Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Թորոս Աւետանեանի Յիշատակին

$
0
0

Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ հեռացաւ Թորոս Աւետանեանը:

Զինք ճանչցողներուս համար չափազանց դժուար պիտի ըլլայ հաշտուիլ այն գաղափարին ու իրականութեան հետ, որ ընկեր Թորոսը այլեւս չկայ, եւ որ` մենք մեր կեանքը ստիպուած ենք շարունակելու առանց անոր բարի ներկայութեան: Վաղաժամ է այս բաժանումը, անսպասելի, անընդունելի:

Թորոս Աւետանեանը կը պատկանէր այն սերունդին, որ իր կեանքը կանուխ տարիքէն կապեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ու մնաց ծառայութեան մէջ մինչեւ վերջ շունչ:

Դաշնակցական ընտանիքի զաւակ էր: Իր կարգին, պատանի տարիքէն անդամակցեցաւ ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան: Հոն է, որ իր մէջ ամրացան ապագայ ընկերասէր, ծառայասէր ու նուիրեալ դաշնակցականի նկարագրային գիծերը: Դաշնակցականի իր երդումը տալով` միացաւ անոր շարքերուն ու ամբողջ կեանք մը մնաց անոր ծառայութեան մէջ` «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան ճամբով ստանձնելով տարբեր պատասխանատուութիւններ ու պարտականութիւններ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին զինք տեսանք մեր թաղերու մէջ, մեր գոյութեան պաշտպան աննման տղոց շարքին: Այն տղոց, որոնք, հաւատարիմ իրենց դաշնակցականի երդումին` կեանքի գնով պատրաստ էին ապահով պահելու հայուն կեանքն ու պատիւը:

Կեանքի պայմաններու բերումով դպրոցական իր ուսումը կիսաւարտ ձգած ըլլալը արգելք չհանդիսացաւ, որ Թորոս Աւետանեանը երիտասարդ տարիքին նուիրուի նաեւ հայ դպրոցի ծառայութեան` իբրեւ անդամ Էհրամճեան վարժարանի խնամակալութեան:

Ծառայասէր էր, միշտ պատրաստ` փութալու օգնութեան:

Ընկերասէր էր բոլորին հանդէպ: Անոր ներկայութիւնն ու բարեկամութիւնը փնտռուած էին:

Կատակասէր էր իր նկարագիրով, միշտ` ժպտադէմ: Իսկ երբ պահը պահանջէր, լուրջ էր ու անշեղելի` իր գաղափարներէն ու համոզումներէն:

Կը պատկանէր այն տեսակին, որ կը ծառայէր հաւատարմութեամբ, առանց ցուցամոլութեան, առանց ակնկալութեան:

Կազմեց իր հայկական ընտանիքը, իր հարազատ հայկական օճախն ու ազգին պարգեւեց երեք տիպար զաւակներ: Նուիրուած ու հոգատար հայր ըլլալով` ապահովեց իր ընտանիքին ու զաւակներուն բոլոր կարիքները: Դաստիարակեց իր զաւակները հայկական միջավայրի մէջ ու ազգային շունչով: Եւ ահա, այսօր, մանաւանդ այսօր, երբ ընկեր Թորոս հրաժեշտ առած է այս կեանքէն, իր տղաքն է, որ կը շարունակեն իր գործը:

Նման իրենց հօր, հետեւելով անոր օրինակին, սորվելով անկէ` անոնք եւս բռնած են ծառայութեան ու նուիրումի նոյն ճամբան: Ընկեր Թորոս որքա՜ն հպարտ էր անոնց այս ընթացքէն:

Ու այսպէս, սիրելի՛ ընկեր Թորոս, կրնաս ննջել հանգիստ, գործը անկատար պիտի չմնայ:

ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէութեան բոլոր ընկերներուն անունով կ՛ըսենք` վարձքդ կատար, ընկե՛ր Թորոս: Մեր յիշողութեան մէջ յաւերժ կը մնաս իբրեւ դաշնակցական օրինակելի, ծառայասէր ու նուիրեալ ընկեր:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

ԸՆԿԵՐ ՄԸ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>