Այս օրերուն Ժմմեյզէի Կուրօ թաղամասին մէջ գտնուող` Ալֆրետ Սըրսոք Քոքրէյնի նախաձեռնութեամբ ու արուեստագէտ Նայիլա Պասիլիի զօրակցական ներդրումով իրագործուած «392Ռմէյլ393» ցուցասրահին մէջ կը ներկայացուին երիտասարդ գեղանկարիչ Սերժ Մանուկեանի շուրջ քառասուն գեղանկարները: Մեծ, միջակ, զանազան չափերով ու գեղանկարչութեան այլազան ոճերով` ջրաներկ, իւղաներկ, քոլաժ, աքրիլիք ու գեղագիտական այլ ոճերով ներկայացող այս տաղանդաւոր երիտասարդը փորձած է արտայայտել իր ներաշխարհի ապրումները, իղձերը, մղումները:
Գեղանկարչական արուեստի միջազգային ոճի` սուֆիներու եւ այլ զանազան դպրոցներու տպաւորութիւնները, մանկական, ապա պատանեկան շրջանին ապրած ներաշխարի յուշերն ու երիտասարդական նորարարութեանց իր ապրումները, գաղափարներու բախումները միախառնուելով, ընձիւղուելով` կը պոռթկան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Գեղագիտական հմտութիւնները զարգացնելու իր տենչերու սլացքին մէջ ակներեւ է ընտանեկան, ժառանգական ազդեցութիւնը, ուր ան խորապէս ազդուած է իր մօր` Թոքաթլեան գերդաստանի երէցներէն: Օրինակ` իր մեծ հայրը հաստատութիւններու հասցէներ պարզող ցուցատախտակներու պատրաստութեան արհեստին մէջ անունները կը ներկայացնէր արուեստի, ստեղծագործական իր իւրայատուկ ոճով, դրոշմով: Իսկ մեծ հօր հայրը, հակառակ իր անդամալոյծ վիճակին, յաջողած է լուցկիի ցպիկներով սքանչելի մանրանկարներ եւ պատկերներ ստեղծել: Նմանապէս, ան ազդուած է իր մօրեղբօր` ծանօթ արուեստագէտ, քանդակագործ Րաֆֆի Թոքաթլեանի ոճէն:
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտ Սերժ Մանուկեան աւարտած է Լիբանանեան համալսարանի Գեղարուեստի հիմնարկը: Սակայն ան իր գեղանկարչական բնածին ձիրքն ու հմտութիւնները առաւելաբար զարգացուցած է ինքնաշխատութեամբ: Արուեստի մասին իր հետաքրքրութիւնը գլխաւորաբար կեդրոնացած է երգիծական, քննադատական ոճին ու յատկապէս «անիմէյշըն»-ի ուղղութեամբ եւ այս գծով յաջող փորձառութիւն ունեցած է` մասնակցելով առաջին անգամ Լիբանանի մէջ կայացած «Մեթրոփոլիս» շարժապատկերի շարժուն գծանկարներու ցուցահանդէս-փառատօնին: Նաեւ «անիմէյշըն»-ի պատկերներ գծելով աշխատակցած է «Սամանտալ» քննադատական-երգիծական պարբերաթերթին:
Նմանապէս, փոքրիկ արձանիկ մը ներկայացնելով` մասնակցած է արուեստի պատմագէտ ու քննադատ` Սեզար Նամմուրի հիմնած «ՄԱՔԱՄ» ցուցասրահի մէկ ձեռնարկին: Օգոստոս 2015-ին մասնակցած է Պուրճ Համուտի մէջ կայացած «Կանգառ»-ի ցուցահանդէսին: «Ազդուած եմ փորձառական դպրոցի ոճէն ու փորձած եմ գեղագիտական արուեստի միջազգային դպրոցներուն մէջ, մարդկային հոգիներէն ներս թափանցող, հանդուրժողութեան ու մարդիկը իրարու միացնող հասարակաց եզր մը գտնել», ըսաւ Սերժ Մանուկեան «Ազդակ»-ի մէկ հարցումին պատասխանելով: Ան մեծապէս կը քաջալերէ երիտասարդները, որ հետաքրքրուին ու հմտանան արուեստի ճիւղերուն մէջ: Իսկ յառաջիկայ իր քայլերուն մասին ան ըսաւ. «Մուշեղ Գարավարդանեանին հետ կը ծրագրենք միացեալ ցուցահանդէս մը կազմակերպել: Նաեւ կը մտադրեմ արտասահման մեկնիլ, «անիմէյշըն»-ի մարզին մէջ ստեղծագործելու նպատակով:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 26 փետրուար 2016, Ժմմէյզէի «392Ռմէյլ393» ցուցասրահին մէջ: