Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Գաղութէ-Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

«Սուրիոյ Տագնապը Եւ Հայութիւնը» Նիւթով
Դասախօսութիւն

Haleb_022116

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան, 21 փետրուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը` «Սուրիոյ տագնապը եւ հայութիւնը» նիւթով:

Օրուան դասախօսն էր հասարակական գործիչ տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան:

Բացման խօսքով Մարիա Սարգիսեան յայտնեց, թէ նման ձեռնարկներու նպատակն է մեր հասարակութիւնը իրազեկ դարձնել սուրիահայութեան տագնապի քաղաքական հոլովոյթին, համայնքէն ներս, թէ համահայկական առումով սուրիահայութեան օժանդակութեան ի խնդիր տարուող աշխատանքներուն եւ սուրիահայութեան քաղաքական մօտեցումներուն:

Դասախօս տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան համապարփակ ձեւով նախ ներկայացուց սուրիական տագնապի զարգացումները` նշելով, որ երկրէն ներս բարեփոխումներու պահանջով սկսած շարժումը հետագային վերածուեցաւ արտաքին քաղաքական հաշուարկներու եւ ծայրայեղական շարժումներու ծառայող ահաբեկչական վայրագ արշաւի: Ապա ներկայացուց սուրիահայութեան մօտեցումները Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ, նշելով, որ սուրիահայութիւնը ջատագովն է Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան, կը հաւատայ, որ սուրիական տագնապը իր լուծումին կը հասնի Սուրիոյ ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներու մասնակցութեամբ երկխօսութեան ճամբով, դէմ է արտաքին այն միջամտութիւններուն, որոնք կը հրահրեն Սուրիոյ տագնապը, կը խաթարեն երկրին ամբողջականութիւնն ու ժողովուրդին համակեցութիւնը, աւելցնելով, որ սուրիահայութիւնը ապագայ Սուրիան կը տեսնէ որպէս աշխարհիկ, ժողովրդավար, բարգաւաճ երկիր, ուր օրէնքով ամրագրուած կ՛ըլլան սուրիական ընկերութեան մաս կազմող ազգային, թէ կրօնական բոլոր փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները:

Այնուհետեւ տոքթ. Սարգիսեան անդրադարձաւ սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, համայնքային թէ համահայկական տարողութեամբ տարուած օժանդակութեան աշխատանքներուն, սուրիահայ նուիրեալ տղոց ծառայութեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններուն եւ բարեսիրական միութիւններուն տարած աշխատանքներուն` վեր առնելով սուրիահայութեան միասնակամ կեցուածքը: Ան անդրադառնալով տարուած դրական աշխատանքներուն` նշեց նաեւ բացթողումները: Ապա անդրադարձաւ գաղթի երեւոյթին, զայն կանխելու համար համայնքի ղեկավարներէն ակնկալուած աշխատանքներուն, Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան եւ տեղւոյն հայութեան հետ ուղղակի շփման կարեւորութեան, ՍԱՐՖ-ի աշխատանքներուն, լուսարձակի տակ առնելով սուրիահայ համայնքի ռազմավարական կարեւորութիւնը եւ յորդորելով զինուիլ համբերութեամբ:

Տոքթ. Սարգիսեան անհրաժեշտ համարեց սուրիահայութեան գոյերթին եւ վերակազմակերպման նպաստող գործնական արդիւնաւէտ միջոցներու շուտափոյթ որդեգրումը:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ հայկական մեր կառոյցներուն հսկող եւ ժողովուրդին թեւ թիկունք կանգնող սուրիահայ անվեհեր տղոց նուիրուած տեսերիզ մը:

Աւարտին տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան պատասխանեց ներկաներու հարցադրումներուն:

Հուսկ, Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան իր եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց ու «Պահպանիչ»- ով փակեց ձեռնարկը:

 

Քանատա

Սուրէն Արք. Գաթարոյեան` Քանատայի
Հայոց Թեմի Հայրապետական Ներկայացուցիչ

Arch-Souren-Kataroyan_021816

Քանատայի Հայոց թեմի առաջնորդարանին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կաթողիկոս, Արամ Ա. կաթողիկոսը 16 փետրուար 2016 թուակիր նամակով, ընդունած է Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի հրաժարականը թեմակալ առաջնորդի պաշտօնէն: Սրբազանը իր հրաժարականը ներկայացուցած էր 30 հոկտեմբեր 2015 թուակիր նամակով:

Վեհափառ հայրապետը, Սուրէն արք. Գաթարոյեանը նշանակած է Հայրապետական ներկայացուցիչ, մինչեւ թեմակալ առաջնորդի յառաջիկայ ընտրութիւնը:

