Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

«Օսքար» Մրցանակը Մերժե՞լ…Ընդունի՞լ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Արեւմտեան, մանաւանդ հոլիվուտեան մակերեսային բարքերէն հանդիսացող «Օսքար»-ներու մրցանակաբաշխութեան եւ հանդիսութեան կազմակերպիչները անշուշտ կը հետապնդեն նպատակներ, որոնցմէ տեսանելիները սպառողական շուկային մէջ քարոզչութիւնն ու…  դրամն են: Այս պայմաններուն մէջ, անշուշտ, մրցանակները շահողները անպայման ամէնէն որակաւորները կրնան չըլլալ, իսկ անուրանալի արժէքը, որակը, արդէն մրցանակէն եւ քարոզչութենէն կը խրտչի: Եթէ այս  համակարգը իր «պաշտպան հրեշտակները» ունի, անխուսափելիօրէն կան նաեւ «մերժող սատանաները»…

«Օսքար»-ի 88-րդ Մրցանակաբաշխութիւն

oscar-goes_022616

Շարժապատկերային արուեստի ամերիկեան ակադեմիայի ամէնամեայ ազգային մրցանակի` «Օսքար»-ի 88-րդ մրցանակաբաշխութեան հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ 28 փետրուարին, Հոլիվուտի «Տոլպի» թատերասրահին մէջ: Պիտի պարգեւատրուին 2015 թուականին պատրաստուած լաւագոյն շարժապատկերները: Հանդիսութեան ընթացքին 24 հիմնական անուանակարգերու մէջ օսքարներ պիտի ստանան` բեմադրիչներ, դերասաններ, երաժիշտներ, արտադրիչներ եւ ընդհանրապէս շարժապատկերի պատրաստութեան առնչուած գործիչներ: Ուղղակի պատկերասփռուելիք հանդիսութեան բեմադրիչն է Կլեն Ուէյս, իսկ հանդիսավարն է դերասան Քրիս Ռոք, որ 2005 թուականին եւս «Օսքար»-ի 77-րդ մրցանակաբաշխութեան հանդիսավարն էր:

 

Յաւակնորդներ (Nominees)

Պեւըրլի Հիլզի «Սամուէլ Կոլտուին» թատերասրահին մէջ, 14 յունուար 2016-ին բեմադրիչներ Կիլմօ տել Թորօ եւ Անկ Լի  յայտարարեցին «Օսքար»-ի 88-րդ մրցանակներուն յաւակնորդներուն անունները:

«Տը րեվընընթ» շարժապատկերը յաւակնորդ է 12 օսքարներու, «Մէտ Մէքս: Ֆիւրի ռոտ»` 10:

The-Revenant_022616Oscar_abc_022616Mad-max_022616

 

 

 

 

 

 

 

 

Յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով` Ալեխանտրօ Ինարիթուի կողմէ բեմադրուած շարժապատկեր  մը յաւակնորդներու շարքին առաջին դիրքը կը գրաւէ:

Ժողովրդականութիւն վայելող 7 անուանակարգերու պատկերը հետեւեալն է.

Լաւագոյն Շարժապատկեր

The-Martian_022616

– «Տը պիկ շորթ»
– «Պրիտճ օֆ սփայզ»
– «Պրուքլին»
– «Մէտ Մէքս: Ֆիւրի ռոտ»
– «Տը մարշըն»
– «Տը ռեվընընթ»
– «Ռում»
– «Սփոթլայթ»

Լաւագոյն Բեմադրիչ

Alexandro_022616

Ալեխանտրօ Ինարիթու

– Ատամ ՄաքՔայ («Տը պիկ շորթ»)
– Ճորճ Միլլըր («Մէտ Մէքս: Ֆիւրի ռոտ»)
– Ալեխանտրօ Ինարիթու («Տը րեվընընթ»)  Ալեխանտրօ
– Լենի Ապրահամսըն («Ռում»)
– Թոմի Մաքարթի («Սփոթլայթ»)

Լաւագոյն Դերասան

Էտի Ռետմէյն

Էտի Ռետմէյն

– Պրայան Քրանսթըն («Թրամպօ»)
– Մաթ Տամոն  («Տը մարշըն»)
– Լէոնարտօ ՏիՔափրիօ («Տը րեվընընթ»)
– Միքայէլ Ֆասպենտըր («Սթիվ Ճոպզ»)
– Էտի Ռետմէյն («Տը տենիշ կըրլ»)  Էտի

Լաւագոյն Դերասանուհի

Շարլոթ Ռամփլինկ

Շարլոթ Ռամփլինկ

– Քէյթ Պլանշեթ («Քարօլ»)
– Պրի Լարսըն («Ռում»)
– Ճենիֆըր Լորանս («Ճոյ»)
– Շարլոթ Ռամփլինկ («45 եիրզ»)  Շարլոթ
– Սաիորս Ռոնան («Պրուքլին»)

Լաւագոյն Օգնական Դերասան

Մարք

Մարք Ռիլանս

– Քրիսթիան Պէյլ («Տը պիկ շորթ»)
– Թոմ Հարտի («Տը ռեվընընթ»)
– Մարք Ռուֆալօ («Սփոթլայթ»)
– Մարք Ռիլանս («Պրիտճ օֆ սփայզ»)  Մարք
– Սիլվեսթըր Սթալոն («Քրիտ»)

Լաւագոյն Օգնական Դերասանուհի

Քէյթ Վինսլեթ

Քէյթ Վինսլեթ

– Ճենիֆըր Ճէյսըն Լէյ («Տը հէթֆուլ էյթ»)
– Ռունի Մարա («Քարոլ»)
– Ռաչել ՄաքԱտամս («Սփոթլայթ»)
– Ալիսիա Վիքանտեր («Տը տենիշ կըրլ»)
– Քէյթ Վինսլեթ («Սթիվ Ճոպզ»)  Քէյթ

Օտարալեզու Լաւագոյն Ժապաւէն

THEEB_022616

– «Էմպրէյս օֆ տը սըրփընթ» (Քոլոմպիա, սպաներէն)
– «Մուսթանկ» (Ֆրանսա, թրքերէն)
– «Սան օֆ սոլ» (Հունգարիա, հունգարերէն)
– «Թիպ» (Յորդանան, արաբերէն) «Թիպ»
– «Ը ուոր» (Դանիա)

 

Օսքարները Մերժողներ

destroy_022616

Օսքարներու մրցանակաբաշխութիւնը, հանդիսութիւնը, արարողութիւնը, ընդհանրապէս օսքարները մերժողներ ալ եղած են:

Դերասան, բեմադրիչ, գրող Վուտի Ալեն, որ ընդհանրապէս այսպիսի հանդիսութիւններու ներկայ չ՛ըլլար, ըսած է. «Ես այդպիսի արարողութեան մը հանդէպ յարգանք չունիմ: Ես պարզապէս չեմ կարծեր, որ անոնք գիտեն, թէ ի՛նչ կ՛ընեն: Երբ կը տեսնէք, թէ ո՛վ կը շահի այդ բաները, կամ ով չի շահիր, դուք կրնաք գիտնալ, թէ ի՛նչ անիմաստ բան է այս Օսքարը»:

2010 թուականի վերջաւորութեան որոշուեցաւ պատուոյ Օսքար շնորհել  ֆրանսական շարժապատկերի  Լա Նուվել Վակ շարժումի հսկային` Ժան-Լուք Կոտարտին, որ այն օրերուն 80 տարեկան էր եւ բնաւ չէր մասնակցած նման հանդիսութիւններու:

godard_022616

Անշուշտ բոլոր միջոցներով փորձեցին հետը կապուիլ, բայց… ի զուր: Կոտարտի երկար տարիներու ընկերուհին ըսաւ. «Ժան-Լուք Միացեալ Նահանգներ պիտի չերթայ, ան սկսած է ծերանալ այդպիսի բաներու համար: Դուք այդքան հեռու տեղ կ՛երթա՞ք մետաղի կտորի մը համար»:

Դերասան Ճորճ Սի. Սքոթ առաջին աշխարհահռչակ դերասանն էր, որ մերժեց լաւագոյն դերասանի Օսքարը (Patton, 1970):

patton_022616

Նախքան հանդիսութիւնը` Սքոթ մերժելու իր մտադրութեան մասին հեռագրեց կազմակերպիչներուն: Առանց բառերը ծամծմելու` Օսքարի մասին Սքոթ ըսած է. «Հանդիսութիւնը երկու ժամուան միսի տողանցք է, տնտեսական պատճառներով հանրային ցուցադրութիւն մը` շինծու սասփենսով:

.Երկու տարի ետք, Տը Կատֆատըր շարժապատկերին առիթով ստացած լաւագոյն դերասանի Օսքարը մերժեց  Մարլոն Պրանտօ, որ Սաչին Լիթըլֆետհըր անունով ամերիկացի հնդիկ (Ափաշի) մը ղրկեց իր փոխարէն: Հանդիսատեսները Լիթըլֆետհըր դիմաւորեցին «պու»-երով եւ սուլոցներով, երբ յայտարարեց, որ ինք ղրկուած է բողոքելու համար ամերիկացի բնիկներուն` հնդիկներուն հանդէպ Հոլիվուտի (շարժապատկերներու) դէմ:

sacheen_022616

Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Սաչին Լիթըլֆետհըր ամերիկացի բնիկ հնդիկ չէ, այլ մեքսիքացի դերասանուհի մը` Մարիա Քրուզ անունով:

Հոլիվուտի առաջատար դերասանուհիներէն Քաթրին Հեփպըրն, որ 12 անգամ թեկնածու եղած է եւ 4 անգամ նուաճած` լաւագոյն դերասանուհիի Օսքարը, մինչեւ 1974 չէ մասնակցած հանդիսութիւններուն:

 

 Հետաքրքրական Փաստեր Եւ Մրցանիշներ

Ամէնէն շատ «Օսքար» ստացած է Ուոլթ Տիզնի` 26 անգամ, յաւակնորդ` 59 անգամ. ապա` երաժշտութեան հեղինակներ Ալֆրետ Նիւմեն (9 Օսքար) եւ Ճոն Ուիլեամզ (5 Օսքար), յաւակնորդ`  իւրաքանչիւրը 45 անգամ, որ երկրորդ մրցանիշն է Ուոլթ Տիզնիէն ետք:

Մերիլ Սթրիփ

Մերիլ Սթրիփ

– Դերասաններէն ամէնէն շատ Օսքարի յաւակնորդ եղած է Ճեք Նիքըլսըն` 12 անգամ, որոնցմէ 8-ը` գլխաւոր դերի համար, 4-ը` երկրորդական դերի համար, ստացած է 3 Օսքար, իսկ դերասանուհիներէն Մերիլ Սթրիփ` 17 անգամ եղած է յաւակնորդ, ստացած է 3 Օսքար:

Քեթրին Հեփպըրն

Քեթրին Հեփպըրն

– Դերասաններէն Ճեք Նիքըլսընն եւ Մայքլ Քէյնը (2 Օսքար) յաւակնորդ եղած են 5 տասնամեակ անընդմէջ (1960-2000): Փոլ Նիւման նոյնպէս 5 տասնամեակի ընթացքին յաւակնորդ եղած է Օսքարի (10 անգամ, 1 Օսքարի մրցանակակիր), սակայն 4 անգամ` 1950, 1960, 1980, 2000-ական թուականներուն: Դերասանուհիներէն նման յաջողութեան հասած է Քեթրին Հեփպըրն. ան Օսքարի յաւակնորդ եղած է 1930-1960-ական թուականներուն եւ 1980-ին, ընդհանուր` 12 անգամ: Դերասան Տանիել Տէյ-Լիւիս միակ դերասանն է, որ արժանացած է Օսքարի երկու տարբեր դարերու մէջ (20-րդ եւ 21-րդ):

– Դերասան-դերասանուհիներէն ամէնէն շատ Օսքար ստացած է Քեթրին Հեփպըրն` 4 անգամ (4-ն ալ` լաւագոյն դերասանուհի անուանակարգով): Տանիէլ Տէյ-Լուիս (3 լաւագոյն դերասան), Ճեք Նիքըլսըն (2 լաւագոյն դերասան, 1 երկրորդական լաւագոյն դերասան), Ուոլտըր Պրենընը (3-ն ալ` լաւագոյն օգնական դերասան) եւ Ինկրիտ Պերկմըն (2 լաւագոյն դերասանուհի, 1 օգնական լաւագոյն դերասանուհի) ստացած են 3 Օսքար:

