեղծուեցաւ հայ կեանքին մէջ այդ պատճառով: Ու յանկարծ Եղիվա՛րդն է, որ գողօնը «գտաւ» Ամմանի մէջ ու փութաց վերադարձնելու Անթիլիաս…

Եղիվարդ հին շրջանի մեր շարք մը եկեղեցականներուն նման (Խրիմեան, Սրուանձտեանց եւ այլն)` բնիկ վանեցի էր, Ռշտունեաց գաւառի Կայնիմիրան գիւղէն, ուր ծնած էր 1910-ին: Եղեռնի խորշակը զինք նետեց նախ Պարսկաստան (Սալմաստի մօտերը), այնուհետեւ` Միջագետք, ուր կրցաւ ապաստանիլ Պասրայի մօտիկ Նահր Օմարի հայկական որբանոցը: Յետոյ, Բարեգործականի օժանդակութեամբ, հարիւրաւոր երեխաներու հետ բերուեցաւ Երուսաղէմ 1922-ին ու երկու տարի ետք ալ սան դարձաւ Ժառանգաւորաց վարժարանին: Ուսման ընթացքը ութ տարի էր: Բախտն ունեցաւ աշակերտելու արմաշական երեք հռչակաւոր ուսուցիչներու` Դուրեանի, Կիւլէսէրեանի եւ Գուշակեանի, ինչպէս նաեւ` Աղաւնունիի:

Գուշակեան Թորգոմ պատրիարքին կողմէ ձեռնադրուած վարդապետներէն մէկն եղաւ ան, որ սքեմ ու վեղար ստացաւ 1932-ին:

Իր աստղը փայլիլ սկսաւ վանքին մէջ 1937-ին, երբ  տեսուչ նշանակուեցաւ Ժառանգաւորաց վարժարանին: Այս պաշտօնին մէջ մնաց մինչեւ 1945` մտերմօրէն գործակցելով Յ. Օշականի ու Շ. Պէրպէրեանի նման դաստիարակներու հետ: Դեռ այդ օրերէն իսկ կրցաւ դառնալ ամէնէն ազդեցիկը Երուսաղէմի երիտասարդ վարդապետներուն մէջ, անկասկած` շնորհիւ իր խօսելու ու գրելու բնածին եւ մշակեալ յատկութիւններուն, վարչական անվիճելի կարողութիւններուն, ինչպէս նաեւ` արտավանական անիմանալի կապերուն եւ յարաբերութիւններուն:

Կիւրեղ Բ. Իսրայէլեան պատրիարքի կարճատեւ գահակալութեան ամբողջ տեւողութեան (1944-1949) Եղիշէ վրդ. ստանձնեց լուսարարապետի պաշտօնը: Ու երբ վախճանեցաւ Կիւրեղ պատրիարք, Եղիվարդ դարձաւ վանքին թիւ մէկ դէմքը` թէ՛ պատրիարքական տեղապահ ընտրուելով, թէ՛ ալ զուգահեռաբար շարունակելով լուսարարապետի բարձր պաշտօնը, եօթը տարի: Փաստօրէն վանքին գրեթէ բոլոր լծակները առաւ իր ափերուն մէջ:

Այս շրջանին (1951) եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ ան Ս. Էջմիածին, Գէորգ Զ. Չէօրէքճեան հայրապետէն` օծակից ունենալով ապագայ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց հայրապետը:

Պատրիարքական աթոռին եօթը տարուան թափուր վիճակը, սակայն, յորդեցուց ոմանց համբերութիւնը 1956-ին: Քանի մը ազդեցիկ միաբաններ, գլխաւորութեամբ Տիրան Ներսոյեան ու Շնորհք Գալուստեան եպիսկոպոսներուն, օգտուելով տեղապահ Եղիշէ արքեպիսկոպոսին արտասահման ճամբորդութենէն, միաբանական ժողով մը գումարեցին ու պաշտօնազրկեցին զինք ի բացակայութեան: Յետոյ, ծանրակշիռ նոր քայլ մը առնելով, արտաքսեցին զինք միաբանութեան շարքերէն ալ, զանազան ամբաստանութիւններով: Եւ ի լրումն այս բոլորին` Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ստորագրութեամբ ալ փիլոնազուրկ հռչակեցին զինք եւ հոգեւոր գործունէութենէ առժամեայ կախակայեցին…