ՀՕՄ-ի Քանատայի Կառոյցը 600
Սուրիահայ Աշակերտներու
Ձմեռնային Զգեստներ Կը Նուիրէ

Սուրիահայ օգնութեան խաչի (ՍՕԽ) Շրջանային վարչութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը յայտնէ, թէ 2016-ի նոր տարուան սեմին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ճամբով եւ ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան ներդրումով, Սուրիոյ ազգային վարժարաններու 600 աշակերտներ օժտուեցան ձմեռնային տաք զգեստներով: Վերոնշեալ ձմեռնային զգեստները կը պատրաստուին ՍՕ Խաչի աշխատանոցին մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ ՍՕ Խաչի Շրջանային վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Քանատայի Շրջանային վարչութեան եւ բոլոր ազնիւ բարերարներուն` սուրիահայ համայնքին հանդէպ ունեցած ուշադիր եւ հոգատար վերաբերմունքին համար:

 

Միացեալ Նահանգներ

Գառնիկ Բանեանի «Կուտպայ Այնթուրա.
Է Մէմուար Աֆ Տը Արմինիըն Ճենոսայտ»-ի
Ներկայացում

Karnig-Panian_021816

Կազմակերպութեամբ Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութեան, համահովանաւորութեամբ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին, Համազգայինի Ճեմարանի շրջանաւարտից միութեան, ինչպէս նաեւ «Նոր սերունդ» եւ Թէքէեան մշակութային միութիւններուն, 18 փետրուարին Իրանահայ միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ,  որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Գառնիկ Բանեանի հեղինակած եւ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող յուշագրութեան անգլերէն թարգմանութիւնը` «Կուտպայ Այնթուրա. է մեմուար աֆ տը արմինիըն ճենոսայտ»-ը:

Ձեռնարկի հանդիսավարն էր «Վուտպըրի» համալսարանէն, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան:  Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցան հեղինակին դուստրը` Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս Ազգային վարժարանի տնօրէն Հուրի Բանեան-Պոյամեան, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի պատուոյ դասախօս դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան եւ անկախ ուսումնասիրող Մորիս Միսաք Քէլէշեան: Տեսանիւթի մը միջոցով իր պատգամը փոխանցեց Քալիֆորնիոյ համալսարանի Տէյվիսի մասնաճիւղէն դոկտ. Քիթ Տէյվիտ Ուեթընփաու:

Գառնիկ Բանեանի յուշագրութեան անգլերէն թարգմանութիւնը անցեալ տարի լոյս տեսած էր «Սթենֆըրտ» համալսարանի տպարանէն: Անիկա պատմութիւնն է Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն վերապրած Գառնիկ Բանեանի, որ Կիւրինէն Լիբանանի Այնթուրա գիւղի որբանոց հասած է եւ ականատես դարձած` որբերը թրքացնելու անմարդկային նախաձեռնութեան: Գառնիկ Բանեան աւելի ուշ եղած է երկարամեայ ուսուցիչ եւ Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի փոխտնօրէնը:

Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի
Ներկայացուցիչներուն Այցելութիւնը
Առաջնորդարան

Bone-Marrow_012616

Յունուար 26-ին Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի վարչութեան` գլխաւորութեամբ հիմնարկի նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի:

Տոքթ. Ճորտըն եւ պաշտօնակիցները ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ փոխանցեցին հիմնարկին հայրենանուէր ծառայութիւններուն եւ զանոնք ընդարձակելու ծրագիրներու մասին: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին սրբազանին եւ Ազգ. առաջնորդարանին` իրենց զօրակցութեան համար, միաժամանակ գոհունակութիւն յայտնելով, որ գաղութը եւս զօրակից է այդ ծրագիրներու յաջողութեան: Անոնք ներկայացուցին նաեւ յառաջիկայ ամիսներու իրենց ծրագիրները, որոնց շարքին` հանգանակային աշխատանքներ եւ հիմնարկի առաքելութեան մասին տեղեկատուական-քարոզչական արշաւներ, խնդրելով, որ Արեւմտեան թեմէն ներս այս գծով շարունակուի նախընթաց տարիներու գործակցութիւնը:

Առաջնորդը իր կարգին գնահատեց կազմակերպութեան տարած մարդասիրական ու հայրենանուէր ծառայութիւնը` վերահաստատելով առաջնորդարանին զօրակցութիւնը անոր առաքելութեան յաջող կենսագործման մէջ:

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց ՀՕՄ-ի
Շրջանային Վարչութեան Անդամները

IMG_2868

Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան երեքշաբթի, 16 փետրուար 2016-ի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մարալ Մաթոսեանի եւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պեքի Պէրպէրեանի: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, որ կարճ ատեն մը առաջ հասած էր Լոս Անճելըս, 21 փետրուարին նախատեսուած սուրիահայութեան զօրակցութեան ի նպաստ թելեթոնին առիթով. ներկայ էր նաեւ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիւանեան:

Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք խորհրդակցութիւնները առաւելաբար կեդրոնացան մեր գաղութի կարգ մը անմիջական հարցերուն վրայ: ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը դէմ յանդիման կը գտնուի որոշ մարտահրաւէրներու, որոնց լուծման համար կարիքը ունի բոլորին գործակցութեան ու զօրակցութեան: Առաջնորդ սրբազանը վերահաստատեց Ազգ. առաջնորդարանի զօրակցութիւնը, այս ու նմանօրինակ ազգօգուտ աշխատանքներու` շեշտելով գործակցական կապերու աւելի եւս խորացումը:

Շահան սրբազանը, իր այս այցելութեան սկզբնաւորութեան, առաջին առիթը ունեցաւ ուղղակի լուսաբանութիւններ տալու Սուրիոյ հայութեան ու մասնաւորաբար Հալէպի դիմագրաւած ծանր վիճակներուն մասին, մանաւանդ որ քանի մը օր առաջ, ՀՕՄ-ի Հալէպի ընկերային ծառայութեան կեդրոնը ռումբեր ստացած էր եւ` ծանրօրէն վնասուած:

Արձանագրուեցաւ նաեւ, որ կիրակի, 28 փետրուարին, եւ համաձայն տարիներու բարի աւանդութեան, մեր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգիստ տեղի պիտի ունենայ ՀՕՄ-ի ննջեցեալներուն յիշատակին:

Հանդիպումի աւարտին առաջնորդ սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց Շրջանային վարչութեան ու անոր հովանիին տակ գործող բոլոր միաւորներուն եւ հիւր վարչականներուն հրաժեշտ տուաւ յուշանուէրներով:

Սուզան Սարգիսեան` Արեւմտեան Ամերիկայի
ՀԲԸՄ-ի Համայնքային Ծրագիրներու Վարիչ

suzan_AGBU_022516

Վերջերս Սուզան Սարգիսեան նշանակուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԲԸՄ-ի համայնքային ծրագիրներու վարիչ:

Սուզան Սարգիսեան վարչական մարզին մէջ պսակաւոր գիտութեանց վկայական ստացած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղէն, ուր ներկայիս իր ուսումը կը շարունակէ` ստանալու համար մագիստրոսի վկայականը:

Պսակաւոր վկայականը ստանալէն ետք ան աշխատած է Կլենտէյլի համայնքային քոլեճի ուսանողներուն աջակցելու գրասենեակին մէջ:

ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային յանձնախումբի ատենապետ Թալին Եագուպեան գոհունակութիւն յայտնեց սոյն նախաձեռնութեան գծով` յոյս յայտնելով, որ ան իրեն հետ պիտի բերէ իրենց ծրագիրներու աճն ու ընդարձակումը ապահովելու համար հարկաւոր ձիրքեր եւ նորարարական մօտեցումներ, որոնք պիտի հարստացնեն իրենց կազմակերպութիւնը:

Ցեղասպանութեան Մասին
«100-
Ամեայ Վերապրողը» Ժապաւէնը
Կ՛արժանանայ Մրցանակի

Peter-Messerlian_022516

Վաւերագրական ժապաւէններ արտադրող Փիթըր Մսըրլեանի «100-ամեայ վերապրողը» ժապաւէնը, որ անցեալ տարի ցուցադրուած էր «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանէն եւ Լոս Անճելըսի «Քէյ. Էլ. Սի. Էս.» կայանէն, 23 յունուարին արժանացաւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ ձայնասփիւռային եւ պատկերասփիւռային լուրերու միութեան «Կոլտըն Մայք» մրցանակին` խմբագրումի դասակարգին մէջ:

Պատկերասփիւռային հաղորդումներու ընթացքին ժապաւէնը դիտած է մօտաւորապէս  60 հազար հոգի, որոնց մէկ երրորդը հայ չէ:

