Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կտակը…

$
0
0

ՊԵՏԻԿ

«Ազդակ»-ի հոկտեմբեր 11-ի թիւին մէջ կարդացի Վիքթոր Համբարձումեանին կտակը… Իր պարունակութեան մէջ` որքան սքանչելի, նոյնքան ալ` խորիմաստ:

Եթէ կան ընթերցողներ, որոնք չեն գիտեր, թէ ո՛վ է Վիքթոր Համբարձումեանը, պէտք է դիմեն որեւէ համայնագիտարանի, ուր անպայման պիտի գտնեն այս անունն ու անոր տարողութիւնը գիտական շրջանակի մէջ: Արագած լերան վրայ Վ. Համբարձումեանին «Բիւրական» աստղադիտարանը իր այնքան կարեւոր տեղը ունի տիեզերքի պատմութեան մէջ: Համաշխարհային մեծութեամբ այս գիտնականը կը կտակէ իր թոռներուն եւ ծոռներուն` հայոց լեզուն ու կը յանձնարարէ կատարելապէս տիրապետել մեր լեզուին` անկախ այն իրականութենէն, որ այս կտակին ժառանգորդը կրնայ զտարիւն հայ չըլլալ, ու ան կ՛ըսէ` «Անկախ` ինչպիսի՞ տոկոսի համեմատութեամբ կազմուած է անոր արիւնը», ու կ՛աւելցնէ` «Այդ տոկոսը ոչինչ չի նշանակում», հաստատելով, որ մենք մեր թոռներուն ու յաջորդներուն արիւն չէ, որ կը փոխանցենք, այլ գաղափարներ, եւ այդ գաղափարներուն մէջ իրեն համար ամէնէն արժէքաւորը հայոց լեզուն է:

Այո՛, պատկառելի մարդուն այս տողերը երբ կարդացի, պահ մը անշարժացայ, ու ուղեղս փորձեց համեմատութիւն մը գտնել գիտութեան աշխարհի այս մարդուն եւ այս օրուան մեր հայ ծնողներուն եւ անոնց հասկացողութեան մէջ փորձեցի նմանութիւն մը գտնել, բայց ափսո՜ս, որ ձախողեցայ:

Ուղեղիս մէջ անջնջելի կը մնան նախակրթարան յաճախող տղեկի մը մօր արտայայտութիւնը, թէ` «Մեր հայկական դպրոցներուն մէջ ինչո՞ւ պզտիկները այնքան կը ծանրաբեռնեն. արաբերէնի, ֆրանսերէնի կամ անգլերէնի կողքին, կը դասաւանդուի թուաբանութիւն, գիտութիւն, պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն` հայերէնով»… Իսկ ուրիշ կին մը, որուն համար «յարգելի» ածականը չեմ կրնար գործածել, բարձրաձայն եւ գիւտ մը ընողի ամբարտաւան արտայայտութեամբ ըսաւ. «Ես հայերէն սորվեր եմ ու ի՞նչ եղեր եմ, կամ ո՞ւր հասեր եմ, որ սպասեմ, թէ հայերէն սորվելով` իմ զաւակս ո՛ւր պիտի հասնի…»: Ա՛յ տիկին, արդեօք դուն լսա՞ծ ես Վիքթոր Համբարձումեանին անունը… «Ո՛չ», յարգելի տիկին, դուն քու այս ուղեղովդ ու մտայնութեամբդ ո՞ւր կը սպասէիր հասնիլ…

Այս յարգելի գիտնականին այնքան խոր հիմնաւորուած եզրակացութիւնը` «Մենք փոխանցում ենք սերունդներին ոչ թէ արիւն, այլ` գաղափարներ, եւ այդ գաղափարների մէջ ինձ համար ամենաթանկը հայոց լեզուն է»:

Իսկապէս նման հայով մենք հպարտ պէտք է ըլլանք: Հայաստանի պետութիւնը իր յարգանքի տուրքը վճարեց, երբ հայկական թղթադրամին կեդրոնը զետեղեց Վիքթոր Համբարձումեանին նկարը…

Իսկ հաւանաբար Լորտ Պայրըն անունը լսած ըլլաք… Այս անգլիացին այնքան հմայուած էր հայ գրականութեամբ ու մշակոյթով, որ սորվեցաւ հայոց լեզուն, մանաւանդ` գրաբար ու ՆԱՐԵԿ-ը կարդալէն ետք ըսաւ. «Հայերէնը Աստուծոյ հետ խօսելու լեզուն է…»: Յուսամ հայ ծնողներ կը գիտակցին եւ կը գնահատեն այս երկու գերյարգելի անձնաւորութիւններուն խոր սէրն ու յարգանքը` մեր մեծասքանչ լեզուին ու միանալով   Կապուտիկեանին` կը կտակեն.

«Ու տես որդիս, ուր էլ լինես,
Այս լուսնի տակ, ուր էլ գնաս,
Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես,
Քո ՄԱՅՐ ԼԵԶՈՒՆ չմոռանաս»:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>