Պաշտօնազրկեալ տեղապահին փոխարէն` 1957 մարտին պատրիարք ընտրուեցաւ Ներսոյեան սրբազանը: Բայց թնճուկը չքակուեցաւ, որովհետեւ Յորդանանի  իշխանութիւնները ո՛չ միայն չվաւերացուցին ընտրեալ պատրիարքին պաշտօնը, այլեւ դատական որոշումով մը չեղեալ նկատեցին ընտրական ամբողջ  գործընթացն ու Երուսաղէմէն բռնի հեռացուցին Ներսոյեանը 1958 օգոստոսին…

Աւելի ուշ Երուսաղէմէն բռնի հեռացուեցաւ նաեւ Շնորհք սրբազանը, որ Թուրքիա անցնելով` պատրիարք ընտրուեցաւ Կ. Պոլսոյ աթոռին (1961):

* * *

Եղիշէ պատրիարք Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին ու ՀԲԸՄ-ի նախագահ Ալեք Մանուկեանի հետ

Հայ Երուսաղէմը ահա այսպիսի փոթորկայոյզ տագնապ մը ապրեցաւ լման չորս տարի, 1956-1960:

Այս ամբողջ տագնապի ընթացքին Եղիվարդ մայրաքաղաք Ամման նստած` մնաց աներեր, առանց կարեւորութիւն տալու իր պատուազրկումներուն: Ան դատեր բացաւ զինք ամբաստանողներուն դէմ, տակաւ առ տակաւ չէզոքացուց իր ընդդիմադիրներն ու ի վերջոյ պետական նեցուկով դա՛րձեալ Երուսաղէմ վերադարձաւ ու «կանոնական» ընտրութեամբ բազմեցաւ պատրիարքական գահին վրայ, 8 յունիս 1960-ին: Անմիջապէս Ամենայն Հայոց կաթողիկոսն ալ  յարմար դատեց բեկանել փիլոնազրկումի նախկին պատիժը ու հայրապետական ճանաչում շնորհեց Երուսաղէմի նորընտիր պատրիարքին…

Եղիվարդ հանգիստ շունչ մը քաշեց այդ թուականէն ետք ու ինքզինք նուիրեց Հայ Երուսաղէմի ծաղկումին: Թէեւ իր յախուռն ու քինայոյզ նկարագրին պատճառով նորանոր տագնապներ անպակաս եղան վանքին մէջ, իրեն ոչ համակիր հոգեւորականներ արտաքսուեցան միաբանութենէն, յաճախ աղմուկ բարձրացաւ իր անունին ու գործելաոճին շուրջ: Օրինակ, վանապատկան ձեռագիրներու գողութեան ու վաճառքի գայթակղութիւնը (1967) մէկն էր ատոնցմէ, որ խորապէս յուզեց հայ աշխարհը երկար ամիսներ:

Այսպիսի դէպքեր չէին կրնար ստուեր չթողուլ իր անունին ու համբաւին վրայ:

Բայց իրողութիւնն այն է, որ Գրիգոր Պարոնտէրէն ու Շղթայակիրէն ետք ինք ամէնէն երկարատեւ գահակալը եղաւ Երուսաղէմի աթոռին վրայ:

Ու ճակատագրին անիմանալի մէկ խաղն էր կ՛երեւի, որ «Երուսաղէմի տագնապ»-ին երեք գլխաւոր դերակատարները իրենց մահկանացուն կնքէին գրեթէ վեց ամսուան նման կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ` իրերայաջորդ կերպով. Ներսոյեան սրբազան` 1989 սեպտեմբերին, Եղիշէ պատրիարք` 1 փետրուար 1990-ին, իսկ Շնորհք պատրիարք` 7 մարտ 1990-ին: Եւ «Սիոն», որուն հին հաւաքածոներուն մէջ թաղուած կը մնային այդ տխուր տագնապին բոլոր մանրամասնութիւնները, վախճանեալ երեք հակընդդէմ հոգեւորականներուն լուսանկարներն ու մահագրականները կը ստիպուէր դնել կողք-կողքի, միեւնոյն թիւին մէջ…