Տեղական «Էմմի» մրցանակներու արժանացած Մսըրլեան այս ժապաւէնը նկարահանած է քանի մը տարուան ընթացքին` սկսելով Ցեղասպանութենէն փրկուած Ղազարոս Քատեմեանի ծննդեան 100-ամեակի տօնակատարութեամբ: Ապա, մէկ տարուան ընթացքին, դիտողը ականատես կը դառնայ, թէ Քատեմեան բազմաթիւ ամերիկահայերու հետ միասին ինչպէ՛ս կը բռնէ արդարութիւնը որոնելու ճամբան:

Ժապաւէնը ցարդ ցուցադրուած է նաեւ Սաքրամենթոյի, Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ:

Ժապաւէնին առաջին մասը դիտելու համար, այցելել www.youtube.com/watch?v=OuV1V_SA1wY կայքէջը:

«Լոս Անճելըս Արթ Շօ»-ի
Հայկական Գոյները

art-show_013116

28-31 յունուարին «Լոս Անճելըս արթ շօ»-ի շրջագիծին մէջ հիւրընկալուած էին աւելի քան 20 երկիրներէ հարիւրաւոր արուեստագէտներ: «Քոնվենշըն սենթըր»-ին մէջ գտնուող 130 պատկերասրահները կը ներկայացնէին աւելի քան 10 հազար արուեստի նմուշներ` գեղանկարչութիւն, քանդակագործութիւն, լուսանկարչութիւն եւ այլն:

«Լոս Անճելըս արթ շօ»-ի մաս կազմած էին նաեւ դասական արուեստ ներկայացնող տաղաւարներ, որոնց շարքին` հայ յայտնի նկարիչները ներկայացնող «Սթեֆանիզ» պատկերասրահը, ուր ցուցադրուած էին  Գայեանէ Խաչատուրեանի, Արթուր Փինաջեանի, Ժան Գառզուի ու Ժանսեմի, Յովսէփ Փուշմանի աշխատանքները: «Սթեֆանիզ» պատկերասրահի տնօրէն Լինտա Ստեփանեան յայտնեց, որ իր գլխաւոր նպատակն էր ցուցադրել մեր տաղանդաւոր հայրենակիցներու գործերը մեծաթիւ հայ բնակչութիւն ունեցող շրջանի մը մէջ, որպէսզի մեզ ճանչնան նաեւ մեր արուեստին միջոցով, մեր մեծերուն շնորհիւ, ինչպէս Փուշմանը, որուն գործերը ներկայացուած են ամերիկեան բազմաթիւ թանգարաններու մէջ:

Հարկ է նշել, որ հայկական ցուցասրահի ներկայացումը  իրագործուած էր «Արարատ» հիմնադրամի հետ համատեղ ջանքերով, որուն խորհուրդի անդամ Ֆրետերիք Վարդանեան ընդգծեց բոլոր այցելուներուն` հայկական մշակոյթը ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Պերճ Եւ Անի Չեքիճեաններուն Ընդունելութիւնը
Ի Նպաստ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական
Ընկերակցութեան Աւետիսեան Վարժարանին

berj_011616

Յունուար 16-ին Պերճ եւ Անի Չեքիճեան ամոլը իրենց բնակարանին մէջ հիւրընկալեցին Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը: Հանդիպումի ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` Երեւանի Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոցին եւ համայնքային կեդրոնին մէջ եւ անոր միջոցով տեղի ունեցող վերջին գործունէութիւններուն մասին: Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան խօսեցաւ Աւետիսեան դպրոցին արձանագրած յաջողութիւններուն մասին եւ անդրադարձաւ պատմականօրէն ընկերակցութեան կրթական ծրագիրներուն տուած առաջնահերթ կարեւորութեան` որպէս անոր հիմնական առաքելութիւններէն մէկը ամբողջ աշխարհի տարածքին:

Դպրոցի բարերար Եդուարդ Աւետիսեան եւ «Արմինիա թրի փրոճեքթ» ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Ճինմարի Բաբելեան կարեւոր նկատեցին Աւետիսեան դպրոցին մատուցած բարձրորակ ուսումը եւ հայրենիքին մատուցած անոր ծառայութիւնը: Կեդրոնը իր արտադպրոցական եւ համայնքային շատ մը ծրագիրներով մեծապէս կը նպաստէ Մալաթիա-Սեբաստիա շրջանի բնակչութեան եւ կը համագործակցի շատ մը կազմակերպութիւններու հետ` նման ծրագիրներ մշակելով, որոնցմէ մէկն է «Էյ. Թի. Փի.» կազմակերպութիւնը:

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան այս հաւաքոյթին նպատակն էր շեշտել եւ վեր առնել Աւետիսեան դպրոցի տնօրէնութեան, անձնակազմի եւ ուսանողութեան նուիրական ոգին` դպրոցի համալիրէն ներս:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>