– Երկու դերասաններ երկու տարի անընդմէջ ստացած են Օսքար լաւագոյն դերասան անուանակարգին մէջ` Սփենսըր Թրէյսի` 1937 թուականին «Քէփթընզ քարէյճըզ» եւ 1938 թուականին «Պոյզ թաուն» շարժապատկերներուն համար, Թոմ Հենքս` 1993 թուականին «Ֆիլատելֆիա» եւ 1994 թուականին «Ֆորեսթ կամփ» շարժապատկերներուն համար:

– Քրիստոֆըր Փլամըր ամէնէն տարեց դերասանն է, որ ստացած է Օսքար մրցանակը: 2012 թուականին ան ստացած է Օսքար` լաւագոյն օգնական դերասան անուանակարգին մէջ, 82 տարեկանին, իսկ տակաւին ողջ ամէնէն տարեց օսքարակիրը Լուիզ Ռէյնըրն է, ան 103 տարեկան է:

Չափլին

Չափլին

– Օրսոն Ուելս («Սիթիզըն քէյն»), Չարլի Չափլին («Տը կրէյթ տիքթէյթըր») եւ Սիլվեսթր Սթալոն («Ռոքի») այն դերասաններն են, որոնք յաւակնորդ եղած են Օսքարի միաժամանակ լաւագոյն դերասան եւ լաւագոյն բեմագրութեան անուանակարգերուն մէջ:

– Բեմադրիչներէն ամէնէն շատը` 4 Օսքար ստացած է Ճոն Ֆորտ, 3-ական Օսքար ստացած են Ուիլիըմ Ուայլըր եւ Ֆրենք Քափրան (Քափրան Օսքար մը եւս  ստացած է իբրեւ արտադրիչ):

GIGI_022616

– «Պէն հուր» (1959), «Թայթընիք» (1997) եւ «Տը լորտ օֆ տը րինկզ» (2003) շարժապատկերները ստացած են ամէնէն շատ` 12 Օսքար: 10 Օսքար ստացած է «Ուեսթ սայտ սթօրի», «Կան ուիթ տը ուինտ» (1939) եւ «Ճիճի» (1958) շարժապատկերները:

– «Տը լեսթ էմփըրըր» (1987) եւ «Տի ինկլիշ փեշընթ» (1996) շարժապատկերները` 9-ական Օսքար: «Տը պեսթ յիրզ օֆ աուր լայֆզ» (1946), «Ֆրոմ հիր թու իթըրնիթի» (1953), «Մայ ֆեր լէյտի» (1964), «Քապարէ» (1972), «Կանտի» (1982), «Ամատէոս» (1984), «Սլամտոկ միլիոնէր» (2008)  շարժապատկերները ստացած են 8-ական Օսքար:

– Ամէնէն շատ Օսքարի ներկայացուած են «Օլ ապաութ Իվ» (1950) եւ «Թայթենիք» (1997) շարժապատկերները ` 14 Օսքար: «Հուզ ըֆրէյտ օֆ Վիրճինիա Ուոլֆ» (1966) Վիրճինիա  յաւակնորդ եղած է Օսքարի այդ տարուան բոլոր անուանակարգերուն մէջ` 13 եւ ստացած` 5 Օսքար: 13 անուանակարգերուն մէջ Օսքարի ներկայացուած են նաեւ «Լորտ ֆրադերնիդի րինկ»  (2001, ստացած է 4 Օսքար) եւ  «Միսթիրիըզ հիսթըրի» (2008, ստացած է 3 Օսքար):

– Օսքարի պատմութեան մէջ 3 ժապաւէնի «Իթ հաբընտ ուան նայթ» (1934 թ.), «Ուան ֆլիւ օվըր տը քուքուզ նեսթ» (1975 թ.) Քուքուզ եւ «Տը սայլընս օֆ լեմպս» շարժապատկերները արժանացած են 5 մեծ Օսքարի (լաւագոյն ժապաւէն, լաւագոյն բեմադրիչ, լաւագոյն բեմագրութիւն, լաւագոյն դերասան, լաւագոյն դերասանուհի անուանակարգերուն մէջ):

Օգտագործուած աղբիւրներ՝ 
«Օսքար»-ի պաշտօնական կայք, եւ դերասաններու կայքեր

 

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>