* * *

Եղիվարդի եկեղեցական փոթորկոտ կեանքը ժամանակի անհունութեան մէջ հակամէտ է մոռցուելու: Բայց ատոր դիմաց ապրելու եւ գոյատեւելու լուրջ երաշխիքներ կու տայ իր գրականութիւնը:

Ժամանակակիցները կը վկայեն, որ Եղիվարդ պերճախօս քարոզիչ մըն էր, մտերիմ շրջանակներու մէջ ալ` կատակաբան ու սրամիտ:

Պերճախօսութիւնը ինքզինք ցոյց կու տայ իր քերթողութեան ու արձակին մէջ եւս: Իր լեզուական շնորհը անուրանալի է: Վարժ է բանաստեղծական արդիաշունչ գիւտեր կատարելու կամ իմացական խորասուզումներու անձնատուր ըլլալու: Կը սիրէ ներշնչուիլ սուրբգրային աւանդութիւններէ ու զանոնք պատմել չափածոյ տողերով: Մանաւանդ ունի բաւական վայելուչ ինքնատիպ ոճ մը, որ ուրիշինը չէ՛, ի՛րն է բացառաբար:

Եղիվարդի բանաստեղծական առջինեկ հատորը կը կոչուէր «Մագդաղինէն մեղրամոմէ», լոյս ընծայուած` 1941-ին: Անոր յաջորդեցին` «Խորտակման գիշերներ»-ը (1943), «Անցորդը» (1946), «Ակեղդամա»-ն (1948): Աւելի ուշ արձակ ու չափածոյ տասնեակ հատորներ հրատարակուեցան իրմէ, մի՛շտ Երուսաղէմի մէջ. «Լերան վրայէն երանիներ» (1945), «Վարդանանք» (թատերախաղ, 1951), «Նարեկը հայ գրականութեան մէջ»«Հայաստանեայց եկեղեցին երէկ եւ այսօր» (1948), «Սուրբ Մեսրոպ» (1962), «Օտարականը» (արձակ էջեր Յիսուսի կեանքէն, 1966), «Կարմիր զօրավար» (Մեծ եղեռնի ձօնուած պոէմ, 1975), «Հեթանոսաց առաքեալը» (Պօղոս առաքեալի ձօնուած, 1975), «Լուսամատեան» (աստուածաշնչական պատումներ, 1980), «Հայրենականք տոհմականք» (1983), «Լուսաւորիչը» (1987) եւ այլն: Ինչպէս կը տեսնուի, քանակով ուշագրաւ վաստակ մըն է, ուր չի պակսիր նաեւ որակը: Բոլորին մէջ ալ կրօնական ու ազգային տաքուկ շունչ մը կայ միշտ, որ ինքզինք  կը զգացնէ անայլայլ:

Բայց ինծի կը թուի, որ Եղիվարդի գրականութիւնը հարկ եղած ուշադրութեան չէ արժանացած ընդհանրապէս:  Հայաստանի մէջ ծանօ՞թ են իրեն: Հայկական Սով. Հանրագիտարանը իր նեղ սիւնակին մէջ հազիւ 15 տողով տուած է անոր կենսագրականը: Իսկ «Ով ով է» կենսագրական բառարանը բոլորովին մոռցած է զայն:

