Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Վարդանանց Հերոսամարտի Տօնակատարութիւն ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարանին Մէջ

$
0
0

Vartanants-1_022616Vartanants-3_022616Աւարայրի հերոսամարտը մեր ոգեղէն  գոյութեան, հայ  ժողովուրդին աննկուն կամքին եւ անընկճելի հաւատքին փաստն  է: Այս հաւատքով  ոգեւորուած  հինգշաբթի, 11 փետրուար 2016-ին, Պօղոս Գ. Կարմիրեան  վարժարանի  աշակերտները  արժանաւոր կերպով նշեցին Սրբոց Վարդանանց տօնը:

Օրուան բանախօսն էր Սարգիս քհնյ.  Սարգիսեանը, որ հակիրճ ձեւով տուաւ օրուան խորհուրդը` անդրադառնալով  պատմական անցեալին, խօսելով Վարդանանց  հերոսամարտի ճակատագրական էութեան մասին, ապա թելադրեց աշակերտներուն, որ Վարդանի ոգին վառ պահեն իրենց  մէջ, տէր ու պաշտպան  կանգնին մեր լեզուին, կրօնին ու հայրենիքին:

Տէր հօր պատգամէն ետք գեղարուեստական  յայտագիրով ելոյթ ունեցան նախակրթարանի  աշակերտները: Գ. դասարանէն Սեւան  Փափազեան մեներգեց «Իմ հայրենեաց հոգի  Վարդան»-ը, ապա Գ. կարգի աշակերտները  բեմականացուցին Վարդանի ճառը, ներկայացուցին խմբային արտասանութիւն մը`  «Արի հայեր» խորագիրով եւ խմբերգեցին «Մենք  քաջ Վարդանի տոհմէն ենք» երգը: Ապա վարժարանի Ե. Կարգի աշակերտները երգեցին «Հիմի էլ լռենք» երգը, այնուհետեւ Արման   Փարթամեան եւ Շիրազ Տեմիրճեան  ներկայացուցին երկխօսութիւն մը` որդիի եւ հօր միջեւ, ուր վերջինս կը յորդորէր իր զաւակը ըլլալ  Քաջ Վարդանի նման: Զ. դասարանի  աշակերտները յայտագիրին իրենց  մասնակցութիւնը բերին խմբային  արտասանութեամբ, անոնք ներկայացուցին Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ  Վարդանանց»-ը  եւ հրաշալի շուրջպարով փակեցին յայտագիրը:

Հուսկ, խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեանը, որ բարձր գնահատեց  աշակերտներուն ներկայացումը եւ ըսաւ, որ  Վարդանանց դիւցազնամարտին նուիրուած այս տօնակատարութիւնը ազգային հերոսները  փառաբանելու, ինչպէս նաեւ հայոց  պատմութեան պանծալի մէկ էջը պայծառացնելու  հանդիսութիւն մը եղաւ: Ան մաղթեց, որ  Կարմիրեան վարժարանի աշակերտները  դառնան վաղուան Վարդաններ եւ տէր կանգնին  իրենց ազգին ու հայրենիքին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles