Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Այսօր Մարդը Ինքնիր Դէմ Կը Պատերազմի Իր Սեփական Գետնին Վրայ»

$
0
0

ՄԱՅՏԱ ՂԱՆՏՈՒՐ ՀԸՐԹ

p015-2_826375_325127_large

Բանաստեղծ մըն է, որ կը պատկանի այլ դարու մը, այլ միջավայրի մը:

Ուրբաթ, 29 յունուարին տեղի ունեցաւ այլ մոլորակէ մը հասած Ալեն Թասոյի «Սոլիլոք տէօն ժաքմար, օթրման տի լը լիպրեթիսթ տէ պրիւմ» – «Զանգակահարի մը մենախօսութիւնները, այլ խօսքով` մշուշներու հեղինակը» ժողովածուին մակագրութիւնը, «Լէ պլէ տոր»-ի հրատարակութեամբ: «Մարդուն եղելութեան յետ մահու օրաթորիաներ են», հեգնանքով կը հաստատէ Թասօ իր (ընթեռնլի եւ հասկնալի) գրութիւնները ուղղելով բոլոր կամքի տէր ընթերցողներուն:

Ինչպէ՞ս կարելի է միտքը հանգստացնել անոնց, որոնք կ՛ըսեն, թէ բանաստեղծութիւնը չեն հասկնար:

Բանաստեղծութիւնը իր թռիչքին ուղին կը գծէ փոխաբերութիւններով: Ընկալումներն են, որոնք գոյականներու կը վերածուին եւ կը տրուին ազատ մեկնաբանութեան:

Բանաստեղծութեան նպատակը երբեք պիտի չըլլայ զուարճացնել, ան փոփոխելի եւ ճկուն չէ,  ինչպէս` արձակ գրութիւնը, որ կը փնտռէ վայրկեանը: Ան երբեք պիտի չյագեցնէ պարզամիտ ընթերցողին անմիջական եւ վաղանցուկ պահանջը: Բանաստեղծութիւնը կը դրդէ բոլոր հաստատումները, որպէսզի զանոնք սնուցանէ եւ ապա հաճոյք պատճառէ: Ան տաղաչափութեամբ չի սահմանուիր: Թատերագիրը, որ իր գերզգայուն ըմբռնումին ընդմէջէն կը ստեղծագործէ, կը դառնայ բանաստեղծ: Նոյնն է պարագան ճարտարապետին կամ գիտնականին, որ կը դառնայ իր մասնագիտութեան բանաստեղծը…

Որքան որ ալ տեսանելի դաշտը երբեմն հաշմող թուի անհրաժեշտ ընկալումին համար, իւրաքանչիւր ընթերցող իր թափին համեմատ զգացականօրէն կը սուզուի` զանցելով բառին կամ միտքին սկզբնական առաջադրանքը:

p015-3_928629_large

Ի՞նչպէս կը նկարագրէք ձեր յարաբերութիւնը բառերուն հետ: Կ՛ըսէք. «Սեւ մելանէ բառերը  կ՛ըմբոստանային յուզիչ յիշատակին մէջ»: Ըմբոստացա՞ծ, թէ՞ փաղաքշուած բառեր:

Միտք-բառերը մխիթարանք են յուզումին եւ զգացումին այն իմաստով, որ իրենց ծաւալումէն ետք պիտի տեղեկացնեն, իմաստ տան եւ լուսարձակի տակ առնեն յուզումն ու զգացումը: Յուզիչ յիշատակը անդիմադրելիօրէն կը յայտնաբերէ մարդկութիւնը, որ անցեալին մարդկային էր եւ ազատ: Ինչ կը վերաբերի սեւին` գոյնզգոյն երանգապնակին, ան կը գծէ բառերը, զանոնք առատօրէն նետելու, տարածելու համար բանաստեղծական լոյսին ուժգին ծիածանափայլութիւններով: Բառերը կարեւոր են լեզուին համար, որ այսօր անապատացած պէտք է ըլլայ: Հինգ հարիւր բառերն են, միշտ նոյները, զորս այսօր մարդոց մեծամասնութիւնը կը գործածէ` առանց որեւէ գրական պահանջի, ապահովելու համար անշարունակական շարունակականութիւնը: Ֆրանսերէնի մէջ կան մօտաւորապէս իննսուն հազար բառեր, կարելի չէ սեպել, որ ան առողջ վիճակի մէջ է: Զայն հարստացնելը կ՛ենթադրէ մասնագիտական բառեր, միտքեր որսալ… թակարդները լեցնելու համար այն պահուն, երբ միտքը կը սփռէ բանաստեղծական նշոյլը:

Լոյսը, ձիւնը, երկինքը, ջուրը… Բնութեան այս բոլոր տարրերը բանաստեղծին նախընտրած նիւթե՞րն են:

Այո՛, յատկապէս ձիւնը, «ձիւնը բանաստեղծին ձեռքերուն մէջ գոյացող փոքրաքանակ ցուրտը կը մաքրէ»: Կը վայելենք ներկայութիւնը էական տարրերու, որոնք բնութեան` մեր կեանքին ընկերակցող ամէնէն գեղեցիկ նկարչական գործին պատկանող էութիւններ կը կազմեն: Բնութիւնը կը սնանէ եւ կը բուժէ, սակայն քանի մը տասնամեակներէ ի վեր մարդ արարածը զայն անդառնալիօրէն պղծած է: Առնենք, իբրեւ օրինակ, ձիւնը: Այս բառը ընթերցողին կը յիշեցնէ ցուրտը, գոյնի չէզոքութիւնը, բնութեան մահը: Իր այս վաղանցուկ ներկայացումներէն անդին, բառերը մանրակրկիտ փնտռտուքի ենթարկելով, կրնանք հաստատել, որ ձիւնը տաքութիւնն է ինքնին: Ձիւնը գրկողն է, աշխարհի բռնկումն իսկ, կը ճարճատէ կեանքին ծնունդ տալու համար: Երփներանգ ըլլալով` ան վճիտ ջուրն է, որ երկինքէն կրկին կը թափի գերազանցելու համար բնութիւնը եւ գոյութիւնը: Ձմեռը, որ միւս եղանակներուն իմաստ կու տայ, տրուած ըլլալով, որ իր ընդմէջէն կը հոսի կեանքի ջուրը, ձիւնին նախասիրած մարզն է… Բանաստեղծը այս մէկը կը կարդայ իր զգայնութեամբ, ան ականատես կ՛ըլլայ աշխարհի պատռուելուն: Իր միակ դիմադրութեան միջոցը գրելն է` ակնարկուած միտքին միջոցով ընթերցողին մտածողութիւնը արթնցնելու համար: Վերադարձը դէպի բնութեան տարրերը, այսինքն` դէպի զգացականը, ամենաառողջ միջոցն է:

Կարելի՞ է խորհրդապաշտութեան մասին խօսիլ ձեր այս ժողովածուին մէջ:

Ոչ յատուկ ձեւով: Որոշ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին գրութիւններս ստացան խորհրդապաշտ ոճ մը` իրենք իրենց շուրջ դարձող սուֆիներու ակնարկութիւններուն ընդմէջէն: Այս մէկը օտար չէ մտածելակերպիս եւ ապրելակերպիս, հակառակ անոր որ բոլորովին տարօրինակ արժեւորումներ ունիմ արուեստի եւ երաժշտութեան վերաբերեալ: Նախասիրած յօրինողներս են` Պախը, Հենրիք Պիպըրը, Շուցը, Պուքսթըհուտը, Քարեսանան, Հենտըլը, Քորելլին, Քուփրենը, Ֆյուքսը…

Իրականութեան մէջ, այո՛,  ոճս որոշ չափով մօտ է խորհրդապաշտութեան, խոկումի իմաստով, բնութեան` արուեստի մեծագոյն գործին հետ նոյնացումի իմաստով, բնութեան` սիրով փայլփլող թագիս, որմով միշտ կը յուսամ հաղորդակցիլ, մինչեւ մահ: Այս բնութեան, որ այնքան տառապած է եւ կը շարունակէ տառապիլ, կը պարտիմ ամենագեղեցիկ մեղեդիները, ամենագեղեցիկ երգերը, որոնց փչողական եւ լարային ամենատարօրինակ գործիքներուն երաշխիքը պիտի ըլլան բանաստեղծական գործերս:

