Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Կամաւոր Կուրութիւն

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Մեքսիքա հասած գաղթականներէն մաս մը

Միացեալ Նահանգներու տարածքին անհաշիւ դարձած զանգուածային սպանութիւններուն թիւը մէկով աւելցաւ 7 նոյեմբերի երեկոյեան, Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ տեղի ունեցած յարձակումով, սակայն աւելի ցաւալին այն է, որ այդ եւս բաւարար չէ եղած երկրին իշխանութիւնները մղելու, որ առաւել լրջութեամբ մօտենան զէնքերու սանձարձակ առուծախը զսպելու կամ նման ոճիրներու տուն տուող հոգեկան կամ մտային խանգարումները դարմանելու ջանքերուն:

Արդարեւ, չափուած-ձեւուած եւ արդէն իսկ անարժէք դարձած իր ցաւակցականէն ետք, նախագահ Տանըլտ Թրամփ արդէն մոռցած է հարցը եւ վերադարձած է իր երեւակայածին «տագնապ»-ներուն` փորձելով ամերիկացիները համոզել, որ երկրին բոլոր հարցերը ներածուած են:

Առ այդ, 9 նոյեմբերին ան դարձեալ միջնադարեան ոճով հրամանագիր մը արձակեց` պնդելով, որ «ազգային ապահովութեան սպառնացող արտակարգ» վտանգներուն պատճառով յառաջիկայ երեք ամիսներուն (երկարաձգուելու հաւանականութեամբ) երկրին սահմանները ապօրինի կերպով հատած գաղթականներուն ապաստանեալի իրաւունք պիտի չտրամադրէ: Մինչ դատարանները յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի քննեն այս հրամանագիրին օրինականութիւնը, պէտք է նշել, որ ան այս քայլը կ՛առնէ այն ժամանակամիջոցին, երբ Միացեալ Նահանգներէն շատ աւելի աղքատ պետութիւններ աշխարհի տարածքին կը հիւրընկալեն միլիոնաւոր կարիքաւոր գաղթականներ, որոնք տեղահան եղած են յաճախ նոյնինքն Միացեալ Նահանգներու իշխանութեանց ուղղակի կամ անուղղակի քայլերուն պատճառով:

Մէկ կողմէ, Հրացանի ազգային ընկերակցութեան ճնշումներուն տեղի տալով, իսկ միւս կողմէ` իբրեւ ոչ ոքի առջեւ տեղի տուող գործարար-նախագահը նոյնիսկ չի յանդգնիր նուազագոյն սեղմումներ առաջարկելու հրազէնի առուծախին դէմ եւ ամէն առիթով կը փորձէ լուսարձակները շեղել դէպի երկրին հարաւային սահմանները, ուր «ներխուժող» քանի մը հազար գաղթականները, որոնք տակաւին հարիւրաւոր մղոններ հեռու կը գտնուին սահմանագիծէն, իր կողմէ կը ներկայացուին իբրեւ մարդասպաններ, բռնաբարողներ եւ ահաբեկիչներ:

Վերջապէս, պէտք է գիտակցիլ, որ Թաուզընտ Օքսի մէջ 12 հոգի սպաննած, ապա անձնասպան եղած  ամերիկացի նախկին զինուորը ոչ մէկ սահման հատած էր Միացեալ Նահանգներ գալու համար, այլ անզսպելի դարձած եւ «սպաննող գործիք»-ի մը վերածուած էր ամերիկեան զինեալ ուժերուն կողմէ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>