Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Ս. Միքայէլ Ընծայարանին Անուանակոչութիւնը Եւ «Կանչ Հրեշտակապետին» Տարեգիրքին Գինեձօնը

$
0
0

ԵՂԲ. ՆՇԱՆ ՀԱՆՆԷՇԵԱՆ

Աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Ս. Միքայէլ ընծայարանին մէջ նշուեցաւ կրթօճախին անուանակոչութիւնը` նուիրուած դպրատան գլխաւոր բարերար Միքայէլ աղա Յովհան Բաբումեանի մահուան 225-ամեակին:

Շաբաթ, 10 նոյեմբեր 2018-ի կէսօրուան 12:00-ին, մայրավանքի Փոխեալ Կուսին մայր եկեղեցւոյ մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ` նախագահութեամբ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոցի: Պատարագը մատուցեց Զմմառու վանքի փոխմեծաւոր եւ արտաքին մատակարար Անտոն վրդ. Նորատունկեանը:

Հոգեպարար արարողութենէն ետք ներկաները ուղղուեցան դպրեվանքի սեղանատունը, ուր Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ ընթացք առաւ օրուան տօնակատարութիւնը, որուն յաջորդեցին սուրբ պատարագէն հատուածներ` կատարողութեամբ դպրեվանքի սաներուն եւ կիսասարկաւագներուն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ տիրացու Կարօ Գլընճեանը, որ ողջունելէ ետք ներկաները, հակիրճ ձեւով ներկայացուց 18-րդ դարուն դպրեվանքի ծաղկման համար ներդրում կատարած բարերարին ծաւալած գործունէութիւնը:

Ֆրանսերէնով ողջոյնի խօսքը արտասանեց եղբ. Յովիկ Գոյունեանը, որ դարձեալ ներկայացուց բարերարին կատարած բարեգործութիւնը` ի փառս դպրեվանքի բարգաւաճման եւ վերելքին:

Միսաք Մեծարենցի «Տո՛ւր ինծի, Տէ՛ր» ոտանաւորը ասմունքեց տիրացու Պետրոս Մարաշլի Հատտատը:

Զմմառու վարչութեան անունով ֆրանսերէնով խօսք առաւ փոխմեծաւոր Անտոն վրդ. Նորատունկեանը, որ ողջունեց ներկաները եւ արժեւորեց դպրեվանքին մէջ կատարուած աշխատանքները` կոչումներու հոգեւոր եւ մտաւոր մարզերու զարգացման ուղղութեամբ եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով` եզրափակեց իր խօսքը:

Այնուհետեւ Զմմառեան միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսուչ Գրիգոր վրդ. Պատիշահը հայերէնով տեսչութեան խօսքը արտասանեց: Ան տխրութեամբ արտայայտուեցաւ կոչումներու սակաւութեան եւ ելքեր որոնելու մասին ծաւալեց իր խօսքը, ապա թախանձագին դիմեց Տիրոջ` կոչումներ հայթայթելու համար: Ետքը հրաւիրեց հոգեւոր տէրը, որ նախ դպրեվանքին դիմագիծը հանդիսացող «Կանչ հրեշտակապետին» տարեգիրքին 19-րդ համարի լոյս ընծայման գինեձօնը կատարէ եւ ապա իր հայրապետական պատգամը տայ: Հոգեւոր տէրը, փոխմեծաւորը, տեսուչ հայր սուրբը եւ փոխտեսուչ Տիգրան վրդ. Ֆիլիպպոսեանը կատարեցին դպրեվանքի տարեգիրքին գինեձօնը: Պապական նուիրակ Ժոզեֆ Սփիթերի շնորհաւորեց դպրեվանքին անուանակոչութիւնը` մաղթելով, որ բազմանայ կոչումներուն թիւը, շեշտելով, որ դպրեվանքը կը հանդիսանայ իւրաքանչիւր թեմի սիրտը, ապա հրեշտակապետներու անունները կրող հոգեւորականները շնորհաւորելով` եզրափակեց խօսքը: Հոգեւոր տէրը իր հայրական պատգամին մէջ բարձր գնահատեց բարերար Միքայէլ Աղա Յովհան Բաբումեանի աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր ծառայութիւնը` դպրեվանքի համար մնայուն եկամուտ մը ապահովելու առումով, ապա ցաւով անդրադարձաւ կոչումներու տագնապի հարցին եւ յորդորեց համայնքի վարդապետները, որ այդ ուղղութեամբ լաւ աշխատանք տանին, որովհետեւ կոչումները համայնքին բաբախող սիրտն են. «Աղօթենք հունձքի Տիրոջ, որ բազմացնէ մշակները, որպէսզի կանգուն մնայ Հայ եկեղեցին եւ Զմմառեան միաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ` հայ կաթողիկէ նուիրապետութիւնը», ըսաւ հոգեւոր հայրը:

Տօնակատարութիւնը իր լրումին հասաւ օրուան կարկանդակի հատումով: Ներկաները  ստացան տարեգիրքէն օրինակ մը: Հոգեւոր տիրոջ Տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ տօնակատարութիւնը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>