ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
18-19 փետրուարին Պրիւքսէլի մէջ 30 ժամ տեւած բանակցութիւններէ ետք, Բրիտանիան այլ զիջումներ ապահովելու կողքին Եւրոպական Միութեան մէջ ստացաւ յատուկ կարգավիճակ եւ իրաւունք ստացաւ չմասնակցելու միութեան հետագայ քաղաքական ու տնտեսական համարկումին: Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն վեհաժողովի աւարտին յայտարարեց. «Բրիտանիան ընդմիշտ դուրս պիտի բերուի «աճող սերտ միութեան» սկզբունքի ենթակայութենէն եւ երբեք պիտի չդառնայ եւրոպական գերպետութեան մաս»: Ըստ անոր, «գոյացած համաձայնութեամբ Բրիտանիոյ խորհրդարանը Պրիւքսէլէն աւելի պիտի անկախանայ»: «Մենք իշխանութիւնը վերադարձուցինք Բրիտանիոյ խորհրդարանին եւ այլ ազգային խորհրդարաններուն: «Կարմիր քարտ»-ը կը նշանակէ, որ Բրիտանիոյ խորհրդարանը կրնայ աշխատիլ այլ օրէնսդիր մարմիններու հետ` արգելակելու համար անցանկալի օրէնսդրական նախաձեռնութիւնները», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ասիկա պատմական օր է Բրիտանիոյ համար»:
Բրիտանիան իր պատմութեան ընթացքին միշտ ալ հեռաւորութիւն պահած է եւրոպական ցամաքամասէն եւ այդտեղ միջամտած միայն, երբ ցամաքամասը դիմագրաւած է Նափոլէոնի կամ Հիթլերի նման միապետերու տիրապետութեան ենթարկուելու վտանգը: Նշեալ կղզին կենսական կը նկատէ իր «իւրայատկութիւնը», զոր միշտ ալ պաշտպանած է բուռն կերպով: Բրիտանիոյ մեծագոյն վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլ 1930-ին արդէն յայտարարած էր. «Մենք մեր սեփական երազն ու առաքելութիւնը ունինք: Մենք Եւրոպայի հետ ենք, սակայն ոչ` անոր մէկ մասը: Անոր կապուած ենք, սակայն ոչ` պարփակուած: Մենք հետաքրքրուած ենք եւ միացուած, սակայն ոչ` կլանուած»: 18-19 փետրուարին կատարուածը բրիտանական «իւրայատկութեան» պաշտպանութեան աւանդութեան համահունչ էր:
Քամերոն Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ 2017-ին նախատեսուած հանրաքուէն յառաջաձգեց 23 յունիս 2016-ին` փորձելով արձանագրուած «յաղթանակ»-ին ստեղծած մթնոլորտէն օգտուելով անդամակցութիւնը մերժողներուն պարտութիւնը ապահովել: Եւրոպական Միութեան մէջ նախապէս նոյնպիսի բազմաթիւ հանրաքուէներ տեղի ունեցած են, սակայն ոչ մէկ երկիր դուրս եկած է միութենէն: Եւրոպական Միութեան մեծագոյն տնտեսութիւններէն մէկուն մէջ «Ոչ»-ի յաղթանակի նախադէպը մեծ հարուած մը պիտի ըլլայ արդէն իսկ գաղթականներու ճգնաժամին պատճառով լուրջ հարցեր դիմագրաւող միութեան: Այլ երկիրներ եւս պիտի փորձեն հետեւիլ Բրիտանիոյ օրինակին: Չեխիոյ վարչապետ Պոկուսլաւ Սոպոթքա արդէն իսկ յայտարարեց. «Եթէ Բրիտանիան Եւրոպական Միութենէն դուրս գայ, ապա քանի մը տարի ետք անկէ դուրս գալու շուրջ բանավէճեր կը սպասուին նաեւ մեր մօտ»: Սակայն «Այո»-ի յաղթանակը Պրիւքսէլի մէջ տօնական մթնոլորտ պիտի չստեղծէ, այլ միայն պիտի մեղմացնէ միութեան ղեկավարներուն մտահոգութիւնը, որովհետեւ Պրիւքսէլի վեհաժողովին ընթացքին արձանագրուեցաւ նախադէպ մը, եւ այսուհետեւ այլ երկիրներ եւս իրաւունք պիտի ունենան պահանջելու Բրիտանիոյ նման յատուկ կարգավիճակ մը:
Աւելի՛ն` Սկովտիոյ ազգային կուսակցութեան ղեկավար Նիքըլըս Սթարճեն յայտարարեց, որ սկովտիացիներուն մեծամասնութիւնը կ՛ուզէ Բրիտանիան տեսնել Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ, եւ եթէ երկիրը դուրս գայ միութենէն, այդ մէկը պիտի դառնայ Սկովտիոյ անկախութեան շուրջ երկրորդ հանրաքուէ մը կատարելու ազդակ մը:
Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն` «Պրեքսիթ»-ի կարելիութեան, Բրիտանիոյ «իւրայատկութեան» ամրագրման եւ գաղթականներու ճգնաժամին լոյսին տակ, Եւրոպական Միութեան մէջ կը սպասուին զարգացումներ, որոնք կրնան նշանակալից եւ մինչեւ իսկ պատմական ըլլալ: