Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք Առանցքին Անսասանութիւնը Միակ Երաշխիքն Է Արցախի Տագնապին Արդար Լուծման

$
0
0

Ա. Ա.

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հարաւկովկասեան շրջապտոյտէն ետք, Արցախի տագնապին վերաբերեալ կեցուածքներու, ակնկալութիւններու եւ նախատեսութիւններու սակարանը դարձեալ բաւական ուշագրաւ աշխուժացում մը կ՛ապրի` ոչ անպայման բարենպաստ մթնոլորտի մը մէջ, որ ինքնին կը յուշէ Ազրպէյճանի ռազմաշունչ հռետորաբանութեան հիմքերուն հանգչած բոլորին ծանօթ տրամաբանութեան անժամանցելիութիւնը` Պաքուի իշխանութիւններուն համար:

Արցախի տագնապին լուծման վերաբերեալ Մատրիտեան սկզբունքներուն մերժումը` Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն կողմէ, ինչ կը վերաբերի «Հող` խաղաղութեան դիմաց» առաջարկին, համահայկական ընդհանուր քաղաքականութեան մը ծիրին մէջ կը գտնուի եւ ճիշդ է, որ այդպէս ալ ընկալուի: Ասոր դիմաց` վերջին օրերուն ազրպէյճանական որոշ կեցուածքներ եւ խուսանաւումներ առաւել կ՛իմաստաւորեն Ստեփանակերտի քաղաքական ուղեգիծին ճշգրտութիւնը:

Նախ` Աղտամի շրջանէն կատարուած Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը վերյիշեցում մը եղաւ Պաքուի վարած քաղաքականութեան, որ այն պարագային, երբ հայկական կողմը խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով «ազրպէյճանական տարածքներէն» չքաշէ իր ուժերը, ապա Ազրպէյճան պատրաստ է որեւէ տարբերակի: Այսինքն` պատերազմի: Աղտամի շրջանէն Ալիեւի այս յայտարարութենէն երկու օր առաջ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը այցելեց սահմանագիծ` Արցախի տագնապին նկատմամբ Երեւանի իշխանութիւններուն որոշակի քաղաքականութեան մը իբրեւ գործնական արտայայտութիւն, որ` արցախցիներուն եւ Արցախի Հանրապետութեան ապահովութիւնն ու կայունութիւնը մնայուն ուշադրութեան առարկայ են Հայաստանի պետութեան համար: Եւ ասիկա` այնպիսի պահու մը, երբ յստակ է, որ Ազրպէյճանի նախագահը տակաւին չէ ըմբռնած, ինչպէս բնութագրեց Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանը, որ Արցախի տագնապին նկատմամբ Հայաստանի նախկին եւ ներկայ իշխանութիւններուն կեցուածքներուն միջեւ շատ տարբերութիւն չկայ:

Յամենայն դէպս Ստեփանակերտի եւ Պաքուի կեցուածքներուն միջեւ յստակ տարբերութեան գործընթացին վրայ կատարուած լաւատեսական այն բոլոր յայտարարութիւնները ոչինչ կը նշանակեն, որովհետեւ խնդրին էութիւնը կը կայանայ այդ տարբերութեան շեշտադրմամբ` ապագայի զարգացումներուն կապուած մտահոգութիւններու եւ պատկերացումներու մէջ: Անոնց առաջինը Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի խնդիրն է, որ հիմքն է տագնապին խաղաղ լուծման ուղիներու որոնման ճիգերուն: Որեւէ այլ հիմք չի կրնար տագնապին լուծման հոլովոյթը իր ճիշդ հունին մէջ դնել, հետեւաբար պիտի բախի համայն հայութեան մերժման: Երկրորդը կը վերաբերի Երեւան- Ստեփանակերտ-սփիւռք ամբողջական համակարգման, որ կրնայ ապահովել Արցախի տագնապին բարւոք լուծում մը գտնելու ճիգերուն արդիւնաւէտութիւնը, եթէ ազգային միասնականութիւնը չխարխլի:

Այս երկու ծիրերը չափազանց կարեւոր են, որպէսզի միջազգային միջնորդութիւնը հակակշիռի տակ պահուի, որովհետեւ գաղտնիք մը չէ, որ Արցախի տագնապին լուծման միտող փորձերը կ՛առաջնորդուին ոչ թէ արդար իրաւունքի ապահովման մօտեցումներով, այլ` տնտեսաքաղաքական հաշիւներով, ծրագրերով եւ շահերով, ուր նաեւ գաղտնիք մը չեն Ազրպէյճանի առաւելները:

Անկախ քաղաքականութենէն` նաեւ հաշուի պէտք է առնուի վերջերս Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կիրարկուող «լաւ մարդ» երեւելու մարտավարութիւնը, որուն մէկ արտայայտութիւնն է «բոլոր գերիները բոլոր գերիներուն դիմաց» փոխանակելու Պաքուի իշխանութիւններուն քարոզչութիւնը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` միջազգային միջնորդներուն եւ ընտանիքին աչքին փոշի ցանելու փորձ մը, որ` Ազրպէյճան պատրաստ է փոխանակման, բայց գնդակը հայկական կողմի դաշտին մէջ կը գտնուի:

Հոս պէտք է արձանագրել կարեւոր կէտ մը, որ կը վերաբերի Հայաստան-Արցախ միացեալ ուղեգիծին: Թէ՛ Երեւան եւ թէ՛ Ստեփանակերտ յստակացուցին, որ ոչ մէկ պարագայի պատերազմական ոճիրներ գործած ոճրագործը կարելի է համեմատութեան մէջ դնել սովորական քաղաքացիի հետ` անոնց միջեւ փոխանակում մը առաջարկելով: Հայկական կողմին մօտ գտնուող երեք ազրպէյճանցիները` Շահպազ Կուլիեւը, Տիլհամ Ասկերովը եւ էլնուր Հիւսէյնզատէն, հետախուզական նպատակներով սահմանը հատած, ոճիրներ գործած, լրտեսութիւն կատարած զինուորներ են: Երեքին յանցանքները ապացուցուած են: Իսկ երեք հայորդիները` Արսէն Բաղդասարեանը, Կարէն Ղազարեանը եւ Զաւէն Կարապետեանը կը գտնուին թափանցման եւ պատերազմական յանցագործութիւններ կատարելու ազրպէյճանական մեղադրանքներու տակ, որոնք կտրականապէս կը հերքուին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի կողմէ:

Նման բաւական բարդ կացութեան մը մէջ առաւել զգօնութեան եւ խոհեմութեան կարիքը կայ, ուրեմն, մանաւանդ անոնց համար, որոնք խաղաղասիրական կեղծ օրակարգի մը խաբկանքը ապրելով` կը փորձեն ներկայացնել Ազրպէյճանը իբրեւ խաղաղութեան կողմնակից մը: Ասիկա ունի իր անկանխատեսելի ծանր հետեւանքները, որոնք ի յայտ գալէ առաջ իսկ պէտք է վնասազերծուին:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>