Ինծի ծանօթ սփիւռքահայ դասագիրքերու մէջ ալ չեմ հանդիպած Եղիվարդի անունին: Բայց գոնէ Մինաս Թէօլէօլեան ու Ճանաշեան Մեսրոպ վարդապետ տեղ տուած են իրեն` իրենց գրական ժողովածուներուն մէջ, նմուշ-քերթուածներով միասին: Թէօլէօլեան դրական կ՛արտայայտուի, իսկ հայր Ճանաշեան համոզում կը յայտնէ, որ անոր ստորագրած էջերուն մէջ «կը պակսի ներշնչումն ու ճշմարիտ բանաստեղծութիւնը»: Ըստ Մխիթարեան վարդապետին, Եղիվարդի բանաստեղծութիւնները թէեւ մերթ ունին գունաւոր եւ ուժեղ պատկերներ, բայց անոնք վիրաւոր են «միամիտ պատմելու եղանակ»-ով…

Տարիներ առաջ, Եղիվարդի վախճանումին առթիւ գրի առնուած մահագրականի մը մէջ սաղիմահայ նորընծայ վանական մը համարձակութիւնը ունեցեր էր գրելու, որ ողբացեալ պատրիարքին մօտ «աղօթելու սէրը պակաս էր»…: Կրնա՛յ ըլլալ: Մ. Թէօլէօլեանն ալ 1947-ին «Նայիրի»-ի մէջ մատնանշեր էր Եղիվարդի «վանականի խմոր» չունենալը… Բայց ատոր փոխարէն` Եղիվարդ ուրիշներէ շա՛տ աւելի քաջածանօթ էր Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ դաւանական ըմբռնումներուն: Նաեւ արթուն պահակն էր ատոնց: Այս առնչութեամբ, անմոռանալի կը մնան իր ընդարձակ հերքումները կարտինալ Աղաճանեանի («Սիոն», 1950) ու հ. Սահակ Կոգեանի («Սիոն», 1962) թիւր ու շինծու «փաստարկում»-ներուն դէմ, Հայ եկեղեցւոյ դաւանութեան կամ «մոլորութիւններ»-ուն մասին:

Ահա՛ նմուշ մը` Եղիվարդի հրապարակագրական «խածնող» ոճէն: Գրութիւնը թիրախ ունի Պէյրութի «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ հայ կաթողիկէ հոգեւորականի մը` Վարդան վրդ. Թէքէեանի մէկ յօդուածը, որ գրի առնուած էր ի պաշտպանութիւն Կոգեանի (օտար շրջանակներու մէջ ծանօթ` Լորենցօ Կոգի անունով) «Հայոց եկեղեցին» ձախաւեր հատորին, եւ որ, ինչպէս ծանօթ է, հրատարակուեցաւ Պէյրութ, 1961-ին, նպատակ ունենալով ծայրէ-ծայր ջրել Օրմանեան սրբազանի յիսուն տարի առաջ պատրաստած համանուն յայտնի գործը.

Այդ գիրքը,- կը գրէր Եղիվարդ,- սուտի եւ չարութեան խառնարան մըն է լոկ, ապացոյց` Լորենցոյի հոգիի ամայութեան եւ անհայութեան: Մարդ ուղեղի տեղ մաղձամաշկ  եւ մարմնի փոխարէն խանձած ոսկրակոյտ մը պէտք է ունեցած ըլլայ նման գործ մը փսխել կարենալու համար: Ոչ մէկ ատեն հայ կաթողիկէ գրող մը չէ եղած այնքան առատ իր հոգիին աղբովը, որքան Լորենցոն` իր այս ստապատումին մէջ: Լորենցոն հանգուցեալ Օրմանեան սրբազանի  եւ Հայ եկեղեցիին դէմ իր հսկայ նախանձէն` գլխատուած հաւու մը պէս կը չարչարուի, առանց մեռնիլ կարենալու: Իր ստապատումը գիտական մեթոտ եւ պատմական գործ ըլլալէ աւելի` Հայ եկեղեցւոյ դէմ նետուած թուք մըն է, եւ Թէքէեան վարդապետը այդ թուքն է, որ կը լզէ մեղր ըմբոշխնողի ախորժակով եւ թշուառ մեղսակցութեամբ («Սիոն», նոյ.-դեկտ. 1962, էջ 324):

Աւելի քան 55 տարի անցեր է վերի գրութեան թուականէն:

Մեր օրերուն այսպիսի ոճով կը համարձակի՞նք գրել:

(Հալէպ)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>