Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»-ուան Առիթով Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Աշակերտութեան Իր Ուղղած Պատգամին Մէջ`. Ազգը Պահպանելու Գլխաւոր Միջոցը Լեզուն Պահպանելն Է Կը Հաստատէ Յովիկ Պերթիզլեան

$
0
0

feb-press-001_022616

«Մայրենի լեզուի միջազգային օր»-ը` 21 փետրուարը, վեցերորդ տարին ըլլալով, արժանավայել շուքով նշուեցաւ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին կողմէ: Այս առիթով տեղի ունեցաւ աշակերտական յատուկ հանդիսութիւն, որուն ներկայ գտնուեցաւ եւ իր պատգամը փոխանցեց Ազգ. Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէն, հայագէտ եւ լեզուագէտ Յովիկ Պերթիզլեան:

Հանդիսութիւնը կանխեց ամսուան մը վրայ երկարած հայագիտական մրցանքներու շարք մը, ուր քոլեճին աշակերտները, միջնակարգի եւ երկրորդականի բաժիններով, կատարեցին ուղղագրութեան, շարադրութեան, արտասանութեան եւ բանաւոր խօսքի մրցումներ: Լաւագոյն արդիւնք արձանագրող պատանի հայագէտները պարգեւատրուեցան հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 19 փետրուարին:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց եւ մայրենի լեզուի անհրաժեշտութեան մասին խօսեցաւ քոլեճի Ժ. դասարանի աշակերտ Գէորգ Եագուպեան: Ան նշեց, որ մայրենի լեզուն` արեւմտահայերէնը նահանջի մէջ է, որովհետեւ օտարամոլութիւնը, լեզուի հանդէպ բծախնդրութեան պակասը, ուղղագրութեան հանդէպ մեր անտարբերութիւնը ծանր հետեւանքներ կ’ունենան մեր Ոսկեղնիկին վրայ: Եագուպեան կոչ ուղղեց տէր կանգնելու մեր մեծագոյն գանձին` հայոց լեզուին, որ մեր ինքնութեան եւ դիմագիծին մեծագոյն գրաւականն է:

Գեղարուեստական յայտագիրը եղաւ բաւական ճոխ: Կատարուեցան արտասանութիւններ` Զարեհ Խրախունիի «Տօնազանգ»-ը (Սթիվըն Խաչօ), Մուշեղ Իշխանի «Ձիւնհալ»-ը (Գարոլին Լէա Կարապետեան), Ինգա Սարըասլանի «Մենք յաւերժութեան ծառը եղանք»-ը (Նանոր Պէօյիւքեան), Դանիէլ Վարուժանի «Ցան»-ը (Իզապէլ Տիարպի), Շահանդուխտի «Արցախեան մահարշաւ»-ը (Ռիթա Սարգիսեան) եւ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Առանց քեզի հայերէն տառ»-ը (Դրօ Միրզայեան): Մեղրի Տեմիրճեան եւ Նաթալի Տեկիրմէնճեան ներկայացուցին երկու երգեր` Մեսրոպ Մաշտոցի նուիրուած շարական մը եւ «Հայոց տառեր», իսկ ութերորդ դասարանի աշակերտներ խմբերգեցին «Ով մեծասքանչ»-ը:

Այնուհետեւ, տնօրէն Վիգէն Աւագեան ամփոփ բացատրութիւններ տուաւ «Ճանչնանք մեր լեզուն» մրցանքներու շարքին եւ մրցանակակիրներուն մասին եւ հրաւիրեց օրուան պատգամաբեր Յովիկ Պերթիզլեանը` մրցանակները բաշխելու եւ իր պատգամը փոխանցելու համար: Մրցանակները ընդգրկեցին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ տրամադրուած գիրքեր, քոլեճին յիսնամեակի յուշամատեանէն օրինակներ եւ ամավերջի հայերէնի քննութենէն զերծ կացուցուելու իրաւունք:

Մրցանակներ ստացան միջնակարգի բաժինէն Բալիկ Գալայճեան (Ա. մրցանակ), Գառնիկ Սարգիսեան (Բ. մրցանակ) եւ Սթիվըն Խաչօ (Գ. մրցանակ): Երկրորդականի բաժնի տիտղոսակիրները եղան Ռիթա Սարգիսեան (Ա. մրցանակ), Ուիլսըն Թամզարեան (Բ. մրցանակ) եւ Միսաք Գանտահարեան (Գ. մրցանակ): Տասը աշակերտներ արժանացան պատուոյ յիշատակութիւններու:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք իր արտասանած պատգամին մէջ Յովիկ Պերթիզլեան նշեց լեզուի կարեւորութիւնը ազգերու պատմութեան մէջ: Ան ըսաւ, որ լեզուն կը կերտէ ազգի մը ինքնութիւնը: Ազգ մը պահպանելու գլխաւոր միջոցը լեզուն պահպանելն է: Այսօր աշխարհի բոլոր լեզուներն ալ վտանգուած են, որովհետեւ ենթակայ են ամերիկերէնի ազդեցութեան: Լեզու մը, որ համաշխարհայնացումի ծնունդ է:

Պերթիզլեան յայտնեց, որ հայերէնը ճկուն եւ հարուստ լեզու է: Հայերէնին տիրապետելը իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է, որովհետեւ իր մայրենի լեզուին տիրապետողը միայն կրնայ լաւապէս տիրապետել օտար լեզուներու: «Պէտք է մաքուր հայերէն խօսելու հաճոյքը առնել եւ ընդդիմանալ բոլոր անոնց, որոնք աղճատուած եւ օտար բառերով լեցուն հայերէն մը կը խօսին: Մաքուր հայերէն խօսիլ` կը նշանակէ մաքուր հայ ըլլալ», շեշտեց ան:

Եզրափակելով` Պերթիզլեան հաստատեց, որ լեզուի պահպանումով մեր ազգը պահպանած կ’ըլլանք, իսկ ազգի պահպանումը ինքնանպատակ չէ, այլ կը ծառայէ քաղաքական մեր նպատակներուն հետապնդման` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման:

Օրուան պատգամէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ քոլեճին քայլերգով:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>