«Զանգակահարի մը մենախօսութիւնները, այլ խօսքով` մշուշներու հեղինակը» առանձնութեա՞ն  մենախօսութիւնն է:

Գրութիւնը, իսկականը, միմիայն ապրումներու եւ յուզումներու զեղումը չէ: Սակայն դժբախտաբար այդ է օր ըստ օրէ ընդհանրացող պարագան այսօրուան բանաստեղծութեան: Կը գրենք մեր զգացումները արտայայտելու համար, մենք մեզ աւելի հանգիստ եւ խաղաղ զգալու համար: Այս մէկը կը նմանի նորաձեւութիւններուն, երբ կը խօսինք որոշ դեղերու մասին, որոնք աշխարհը կը հեռացնեն իր բարոյագիտութենէն:

Զանգակահարին մենախօսութիւնները մարդուն եղելութեան յետ մահու օրաթորիաներ են, այսուհետեւ` դիմակին ծանրօրէն ծորումը:

Իրականութեան մէջ այս առանձնութեան մէջ, ուր կը գտնուինք, ժամանակը հասած է փրկութեան ճիչ մը արձակելու: Զգայնութիւնս յոռետեսութեամբ կը կարդայ ողբերգութիւնը աշխարհի մը, որ աշխարհ ըլլալէ դադրած է: Ճիչ մը, աղաղակներ, ուր բանաստեղծութիւնը կ՛ընկրկի երգուած հոգեհանգիստի մը եւ կարգ մը յոյսի նշոյլներուն միջեւ «հովին, նոյնիսկ կոտրած քանդակներուն կարօտին» մէջ:

Իրենք իրենց մէջ ամփոփուած, ինքնափակ դարձած, մարդիկը դէմ յանդիման կը գտնուին մեքենային, որուն հետ կը պահեն առանձնաշնորհուած յարաբերութիւններ եւ ան կը դառնայ իրենց միակ ընկերը: Առաւել, անոնք ստիպուած են առօրեայ դրութեամբ քանի մը կոճակ սեղմել` գոյատեւելու համար: Բոլորը նոյնը կ՛ընեն եւ չեն կրնար իշխել նոր կարգին, որ բոլորովին անկարգ է, որովհետեւ մարդ արարածը կը վերածէ երկրորդական իրի մը` ճզմուած համաշխարհայնացումէն (որ ջնջեց տարբերութիւնները եւ յատկութիւնները, որոնք մեզ կը հարստացնեն) եւ փակած իր անձին եսին:

Կամքի տէր մարդը կ՛անհետանայ, ինչպէս նաեւ` զարգացումը:

Երբեք պիտի չկրնամ հաւատալ, որ կ՛ապրինք կեղծիքի, ստախօսութեան, ծրագրուած ոճրագործութեան եւ ցուցամոլութեան իշխանութեան մէջ (տրուած ըլլալով, որ ամէն բանէ պարպուած միտքը անասունի մակարդակին կը հասցնէ), հարկ եղած նուազագոյն մակարդակի գիտութեան եւ զարգացումի պակասին պատճառով, ինչպէս կը տեսնենք այս կտոր մը հողին վրայ, որ կը սիրենք հակառակ ամէն ինչի, հակառակ անոր որ անապատի մը վերածուած է իր խամաճիկ-բնակիչներուն մեծամասնութեան կողմէ:

Այս հին հողին, անցեալին մեղրէ, ինչպէս կ՛ըսեն, պատերազմը երբեք վերջ պիտի չգտնէ, տրուած ըլլալով, որ այսօր, մարդը ինքն իր դէմ կը պատերազմի իր սեփական գետնին վրայ, կռիւներ` վայրենիներու եւ, հետագային, չեմ համարձակիր հաւատալ, մարդակերներու միջեւ…

Ալեն Թասոյի «Զանգակահարի մը մենախօսութիւնները, այլ խօսքով` մշուշներու հեղինակը» ժողովածուին մակագրութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 29 յունուարին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ա.Պէ.Սէ.» Էշրեֆիէի «Անթուան» գրախանութին մէջ:

«Լ՛օրիան Լը Ժուր»
28 յունուար, 2016

Թարգմանեց՝ ՌՈՒԲԻՆԱ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>