Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Նոյեմբեր Ա. –Ուժեղ Ընդդիմութիւնը` Ազգային Շահերու Պահպանման Ազդակ

$
0
0

Վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութեան պատճառով արտաքին ուժերու ազդեցութեան նիւթը յաճախ օրակարգի վրայ կը բերուի քաղաքական վերլուծաբաններու կողմէ:

Իշխանափոխութենէն օգտուելու արտաքին ուժերու նկրտումները ակնյայտ են: Միացեալ Նահանգներ իր շահերու հետապնդման համար նախագծած է արդէն տարածաշրջանին մէջ իր ազդեցութեան գօտիներն ու լծակները` Ռուսիոյ հակազդող ուժ դառնալու, Կասպից ծովու կազէն օգտուելու եւ Իրանը մեկուսացնելու իր ծրագիրներուն ի խնդիր: Փոխարէնը` Հայաստանը աւելի ժողովրդավար դարձնելու եւ մեր երկրին տնտեսական, ռազմական օժանդակութիւններ ընծայելու առաջադրանքը յառաջ կը մղէ: Միւս կողմէ, սակայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն Հայաստան կատարած իր այցելութեան առիթով կ՛անդրադառնայ ղարաբաղեան հարցին ու վերյիշել կու տայ, որ կողմերը, իմա` Հայաստան, Արցախ եւ Ազրպէյճան, պէտք է աշխատին իրարու հետ, եւ ի վերջոյ անոնք պէտք է կարենան գտնել լուծումը: Շաբաթ մը առաջ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգների պաշտօնաւարտ դեսպան Ռիչըրտ Միլզը խաղաղութեան նախապայմանը «գրաւեալ հողեր»-ու  Ազրպէյճանի վերադարձը կը համարէր:

Նոյն օրերուն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան, մեկնաբանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի Երեւանի եւ Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւնը, թէ` Միացեալ Նահանգներ հանդէս կու գան տագնապի խաղաղ լուծման կարգաւորման օգտին, կը յայտնէր, որ` «Տագնապի խաղաղ լուծումը այն է, որ կը բխի բոլոր մասնակիցներուն` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին եւ կողմերուն շահերէն: Մենք միշտ հաւատարիմ եղած ենք անոր, այդ եղած է հիմնական նպատակը»:

Յստակ է, որ երկու մրցակից պետութիւններուն համար հիմնականը տարածաշրջանի խաղաղութեան ամրագրումն ու իրենց շահերուն պահպանումն է: Այս տուեալներուն լոյսին տակ, սակայն, հայկական կողմին շահերը, յատկապէս` արցախեան հիմնահարցի լուծման եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու թնճուկին մէջ, կողմերու քաղաքական հաշիւներուն ու բախումներուն ենթակայ դառնալով` վտանգուելու մեծ հաւանականութիւնը ունի:

Վարչապետի պաշտօնակատար Ն. Փաշինեան յստակօրէն կը յայտնէր, որ արցախեան հարցին լուծումը ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Արցախի, ե՛ւ սփիւռքի հայութեան համախոհութեամբ կը պայմանաւորուի:

Հայաստանի նման փոքր երկիր մը` ունենալով տարածաշրջանի խաղաղութիւնը երաշխաւորող աշխարհագրական կարեւոր դիրք, սփիւռքի ազդեցիկ գործօն, անհրաժեշտ է, որ ունենայ նաեւ քաղաքական ներքին այնպիսի հարթակ մը, որ ամրագրուած ըլլայ ուժեղ ընդդիմութեան ազդեցիկ ներկայութեամբ: Ուժեղ ընդդիմութիւնն է նաեւ, որ պիտի նպաստէ իշխանութիւններուն` ժողովրդային զանգուածին մէջ այլ կարծիք հասունցնելով, երկրին ու ժողովուրդին ազգային շահերուն ուղեցոյցը պահպանելով, արտաքին ազդեցութիւններուն դէմ երկրի ղեկավարներուն քաղաքական դաշտի զսպանակիչ ուժը դառնալով:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>