Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ» Գիրքին Շնորհահանդէսը` Երեւան, Հայաստան

$
0
0

Հոկտեմբեր 26-ին սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի երկիրներու Աստուածաշնչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, աստուածաբանութեան դոկտոր, գրող, հրապարակախօս Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր` ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհահանդէսը:

Ներկաներուն սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեանի ողջոյնի խօսքը արտասանեց նախարարի օգնական Վաղարշակ Յակոբեանը: «Հրայր Ճէպէճեան գործիչը կը ներկայանայ սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ որպէս հայրենասէր հայ, Հայ դատի եւ պահանջատիրութեան համար պայքարող, քրիստոնէական սկզբունքները որպէս ճշմարտութիւն դաւանող մարդ, լայնախոհ աստուածաբան, Աստուածաշունչի խորը գիտակ ու մարդասէր: Պարո՛ն Ճէպէճեան, դուք պատուելի ներկայութիւն էք Հայաստանի` ձեր հայրենիքին մէջ», ըսուած է նախարարի պաշտօնակատարի խօսքին մէջ:

Խ. Աբովեանի անուան հայկական մանկավարժական համալսարանի հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ ատոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի վարիչ Սուրէն Դանիէլեանը, որ բարձր գնահատեց գիրքին մէջ հայապահպանութեան ուղղուած պատգամներու, ազգային, հոգեւոր, համամարդկային մտորումներու առկայութիւնը:

ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Էդիկ Մինասեանը «Սփիւռքահայ կեանքեր` ինչպէս որ տեսայ» գիրքը համարեց հայու գոյապայքարի աշխատութիւն, ուր կը բիւրեղանան սփիւռքահայերու հոգեկերտուածքը, ապրումներն ու մտքերը, կը նշմարուի նաեւ պատմական անցեալի պահանջատիրութեան գաղափարը:

Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան մամուլի եւ հրատարակչական բաժինի վարիչ Անդրանիկ Մարդոյեանը գիրքը ներկայացուց այնտեղ նկարագրուած քանի մը հայերու պատմութիւնները վերլուծելով: «Գիրքին մէջ դիմանկարները այնպէս ներկայացուած են, որ կարծես պատկերասրահի մը մէկ սրահէն կ՛անցնիս միւսը», ընդգծեց բանախօսը:

Գիրքին վերաբերեալ ելոյթներ ունեցան նաեւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան բաժանմունքի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեանը, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեանը, գիրքի համադրող-խմբագիր Արտա Ճէպէճեանը եւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատող Միհրան Մինասեանը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով սփիւռքի նախարարութեան` հեղինակ Հրայր Ճէպէճեանը նշեց, որ փափաքած է իր այս երկրորդ գիրքով ներկայացնել հայն իր առօրեայ կեանքի ու գոյապայքարի մէջ: «Այցելելով բազմաթիւ երկիրներ` ես տեսայ, թէ մեր սփիւռքն որքա՜ն բազմերանգ է: Հայ ենք, բայց տարբերութիւններ կան: Սփիւռքի մէջ այսօր հայապահպանումի պատերազմ է: Իւրաքանչիւր հայ համայնք «ճակատամարտի» մը մէջ է: Պիտի շարունակենք պատերազմն ու պիտի յաղթենք», նշեց հեղինակը:

Շնորհահանդէսը իր օրհնութեան խօսքով ամփոփեց Հայաստանի Աստուածաշնչի ընկերութեան գլխաւոր քարտուղար Եզնիկ արք. Պետրոսեանը:

Նշենք նաեւ, որ նոյն օրը, հոկտեմբեր 26-ին սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեանը ընդունեց Հրայր Ճէպէճեանը:

Ողջունելով հիւրը` Մխիթար Հայրապետեանը շնորհաւորեց զայն նոր գրքի լոյս ընծայման առիթով եւ բարձր գնահատեց այն գործունէութիւնը, որ Հրայր Ճէպէճեանը կը կատարէ սփիւռքի մէջ:

«Իմ աշխատանքային գործունէութեան բերումով ճամբորդելով աշխարհի տարածքին, ուսումնասիրելով համայնքներու խնդիրներն ու հայ մարդուն` անդրադարձած եմ հայկական իրողութիւններուն, տեսած եմ սփիւռքի կեանքը եւ իմ երկրորդ գիրքը այդպէս ալ վերնագրած եմ` «Սփիւռքահայ կեանքեր, ինչպէս որ տեսայ»: Անիկա կ՛ընդգրկէ 2011-2017 թուականներուն գրած յօդուածներս», նշեց հիւրն ու նախարարին նուիրեց իր հեղինակած գիրքը:

Խօսելով սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան մասին` հրապարակախօսը ընդգծեց, որ նահանջ կայ հայկականութենէն, սակայն վիճակը վատթարագոյնը չէ, եւ յամառ աշխատանքով հնարաւոր է հայկական սփիւռքի ապագան աւելի լաւը դարձնել:

Համաձայնելով հիւրին հնչեցուցած կարծիքներուն` Մխիթար Հայրապետեանը խօսեցաւ սփիւռքի մէջ Հայաստանի դերակատարութեան մասին` որպէս կեդրոնական պետութիւն եւ անկախ պետականութիւն: «Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան գործընթացը առաւել արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, եթէ հայրենիքը ըլլայ ուժեղ, Հայաստան պետութիւնը դառնայ հպարտութիւն սփիւռքի նոյնիսկ մեր այն հայրենակիցներու համար, որոնք այստեղ չեն ալ եղած: Այսօր սփիւռքի մէջ ամէնուր  նահանջ է, ու նաեւ նման գաղափարներով մենք պէտք է առաջ շարժինք», ամփոփեց նախարարի պաշտօնակատարը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>